Մարտ 1-ին մահացաւ հանրածանօթ բանաստեղծ եւ Նիւ Ինկլընտի բանաստեղծներու ակումբի նախագահ Տայանա Տէի Յովհաննթսեանը: Ծնած Մայիս 21,1934-ին, Պոսթընի մէջ, խարբերդցի ծնողնէրէ, ան աւարտած է Պոսթընի համալսարանի ամերիկեան գրականութեան ճիւղը։ Հարվըրտ Համալսարանի քէրթողական արուեստի նշանաւոր բանաստեղծ Ռապըրթ Լոուէլի առաջնոդութեամբ՝ մասնագիտացած է բանաստեղծութեան բնագաւառին մէջ։
Ան 1991-ին Հայաստանի գրողներու միութեան կողմէ արժանացած էր ՝՝Յովհաննէս Թումանեան՝՝ մրցանակի, Հայ բանաստեղծնեերու գործերուն անգլերէնի թարգմանութեան համար։ Ան կազմակերպեց նաեւ հայ բանաստեղծներու նուիրուած երեկոներ, դասընթացքներ եւ ձայնասփիւռի ու հեռատեսիլի հաղորդումներ։ 1978-ին Մարզպետ Մարկոսեանի հետ միասին կազմեց, թարգմանեց եւ անգլերէն լեզուով հրատարակեց հայ բազմադարեան քերթողութենէն ընտիր նմոյշներ, սկսեալ հեթանոսական շրջանի երգերէն մինչեւ ժամանակակից հայ բանաստեղծութեան գիրքեր։
Դպրոցական օրերէն սկսեալ, ան բանաստեղծութիւններ գրած է թերթերու եւ հանդէսներու մէջ, ապա աշխատած է որպէս խմբագիր, եւ երկար տարիներ վարած է բանաստեղծութեան դասընթացքներ Պոսթընի ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ։
Տէր Յովհաննէսեան 1994-ի գարնան Հայաստան այցելեց նախաձեռնութեամբ ամերիկեան «ֆուլպրայթ» կազմակերպութեան։ Ան շարք մը դասախօսութիւններ տուաւ Երեւանի պետական եւ ամերիկեան համալսարաններուն մէջ, ամերիկեան գրականութեան մասին։ Տայանայի բանաստեղծութիւններուն հիմնական տարրը կը կազմէ ազգային արմատներու որոնումը։
Թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի, Երեքշաբթի Մարտ 6-ին, ժամը 11:00-ին Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ (145 Brattle St., Cambridge MA) մէջ:
Փոխան ծաղկեպսակի, նուիրատւութիւններ կատարել.-
-Armenian EyeCare Project
-Armenian Missionary Association of America
-Armenian Tree Project.