ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հայ Դատի Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Հելլէն-Ամերիկեան Ղեկավարման Խորհուրդը եւ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը միացեալ արշաւի մը նախաձեռնած են՝ կանխարգիլելու համար արդիական «Էֆ. 35» տիպի օդանաւեր Թուրքիոյ վաճառելու ծրագիրը։
Նկատի ունենալով, որ վաճառքի որոշումը պէտք է վաւերացուի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ, նշեալ կազմակերպութիւնները ծերակուտականներուն կ՛ազդարարեն նման քայլի մը ունենալիք վտանգաւոր հետեւանքներուն մասին, յատկապէս ա՛յս օրերուն, երբ Թուրքիոյ անհաւասարակշիռ իշխանութիւնները կրնան այդ օդանաւերը գործածել ոչ միայն Միացեալ Նահանգներու դաշնակից պետութեանց, ներառեալ՝ Կիպրոսի, Յունաստանի, Իսրայէլի եւ Հայաստանի, այլ նոյնիսկ Սուրիա գտնուող ամերիկեան ուժերուն դէմ։
Անոնք նաեւ կ՛ազդարարեն, թէ մեծ հաւանականութիւն կայ, որ այս օդանաւերուն գերարդիական արհեստագիտութիւնը թրքական կողմէն անցնի Միացեալ Նահանգներու մրցակից Ռուսաստանի եւ Իրանի զինուորական ուժերուն։
Այս վաճառքին դէմ քուէարկելու համար ձեր շրջանի ծերակուտականին կրնաք դիմել՝ այցելելով http://anca.org/NoJetsForTurkey կայքէջը։
↧
«Էֆ. 35»երուն Թուրքիոյ Վաճառումը Կասեցնելու Կոչ
↧