ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Յիշատակելի էր Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեանի Յունուար 24-ի ելոյթը Սթրազպուրկի մէջ (Ֆրանսայի կեդրոնական արեւելեան շրջան)՝ Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական ժողովին առթիւ:
Բաւական երկար էր Սարգսեանի խօսքը, որ կ՚ընդգրկէր թէ՛ արտաքին ու թէ՛ ներքին եւ ընդհանրապէս կովկասեան տարածաշրջանը հետաքրքրող քաղաքական զանազան նիւթեր:
Բնականաբար, օրակարգի վրայ առաջնահերթ էր այն հաստատումը, թէ Հայաստան՝ ստորագրած ըլլալով Եւրոմիութեան հետ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը, արդէն իսկ գործի լծուած է բազմազան բնագաւառներու մէջ՝ արդիւնաւէտ աշխատանքի ձեռնարկելու փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի մէջ:
Հ.Հ. նախագահը նաեւ մանրամասնօրէն անդրադարձաւ մարդկային իրաւունքներու եւ ժողովրդավարական արժէքներու ամրապնդումինու պահպանումը: Քայլ մըն ալ աւելի անդին երթալով, նախագահը մասնաւորապէս շեշտեց, թէ «Մենք լրջօրէն ենք տրամադրուած եւ յանձնառու ենք շարունակելու մեր համակարգային եւ հետեւողական ամենօրեայ աշխատանքը կոռուպցիայի ախտն արմատախիլ անելու ուղղութեամբ»։
Բնականաբար, այս բոլոր հաստատումներն ու մատնանշումները շատ աւելի արագ եւ համաժողովրդային ընթացք պիտի ստանան, երբ յառաջիկայ Ապրիլին սկսի գործադրուիլ սահմանադրական բարեփոխումներու թղթածրարը՝ խորհրդարանական դրութեամբ:
Նախագահ Սարգսեան ընդգծեց, թէ ժողովրդավարական բնոյթ ունեցող բոլոր այս բարեփոխումները դիւրին պիտի չըլլային առանց Եւրոպայի Խորհուրդի կառոյցներու աջակցութեան եւ անմիջական մասնակցութեան:
Բնականաբար, Սթրազպուրկի բեմահարթակէն արծարծուեցաւ նաեւ Արցախի հիմնահարցը, եւ այդ ալ ամենայն մանրամասնութեամբ: Կարճ պատմական մը ներկայացնելով, Սարգսեան իր խօսքը շարունակեց, նշելով թէ մութ հաշիւներու արդիւնք, անարդարութեան եւ բնաջնջման սպառնալիքի պայմաններուն տակ Արցախի ժողովուրդին միակ ելքն էր ինքնապաշտպանութեան դիմելն ու անկախութեան համար պայքարիլը։
Անգամ մը եւս, ան շեշտեց, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահներու հովանիին ներքեւ գործող բանակցային հոլովոյթը այս տագնապի լուծման միջազգայնօրէն համաձայնեցուած միակ ձեւաչափն է, որ անպայման կը պահանջէ հակամարտող բոլոր կողմերուն եւ յատկապէս յարձակողին՝ Ատրպէյճանի յանձնառութիւնը:
Բնականաբար, ազերի պատուիրակութիւնը, յանձին Իլհամ Ալիեւի հլու կամակատար Սամատ Սայիտովի, փորձեց ամհիմն եւ անհեթեթ ցեխարձակումներով աղաւաղել ու խեղաթիւրել Սարգսեանի խօսքերը Արցախի առնչութեամբ, սովորականին նման Խոճալուի ջարդին մասին արտայայտուելով, դէպք մը, որ ատրպէյճանական ներքին մութ հաշիւներու հետեւանքն էր:
Խօսքի աւարտին, Սարգսեան հպարտութեամբ յայտարարեց ,թէ կատարուած են Հայաստանի ստանձնած ժողովրդավարացման հիմնական յանձնառութիւնները Եւրոպայի Խորհուրդին առջեւ:
Յառաջիկայ ամիսներուն խորհրդարանական կառավարման անցնելով, տարբեր համակարգ մը պիտի ստեղծուի, որ այսուամենայնիւ պիտի նպաստէ հաշուետուութեան, ժողովրդավարութեան զարգացման, եւ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան: