Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Հէ՜յ, ժողովո՛ւրդ. Սպիտակ Տան հանճարե՜ղ պետին ուղեղը նորագոյն փայլատակում մը ունեցած է Ֆլորիտայի մէկ դպրոցին մէջ «անհաւասարակշիռ»ի մը գործած նորագոյն ոճիրին լոյսին տակ։ Նախագահը գտած է նման արիւնահեղութեանց վերջ տալու ամէնէն կարճ ճամբան. զինել… ուսուցիչները։
Սխալ չհասկնաք, ինչպէս ըրին «սուտ լուրեր տարածող» մամլոյ աղբիւրներ. նախագահը չþառաջարկեր, որ բոլոր ուսուցիչները զինուին եւ դպրոցները վերածուին զօրանոցի տարբերակներու, այլ կþուզէ զինել միայն 20 առ հարիւրը, այն ալ՝ լաւ մարզումի ենթարկուլու պայմանով, որպէսզի եթէ խենթ մը դպրոց մը ներխուժէ գնդաձիրէն կրակ ժայթքելով՝ զինեալ ուսուցիչները անմիջապէս հակադարձեն եւ տեղն ու տեղը շան սատակ ընեն զայն։ Նախագահը հաշուեր է, որ ոստիկնները հազիւ 5էն 8 վայրկեանէն կրնան հասնիլ ոճիրին վայրը, մինչդեռ ուսուցիչները կրնան հակադարձել 2-3 վայրկեանէն։ Մի՛ ըսէք, որ այդ 2-3 վայրկեաններուն մէջ ոճրագործ մը քանի՛ հոգի սպաննած կþըլլայ։ Ամօթ է նաեւ հարց տալը, թէ դասարանի մը մէջ թուաբանութեան, լեզուի կամ մշակոյթի մասին դաս տուող ուսուցիչ մը (երեւակայեցէք որ անոր տեղը դուք էք) ի՞նչ պէտք է ընէ, եթէ դուրսէն կրակոցի ձայներ լսէ ու աշակերտները իրար անցնին արդարօրէն, սկսին զիրար կոխկռտել՝ ապահով անկիւն մը գտնելու համար։ Բայց մի՛ մոռնաք, որ դուք պարզ մահկանացուներ էք, ձեր երեւակայութիւնն ալ սահմանափակ է ձեր ուղեղներու կարողութեան պէս. ունի՞ք նախագահին սքանչելագործ երեւակայութիւնը…
Հապա՞, ի՞նչ կարծեցիք։ Մարդիկ զուր տեղը կը տագնապին, զոհեր տուողները անտեղիօրէն կը բողոքեն, ցոյցեր կը կազմակերպեն ու քաղաքական արշաւներու կը դիմեն, որպէսզի զէնքի առեւտուրը հակակշիռի տակ բերուի ու սահամանափակուի, ամէն իմաստուն ու յիմառ առիթ չունենայ ուզած զէնքը գնելու եւ խելքին փչածին պէս գործածելու մարդ արարածներու դէմ։ Ընդդիմադիրներն ալ արդէն առիթ չեն կորսնցներ նախագահին դարպասէն ներս քանի մը կէտ նշանակելու։ Այսօր՝ ռուսական միջամտութիւն, վաղը՝ Մեքսիքայի սահմանին վրայ պատի ծրագիրը, ուրիշ օր մը՝ շահատուրքեր, Քորէաներու հարց, իսկ վաղն ալ կը պատրաստուին 2019-ի պիւտճէի նախահաշիւին շուրջ պատերազմին։ Ո՛չ ոք կը կտածէ, թէ այս ծրագիրին իրագործումը որքա՜ն պիտի նպաստէ գործազրկութեան տագնապի լուծման, որովհետեւ պատերազմի վեթերանները, մուրալու կամ նպաստընկալի վիճակի մատնուելու՝ կրնան գործի կոչուիլ ուսուցիչներ զինելու համար։
Որպէսզի իմանաք, թէ հանճարեղ միտքը միայն մէկ փայլատակում չþունենար մէկ հարցի մասին, ահա շարունակութիւնը. նախագահը կþառաջարկէ նաեւ, որ զէնք գնելու իրաւունքի տարիքը բարձրացուի 21-ի։ Այսինքն, եթէ 21 տարեկան ես կամ աւելի, կրնա՞ս ուզածիդ չափ զէնք գնել եւ գործածել ինչպէս որ կþուզես։ Ո՜չ, այդպէս չէ՛. դարձեալ ընդդիմադիրներու պէս կը մտածէք. նախահագը համաձայն է, որ զէնք գնողի մը անցեալը պրպտումի ենթարկուի եւ եթէ որեւէ կասկածելի բան գտնուի, անոր զէնք չծախուի։ Մի՛ հարցնէք, որ արտօնագիրով զէնք ունեցողը կրնա՞յ բացարձակապէս արգիլել անոր գործածութիւնը՝ արտօնութիւն չունեցող անչափահասի մը կամ այլ անձի մը կողմէ։ Մոռցէ՛ք, որ նման հազար ու մէկ դէպք պատահած է անցեալին. եթէ այս դրութիւնը որդեգրուի, մոգական գաւազան մը ամէն բան կը լուծէ։ Տակաւին, ան կþառաջադրէ, որ կարգ մը զէնքերու գործածութեան ձեւն ալ հակակշիռի տակ բերուի ու զէնքերը նուազ յարձակողական ու մահասփիւռ դառնան։ Անցեալին, նման ոճրային դէպքէ մը ետք, այլ հանճարներ հրապարակ նետեցին զէնքի մը փամփշտակալին մէջ փամփուշտներու թիւը կրճատելու սքանչելի՜ մտածումը. օրինակ, 30 կամ աւելի փամփուշտ ընդունելու փոխարէն՝ 15 փամփուշտով ընդունարաններ։ Եթէ այդ մտածումը օրին տարածում գտած ըլլար եւ որդեգրուէր, Ֆլորիտայի դպրոցին զոհերուն թիւը 17-ի կը հասնէ՞ր, ո՛չ, հազար անգամ ոչ. ա՛նպայման 15-էն նուազ պիտի ըլլար, ողբացողներուն թիւը նուազ պիտի ըլլար…
Դուք սովորութիւն ունիք նաեւ շատ մը աւելորդ ու անտեղի հարցումներ հարցնելու։ Օրինակ, պէտք չէ հարցնէք, թէ ինչո՞ւ նախագահին մտածումները նոյնպիսի արձագանգ գտան Հրացաններու Ազգային Ընկերակցութեան (NRA) պետին՝ Ուէյն Լափիեռի ու կարգ մը հանրապետական իմաստուններու յայտարարութեանց մէջ։ Անոնք ալ դէմ են զէնքերու վաճառքի սահմանափակման. չէ՞ որ սահմանադրութիւնն իսկ մարդոց իրաւունք կու տայ զէնք ունենալու, կրելու։ Իսկ սահմանադրութիւնը, մանաւանդ անոր երկrորդ յօդուածը անհպելի տառ են. մարդ կրնայ ամէն յօդուած վերատեսութեան ենթարկել, բարեփոխել, բացի զէնքի մասին յօդուածէն։ Թող ձեր միտքը ձեզ չառաջնորդէ՛ սխալ մեկնաբանութիւններու։ Հոս զէնքի շուկային շահերը չեն, որ մղում կու տան նման մտածումներու, ո՛չ ալ նախագահին կամ այլոց ընտրարշաւներուն մէջ զէնքի վաճառականներէն հոսած գումարները։ Ո՛չ, հարի՛ւր հազար անգամ ոչ։ Զէնք կրողը պարզապէս հաւատարիմ կը մնայ ինքզինք պաշտպանելու տարրական իրաւունքին։ Ամօ՛թ է, մի՛ հարցնէք, թէ որո՞ւն դէմ պաշտանուելու համար. չէ՞ որ Մեքսիքայէն ու լատին-ամերիկեան երկիրներէն զինեալ ասպատակներ կանգնած են սահմանին երկայնքին եւ կրնան մէկ օրէն միւսը ներխուժել ամերիկեան որեւէ քաղաք…։ Դարձեալ մի՛ մատնէք ձեր սահմանափակ երեւակայութիւն ունենալը։
Եզրակացնե՞նք. զէնքի առեւտուրը սահմանափակելու որեւէ ճիգ անիմաստ է ու ապարդիւն պիտի մնայ, այնքան ատեն, որ ունին հանճարե՜ղ պետական վարիչներ ու… զէնք արտադրողներ։ 18 չէ, 1018 նման դէպք ալ չեն կրնար սասանել անոնց մտածողութիւնն ու… շահերու աղբիւրները։