Յ. Պալեան
Պէտք է յուսալ, որ ինչպէս միշտ կը պատահի, միայն հոգեպարար ճառերով եւ աչքի խտիղ պատճառող հանդիսութիւններով պիտի չնշենք պատմական կարեւոր իրադարձութեան 100ամեակը:
Հայ ազգային-քաղաքական կեանքին մէջ ի՞նչ հետեւանք պիտի ունենան այդ հանդիսութիւնները: Կրկին դիտողներու եւ լսողներու հայրենասիրական զբօսաշրջութի՞ւն պիտի կազմակերպենք, այդ ալ համարելով քաղաքական աշխատանք, թէ պիտի յանգինք հեռանկարներու մշակման եւ անոնց գործադրութեան միտող ծրագրումներու:
100ամեակի հանդիսութիւններուն քսան կամ յիսուն հազար անձերու առջեւ տպաւորիչ ճառեր կամ զեկուցումներ հնչեն, յիսուն թէ հարիւր հազար սփիւռքահայեր այդ առիթով Հայաստան այցի գան, ինչպէս մարդիկ կ’երթան Պայրէօթի, Ավինեոնի կամ Հոլիվուտ Պովլի փառատօներուն, ազգը, ոչ միայն Հայաստանը, ի՞նչ պիտի արձանագրէ իր կարիքներու բաւարարման տոմարին մէջ: Ճիշդ է, զբօսաշրջային ճարտարարուեստը աճ պիտի արձանագրէ, նպաստելով երկրի տնտեսութեան, ինչպէս ամէն ամառ, արձակուրդային եղանակին:
Այլ խօսքով, 100ամեակը ազգի կեանքին որակական ի՞նչ նպաստ պիտի բերէ: Պէտք չէ ենթադրել, որ աւելորդ է հարիւրամեակը տօնել: Բայց հարց է, թէ ինչպէ՞ս անցեալի մասին խօսքը այսօրուան եւ վաղուան գործի մեկնակէտը պիտի ըլլայ, պիտի ընենք, Հայաստանի եւ սփիւռք(ներ)ի համար, որպէսզի ան թաղային սովորական խրախճանքներու մեծ չափով մոռցուելու դատապարտուած կրկնութիւնը չըլլայ:
Պեվըրլի Հիլզի, Նիւ Եորքի, Ֆլորիտայի, Սիտնիի, Փարիզի, Պէյրութի կամ այլ վայրերու հարիւրով կամ հազարով հայրենասէր զբօսաշրջիկները ի՞նչ պիտի ստանան տօնախմբութենէն իրենց կեանքի իմաստաւորման համար, բացի տեսած ըլլալու զգացականութենէն, եւ հայրենիքին ի՞նչ նպաստ պիտի բերեն՝ իրենց եսէն եւ անոր բաւարարութիւն տուող բարեսիրութենէն անդին:
Ազգի հիմնահարցերը ի՞նչ լուծում պիտի գտնեն տօնախմբութիւններու աւարտին, անոնց համար ի՞նչ պատասխանատուութիւն պիտի ստանձնեն ղեկավարութիւնները եւ խանդավառուելու պատրաստ հայրենասէր զբօսաշրջիկները: Գիտակից շարքային հայը հարց պիտի տայ, թէ՝ արտագաղթը պիտի կասի՞, հայրենադարձութիւն պիտի սկսի՞, երկրին մէջ փտածութիւնը (կոռուպցիա) պիտի սանձուի՞ եւ կողոպտուածը պիտի վերադարձուի՞ ժողովուրդին, որպէսզի հայուն համար աւելի արդար եւ աւելի հաւասար երկիր դառնայ իր հայրենիքը: Աւելին նաեւ. Հայաստանը ազգային քաղաքականութեան մասնակցութեան դռները պիտի բանա՞յ ազգի աւելի քան կէս հայութեան առջեւ, Ազգային Ժողովի անդամակցութիւն, ազգը երկփեղկող մեծ կամ պզտիկ համարուող պատճառներու վերացում, սփիւռք(ներ)ի հոգեբարոյական, ազգային-քաղաքական եւ ազգային-մշակութային բազմագոյն նահանջներու դէմ պայքար, փոխան հաճոյախօսութեան:
Ծրագրում, ակնկալութիւններ, նախաձեռնութիւններ, միշտ նկատի պիտի ունենան հայրենադարձութիւնը որպէս հիմնական առաջադրանք, համրանքի փրկութեան եւ ազգի հզօրացման համար:
Բովանդակալից քարոզարշաւ պէտք է կազմակերպել տօնախմբութիւններէն առաջ, զանգուածները հաղորդ դարձնելու համար, թէ իրապէս ինչո՞ւ հարիւրամեակ կը տօնուի, յուշագրութեան մը ես շոյող կամ ընտանեկան ալպոմ մը դիտելու մանր հաճոյքէն անդին, ի՞նչ ընելու համար: Հարիւրամեակը պիտի ըլլա՞յ ոսկի առիթը միս եւ ոսկոր տալու մէկ ազգ մէկ մշակոյթ հնչեղ տարազին, ազգի մէկութիւնը դնելու համար իրաւութեան գետնի վրայ, վերջ տալու համար դուք հոն մենք հոսի աւերիչ վիճակին, մեկնելով այն պարզ ընկերաբանական իմաստութենէն, որ սփիւռքը յաւերժական չի կրնար ըլլալ, եւ դադրելով գործելէ այնպէս, որ ան յաւերժական է, ընդունելով ազգի համրանքի անարիւն ջարդի կազմակերպման մասնակից-մեղսակից ըլլալու մեղքին:
Պարային տպաւորիչ ելոյթներ, երգահանդէսներ, նկարչական ցուցահանդէսներ միշտ օգտակար են, հպարտառիթ: Կը տպաւորեն հայ եւ օտար զբօսաշրջիկը: Բայց անոնցմով ուրախանալ եւ գինովնալ հիմնահարցեր չեն լուծեր: Մեր ժողովուրդին պէտք է խօսիլ իր հիմնահարցերու մասին, առանց ոտքի քնանանլու եւ քնացնելու, նոյն երբ այդ հարցերու արծարծումը անհանգստացնող է:
Հարիւրամեակի գիտաժողովներու, հանդիսութիւններու եւ ելոյթներու աւարտին, մշակուած պիտի ըլլա՞յ եւ պիտի յայտարարուի՞ հայրենադարձութեան եւ հայրենատիրութեան իսկական ծրագիր մը, որուն գործադրութիւնը Հայաստաններու հզօրացման երաշխիք կ’ըլլայ, եւ ցանկալի ընդլայնումի եւ իրաւունքի վերականգնումի պատուանդանը:
Ծրագրել անբաւարար է, եթէ արտագաղթելու հոգեպէս պատրաստ զանգուածները եւ սփիւռք(ներ)ի ապահովութեան եւ ինքնագոհութեան պատեանին տակ պաշտպանուած բազմութիւնները յանձնառու չըլլան, որ Հայաստանները ներկայ մարդոցմով կ’ըլլան հայրենիք, կը պաշտպանուին, կը տոկան եւ կը տեւեն: Բացակաները պատմութեան հանդիսատեսներն են:
Ծանօթացումէն եւ խանդավառութիւններէն անդին, անկախութեան հպարտութենէն անդին, կարելի կ’ըլլա՞յ միասնաբար ընթանալ դէպի ազգի մէկութիւն, միացում, եւ դէպի միացեալ Հայաստան:
Առանց ենթագաղափարաբանական ճառի, logomachie, կ’իմաստաւորուի, կ’իմաստաւորենք հարիւրամեակը, հայրենահանուած հայը վերադարձնելով իր հայրենիքին, նախապատրաստուելով բռնագրաւուած հայրենապատկան աշխարհը՝ վերադարձնելու Հայաստանի:
Որպէսզի խրախճանքներու ընթացքին հնչած մէկութիւն եւ միասնութիւն կը կենսագործուին, չմնան խօսափողի բաժակաճառին մէջ, բիզնեսային եւ կոռուպցիայի տխրութիւններէն անդին, պատմութեան ծանր հարուածներուն ենթարկուած հայ ժողովուրդին պէտք է վերադարձնել Երազը:
Յանձնառութեան համար նպարավաճառային հաշիւները բան չեն նշանակեր: Էական է Երազի ուժը: