Image may be NSFW.
Clik here to view.
Սօսի Միշոյեան-Տապպաղեան
Հինգշաբթի
Հարցուցին. «Գո՞հ ես կեանքէդ»:
Ինչո՞ւ ոչ: Քանի շրջապատուած եմ լաւ մարդոցմով՝ անկասկած որ այո՛: Թէեւ երբեմն-երբեմն կը կարօտնամ մինակ մնալու զգացողութիւնը, ինքնահայեցողութիւնը: Ո՞վ եմ ես: Ի՞նչ կ’ընեմ: Ճի՞շդ կ’ընեմ: Այս որ կը գրեմ հիմա, աչքիս առջեւ կու գան պատանեկան օրերս, երբ տօնական օրերուն, գերդաստանն ամբողջ քէֆի սեղանին շուրջ, հազիւ գլուխները տաքցած՝ կը սկսէին ինքնութեան փնտռտուքի մտորումներ կատարել: Ու հայրիկս ձեռքի համրիչը մէյ մը աջ, մէյ մը ձախ ոլորելով՝ քանիցս կը կրկնէր նոյն հարցումը. «Ո՞ւր ենք մենք եւ ո՞ւ ր կ’երթանք»:
Այդ պահուն էր, ահա, որ ամանները լուալու տհաճ արարողութիւնը բաղձալի կը թուէր ինծի համար ու սեղանէն կամաց մը փախուստ տալով կը փութայի խոհանոց, որովհետեւ գիտէի որ անլուծելի հարցումները այդպէս ալ անպատասխան պիտի մնային, որքան ալ երկար ըլլային քննարկումները եւ այդ օրուան լաւագոյն պատասխանը իմ գլխուս պիտի փաթթուէր. «Սօսի փչէ՜» հրամայական շեշտով արտայայտուած այդ փափաքով: Եւ քանի որ հայրիկս հեղինակութիւնն էր (եւ է) մեր տան, ո՛ւր ալ մտած ըլլայի, պէտք էր որ յայտնուէի այդ պահուն: «Փչէ» կը նշանակէր ազգային յեղափոխական երգեր թնդացնել սեղան ի վեր կամ վար ու այդպիսով գոհացում տալ «ո՜ւր կ’երթանք»ներու խումբին: Բարեբախտաբար, կաշկանդումս երկար չէր տեւեր ու մէկ երգը կը յաջորդէր միւսին եւ խմբային գեղեցիկ համանուագի կը վերածուէր երեկոն: Երբեք չէի մտածած, սակայն, որ «Պիտի գնանք վաղ թէ ուշ»ը այսքան արագ ու անսպասելի մեր հայրենիք երթալուն պիտի վերաբերէր. ու «հրով լինի սրով լինին» ալ սուրիական պատերազմը պիտի ըլլար: Մեր կայանը այժմ հայրենիքն է: Չէի ուզեր, որ ժամանակաւոր ըլլար այդ մէկը: Թէ օրերը ի՞նչ պիտի բերեն՝ չեմ գիտեր. շատ լսած եմ «մեծ մի՛ խօսիր» արտայայտութիւնը, կամ տեղացիներուն «երբեք մի՛ ասա երբեք» խօսքը, սակայն անկայունութենէն այլեւս յոգնած՝ հայրիկիս «ո՞ւր ենք մենք եւ ո՞ւր կ’երթանք»ը պիտի ուզէի որ այլեւս անպատասխան հանելուկ չմնար: Եթէ ուրկէ՞ եկանքը գիտեմ, ո՛ւր ենք եւ ո՛ւր պիտի մնանք»ը կ’ուզէի հաստատական որոշումի վերածուէր ինծի համար… բոլորիս համար:
***
Երկուշաբթի
Դիմատետրի էջերը ողողուած են տօնածառերու եւ Ամանորի ընտանեկան նկարներով եւ մանաւանդ նոյնանման մաղթանքներով: Խորքին մէջ կարդալու պէտք չկայ, որովհետեւ կրկնուող խօսքեր, կրկնուող մաղթանքներ կարդալէն, լսելէն այլեւս գոց եղած ենք. «Թող եկող տարին առողջութեամբ, երջանկութեամբ լեցուն տարի մը ըլլայ», «Մաղթում եմ որ այս Նոր Տարին խաղաղութիւն, երջանկութիւն եւ յաջողութիւն բերի…»: Կարծես որքան կը մաղթենք, այնքան անոնք մօտենալու տեղ կը հեռանան: Այդ պատճառով ալ մաղթանքները ամէն տարի կը մնան նոյնը՝ միշտ հաւատալով անոնց խաբուսիկ գալուստին: Տակաւին էջերը կը թերթատեմ եւ յանկարծ, դէմս գուժ մը կը պարզուի: Ազգային Հայկազեան վարժարանի տղոց բաժինի տարիներու վաստակ ունեցող Ըսդէզ Գրիգոր Յակոբեանի մահուան գուժն է: Յիշողութեամբ ետ կ’երթամ եւ աչքիս առջեւ կը տողանցեն հոն պաշտօնավարած հաճելի տարիներս: Պարոնը դիտմամբ ըսդէզ գրեցի հոս, որովհետեւ իգական սեռի գերակշռող ուսուցչուհիներու թիւին քով, այդ տարիներուն դպրոցին մէջ կային ընդամէնը քանի մը պարոններ եւ անոնք ալ չեմ գիտեր ինչո՛ւ ըսդէզ կը կոչուէին (կ’ենթադրեմ, որ հայերէնաւանդ ուսուցիչներ չըլլալնուն պատճառով, թէեւ հաճելի չէր թուէր, այդ օրերուն, ինծի համար հայ պարոնի մը ըսդէզ կոչելը). այն աստիճան, որ աշակերտներուն համար ալ սովորական մակդիր մը դարձած էր այդ ու ձեւով մը հայացած:
Պաշտօնավարած տարիներուս ըսդէզ Յակոբեանը արդէն տարիքի բերումով դադրած էր դասատուութենէ եւ ընդհանուր հսկիչի պաշտօն կը վարէր: Ուսուցիչներ, երբ բանի մը պէտք ունենային, աշակերտ մը քովը կը ղրկէին ըսելով.
-Գնա (ասինչը) ըսդէզին քովէն բեր:
Օր մը, աշակերտներուս ուղղագրական նրբութիւն մը կը պարզեմ, բացատրելով որ հայերէնի մէջ դ հնչիւնէն առաջ թէեւ ս կը լսենք, սակայն զ կը գրենք, ինչպէս՝ ազդեցիկ, ազդարարութիւն, ազդակ, ազդու, ազդանշան… եւ այլն: Յանկարծ աշակերտ մը նստած տեղէն կը գոչէ. «Ո՛չ, օրիորդ, բառ մը կայ, որ ս-ով կը գրուի.»: Հաւատալով իր «գիւտ»ին կ’ուրախանամ եւ տակաւին չհարցուցած՝ ան կը փութացնէ նաեւ պատասխանը.
– Ըսդէզը,- օրիորդ,- ըսդէզը ս-ով կը գրուի:
Է՜հ, այդ օրը ապշեցայ, որ աշակերտս ինչպէ՞ս չէր անդրադառնար անոր արաբերէն ըլլալուն, հիմա է որ, տարիներ յետոյ, աւելի ներողամտութեամբ կ’ընկալեմ այդ պարագան: Ըսդէզ Յակոբեանին մահուան լուրին մէջ, բնականաբար, մակդիրը պարոն կարդացի, բայց զարմանալիօրէն խորթ եկաւ ականջիս այդ մէկը ու մտովին զարմանքս յայտնեցի ըսելով. «Օ՜, այս ինչ լուր է, ըսդէզ Յակոբեանը մահացեր է». այո՛, Պարոն Յակոբեանը մեր ըսդէզն էր, իր խիստ եւ պարտաճանաչ նկարագիրով:
Հողը թեթեւ գայ վրադ, յարգելի՛ ըսդէզ: