Յ. Պալեան
Հայաստանի անդրանիկ անկախութեան հանրապետութեան հարիւրամեակը ինչո՞ւ պիտի տօնախմբենք, գիտաժողով, համաժողով եւ այլ բաներ պիտի կազմակերպենք, եթէ իրաւութեամբ դրոշմուած ժառանգորդ չենք այդ պատմական մեծ իրականացման:
Պարզ հարցումի մը պէտք է պատասխանել, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), առանց դասական-աւանդական ինքնարդարացման ճապկումներու. ինչպէ՞ս կ’ապրինք այսօր այդ ժառանգութիւնը, ինչպէ՞ս պէտք է ապրիլ այդ ժառանգութիւնը:
Այս մասին կը մտածէի, եւ աւելի քան կէս դար ետ գացի, այն ատեն յիսնամեակ էր:
Ուսուցիչ մը ունէինք, երբ Հալէպի ճեմարանի աշակերտ էինք: Բաւական ուշ ճանչցանք զինք՝ որպէս մարդ: Առանձին կը բնակէր: Գիտուն մարդ էր, քիմիագէտ, բայց նաեւ ընկերային-քաղաքական ընդարձակ մշակոյթ ունէր:
Հարիւր տարի առաջ, ան աւարտած էր Զուիցերիոյ համալսարանը եւ ստացած քիմիագիտութեան տոքթորի աստիճան:
Փոխանակ ընդառաջելու աշխատանքի եղած առաջարկներու, որոնք կրնային իր առջեւ բանալ յաջողութեան ասպարէզ, ինքզինք հաւաքած եւ խոշոր վկայականը շալկած գացած էր Հայաստան:
Ոչ հայդուկ էր, ոչ գնդապետ, ոչ կուսակցապետ:
Գաղթականներու եւ պատերազմական վիճակի մէջ գտնուող անկախ Հայաստան գացած էր, ազգի անդամի օրինակելի գիտակցութեամբ: Երբեմն կը մտածեմ, թէ ի՞նչ կրնար ըլլալ իր ապագան, եթէ Զուիցերիա կամ Եւրոպա մնացած ըլլար, կամ ինչպէս շատեր, ինք ալ գացած ըլլար Uncle Samի երկիրը:
Հալէպի կամ Պէյրութի ճեմարաններու ուսուցիչի ռոճիկով ապրող մը պիտի չըլլար, հետագային համեստ հիւրանոցի սենեակին մէջ բնակող, Ամերիկայի իր քրոջ ղրկած օժանդակութեամբ ապրող, կրնար հարստացած ըլլալ, ունենալ տուն կամ ապարանք, Լոզանի լիճի եզերքը, կամ Քոթ տ’Ազիւր, կամ ալ Ֆլորիտա:
Երիտասարդ քիմիագիտութեան տոքթորը հայ էր, իր ծագման հաւատարիմ, ինքզինք տեսած էր իր ժողովուրդին եւ հայրենիքին մէջ, գացած էր նորաստեղծ Հայաստանին բերելու իր նպաստը: Ճակատագիրը այլ բան տնօրինած էր իրեն եւ իր ժողովուրդին համար: Խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք, ազգին նուիրուած եւ ծառայած ուրիշներու պէս ինք ալ դարձած էր գաղթական:
Ինչպէս գաղթական են սփիւռք(ներ)ի հայերը, հայրենահանուածներու սերունդը եւ նորերը, նոյնիսկ եթէ այդ բառը պատշաճ չի համարուիր:
Իր կենսագրութիւնը գրելու յաւակնութիւնը չունիմ, տուեալներն ալ չունիմ, քանի որ այդ մասին չէր խօսեր: Հատուկենտ տեղեկութիւններով միայն իմացած էինք իր մասին:
Այդ նիհար, տարեց, հանդարտ մարդէն մնաց իր կեանքի օրինակի դրուագը. քիմիագիտութեան երիտասարդ տոքթորը Զուիցերիայէն Հայաստան գացած էր իր հայրենիքին հետ ըլլալու եւ անոր ծառայելու համար:
Այս հայրենասիրական արարքին համար յիշատակի օր չի կազմակերպուիր, իր դիմանկարը չենք տեսներ թերթերու եւ ակումբներու մէջ: Բայց էականը այն է, որ ան իր մարդկային եւ ազգային հպարտութիւնը նուաճած էր հայրենադարձութեամբ, բանաստեղծին բառերով, Ողբի Հայրենիք, Որբի Հայրենիք կոչուած ի՛ր երկիրը, որ նոյն բանաստեղծի բառերով, Յոյսի հայրենիք, լոյսի հայրենիք էր: Այդ լոյսի ճառագայթումին մասնակցելու համար ուզած էր տէր ըլլալ:
Յոյսի հայրենիքը, լոյսի հայրենիք ըլլալու համար, առաջին հերթին մարդկային ներդրումի պէտք ունէր եւ պէտք ունի: Քիմիագիտութեան երիտասարդ տոքթորը այդ հասկցած էր եւ ուզած էր այդպէս ապրիլ:
Դար մը ետք պատմութեան հետ կրկին ժամադրուած ենք:
Յոյսի հայրենիքը ոտքի կանգնած է Արարատեան դաշտին մէջ: Բայց սփիւռք(ներ)ը յոյսը լոյսի վերածելու համար անձնդիր վերադարձի ճամբուն վրայ չէ, ընդհակառակն, յոյսէ եւ լոյսէ հրաժարողներ ճամպրուկները շալկած կը հեռանան: Հարիւրամեակ պիտի տօնախմբենք այս պատկերին դիմաց կանգնած:
Բանաստեղծութեան ընթերցումը ցաւի բալասան է:
Բանաստեղծները առանց գիտական մանուածապատ վերլուծումներու, կը պեղեն հոգիները:
Ուսուցիչիս յիշատակին հետ յիշեցի նաեւ Պարոյր Սեւակը, որուն խօսքերը կը լսենք, կը ծափահարենք, եւ ապա կը վերադառնանք ապահովութիւն փնտռող մեր առօրեային, Սփիւռքին, սփիւռքացող նորերուն, սպառողական ընկերութեան գինովութեան:
Պարոյր Սեւակի բարձրաթռիչ տողերը կարծէք մեր այսօրուան հրաժարումներուն տխրութեան հայելին կը բռնեն մեր առջեւ:
Ո՞վ չէ լսած Պարոյր Սեւակի դիմադրականի փողի ձայնը, որ միւս փողին, փող աշխատելու կիրքին կարօտը չէ, գերութիւնը չէ:
Մենք մեզ ոչ մէկից չենք գերադասում
Բայց մեզ էլ գիտենք –
Մեզ հայ են ասում։
Եւ ինչու՞ պիտի չհպարտանանք
Կա՛նք։ Պիտի լինե՛նք։ Ու դեռ – շատանանք…
Ինչպէ՞ս շատանալ… բացակայութեա՞մբ, որ կը շպարուի ծափերով:
Երգիչներուն հայրենասիրական զեղումներուն ունկնդիր ենք, այդպէս ալ, ամէն անգամ որ Պարոյր Սեւակ կամ Սիլվա Կապուտիկեան կը լսենք, կը ծափահարենք: Ո՞վ կը յիշէ քիմիագիտութեան տոքթոր ուսուցիչիս օրինակը:
Հիմա տոքթորները հայրենիք չեն վերադառնար, տոքթորները Հայաստանէն կը հեռանան եւ իրենք զիրենք կը կոչեն աշխարհի հեռու կամ մօտ երկիրներու ծառայութեան, կարծէք Քրիստոսի աշակերտ ըլլային…
Ոչ միայն տոքթորները, նաեւ սափրիչները, իրաւագէտները, վարժապետները, ոսկերիչները, նկարիչները, դերասանները: Սփիւռք(ներ)ը կը հեղեղուի եւ Հայաստա՞նը… յուզումներու եւ յիշատակներու չանհանգստացնող հեռու հեռաւոր պարտէզ, դեռ վերջնականապէս չանհետացած հայուն Հոնոլուլուն:
Հարիւրամեակին բարձրախօսները պիտի թնդան, զբօսաշրջիկները պիտի աւելնան, օդանաւերը լեցուն պիտի երթան, բայց ափսոս, դատարկ պիտի չվերադառնան:
Սփիւռք(ներ)ը պիտի շարունակէ հայրենասիրութեան-բարեսիրութեան աղմուկով շաբաթավերջին թարանթելլա պարել, կամ քոչարի, միամիտ այն հաւատքով, որ հայրենիք կը պահուի գետինը թօփելով, փոշի բարձրացնելով եւ հաւատալով որ այդպէս շարունակութիւն կը մնայ:
Սփիւռքացումը համաճարակ է ոչ միայն հայրենահանուածներուն համար, այլ նաեւ հայրենաբնակներու: Կարծէք մոլորակի բնակեցումը հայուն առաքելութիւնը ըլլար, երբ ինք անատակ է իր երկրի բնակեցումը ապահովելու:
Իսկ սփիւռքները եւ սփիւռքացողները գետ ըլլան թէ առու, հարկատու պիտի ըլլան ուրիշ գետի մը կամ ծով պիտի թափին: Պիտի թափին եւ վերջ:
Հարիւրամեակի բարձրաթռիչ խօսքերը եւ բարձրախօսները երբ լռեն, Հայաստանի միկրացիայի գրասենեակը պիտի հրապարակէ՞ թիւերը հայրենադարձներու եւ հայրենաթողներու, որպէսզի մենք մեզ դիտենք հայելիին մէջ, իմանանք մեր լինել չլինելու մասին ճշմարտութիւնը:
Ի վերջոյ մեր ժողովուրդին պիտի խօսուի՞ Սփիւռք)ներ)ի վախճանական նպատակի (finalité) մասին: Ո՞ւր կրնան հասնիլ, սփիւռք(ներ)ը եւ սփիւռքացողները, եւ ինչո՞ւ:
Աստուածաշունչի Ոսկի Հորթին պատմութիւնը ինչո՞ւ չենք պատմեր մենք մեզի եւ մեր յետնորդներուն… Այդ պատմել՝ Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):
Որքա՜ն հաճելի է մեր ականջներուն լսել Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կանչը. Արի Տուն:
Բայց պէտք է աւելցնել, Արի Տուն, այո՛, որպէս տանտէր հարազատ, ոչ որպէս կարօտ հովահարող զբօսաշրջիկ կամ խիղճ հանդարտեցնող բարեսէր…
Այսքան պարզ ազգային քաղաքական խօսք պարտական ենք մեր ազգին, նախագահէն մինչեւ կրօնապետ, մտաւորական թէ բարերար:
Միթէ՞ մոռցած ենք մեր այնքան սիրած Չարենցի միշտ թութակաբար կրկնուող խօսքը, թէ՝ Ով հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է…
Պէտք է բացատրել, թէ ինչպէ՞ս հաւաքական ուժ կը ստեղծուի Ուշուայա, Օտեսա, Սթոքհոլմ, Պեվըրլի Հիլզ նստած մնալով եւ կարօտներու խտիղ տալով:
Գիտական եւ ճառային մարզանքներէ առաջ եւ վերջ, պիտի ըսուի՞, թէ ինչպէս կը ստեղծուի այդ հաւաքական ուժը:
Այդ հաւաքական ուժը, մեր միակ փրկութեան համար, կը ստեղծենք, եթէ հայերը Տուն դառնան, ըլլան տանտէր եւ ոչ հիւր:
Աւելորդ չէ կրկին յիշել Վիգէն Խեչումեանի աստուածաշնչական խօսքը. Օտարի դրանը քեզ կը կոչեն հիւր, որպէսզի չասեն ծառայ…
Հարիւրամեակին իսկական ազգային լիցք պիտի տա՞նք, ան պիտի ըլլա՞յ սկիզբ հայրենատիրութեան, թէ պիտի բաւարարուինք… հրավառութիւններով (feux d’artifice)…
Յ. Պալեան, 21 յունուար 2018, Նուազի-լըԿրան
Դիմաւորել 100ամեակը 20
100ԱՄԵԱԿԻՆ Կ’ՈՒՆԵՆԱ՞ՆՔ ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԵԱՆ
ԾՐԱԳԻՐ ԵՒ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄԻՆ
Յառաջիկայ տարի, այս օրերուն, հարիւրամեակի յուզող, յուզիչ, հպարտառիթ տոնախմբութիւններէն եւ գիտաժողովներէն ետք, կրնա՞յ կազմուած ըլլալ այդ բոլորին իսկական խտութիւն եւ հեռանկար տուող հայրենադարձութիւն կազմակերպող ծրագիր եւ մարմին:
Ինչո՞ւ սարսափ կ’ազդէ հայրեանադարձութեան առաջադրանքը, երբ պարզ տրամաբանութեամբ պիտի հասկնայինք, որ ազգի ներկային եւ ապագային համար ան պէտք է ըլլայ անշրջանցելի օրակարգ:
Արդարեւ, հայկական պիտակով ներկայացող կազմակերպութիւնները, նաեւ պետութիւնը, կը կորսնցնեն իրենց առաքինութիւնը, virtusը, հոգեկան ուժը, եթէ այս կամ այն ձեւով հրաժարին ազգի միացման գաղափարէն, որ միայն բառ եւ խօսք չըլլայ, այլ ըլլայ գործ:
Հայաստանը կարենալ տոկալու, տեւելու եւ ընդլայնելու համար պէտք ունի ժո-ղովուրդին եւ շիջելու դատապարտուած ինքզինք յաւերժական համարող սփիւռք կոչ-ուած գաղթականութեան որպէս ազգի հատուած փրկութիւնը եւս պէտք ունի հայրե-նադարձութեան:
Պարզ է, որ սփիւռք-ազգ գոյութիւն չի կրնար ունենալ, որքան որ ալ բազմանան մեր գեղակառոյց կեդրոնները, որքան որ ալ աճի մեր տեսական համրանքը, սփիւռքի հեռու կամ մօտ վայրերուն եւ ոստաններուն մէջ:
Ոչ ոք այնքան միամիտ է խորհելու համար, որ քանի մը անձերու քաջ, զգացական եւ հաւատարմութեան կնիքով բնորոշուող հայրենադարձութիւնը համազգային յաջողութիւն կրնայ համարուիլ: Բախտաւոր պարագային՝ օրինակ այլոց, սպասելով որ հրաշք պատահի եւ բազմութիւնները այդպէս ինքնագլուխ հետեւին:
Օր մը, տեղ մը, պէտք է որոշուի հայրենադարձութիւն կազմակերպել եւ գործադրել, այդ նպատակին համար մշակել օրէնքներ, ստեղծել պայմաններ, քանի դեռ սփիւռք(ներ)ը հայկական նկարագիր կը պահէ կամ կը կարծէ պահել, զոր գնահատելու համար ոչ մէկ վիճակագրութիւն ունինք: Տարրական ողջմտութիւն է գիտնալ, որ համրանքը առաջին եւ հիմնական ազդակ է ազգը պահելու եւ անոր հզօրանալու ապահովութիւն տալու համար:
Հայրենադարձութեան մասին խօսիլ առանց ծրագիր ունենալու, շաբաթավերջի խրախճանքի շատախօսւթիւն է:
Կը ծրագրուի՞, կրնա՞նք ծրագրել հայրենադարձութիւնը: Եթէ այսօր արդէն ուշ չէ, վաղը շատ ուշ պիտի ըլլայ:
Ազգային-քաղաքական հեռանկար եթէ ունի ընդհանուր ձեւով ըմբռնուած ազգը, պարտաւոր է այդ ծրագիրը մշակելու եւ գործադրութեան դնելու:
Անհատի մտածման մակարդակին, նման ծրագիր կը մնայ ցանկութիւն: Բայց մտաւորականութիւնը ինք հարցը պիտի բերէ ժողովուրդին, ստեղծելով հանրային կարծիք, համոզում, նաեւ ճնշում՝ ղեկավարական կառոյցներու վրայ, պետութիւն, կուսակցութիւններ, միութիւններ, դպրոցներ, զանգուածային լրատուամիջոցներ: Այս հարցը հրապարակային քննութեան առարկայ պէտք է դարձնել, պէտք է այդ եղած ըլլար: Հայկական լրատուամիջոցները եւ մամուլը, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), այս մասին չեն արտայայտուիր:
Ոչ ոք կրնայ խորհիլ, որ որոշման մը հետեւանքով, հարիւրհազարաւորներ վաղն իսկ, ճամպրուկները շալկած Զուարթնոց օդակայանը պիտի հասնին:
Ներկայացող հարցը միաւորներու եւ զբօսաշրջութեան չի վերաբերիր:
Հայաստան-Արցախ բնակելի տարածքի դժուարութիւն չունին: Այդ տարածքները օգտակար եւ պատշաճ կերպով բնակեցնելու խնդիր դրուած է ազգին առջեւ: Տարածքները արդիւնաբերութեան համար գործածելու եւ անոնց վրայ բնակութիւն հաստատելու պայմաններու ստեղծման հարցը հարկ է լուծել:
Առանց մեծ տնտեսագէտ ըլլալու, հարկ է քննել այն բոլոր ներածուող ապրանքներու պարագան, եւ տեսնել թէ զանոնք տեղւոյն վրայ կարելի՞ է արտադրել, օգտագործելով լքուած գործարաններու դատարկ մնացած շէնքերը, կոչ ընելով անհատներու եւ ընկերութիւններու, միաժամանակ ընծայելով ապահովութիւն եւ հարկային դիւրութիւններ, օգտագործելով տեղական մարդուժը: Հայաստան հնարաւորութիւն ունի արդիւնաբերութեան համար օգտագործելու իր ներուժը, հակառակ անոր որ շատեր արդէն աշխատանքի մեկնած են, աւելի լաւ կեանքի հեռանկարով, նախկին խորհրդային երկիրներ, Եւրոպա, Ամերիկաներ, Աւստրալիա, Չինաստան:
Հարիւրամեակի լաւագոյն նուէրը կ’ըլլայ ազգին, եթէ որոշուի ստեղծել Հայրենադարձութեան մարմին մը, որ այդ նպատակով կը գոյացնէ Համազգային Հիմնադրամ, պետական կառոյցներու հետ կ’ուսումնասիրէ եւ կը ճշդէ զարգացման ծրագիր, որուն իրականացման մասնակցութեան կոչ կ’ընէ վերադարձի, տրամադրելով միջոցներ, բնակարան, կենցաղային պայմաններ, արդիւնաբերական աշխատանքի համար դրամագլուխ, հողամշակութիւն, ճարտարարուեստ, առեւտուր: Երկրի կարիքներուն բաւարարութիւն տալու համար ստեղծուած կառոյցները կը սահմանափակեն ներածումները, եւ երկրորդ հանգրուանին կ’աճեցնեն արտածումները, ձգտելով ինքնաբաւութեան հասնիլ: Նման կառոյցներ կային անցեալին, որոնք կ’աշխատէին Խորհրդային Միութեան կարիքներուն համար:
Հայաստանի համար կարեւոր զբօսաշրջութեան կողքին, Հայաստան եւ Արցախ կրնան զարգացնել առողջարաններու ցանց, որոնց օրինակները կան, կառուցանել հագստեան տուներ:
Արդէն Հայաստանի մէջ կը գործեն գորշ նիւթի, ուղեղի օգտագործման նախաձեռնութիւններ: Այդ գորշ նիւթը որոշ տոկոսով արդէն կ’օգտագործուի Հայաստանէն դուրս, ոչ մէկ նպաստ բերելով Հայաստանի, թերեւս անհատները փրկելով գործազրկութենէ եւ թշուառութենէ: :
Հայրենադարձութեան մարմինը, Հայաստանէն եւ սփիւռքէն մասնագէտներու համագործակցութեամբ կը կատարէ ուսումնասիրութիւններ, կը ճշդէ առաջնահերթութիւններ: Հայ երիտասարդներու եւ երիտասարդուհիներու կոչ կ’ընէ Հայաստան-Արցախի մէջ իրենց ապագան ստեղծելու, անոնց տրամադրելով միջոցներ, որոնց ձեւերը կը ճշդուին, կեանքի եւ աշխատանքի ասպարէզ նոր մտնող սըրունդին ընծայելով նիւթական հնարաւորութիւններ: Նման նախաձեռնութիւն մեծ նպաստ կ’ըլլայ ամբողջ երկրի քաղաքներու եւ գիւղերու զարգացման, առաջքը առնելով Հայաստանի սպառնացող միաքաղաք ըլլալու վտանգին:
Միթէ՞ անկարելի է ամէն տարի հարիւր ընտանիքի Հայաստան-Արցախ հաստատուելու միջոցներ տալ:
Անկախութիւն, պետութեան հզօրացում, արտագաղթի կասեցում, հայրենադարձութիւն, եւ ընդլայնումի հպարաւորութիւն, միաժամանակ ներկայացող խնդիրներ են:
Հարիւրամեակի տօնախմբութիւններու խանդավառութեան հունին մէջ, որպէս ազգային գեր-նպատակ, օրակարգ դարձնել Հայրենադարձութիւնը, որպէսզի բնակուած երկիրը հզօրանայ եւ ազգի համրանքը ժամանակի գլանին տակ ամէն օր քիչ մը աւելի չճմլուի:
Ամէն տարի հարիւր ընտանիքի հայրենադարձութիւնը ապահովել հրաշք չ’ըլլար, այլ զգացումներ շոյող գեղահունչ խօսքերուն իմաստ տուող նախաձեռնութիւն:
Երբ հարիւրամեակի աղմուկը դադրի, լուսարձակները մարին, Հայրենադարձութեան Մարմինը մեր առօրեային մէջ պիտի ըլլայ գաղափարներու շարունակութեան եւ կենսագործման հոսանքը, ազգի վաղուան համար:
Եթէ վերստին բանին Սիսիանի հիւսուածեղէնի գործարանը, Գիւմրիի գուլպայի գործարանը, Վանաձորի առողջարանները, կօշիկի արտադրութիւնը, եւ գիտական գերարդիական կեդրոնները սպասարկեն այլ երկիրներու, գորշ նիւթի իրականացումները միջազգային շուկայ կը հասնին:
Կ’ըսեն, որ մեր օրերու մեծագոյն գիւտը կազմակերպութիւնն է, organisation: Անոր համար բաւարար ուժ ունի ազգը, Հայաստան եւ սփիւռք համատեղ, հասնելու համար յաջորդ հարիւրամեակներուն:
Եթէ գիտնանք եւ յաջողինք կառչիլ հայրենատիրութեան հիմնական գաղափարին, որ բաժակաճառ չէ:
Աւելի պարզ. տօնախմբութիւններէ, ամպագոռգոռ ժողովներէ եւ շքերթներէ առաջ եւ վերջ, հարց տանք՝ թէ հայրենատէ՞ր ենք թէ ոչ… Յստակատեսութեան հրաշք պահու մը տրուած անսեթեւեթ պատասխանէն ետք, կը գիտնանք թէ ո՞ւր կ’ուզենք հասնիլ, ի՞նչ կրնանք ընել եւ որոնցմով կրնանք յստակութեամբ գծուած ճամբայ ելլել:
Յստակութեամբ գծուած ճամբան պիտի ըսէ, որ ազգի ապագան ոչ Ֆլորիտա է, ոչ Էյֆէլի աշտարակ, ոչ Լոս կամ Փունթա տէլ Էսթէ: Այս հասկնալէ ետք է միայն, որ անհատները եւ հին ու նոր կամ յաւերժացած գաղթականները կը դառնան Ազգ: