Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Դիմաւորելով 100-ամեակը.- ՆԵՐԱԶԳԱՅԻՆ ՓՏԱԽՏԸ ԵՒ ՄԵՐ ՍԻՐԱԾ ԴԻՐՔԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ

 

Image may be NSFW.
Clik here to view.
 Յ. Պալեան

Իշխանութիւնը մարդկանց կուրացնում է, եթէ մարդիկ աւելի փոքր են, քան իրենց պաշտօնը, հարբեցնում է, եթէ աւելի տկար են, քան իրենց պաշտօնը:

            Յովհաննէս Թումանեան, 1921

 

            Երբեմն պէտք է մտածել, առանց արտաքին ազդակներու մէջ փնտռելու մեր ներազգային դժուարութիւններ եւ ձախողութիւնները: Այս կարենալ ընելու համար ճշմարիտ հոգեկան ուժ պէտք է: Յովհաննէս Թումանեանի իմաստուն խօսքը, 1921ին գրուած նամակի մը մէջ, զիս ստիպեց, որ պահ մը մոռնամ մեր ամենօրեայ մտմտուքները:

            Ի՞նչ կ’ըսէ Յովհաննէս Թումանեան, ժողովուրդին հետ ապրած եւ անոր համար բաբախած ազգային ոգիի եւ իմաստութեան բանաստեղծը. Իշխանութիւնը մարդկանց կուրացնում է, եթէ մարդիկ աւելի փոքր են, քան իրենց պաշտօնը, հարբեցնում է, եթէ աւելի տկար են, քան իրենց պաշտօնը: Ի հարկէ, արժանաւորներ եղած են եւ կան, բայց անոնց շուքին, երբեմն ալ զանոնք կոխկրտող փոքրեր եւ տկարներ, որոնք եսի բաւարարման համար գիտեն ստորնութիւններու լծակները գործածել: Այս հասարակաց ընթացքը, բոլոր ժողովուրդներու պարագային, կը յառաջացնէ հաւաքականութեան եւ ժողովուրդի դժբախտութիւնը: Պատմութիւնը մեզի կտակած է անուններ, Յուդայէն մինչեւ ազգի մը ծոցէն ծնած եւ օտարին սպասարկող դաւաճանները, անցնելով մանր փառասէրներէն:

            Եթէ միայն մարդիկ գիտնային թէ ինչո՞ւ պէտք է զբաղեցնեն այս կամ այն պաշտօնը, ատա՞կ են, օգտակա՞ր են, ոչ ըստ իրենց եսին եւ փառասիրութեան, այլ ըստ արդիւնքի, արտադրուած բարիքի: Քանի մը անգամ այս կարգի վերաբերումներու յառաջացուցած չարիքի մասին գրած եւ խօսած եմ, յիշելով Կոմիտասի դառնութիւնը: Երբ կը լսենք Յովհաննէս Թումանեան կամ Կոմիտաս, կ’ունենա՞նք բաւարար առաքինութիւն, խորհելու համար, որ անոնք կրնա՞ն խօսած ըլլալ նաեւ մեր մասին: Այս ձեւի մտածում կ’ըլլայ Սոկրատի կատարած հոգեմաքրումի փորձ: Նոյն ժամանակներու բովէն անցած Կոմիտաս կը լրացնէ Յովհաննէս Թումանեանի ցաւի պատկերը: Պատկեր՝ զոր յաճախ պէտք է փռել մեր եւ հանրութեան առջեւ, նաեւ  այսօր եւ վաղը, որպէսզի ժողովրդական ողջմտութիւնը աճի եւ տարածուի: Փառասիրութիւն, փութկոտութիւն մէկ երեսէն, ապիկարութիւն, տգիտութիւն միւս երեսէն: Իւրաքանչիւր ոք իր պաշտօնն զգեցած է իբր հանդերձ, զոր մերկութիւնն մտաց ծածկի ի միամիտ աչաց: …Մեր նախնիք իրենց պաշտօնին փարած էին անձնահեղութեամբ, իսկ մենք կը յափշտակենք գործն ընչաքաղցութեամբ: Սիրտս փլած է…

            Տարիները կ’անցնին, պատմութիւնը օղակ կը փոխէ, բայց մենք կը հասնի՞նք իմաստութեան, յաղթահարելով դիրքապաշտութիւնը, մտածելով ազգի եւ մարդոց իրաւունքի մասին: Հարկ է քանի մը անգամ կարդալ Կոմիտասի դառնութեան խօսքը, եւ մտածել Յովհաննէս Թումանեանի հետ, թէ կա՞ն իշխանութեամբ կուրացածներ, իշխանութեամբ հարբեցածներ, որպէսզի իրատեսութիւնը տիրէ, առաջանորդուի ազգը, արտահանուին ազգի զաւակներու արժանիքները, փոխանակ խրելու շահախնդրութիւններու ճահիճին մէջ: Երբ հանրային կարծիքը կը սկսի խորհիլ եւ խօսիլ առաջնորդի մը անկարողութեան մասին, ժամանակը եկած պէտք է համարել նորի եւ նորարարութեան մասին, յաղթահարելով անփոխարինելութեան առասպելը, որ կը ծնի երբ իշխանաւորը կը յաւերժանայ իր դիրքին վրայ:

            Բայց այս ընելու համար իր քաջութիւնը եւ ազնուութիւնը պահած ժողվուրդ պէտք է:

            Փորձ ունեցող երկիրներու օրինակին պէտք է հետեւիլ:

            Ֆրանսան ունի պետական Հաշիւներու Պալատ (Cour des Comptes), որ կը քննէ պետական ելեւմուտքը, ծախսերու արդարացիութիւնը եւ կը վճռէ, նոյնիսկ կառավարութեան դէմ: Ունի նաեւ Պետական Խորհուրդ (Conseil d’Etat), որ կը քննէ որոշումներու օրինականութիւնը, կառավարութեան կամ Ազգային Ժողովի եւ կը վճռէ: Մեր վերանկախացած հայրենիքը եթէ օժտուած ըլլար նման հսկողութեան եւ անկաշկանդ գործող կառոյցներով, այսօր կ’ունենայինք աւելի արդարութիւն, աւելի մեծ վստահութիւն պետութեան հանդէպ: Ինչո՞ւ նմանօրինակ հսկողութիւն պիտի չհաստատուի հասարակական կազմակերպութիւններու պարագային, անոնք ըլլան բարեսիրական, քաղաքական, գիտական, մարզական եւ այլ, միշտ՝ Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):

            Վերականգնումը, վստահութիւնը, արդարութիւնը սունկի պէս չեն բուսնիր: Անոնք կարիք ունին արդար եւ յարգուող օրէնքներու, գործադրելի առանց հրէի եւ հեթանոսի տարբերութիւններ նկատի առնելու:

            Ինքզինքս կրկնեմ. Պէտք է յաճախել ՄԵԾԵՐՈՒ ԴՊՐՈՑԸ եւ իմանալ: Կրկին կը գտնեմ Յովհաննէս Թումանեանը, որ 1921ին, Աւետիք Իսահակեանին ուղղուած նամակի մը մէջ կ’ըսէ. Մենք թէ դրսից, թէ ներսից քանդեցինք մեր երկիրը: Գլխաւորապէս մենք: Մենք եմ ասում, եւ սրա մէջն է ճշմարտութիւնը: Մի մասը խաչագող սրիկաներ, մի մասը գողեր ու աւազակներ, մի մասը ապիկար թշուառականներ, եւ չերեւաց մի բազմութիւն, գոնէ մի խմբակ, որ վերածնուող երկրի շունչն ու բարոյական կարողութիւնը յայտնաբերէր: Էսքան աղէտների ու պարտութիւնների մէջ ոչ մի մեղաւոր չերեւաց, ոչ ոք պատասխանի կանչուեց, ոչ պատասխան տուեց: Եւ շարունակուում է… Եւ ոչ մէկը գոնէ անձնասպան չեղաւ, որ ապացուցանէր, թէ գոնէ ամօթ ու խղճմտանք կայ էս մարդկանց մէջ կամ էս ժողովրդի մէջ: Բայց ես ի՞նչ եմ ասում – չկարողացան գոնէ վշտանալ կամ վշտացած երեւալ:

            Եթէ երգիծագիր մը, Յովհաննէս Թումանեանի խօսքերը իւրացնելով առասպել հիւսէր եւ անուններ հնարէր ու յիշէր, Հայաստան եւ Սփիւռք(ներ), զանգուածները ըսուածը որպէս իրականութիւն պիտի ընդունէին:

            Ոչ ոք պատասխանատուութեան կը կանչուի:

            Զբօսաշրջութեամբ, բարեսիրութեամբ եւ պատկեր-շքանշանով այնքա՜ն ընդարմացած ենք, որ այլեւս չենք անհանգստանար:

            Այսօր ալ դիրքապաշտական, փառասիրական, փտածութեան եւ անորակի մասին խօսողներ կան, բայց անոնք, ինչպէս միշտ, մաս չեն կազմեր որոշում կայացնողներու եւ առաջնորդողներու շրջանակին:

            Մեր անմիջական ժամանակակից գրողներէն Ալիս Յովհաննիսեան, 2017ին լոյս տեսած իր «Լենինական, Կումայրի, Գիւմրի» գիրքին մէջ, երկրաշարժի աղէտի խորքի պաստառին վրայ կը գրէ հետեւեալը. Մէկին անծայր վշտից դուրս բերելու հնարներ մարդը միշտ կարող է գտնել, եթէ փորձի: Իւրաքանչիւրին պէտք է զբաղեցնել ըստ իր հակումների, նախասիրութիւնների. աշխատասէրին աշխատանք տալ, բնածին լիդերին աշխատանք կազմակերպելու հնարաւորութիւն: Թուում է՝ ամենադժուարը բնածին անբանի համար զբաղմունք գտնելն է, բայց Հայաստանում մարդու այդ տեսակը հեշտութեամբ է տեղ գտնում, տեղաւորուում է բոլոր այն աթոռներին, որոնց վրայ նստելու համար խելացի, բանիմաց մարդիկ դեռ տատանուում են, լրացուցիչ հիմնաւոր գիտելիքներ ձեռք բերած չլինելով՝ դեռ յապաղում են: Եւ ժամանակը աշխատում է յօգուտ մակերեսում լողացողների…: Ալիս Յովհաննիսեան կը խօսի իր անմիջական տեսածի մասին, մինչդեռ կարելի է ընդհանրացնել եւ խօսիլ համայն հայութեան մասին, նաեւ՝ սփիւռք(ներ)ի մասին:

            Յովհաննէս Թումանեան կ’ըսէ՝ չերեւաց մի բազմութիւն, գոնէ մի խմբակ, որ վերածնուող երկրի շունչն ու բարոյական կարողութիւնը յայտնաբերէր:

Աւելցնենք՝ որ երկրի հետ ազգի շունչն ու բարոյական կարողութիւնը յայտնաբերէր…

Եթէ Յովհաննէս Թումանեան ապրէր, ի՞նչ կը կարծէք որ պիտի ըսէր:

Այսօրուան եւ վաղուան համար՝ հարցում էր:

            Եթէ հարցնէր, ի՞նչ պիտի ըսէինք:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles