Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Կովկասեան Բարձրաւանդակն Ու Սպիտակ Տան Զգուշացումները

$
0
0

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Խմբագրական

Սխալ ընթացք տուած կ՛ըլլանք, եթէ խոշորացոյցի տակ առնենք Յունուար 10-ին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան լոյս ընծայած զգուշացման ազդը՝ Արցախ այցելող ամերկահպատակներուն:
Այդ թուականին, այսինքն՝ Յունուար 10-ին, Ա.Մ.Ն.-ի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդհանուր վերատեսութիւն մը կատարած է՝ ցամաքամաս առ ցամաքամաս, երկիր առ երկիր, եւ առ այդ ամէն մէկ երկրի վերաբերեալ տեղեկութիւններ տեղադրած է իր կայքին մէջ: Բազմաթիւ երկիրներու պարագային ո՜չ մէկ զգուշացման կոչ կայ, իսկ այլոց պարագային՝ յատուկ տեղեկութիւններ, թէ՛ աշխարհագրական եւ թէ՛ քաղաքական մանրամասնութիւններով:
Այս ակնոցով դիտուած, հաւանաբար ընթերցողին համար աւելի պարզ կը դառնայ, թէ բանն ինչո՞ւմն է, երբ կարդացուին տեղեկութիւններն ու ազդերը:
Տեղին է նկատի ունենալ եւ մօտէն հետեւիլ Կովկասեան բարձրաւանդակի եւ մօտակայ տարածաշրջանի հետ կապ ունեցող երկիրներու պարագային նշուած զգուշացումներուն: Հայաստանի պարագային, յատուկ ո՛չ մէկ զգուշացում կայ, բացի Արցախէն, ուր յստակօրէն կոչ կ՛ուղղուի քաղաքացիներուն, որպէսզի խուսափին այցելելէ այդ տարածքը, նկատի ունենալով յաճախ արձանագրուող զինեալ եւ նոյնիսկ հրթիռային ընդհարումները:
Յաճախ Արցախ այցելող հայորդիին համար, ասիկա արձանագրուած է առ ի տեղեկութիւն: Ան վերոյիշեալ ազդէն աւելի քաջատեղեակ է, թէ ի՞նչ կացութիւն կը տիրէ Շուշիի, Ստեփանակերտի, Մարտակերտի կամ Թալիշի մէջ:
Հետաքրքրականը այն է, որ այս ազդը ընդօրինակուած եւ ապա փակցուած է Կովկասեան բարձրաւանդակի միւս երկրին՝ Հայաստանի դրացի ու թշնամի Ատրպէյճանի ենթագլուխին տակ: Հաւանաբար, իրադարձութեանց մօտէն չհետեւողին տարօրինակ թուի շէյքսփիրեան լեզուով աւելի հարազատօրէն նկարագրուող «copy and paste»ը:
Սակայն, հոս տեղին է նշել, թէ Հայաստանի պարագային ո՛չ մէկ յատուկ յաւելեալ մատնանշում կայ, մինչդեռ Ատրպէյճանի պարագային, վերոյիշեալ կրկնօրինակ ազդէն առաջ, յստակօրէն կը նշուի թէ նոյնինքն Ատրպէյճանի տարածաշրջանը կը նկատուի վտանգաւոր՝ ահաբեկչական բջիջներու գործողութեան պատճառով: Բնականաբար, հալածախտէ տառապող Պաքուի ղեկավար Իլհամ Ալիեւի համար, անհաճոյ պիտի թուի այդ կարճ ու կտրուկ զեկուցումը, ուր անմեղ այցելուներ կրնան ահաբեկիչներու թիրախը դառնալ, պանդոկներու կամ սրճարաններու մէջ:
Վրաստանի պարագային, յատկապէս կը նշուին Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ շրջանները այցելելու պարագաները: Իրանի պարագային, անշուշտ անտեղի է յաւելեալ ուսումնասիութիւն կատարել, նկատի ունենալով երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները, եւ յատկապէս վերջին շաբաթներուն պատահած ցոյցերը:
Հուսկ, շատ աւելի մանրամասնօրէն կը նկարագրուի Թուրքիոյ պարագան, ուր արեւելեան բազմաթիւ գաւառներ կը նկատուին վտանգաւոր:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles