Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Նշուեցաւ Հ.Հ. Բանակի Օրը

$
0
0

 

ԵՐԵՒԱՆ.- Կիրակի, Յունուար 28-ին, Հայոց բանակի օրուան առիթով,  Հ. Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեան, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի անդամներու, պաշտպանութեան նախարարութեան եւ զինուած ուժերու ղեկավար կազմին ընկերակցութեամբ այցելեց «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն` յարգանքի տուրք մատուցելու  իրենց կեանքը հայրենիքի անկախութեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին: Ներկաներու շարքին էին վարչապետ Կարէն Կարապետեան, պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան, արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանապետն ու գլխաւոր դատախազը:

Նշենք, թէ«Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն այցելողներու շարքին եղաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահութեան գլխաւոր թեկնածու Արմէն Սարգսեան: Նախագահի թեկնածուին ընկերակցեցան նախկին վարչապետ Վազգէն Սարգսեանի եղբայրը` Արմէն Սարգսեան եւ գրող-հրապարակագիր Զօրի Բալայեան: Մինչ այդ, նախագահ Սարգսեանը հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու ընթացքին ցուցաբերած անձնուիրութեան եւ խիզախութեան համար զոհուած զինուորներու ընտանիքներու  անդամներուն յանձնեց զոհուած հերոսներուն յետմահու շնորհուած պետական բարձր պարգեւները:

Բանակի օրուան առիթով հանրապետութեան նախագահը նաեւ յղեց շնորհաւորական ուղերձ մը, որուն մէջ յայտնեց.-

«Մեր բանակը, ըլլալով մեր ժողովուրդի անվտանգութեան յուսալի երաշխիքը, նաեւ շրջանային կայունութեան շատ կարեւոր բաղադրիչն է: Մենք գիտենք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ պետականութեան եւ կանոնաւոր բանակի բացակայութիւն եւ գիտենք, թէ որքա՛ն սուղ վճարած ենք անոր համար: Ծանր փորձութիւններ տեսած ազգի մը համար սեփական բանակի գոյութիւնն իսկ ունի առանձնայատուկ ընկալում: Մեր բանակը համաժողովրդական բանակ է, որ իր ստեղծման օրէն կը զգայ  ժողովուրդի սէրն ու յարգանքը, կը վայելէ ժողովուրդի վստահութիւնն ու անվերապահ աջակցութիւնը: Վստահ եմ, որ ապագային եւս Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ ժողովուրդը պիտի գուրգուրան իրենց առաջնեկին»:

Նախագահ Սարգսեան իր խօսքին մէջ անդրադարձած է նաեւ բանակի այսօրուան վիճակին եւ ըսած. «Գաղտնիք չէ, որ այսօր մենք որակապէս այլ բանակ ունինք` զինուած ամէնէն արդիական զինատեսակներով, յագեցած ժամանակակից սարքաւորումներով: Բայց մենք կը շարունակենք եւ պիտի շարունակենք հետեւողականօրէն բարձրացնել մեր բանակի մարտունակութիւնը: Այդ նպատակով ընդունուած է բանակի արդիականացման եօթնամեայ ծրագիր, ինչ որ կեանքի պիտի  կոչենք ժամանակացոյցին համապատասխան: Անձամբ ես ջանք պիտի  չխնայեմ, որ մեր բանակը դառնայ աւելի արդիական եւ աւելի ուժեղ»:

Իր խօսքի աւարտին նախագահ Սարգսեան ըսած է. «Այսօր մենք Եռաբլուր կը գտնուինք: Այս սրբազան տօնին օրը մեր պարտքն է գլուխ խոնարհել հերոսներու յիշատակին առջեւ, որոնք իրենց կեանքին գնով մեզի կեանք եւ ազատութիւն պարգեւեցին: Վշտակից ենք մեր բոլոր զոհուածներու  ընտանիքներուն եւ հարազատներուն: Կոչ կ՛ուղղենք սերունդներուն` մշտապէս վառ պահելու անոնց յիշատակը, Հայաստանի ժողովուրդին այս կարեւոր տօնի խորհուրդն ու իմաստը»:

Բանակի օրուան առիթով, նախագահական նստավայրին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան բարձր պարգեւներով, շքանշաններով ու մետալներով պարգեւատրեց խումբ մը զինուորներ եւ ազատամարտիկներ` hայրենիքի սահմանները պաշտպանելու ընթացքին ցուցաբերած նուիրումի եւ խիզախութեան, ինչպէս նաեւ մատուցած նշանակալի ծառայութիւններուն համար  եւ անոնց շնորհեց բարձրագոյն զինուորական կոչումներ:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ալեքսանտր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ, ներկայ գտնուեցաւ Բանակի օրուան` Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու կազմաւորման 26-ամեակին նուիրուած «Յաղթանակներու դար» խորագիրով տօնական համերգին:

Բանակի օրուան առիթով վարչապետ Կարէն Կարապետեան իր կարգին յղեց ուղերձ մը, որուն մէջ շնորհաւորեց հայ ժողովուրդն ու բանակի ծառայողները:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles