Օգոստոս 37-ին, Արցախեան ազատագրական պայքարի նահատակ, Մհեր Ջուլհաճեանի ընկերներն ու հարազատները Եռաբլուրի մէջ յարգանքի տուրք մատուցեցին 23 օգոստոս 1993-ին Մարտունիի շրջանին մէջ զոհուած ազատամարտիկի շիրիմին առջեւ: Մհերի նահատակութեան 20-ամեակին առիթով 5 երիտասարդներ Մհերի շիրիմին վրայ տուին իրենց դաշնակցականի երդումը եւ միացան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքերուն:
“Մհերի գործը կիսատ է, մենք պարտաւոր ենք այդ գործը շարունակել, որպէսզի ստեղծենք այդ ակնկալուած, այդ պատկերացուած, անոնց երազը եղած հայրենիքը“, ըսաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան` հաստատելով, որ ներկայի խաղաղութիւնը հիմնուած է շնորհիւ Մհերի ու անոր նմաններու թափած արեան:
“Երկիր Մետիա“-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Մհերի հայրը` Արամ Ջուլհաճեան ըսաւ.- “Բոլորս կը սիրէինք զինք. դպրոց յաճախած տարիներուն գիրք չէր բանար, բայց միշտ առաջինն էր դասարանին, շատ աշխուժ, շատ խելացի տղայ էր, հայրենիքի սիրով տոգորուած: Օր մը ըսաւ, թէ որոշած է հայրենիք երթալ, թէեւ չէի գիտեր ինչ նպատակ ունէր, սակայն չզարմացայ իր այս որոշումին համար“: