ՓԱՐԻԶ («Նոր Յառաջ»).- Գրեթէ տարիէ մը ի վեր, Սէնի գետի ափին, այլ քանի մը տափանաւերու կողքին, հայկական դրօշ պարզած՝ «Անաքօ» տափանաւը անհետացման վտանգին տակ կը գտնուէր, լոյսերու քաղաքի 19-րդ թաղամասին մէջ գտնուող ջրանցքի մը վերանորոգման պատճառով:
Փարիզի քաղաքապետարանի կազմած առաջին յանձնաժողովին կողմէ նշեալ տափանաւերու առարկութիւնը մերժուած ըլլալով, բողոքի մեծ շարժում ստեղծուած էր: Այս առթիւ կատարուած էր ստորագրահաւաք, որուն մասնակցած էին 15 հազարէ աւելի համակիրներ, նաեւ կազմակերպուած էին բողոքի բազմաթիւ ձեռնարկներ:
Փարիզի քաղաքապետարանը խոհեմ գտնուելով վերատեսութեան ենթարկեց այս որոշումը եւ «Անաքօ»ին յատկացուեցաւ նոր վայր մը, շատ աւելի նպաստաւոր պայմաններու մէջ, Քէ տը Լա Լուարի վրայ, որ կը գտնուի Քէ տը Լա Սէնի հանդիպակաց կողմը։ Այսպէս «Անաքօ»ն պիտի կարենայ 12 ամիս շարունակ խարսխել եւ կազմակերպել մշակութային զանազան ձեռնարկներ: