Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՀԱՅԵՐԸ ՀԱԼԷՊԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ (Ը. ՄԱՍ)

Image may be NSFW.
Clik here to view.
ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Հալէպահայ մամուլը իր շօշափելի ժառանգութեամբ, ուրոյն տեղ կը գրաւէ հայ մամուլի պատմութեան մէջ: Հալէպի մէջ մինչեւ օրս լոյս տեսած է աւելի քան 100 թերթ: Միւս կողմէ, հալէպահայ լրագրողներ մեծ դերակատարութիւն ունեցած են սուրիական տեղական մամուլի յառաջախաղացքին մէջ:
Սուրիոյ առաջին թերթը կը յամարուի «Ֆռաթ» («Եփրատ») պարբերականը, լոյս տեսած է Հալէպի մէջ 27 մայիս 1867 թուականին՝ արաբերէն ու օսմաներէն, իսկ շրջան մըն ալ հայատառ թրքերէն բաժինով մը: 6 յունիս 1868 թուականին, 50-րդ թիւէն սկսեալ աւելցուած է հայատառ թրքերէն բաժին մը՝ մինչեւ 1869, 100-րդ թիւը:
Երկար դադարէ մը յետոյ, 1912-ին, Հալէպի մէջ սկսած է հրատարակուիլ «Աղբիւր» խմորատիպ թերթը (խմբագիր՝ Միհրան Նաճարեան), որ դադրած է 1914 թուականին:
Միչեւ օրս լոյս տեսած է աւելի քան 100 անուն պարբերական, սակայն այսօր այդ թիւէն շատ նուազած է:
1916-ին, լոյս տեսած է «Փորձանք» թերթը, 1918 թուականին՝ լրատու գործակալութեանց թերթեր «Աժանս Ռէօյթըր» (թարգմանաբար) եւ «Հեռագրալուրեր»ը, 1919-ին՝ «Հայ Քնար», 1921-ին՝ «Ուսանող» ամսաթերթը:
Հալէպի մէջ լոյս տեսած հայերէն անդրանիկ օրաթերթը կը նկատուի «Հայ ձայն»ը (1918-1919, խմբագիր՝ Սեդրակ Կեպենլեան): Այնուհետեւ, հալէպահայ մամուլի իրերայաջորդ թերթերն են.- «Տարագիր» (1918-1919, խմբագիր՝ Բենիամին Միլտոնեան), «Եփրատ» երկօրեայ թերթը (1919), «Սուրիական սուրհանդակ» (1919-1922, խմբագիր՝ Հայր Պօղոս Գուշակճի), «Սուրիական մամուլ» (1922-1927), «Եփրատ» օրաթերթ (1927-1947, խմբագիրներէն եղած են Խաչիկ Ք. Քարտաշ, Սեդրակ Կեպենլեան, Արիս Շաքլեան), «Սուրիա» օրաթերթ (1946-1960, խմբագիր՝ Յովհաննէս Եազըճեան), «Արեւելք» օրաթերթ (1946-1963, խմբագիրներէն եղած են Մինաս Թէoլէօլեան, Միհրան Հերարդեան, Գէորգ Տօնապետեան). «Արեւելք»ի հետ միաժամանակ 1948-ին լոյս տեսած է համանուն տարեգիրքը, եւ 1956-ին ունեցած է պատանեկան յաւելուած՝ «Վահագն», եւ 1957-էն սկսեալ մարզական յաւելուած՝ «Արեւելք մարզաշխարհ» (խմբագիր՝ Զաւէն Սապուճեան):
Իւրայատուկ տեղ գրաւած են համայնքին տարեգիրքերու վաստակը. Օրինակ՝ «Սուրիահայ տարեցոյց» (1924-1926), Ազգ. Առաջնորդարանի Պաշտօնաթերթը «Տաթեւ» (1925-1930, խմբագիր՝ Առաջնորդ Արտաւազդ Արք. Սիւրմէեան), «Սուրիական ալպոմ» (1927-1929), «Տարօն» (1949), «Հայ տարեգիրք» (1956): «Գեղարդ» գրական-գեղարուեստական պատմական տարեգիրքը, հովանաւորութեամբ՝ ՀԲԸ Միութեան մատենագիտական յանախումբի, Հալէպ (1975 թուականէն ի վեր մինչեւ օրս լոյս տեսած են վեց թիւեր. խմբագիրներ՝ Հայկ Պարիկեան, բժիշկ Ռոպէր Ճէպէճեան):
Ամսագիրներէն կարելի է նշել. «Նայիրի» (1941-1949, խմբագիր՝ Անդրանիկ Ծառուկեան), «Բուրաստան» մանկապատանեկան երկամսեայ (1950-1958, խմբագիրներ՝ Ռուբէն Տիրարեան եւ Հայկ Պարիկեան):
1950-ական թուականներէն մինչեւ այսօր յատկանշական տեղ կը գրաւեն աշակերտական, ուսանողական, միութենական եւ եկեղեցական թերթերը եւս:
Բերիոյ Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի «Օշական» պաշտօնաթերթը, որ իբրեւ պարբերաթերթ սկսած է լոյս տեսնել 1978-ին՝ նախաձեռնութեամբ օրուան Առաջնորդ Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի եւ ունեցած է խմբագրական կազմեր: 1989-1991 թուականներուն վերածուած է երկամսեայի (խմբագիր՝ Խաչիկ Շահինեան), ապա դարձած է երկշաբաթաթերթ եւ վերանուանուած է «Գանձասար» (խմբագիր՝ Խաչիկ Շահինեան), իսկ 1993-ի Ապրիլին վերածուած է շաբաթաթերթի եւ անխափան կը շարունակէ լոյս տեսնել՝ հանդիսանալով Սուրիոյ միակ հայ թերթը, շաբաթաթերթին հերթաբար խմբագիրներ եղած են Խաժակ Մկրտիչեան, Մարի Մերտխանեան, Խաչիկ Շահինեան, այժմու խմբագիր՝ Զարմիկ Չիլաբոշեան-Պօղիկեան: 2003 Հոկտեմբերին «Գանձասար» Բերիոյ թեմի կայքէջքին մէջ ունեցաւ յատուկ բաժին, ապա յատուկ իր կայքէջը ինչպէս նաեւ դիմատետրի (Facebook) վրայ յատուկ էջ մը: Նշենք, թէ «Գանձասար» շաբաթաթերթին հետ լոյս կը տեսնէ նաեւ մանկապատանեկան «Կկու»ն (խմբագիր՝ Ռիթա Կաղեան-Տիքպիքեան, նկարազարդող՝ Րաֆֆի Քէշիշեան): Աւելցնենք, թէ «Գանձասար», 1993-էն ի վեր հրապարակած է ոչ հերթաբար հրապարակած է Բացառիկ հատորներ Ամանորի եւ 24 Ապրիլի առիթներով, ինչպէս նաեւ կարգ մը հաւելուածներ հայկական կարեւոր իրադարձութիւններ լուսարձակի տակ առնելու: Պէտք չէ մոռնալ նաեւ թերթի հետ հրապարակուած շաբաթական հերթականութեամբ գունաւոր որմազդները:
1988-1990 տարիներուն, Հալէպի մէջ լոյս տեսած է Ազգ. Առաջնորդարանի «Օշական» Տեղեկատուն (չորս էջանոց): Որոշ շրջան մը կանգ առած է: Յետագային Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդի նախաձեռնութեամբ, շաբաթական հերթականութեամբ լոյս կը տեսնէ «Օշական» լրատուն (4 էջ), որ կիրակի օրերը եկեղեցիներու մուտքին ձրիաբար կը բաժնուի ժողովուրդին:
Ամէն կիրակի Հայոց Առաքելական եկեղեցիներու ժամերգութենէ ետք կը բաժնուի հաւատացեալ ժողովուրդին:
Նշելի է, թէ նախաձեռնութեամբ Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան, 1999-ին սկսած է հրատակուիլ «Շաւիղ» Եռամսեան (յաջորդական խմբագիրներ ունենալով՝ Այտա Մինասեան, Լեւոն Շառոյեան, Անի Ֆիշենկճեան եւ Լալա Միսկարեան-Մինասեան):
Հրատարակութեան ծիրին մէջ 2005-ին Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան հիմը կը դնէ երկու մատենաշարներու՝ «Ուխտ» Հոգեւոր եւ «Այգ» գրական, պատմական, բանասիրական, գիտական ու արուեստի, որոնք աշխուժօրէն կը բազմանան, տարեկան քանի մը թիւերու հրատարակութեամբ: Ասոնց կողքին, Սուրիահայ Գրողներու Համախմբումի (դարձեալ Սրբազան Հօր նախաձեռնութեամբ կազմուած) նախաձեռնութեամբ կը հրատարակուի «Երթ» (Ա., Բ., Գ., Դ., եւ Ե. հատոր, 2005, 2006, 2007, 2008, 2009 Հալէպ: Հրամանաւ՝ Շահան եպս. Սարգիսեանի՝ առաջնորդ Բերիոյ հայոց թեմի) տարեգիրքը, որուն առաջին երկու թիւերը գրական, բանասիրական, թարգմանական եւ տեղեկատուական նիւթերով լոյս կը տեսնեն: Յետագային, 2008 թուականին երբ հիմը կը դրուի «Տաթեւ» Հայագիտական Տարեգիրքին, յարմար կը նկատուի, որ «Երթ»ը մնայ զուտ գրական-ստեղծագործական տարեգիրք, բանասիրական եւ հայագիտական նիւթերը վերապահելով «Տաթեւ»ին:
Միւս կողմէ, խրախուսիչ է թէ` 2008-ին Թեմի Ազգ. Իշխանութեան կողմէ հաստատուեցաւ «Հայ մամուլի պահպանման գրասենեակ»ը, հայ մամուլը ընդհանրապէս եւ սուրիահայ մամուլը մասնաւորապէս պահպանելու մտահոգութեամբ, թուային սիստեմի նկարահանումով: Ցարդ նկարահանուած է շուրջ 2000 էջ, առաւելաբար 1920ական թուականներու հալէպահայ տարեգիրքեր: Անշուշտ աշխատանքը իր լրումին հասցնելու գործը` պէտք է լրջօրէն հետապնդել:
Համայնքէն ներս գործած են զանազան հայկական տպարաններ ու հրատարակչատուներ:
Այստեղ հարկ է ընդգծել Ազգ. Առաջնորդարանի «Արեւելք» տպարանի հսկայական եւ երախտարժան գործունէութիւնը: Տպարանը հիմնուած է 1946 թուականին: Նախ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդարանի կից՝ յունապատկան բակի մը ներքնասրահը: 1970 թուականին, փոխադրուած է Ազգային Առաջնորդարանի ներքնայարկը, գրասենեակ ունենալով հիւսիսային կողմէ գետնայարկի խանութներէն մէկը: 27 Դեկտեմբեր 1985 թուականին, տեղափոխուած է «Արարատ» ազգապատկան շէնքի 300 մեթր քառակուսի տարածութեամբ ներքնայարկը. հարաւային կողմէ պողոտային վրայ ունի գրասենեակ-գրատուն մը: Այժմ կը գործէ Նոր Գիւղ շրջանի «Կիլիկիա» ազգապատկան շէնքի ներքնայարկը ընդարձակ տարածութեան մէջ: Իսկ պողոտայէն ունի գրասենեակ-գրատուն մը: Կը գործէ տնօրէնով եւ վարչութեամբ: Օրուան հետ քայլ կը պահէ, յատկապէս նոր սարքաւորումներ ներառելով: Կը հրատարակէ «Գանձասար» շաբաթաթերթը, գրական ու հայագիտական տարեգիրքեր, հոգեւոր ու գեղարուեստական մատենաշարեր եւ այլն:
Սուրիոյ պատերազմին մէջ անգամ տպարանի վայրը ըլլալով անապահով գործեց անխաբան օրէն:
Համայնքէն ներս անհատական եւ միութենական նախաձեռնութեամբ կատարուած են նաեւ թարգմանչական հսկայական աշխատանքներ հայերէնէ արաբերէն, արաբերէնէ հայերէն, մանաւանդ արաբերէնի թարգմանելով, հրատարակելով ու ցրուելով հայ գրականութեան լաւագոյն դէմքերէն ոմանց գործերը, Հայոց ցեղասպանութեան մասին հարուստ գրականութիւնը:
Միւս կողմէ, մեծ գործունէութիւն կատարած է «Կիլիկիա» հրատարակչատունը:
1979-1989 տարիներուն, Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս գործած է «Օշական» գրատուն-կրպակը, 1989-ին, օրուան Առաջնորդ Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի նախաձեռնութեամբ Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ կից պատմական կառոյց եղող (1885) խանութի մէջ հիմնուած է «Օշական» գրատունը: «Օշական» գրատունը 2011-ի պատերազմի պատճառով տեղափոխուեցաւ Ազգ. Կիւլպէնկեան վարժարանի կից: Սակայն նախկին վայրը Հալէպի մէջ սկիզբ առած պայթումներու պատճառով վնասուեցաւ: Ծանր վնաս կրեց մասնաւորաբար 2015 թուականի ապրիլին:
Պատմական կարեւորութեան համար, կ’ուզենք յայտնել, թէ 1960ական թուականներուն Սուրիոյ տարածքին տիրող փոթորկալի քաղաքական կացութիւնը, վերիվայրումներ արձանագրելով պատճառ դարձաւ, որ հայեր, յատկապէս Հալէպէն ստիպուին հեռանալ երկրէն, մասնաւորապէս կուսակցականներ շարքայիններ, անոնց մէջ մտաւորական տարրը: Հետեւաբար, Հալէպ պիտի պարպուէր հայ մտաւորականութենէ եւ այս բացութիւնը մեծ պիտի ըլլար Հալէպի հայ համայնքին համար:
Հալէպի մէջ յատկանշական եղած են հայերու պատկանող հիւրանոցները: Գրիգոր աղա Մազլումեան (1876-1962) հիմնած էր առաջին եւրոպականատիպ «Պարոն» պանթոկ-հիւրանոցը: Այստեղ կ’իջեւանէին թուրք մեծամեծները, օտարերկրեայ դիւանագէտներ, դեսպաններ, հիւպատոսներ ու ճանապարհորդները: Անշուշտ պէտք չէ մոռնալ Գրիգոր աղայի հայրենասէր դերակատարութիւնը հայ մտաւորականներուն փրկելու եւ ապաստան տալու գործին մէջ, որ անգնահատելի է: Պանթոկի մէջ, Էնվէր փաշայի բնակութեան օրերուն Մազլումեանները պատսպարած են Գրիգոր Զօհրապն ու Երուանդ Օտեանը: 2016 թուականին, Մազլումեան գերդաստանի վերջին անդամի մահէն ետք եւ հրթիռակոծումներու պատճառով այդքան ալ հեզասահ չընդանար պանթոկի գործընթացը:
Աւելցնենք, որ Թիլել փողոցի մուտքը կը գտնուէր «Կիլիկիա» փոքր պանդոկը՝ քանի մը սենեակէ բաղկացած, որուն սեփականատէրն էր Գրիգոր Խաչատուրեան:
Միւս կողմէ Հալէպի մէջ յայտնի են Ասատուր Ալթունեանի 1911 թուականին հիմնած Ալթունեան հիւանդանոցը, բժիշկ Իսկենտէր Քասիսի (զտարիւն հայ, Առաքելական եկեղեցւոյ զաւակ, սակայն արաբախօս) 1946 թուականին հիմնած մայրանոցը, բժիշկ՝ Ռոպէր Ճեպեճեանի 1952-ին հիմնած Ճեպեճեան ակնաբուժարանը, Մազլումեան եւ Աստուրեան հիւանդանոցները:
Հալէպի շարք մը փողոցներ, 1950ական թուականներէն ետք ի պատիւ հայութեան կը կրեն հայ համբաւաւոր հայերու անուններ՝ «Պարոն» (Գրիգոր աղա Մազլումեանի հիւրանոցը), «Ալթունեան» (բժշկապետ Ասատուր Ալթունեան), «Արամ Խաչատուրեան», «Զարեհ Փայասլեան» (Զարեհ սրբազան, ապա՝ կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ), «Կարտինալ Աղաճանեան», «Ռըզգալլահ Հասուն» (Աստուածատուր Հասունեան), եւ «Վեր. Ահարոն Շիրաճեան»:

Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կողքին կը գործեն Հայ կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիները:
Հայ Կաթողիկէ համայնքը, Բերիոյ մէջ հին ժամանակներէ ներկայութիւն է: Սակայն յայտնի չէ, թէ ե՞րբ սկիզբ առած է: Եթէ Հռոմի Ս. Աթոռին հաղորդութեան մէջ եղող եպիսկոպոսներու շարքին նայելու ըլլանք, ապա հոն կը տեսնենք, թէ առաջինն է Աբրահամ Արծիւեան Եպիսկոպոսը՝ հիմնադիր Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան: Սակայն այս մեծ անձնաւորութենէն առաջ, այլ նախորդ Կաթողիկէ եպիսկոպոսներու գոյութիւնը կը հաստատէ մեզ լիովին պատմութիւնը: Ահա Փլորենտեան Սուրբ Ժողովին, 1439 թուականին՝ Հայոց Կոստանդին Ե. Պատրիարքին կողմէ Բերիոյ Յովակիմ Եպիսկոպոսական ալ ներկայ կը գտնենք: (Ինչպէս Հայր Միքայէլ Չամչեան կը յիշատակէ իր պատմութեան մէջ): Նմանապէս Կալանոս Առաքելական նուիրակը, իր Ա. հատորին մէջ 172, եւ կ’աւելցնէ, թէ Յովակիմ Եպիսկոպոս յատկապէս գովուեցաւ Եւգինէոս Դ. Սրբազան Պապէն՝ Հայոց տրուած Կոնդակին մէջ: Ինչպէս նաեւ 1563 թուականին Հռոմի Սուրբ Վլասայ ուխտատեղիին այցելուներուն մէջ կը յիշուին Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ անձնաւորութիւններ:
1585-ին Բերիացի Յովհաննէս Եպիսկոպոս տեղացի Գրիգոր Սարկաւագին հետ կ’երթայ Հռոմ՝ Գրիգոր ԺԴ. Պապին ընծայելու Ազարիա Կաթողիկոսին դաւանութեան ձեւը (ինչպէս Կալանոս եւ Չամչեան իր Գ. Հատոր թիւ 528-ին մէջ կը հաստատեն):
Այդ շրջանին Բերիոյ շրջակայ հպատակ առաքելավայրերն էին, Այնթապ, Քիլիս, Քեսապ, եւ Պելան: Իսկ յետագային կաթողիկէ կեդրոններ հաստատուեցան Փոքր Աղեքսանդրիա, Պիթիաս եւ Նիզիպ:
Այնթապ կաթողիկէութիւնն ալ շատ հին եղած է, Աբրահամ Կաթողիկոս Արծիւեան՝ քահանայ չեղած արդէն կաթողիկէ դաւանանք ունէր: Կաթողիկոս ընտրուելէն յետոյ քեռորդին եպիսկոպոս կը կարգէ Այնթապի:
Քեսապահայութիւնը կաթողիկէութիւնը ընդունեց 1854 թուականին: Քեսապի երէցը տեղւոյն մեծամեծ անձնաւորութիւններուն հետ Բերիա գալով, Բարսեղ Արքեպիսկոպոս Այվազեանի առջեւ, Ս. Պատարագի աւարտին, ուղիղ հաւատոյ դաւանութիւն կու տան, ներկայութեամբ՝ տեղւոյն Կաթողիկէ այլածէս առաջնորդներուն եւ եւրոպացի հիւպատոսներուն: Քեսապի կաթողիկէութիւնը կը սկսի Զմմառեան Տէր Գաբրիէլ Շաղավաթեան եռանդուն քահանային օրով:
Նուիրապետութիւնը ստեղծած է Հալէ¬պի մէջ 1740-ական թուականներուն, Հռոմի Սրբազան Պապի օրհնութեամբ: Աթոռը յետագային փոխադրուած է Լիբանան:
Թրքական բանակին Իսքէնտերուն (Ալեքսանտրէթ) ներխուժումէն ետք, 1939 թուականին Հայ Կաթողիկէները իրենց քահանաներով Հալէպ կը գաղթէն: Հետեւաբար, Քըրըք-Խանի եւ Պէյլանի եկեղեցիներն ու դպրոցները կը փակուին: Առ այդ, ժողովուրդը կը գաղթէ Իսկէնտերունէն, Պիթիասէն եւ Անտիոքի շրջակայքէն, իր հետը փոխադրելով նաեւ եկեղեցական տոմարները, որոնք մինչեւ օրս պահուած են Հալէպի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանի արխիւներուն մէջ:
Բերիոյ Թեմի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդները մինչեւ օրս տասնըվեց հատ են, որ յաջորդաբար կը ներկայացնենք ստորեւ.-
Աբրահամ Արքեպիսկոպոս Արծիւեան, Յակոբ Արք. Եուսուֆեան, Միքայէլ Արք. Գասպարեան, Գաբրիէլ Արք. Ղազզուլ (Աւգատեան), Գաբրիէլ Արք. Խուտէյտ, Աբրահամ Արք. Քիւփէլեան, Բարսեղ Արք. Այվազեան, Գրիգոր Արք. Պալիթեան, Աւետիք Արք. Թիւրքեան, Օգոստինոս Արք. Սայեղեան, Գէորգ Արք. Գորդիքեան, Գրիգոր Արք. Հինտիէ, Ալոզիոս Արք. Պաթանեան, Գէորգ Արք. Լայէքեան, Յովսէփ Արք. Պասմաճեան, իսկ այժմ տասնըվեցերորդ Առաջնորդն է Արհի. Պետրոս Արք. Միրիաթեան:
Հայ կաթողիկէ համայնքի Հալէպի առաջնորդարանը կը գտնուի Թիլէլ փողոցի վրայ, անոր բացումը կատարուած է 1954 թուականին, ձեռամբ՝ Արհիապատիւ Տ. Ալոզիոս Արք. Պաթանեանի:
1954-ին Հալէպի Թեմին առաջին պարբերաթերթը լոյս կը տեսնէ արաբերէն, իսկ 1960-ին՝ Հայերէն:
Սուրիոյ պատերազմի պատճառով Հայ կաթողիկէ Առաջնորդարանը յաճախ հրթիռակոծումներու թիրախ դարձաւ եւ մեծ վնասներ կրեց:
Հալէպի Հայ Կաթողիկէ Թեմէն ներս ներկայութիւն են.-
– Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրեր
1899 թուականին Հայ Կաթողիկէ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու (Մայրապետներու) խումբ մը կը հասնի Հալէպ օրուան Թեմին Առաջնորդ Արհի. Տէր Աւետիս Արքեպիսկոպոս Թիւրքեանի խնդրանքին վրայ՝ կը հիմնուի առաջին որբանոցը՝ հայ աղջիկներուն՝ Հալէպի մէջ:
Յետագային, համայնքի աղջիկներու դաստիարակութեան համար Վարժարան մը կը բանան Թիլէլի փողոցին վրայ զայն անուանելով« Անարատ Յղութիւն» վարժարան, որ սակայն 1967 թուականին կը փակուի եւ ապա շէնքը պարպուելէ ետք կը ծախուի 1972-ին:
1915-ի ջարդերէն ետք, Հայ Մայրապետները կը տարածուին Սուրիոյ բազմաթիւ քաղաքներուն մէջ ինչպէս Գամիշլի, Հասաքէ, Դամասկոս, Ճարապլուս, Քէսապ, հոն կը հիմնեն դպրոցներ եւ որբանոցներ:
Անարատ Յղութեան Միաբանութեան Հայ Քոյրերը երկար տարիներ կը ծառայեն նաեւ ժողովրդապետութեանց մէջ, որ Հալէպի շրջակայքը կը գտնուին ինչպէս Ճեպէլ Սէյտէ (Շէյխ Մագսուտ կամ Խորդլախ), Հէօլլիւք, Աշրաֆիէ եւ Րագգա քաղաքը:

– Ֆրանչիսկան Հայրերը
Ֆրանչիսկան Հայրերը բազմաթիւ առաքելութիւններ կը հիմնեն Հայկական համայնքներու մէջ՝ թրքական այն հողամասերուն վրայ, ուր տեղի ունեցած էր ջարդը յատկապէս Մարաշ եւ շրջակայքը. անոնք ֆրանսացիներու Մարաշէն քաշուելու ատեն Հայ ժողովուրդէն մաս մը իրենց հետ մինչեւ Հալէպ կը տանին: Այս կրօնաւորները արդէն իսկ դպրոց մը հիմնած էին Հալէպի ալ-Րամ թաղամասին մէջ, որ կոչուեցաւ նաեւ Հայր Պալեանի վարժարան, որ հիմնուած էր 1920-ին Սուլէյմանիէ թաղամասին մէջ չքաւոր հայ տղոց դաստիարակութեան համար: Անոնց, յատկապէս Հայր Ժան վարդապետ Պալեանի վաստակը մեծ եւ անմոռանալի մնաց քանի որ տենդագին օգնութեան փութացին աղքատ գաղթականներուն, ասոնք Հայ Կաթողիկէ Համայնքէն անկախ ժողովրդապետութիւն մը հաստատեցին Հալէպի Լատին Համայնքին հովանաւորութեամբ: Պալեան վարժարանը փակուեցաւ 1967 թուականին եւ Հալէպի Կրթական տնօրէնութեան յանձնուեցաւ, իսկ վանքի մասը եւ եկեղեցին կը գործածուի հոգեւոր, հովուական եւ ընկերային ձեռնարկներու համար Ֆրանչիսկան Հայրերու տնօրէնութեամբ:

– Յիսուսեան Հայրեր
Յիսուսեան Հայրերը՝ որոնց մէջ կային նաեւ Հայ վարդապետներ ինչպէս Հայր Յովհաննէս Վարդապետ Մըսրեան եւ Հայր Յարութիւն-Փասքալ Վարդապետ Ծուլիկեան, յանձն կ’առնեն տենդագին օգնութեան փութալու առաքելական մեծ եռանդով Հայ գաղթականներուն, 1925-ին Սուլէյմանիէ թաղամասին մէջ մատուռ մը կը կառուցեն, որ յետագային Ս. Փրկիչ կը կոչուի:
1936-ին Յիսուսեան Հայրերը ուրիշ վարժարան մըն ալ կը կառուցեն Մէյտանի եւ Պոսթան Փաշայի թաղամասերու միջեւ զայն կոչելով «Վարդանանց վարժարան» փակելով իրենց նախկին վարժարանը «Ս. Իգնատիոս Ինիաս»ը, որ կը գտնուէր Հալէպի «դուրապըլզուրպա» թաղամասին մէջ: Յիսուսեան Հայրերը մեծ աշխատանք տարած են ջարդերէն մազապուրծ վերապրող Հայ պատանիներուն:
1967-ին Վարդանանց վարժարանը կը փակուի եւ 1973 թուականին կը վերաբացուի «Ալ-Անուար» (Լոյս) վարժարան անուանումով:
Այս վարժարանը կը փակուի 1992 թուականին: Յետագային դպրոցի շէնքէն մաս մը կը վերածուի Հայ Կաթողիկէ նորընծայարանի՝ որուն տեսչութիւնը կը յանձնուի Զմմառու Միաբանութեան: Իսկ միւս մասը կը յատկացուի բարեգործական եւ ընկերայն ծրագիրներու համար՝ Յիսուսեան Հայրերու հոգածութեան ներքեւ:
2012-ի Հալէպի մէջ սկիզբ առած մարտերու պատճառով Վարդանանք Վանքը սահման կը դառնայ սուրիական զօրքի եւ ահաբեկչական խմբաւորումներու միջեւ, հետեւաբար ահաւոր զանազան հրթիռակոծումներու եւ պայթիւններու պատճառով ամբողջովին կ’աւերուի եւ փուլ կու գայ:

– Մխիթարեան Հայրեր
1935 թուականին Մխիթարեան Հայրերը Հալէպ հասան օրուան Առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Տ. Գրիգոր Արքեպիսկոպոս Հինտիէի խնդրանքով՝ հայախօս սերունդին դաստիարակութիւնը ըստանձնելու համար: Նախ յանձն առին Թեմին ձրի դպրոցին տնօրէնութիւնը: Յետագային անձնական Վարժարան մը կը բանան Հալէպի Պաղտատ կայարանի մօտ: 1938 թուականին իրենց վարժարանը կը փոխադրեն Թիլլէլ փողոցը գրաւելու համար Ֆրեր Մարիսդներու Վարժարանը: 1965 թուականին փոխադրուեցաւ Ս. Թերեզիա Մայրապետներու դպրոցը, Ս. Փրկիչ եկեղեցիին կից, մինչեւ որ աւարտուեցաւ Մխիթարեան Հայրերու նոր Վարժարանի կառուցումը Աշրաֆիէի բլրակին ստորոտը: Մխիթարեան Հայրերը 1967 թուականին նոր Վանքը փոխադրուեցան եւ իրենց նորակառոյց Վարժարանը բացին «Մխիթարեան աշակերտներու» վարժարան անունով:
1936 թուականին Մխիթարեան Միաբանութեան կողմէ հիմնուած է գրադարանը: Կը պարունակէ մօտաւորապէս 1200 գիրք, բոլորը հայերէն:

– «Զմմառեան» Միաբանութիւնը
Հալէպի մէջ «Զմմառեան» Միաբանութեան հայրեր անմիջական ներկայութիւն եղած են: Անոնք Զմմառու միաբանի յատկանիշը ցոյց տուած են, իրենց ամբողջական տրամադրելիութեամբ ծառայելու հայ ժողովուրդին:
Կեդրոնին՝ Հայ Կաթողիկէ կղերանոց, Զմմառու Միաբանութեան ղեկավարութեամբ՝ Նոր Գիւղ (Մէյտան), Յիսուսեան Հայրերու նախկին Վարդանանց վարժարանի մէջ եղած է:
Անոնք, իրենց ներդրումով ու անձնազոհողութեամբ, հերոսական արարքներ գործած են:
«Զմմառեան» Միաբանութեան հայրեր կը կառավարուին յատուկ Միաբանութեան սահմանադրութեամբ վաւերացուած 24 փետրուար 1986 թուականին, ինչպէս նաեւ կանոնական ընդհանուր ժողովներուն ցուցմունքներով եւ որոշումներով:

Բերիոյ Թեմի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիներն են.-
1.- Տիրամայր Օգնութեան Աթոռանիստ: Կը գտնուի Թիլել փողոցի վրայ, կառուցուած է 1840 թուականին: Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանի կից:
Անհրաժեշտ կը նկատենք շատ կարեւոր ընդգծում մը ընել, որ Տիրամայր Օգնութեան Աթոռանիստ եկեղեցւոյ անունը շատեր յատկապէս համայնքի արաբախօս զաւակներ աղաւաղելով եկեղեցւոյ անունը կը նախնտրեն կոչել «Ս. Ռիթա» եկեղեցի: Անշուշտ մենք մեր ուսումնասիրութիւններէն կը հետեւցնենք, թէ այս մէկը բնականաբար փորձ մըն է աղաւաղելու եւ անուանափոխելու Տիրամայր Օգնութեան Աթոռանիստ եկեղեցւոյ անունը: Հաստատելու համար վերը նշուած տեղեկութիւնը, օրինակ կու տանք ըսելով, որ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանի կողմէ եկեղեցական պաշտօնական թուղթերուն մէջ արդէն կը յիշատակուին միայն «Մայր Գթութեանց» Աթոռանիստ եկեղեցի անունը:
«Մայր Գթութեանց» Աթոռանիստ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կանգնած է յուշարձան մը, 28 Ապրիլ 1993 թուականին, նուիրուած՝ սոյն Եկեղեցւոյ հիմնարկութեան 150-ամեակին եւ Հայոց ցեղասպանութեան 78-ամեակին առիթով: Բացումը կատարուած է ներկայութեամբ՝ Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տ.Տ. Յովհաննէս-Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան, Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց:
Յուշարձանը գործն է հալէպահայ ճարտարապետ՝ Գէորգ Երամեանի: Իսկ մտայղացումը Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի:
Յուշարձանին ստորոտը զետեղուած է Տէր Զօրէն բերուած մեր նահատակներուն սրբանուէր աճիւնները: Յուշարձանի խորքը, միտք բանին կեդրոնացած է «ԱՊՐԻԼ» բառի վրայ: Հետեւաբար, «ԱՊՐԻԼ» յուշարձանը կը ներկայանայ խաչքարով, իբրեւ կեանքի խորհրդանիշ, Խաչի ետին կը տեսնուի Արարատը: Ապա՝ Մեսրոպեան Այբ ու Բենի տառերու շարքով, որոնք ցոյց կու տան կենդանի մնացած լեզուի գոյութեան: Հայկական արծիւը, հայու կերպարը կը ներկայացնէ՝ գլուխը բարձր. հայեացքը դէպի վեր, դէպի Բարձրեալն Աստուած, Արծիւին թեւերուն մէջ քանդակուած է «Անմահութեան խորհրդանիշ»ը: Յուշարձանի վրայ տեղ գտած է նաեւ խաղողը, նուռը, ծիրանն ու ծաղիկներ, որ ցոյց կու տայ կեանքը, որ կը ծնի հողէ եւ սնունդ կու տայ մարմնին եւ հոգիին, մանաւանդ խաղողը, որ կը դառնայ գինի՝ Յիսուսի արիւնը՝ դեղ բժշկութեան հոգւոյ եւ մարմնի: Յուշարձանը կը բոլորուի արեւի ճառագայթներով, որ պայծառ եւ լուսաշող երեւոյթով ցոյց կու տայ Հայ ժողովուրդի լուսաւոր ապագան:
Միւս կողմէ, եկեղեցիէն ներս մկրտարանին մօտ կանգնած է գեղեցիկ Ս. Խորան մը նուիրուած Հայ ազգի նահատակ, Մարտինի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ՝ Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Խորանը Օծուած է, 22 Յունուար 2006 թուականին, ձեռամբ՝ Հալէպի Թեմի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ՝ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի, ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան 91-ամեակին առիթով: Նուիրատուութեամբ՝ Սեմիր Ռոմանոս ընտանիքին:
«Մայր Գթութեանց» Աթոռանիստ եկեղեցին Սուրիոյ պատերազմի պատճառով ծանր վնասներ կրեց, այդ պատճառով եկեղեցւոյ գործունէութիւնը ընդհատուած էր, սակայն Հալէպի ազատագրութիւնէ ետք, 2017 թուականին վերաբացուեցաւ:
2.- Ս. Փրկիչ Եկեղեցի: Կը գտնուի Սիւլէյմանիէ շրջանի մէջ, կառուցուած է 1925 թուականին: Մեծ կարեւորութեան համար պէտք է ըսել, որ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ անունը ոմանք ուզած են աղաւաղել եւ կոչել Ս. Վառվառիա եկեղեցի, որ ժողովուրդի մեծ մասը այդպէս կ’անուանէ, յատկապէս արաբախօս հայերը: Անշուշտ մենք մեր հետազօտութիւններէն կը հետեւցնենք, թէ այս մէկը փորձ է աղաւաղելու եւ անուանափոխելու Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ անունը: Հաստատելու համար մեր ըսածը, օրինակ կու տանք արձանագրելով, որ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանի եկեղեցական պաշտօնական թուղթերու մէջ կը յիշատակուին միայն Ս. Փրկիչ անունը: Իսկ եթէ տրուած անունը արաբերէնի պիտի թարգմանենք, պէտք է ըսել «Մուխալլէս»: Հետեւաբար, ոչ պաշտօնական եւ ոչ այլ տեղ Ս. Վառվառիա եկեղեցիի յիշատակումը կայ:
3.- Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցի: Նոր Գիւղ (Մէյտան), կառուցուած է 1965-ին Զուարթնոց տաճարի ոճով, ճարտարապետ Փասկալ Փապուճեան:
Հալէպի Վիճակաւոր՝ Արհի. Գէորգ Արք. Լայէքեանի տքնաջան ջանքերով Հալէպի Մէյտան (Նոր Գիւղ) շրջանին մէջ կառուցուած է Ս. Երրորդութիւն «Զուարթնոց» եկեղեցին: Եկեղեցին պէտք է ըսել, որ գլուխ գործոց մըն է հայկական ոճի մէջ: Ունի Աւագ Խորան մը:
Եկեղեցւոյ Օծումը տեղի ունեցած է 13 յունիս 1965-ին, Ամենասուրբ Երրորդութեան Տօնին օրը, Ձեռամբ՝ Ամէն. եւ Գերեջ. Իգնատիոս Պետրոս ԺԶ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին:
Հետագային, Աւագ Խորանին կողմերը գտնուող երկու դռները փակուած են եւ ամէն մէկ կողմը խորան մը կառուցուած է: Իսկ Աւագ Խորանին ետեւը, մարմարեայ պատ մը քաշուած է հայկական խորանաձեւ, արդեամբ՝ Ժանօ Վրանեանի:
Եկեղեցին վերանորոգուած է եւ վերաբացումը կատարուած է կիրակի, 1 ապրիլ 1990 թուականին: Նորակառոյց խորաններուն Օծումը կատարած է Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան: Եկեղեցին ունի դահլիճ մը: Նոյն թուականին՝ 1990 թուականին վերանորոգուած է եկեղեցւոյ մուտքի դռները՝ զետեղուած են որմնաքանդակներ:
Եկեղեցւոյ ներքնայարկը կառուցուած է ընդարձակ սրահ մը, որ կը կոչուի «Աղաճանեան»: Սրահի հանդիպակած կողմը փոքր սրահ մը կայ, որ տրամադրուած է «Ալեմշահ» երգչախումբին եւ այլ սենեակներ յետագային կառուցուած են Երիտասարդականի համար:
Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան հովանիին տակ կը գործեն Եկեղեցւոյ Բարեսիրական Յանձնախումբը, Ս. Սիրտ Յիսուսի Տիկնանց միութիւնը, Երիտասարդաց ընկերակցութիւնը, «Ալեմշահ» երգչախումբը, Մշակութային եւ սրահի յանձնախումբեր, եւ այլն: Նախապէս ունեցած է նաեւ «Թումանեան» թատերախումբը:
Հայոց ցեղասպանութեան 80ամեակին առիթով եկեղեցւոյ գաւիթը կանգնած է Ապրիլեան Նահատակներու Յուշարձանը:
Յուշարձանի Օծումը տեղի կ’ունենայ 17 դեկտեմբեր 1995 թուականին, Ձեռամբ՝ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանին:
Յուշարձանը կ’ընդգրկէ Արծիւ մը եւ Խաչերէ, նախագիծ եւ իրագործում՝ հայրենի արուեստագէտ Մկրտիչեան եղբայրներու, բարերարութեամբ՝ Մկրտիչ Էքմէքճեանի:
Արծիւը կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի յարութիւնը, որ երգեց քերթողը Եղեռնի վաղորդային իսկ:
Խաչերը, որ կը համախմբուին մեծ Խաչին շուրջ կը պատգամեն, թէ մեր նահատակները հոն վերն են, երկինք, քանի որ տուին գերագոյն վկայութիւնն ու եղան Մարտիրոսներ պանծալի: Յուշարձանը՝ Ցայտաղբիւր մըն է ուրկէ կ’առնուի կենդանի ջուրը մեր նահատակներուն պատգամին:
14 սեպտեմբեր 2008-ին, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ժողովրդապետութիւնը կը հրատարակէ իր Կիրակնօրեայ «Զուարթնոց» թերթը:
Սուրիոյ պատերազմին, յատկապէս Հալէպի Նոր Գիւղ շրջանին մէջ տեղի ունեցած հրթիռակոծումներուն թիրախ դարձաւ նաեւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին: Հրթիռակոծումէն շաբաթներ վերջ եկեղեցին արդէն վերանորոգուած է եւ կրկին կը գործէ:
4.- Ս. Խաչ Եկեղեցի: Աուժէթ Ժըպ, Ուրուպէ թաղ, կառուցուած՝ 1993 թուականին: Հեղինակ, ճարտարապետ Սարգիս Պալմանուկեան: Եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս կանգնած է խաչքար յիշատակարան մը, 24 Ապրիլ 1994-ին, նուիրուած՝ սոյն եկեղեցւոյ Օծման առաջին տարեդարձին եւ Հայոց ցեղասպանութեան 79-ամեակին առիթով, որ կը խորհրդանշէ Յարուցեալ Քրիստոսը եւ հայուն անսասան հաւատքը: Բացումը կատարուած է Ձեռամբ՝ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի: Յուշակոթողը իրագործումն է հայրենի քանդակագործ Լութֆիկ Ղազարեանի:
5.- Ս. Յովսէփ: Հէօլիւքի շրջանը, կառուցուած է 1939 թուականին: Բնակչութեան չգոյութեան պատճառով եկեղեցին փակուած է:
6.- Անարատ Յղութիւն: Ճէպէլ Սէյտէ, շէյխ Մաքսուտի շրջանը, կառուցուած է 1942 թուականին: Յետագային զայն փլած եւ 2000-ին վերակառուցուած է ու անուանուած «Աւետման եկեղեցի»: «Ս. Աւետման» եկեղեցիէն ներս կանգնած է կոմնակի Ս. Խորան մը, 30 Ապրիլ 2008 թուականին, նուիրուած՝ Մեծ եղեռնին Հայ ազգի նահատակ՝ Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի, Հայոց ցեղասպանութեան 93-ամեակին առիթով: Խորանին Օծումը կատարած է Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան: Նուիրատուութեամբ՝ Տիար Ճորճ Սարգիսեանի: Ս. Խորանին զետեղուած է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի սրբապատկերը, իսկ անոր վերեւ բարձրացած է Խաչեալ Քրիստոսը:
7.- Տիրամօր Աւետման: Էշրէֆիէի շրջանը, կառուցուած է 1958 թուականին: Եկեղեցին այժմ դադրած է գործելէ:
8.- Ս. Յարութիւն: Հայ Կաթողիկէ գերեզմանատան մէջ: Կառուցուած է 1933 թուականին, հայր Գաբրիէլ Գասպարի ընտանիքի նուիրատուութեամբ:

Վանքերը
1.- Անարատ Յղութեան Քոյրերու եւ Մայրապետներու վանք եւ Ընծայարան, Ճէպէլ Նահր:
2.- Անարատ Յղութեան Քոյրերու վանք, Նոր Գիւղ (Մէյտան)
3.- Մխիթարեան հայրերու վանք, Էշրէֆիէ:
4.- Հայ Կաթողիկէ կղերանոց, Զմմառու Միաբանութեան ղեկավարութեամբ՝ Նոր Գիւղ (Մէյտան), Յիսուսեան Հայրերու նախկին Վարդանանց վարժարանի մէջ, այժմ փակուած: Միւս կողմէ, եկեղեցին հակամարտութիւններու ճակատ դառնալուն եւ պայթումներու պատճառով, ամբողջովին փլուզուած է:

Վարժարանները
1.- Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարան: Մանկապարտէզ, նախակրթարան, միջնակարգ՝ մանչերու. Թեմի վարդապետներու տեսչութեամբ, Թիլէլ: Հիմնուած է 1860-ին: 1967-էն երկսեռ ճեմարան, կառավարական պաշտօնագրով արաբերէն անուանումը «էլ-Իման» (հաւատք), վերաբացուած 1973-ին:
2.- Անարատ Յղութեան՝ Ս. Թերեզիա աղջկանց վարժարան՝ մանկապարտէզ, նախակրթարան եւ միջնակարգ բաժիններով, արաբերէն անուանումը Զանապէք: Անարատ Յղութեան Քոյրերու տեսչութեամբ: Հիմնուած է 1899-ին: Վերաբացուած է 1973-ին:
3.- Մխիթարեան երկսեռ վարժարան: Մանկապարտէզ, նախակրթարան եւ միջնակարգ բաժիններով: Մխիթարեան հայրերու տեսչութեամբ: Էշրէֆիէ: Հիմնուած է 1967 թուականին: Նշենք, որ Մխիթարեան դպրոցը սկիզբ առած է 1936-ին, Մխիթարեան հայրերու հալէպ հաստատուելէ ետք՝ 1935-ին: Վերաբացուած է 1973-ին:
4.- Զուարթնոց Միջնակարգ վարժարան: Արաբերէն անուանումը Սեյտէդ էլ-Ֆարահ: Նոր Գիւղ: Մանկապարտէզ եւ նախակրթարան երկսեռ բաժիններով, հիմնուած է 1965 թուականին: Անարատ Քոյրերու տեսչութեամբ: Վերաբացուած է 1973-ին: Աշակերտութեան թիւը, ըստ 1995 թուականի տուեալով՝ 496 երկսեռ աշակերտ: Յետագային ունեցած է միջնակարգ:
5.- Ս. Թերեզա վարժարան: Սիւլէյմանիէ, Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ կից, փակուած է 1957-ին:
6.- Յովսէփեան վարժարան: Հէօլիւքի շրջանը, 1939-ին փակուած է:
7.- Ս. Հռիփսիմեանց վարժարան: Ճէպէլ Սէյտէ (շէյխ Մաքսուտ): Վարժարանը դադրած է գործելէ: Հողաշերտին վրայ 2000 թուականին կառուցուած է մատուռ եւ 6 յարկանի շէնք չքաւոր ընտանիքներ պատսպարելու համար:

1909-ին Հալէպի մէջ կը հիմնուի Հայ Կաթողիկէ Միութիւնը «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ»ի հովանաւորութեան ներքեւ եւ մինչեւ այսօր մեծ եռանդով կը շարունակէ իր գործունէութիւնը:
Այնուհետեւ, գոյութիւն ունէր Սուլէյմանիէ թամասի մէջ Աղքատախնամ Միութիւն մը, որ երկար տարիներ ստանձնած էր խնամատարութիւնը 1923 թուականին Մարաշէն գաղթած Հայ ընտանիքներուն:
Հայ Կաթողիկէ Բարեսիրական Յանձնախումբեր՝ քաղաքի եւ Նոր Գիւղի բաժիններով ժրաջան աշխատանք կը տանին, որ հոգան համայնքի չքաւոր ընտանիքներուն, կարօտեալ այրիներուն, հիւանդներուն եւ ուսանողներուն զանազան կարիքներուն:
Քաղաքի բաժնի Յանձնախումբը իր հսկողութեան տակ ունի նաեւ դարմանատուն մը Նէյէլ փողոցի վրայ, որ կը պատկանի Հալէպի կաթողիկէ երեք (հայ, ասորի, եւ մարոնիթ) համայնքներուն: Բաժինը նաեւ յանձն առած է Պաղճաղազի Կազդուրման Կայանի հոգատարութիւնը: Ամռան եղանակին այս կայանի մէջ ոչ միայն կը կազդուրուին Բերիոյ Թեմի աղքատ ու տկար զաւակները, այլ Մայր Հայրենիքի որբ պզտիկները, որոնք Բերիոյ Թեմի Հայ Կաթողիկէ համայնքի յատուկ հրաւէրով, երեւանէն կը ժամանեն: Բարեսիրականը յանձն կ’առնէ անոնց կեցութեան բոլոր հոգատարութիւնը: Հրաւէրը կրկնուած է հերթաբար, 1991-էն ի վեր: Հայ Կաթողիկէ Թեմը ունի նաեւ Հաւատք եւ լոյս Եղբայրութիւնը, որ կը խնամէ հայազգի թերաճ պզտիկները, պատսպարելով անոնց աշխատանքի, խաղի եւ պտոյտի ժամեր:
Հայ Կաթողիկէ համայնքը մաս կը կազմէ այն հաստատութիւններուն, որոնք կը հովանաւորուին հայ երեք յարանուանութիւններու կողմէ: Ինչպէս Հայ Ծերանոց, Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ, Հաուըրտ Գարակէօզեան Հիմնարկ եւ մտքով թերաճ հայ մանուկներու «Արեւիկ» կեդրոնը:

Հոգեւոր Եղբայրութիւններ
– Անարատ Յղութեան Եղբայրութիւնը կը սեպուի հայ Կաթողիկէ համայնքի ամենահին եղբայրութիւնը, որ հիմնուած է 1753-ին: Այնուհետեւ, Ս. Սիրտ Յիսուսի Տիկնանց Միութիւնը, Ս. Ռիթայի Եղբայրութիւնը եւ Ս. Անտոն Անապատականի Եղբայրութիւնը, որոնք կը հսկեն եւ կը հոգան եկեղեցւոյ բարեզարդումը: Ս. Խաչ Տիկնանց Միութիւն, Մարեմեան եղբայրութիւն:
– Սիրոյ Ճանապարհ Եղբայրութիւնը, որ կը զբաղուի հայ երիտասարդուհիի հաւատքի ու բարոյական զարգացման օգտին:

Մշակութային եւ ընկերային Յանձնախումբեր
– Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդաց եւ Պատանեկան Միութիւններ:
– «Կոմիտաս», «Ալեմշահ», «Ս. Փրկիչ», «Շնորհալի» եւ «Հռիփսիմեանց» երգչախումբեր, որոնք կը ծառայեն եկեղեցւոյ երգեցողութեան եւ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ազգային եւ տօնական զանազան առիթներուն: Այս յանձնախումբերը կը գործեն «Աղաճանեան», «Սարդարապատ» եւ «Արարատեան» սրահներուն մէջ:
– «Թումանեան» թատերախումբ:
– «Գառնի» պարախումբ:
– «Հաւատք եւ յոյս» եղբայրութիւն թերաճներու համար:
– Միջ-Կաթողիկէ ձեռնարկներ:
– Եկեղեցական դատաստան:
– Քրիստոնէականի կեդրոն եւ աստուածաբանական դասընթացք:
– Երիտասարդաց կեդրոն (Սերքլ Կաթոլիկ):

Հայ Կաթողիկէ Գերեզմանատունը
Հայ Կաթողիկէ գերեզմանատունը կը գտնուի շէյխ Մաքսուտ շրջանին մէջ: Գերեզմանատան մէջ կը գտնուի Ս. Յարութիւն մատուռը, որ կառուցուած է 1933 թուականին, հայր Գաբրիէլ Գասպարի ընտանիքի նուիրատուութեամբ: Մատրան դրան վրայ քարի վրայ փորագրուած է հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն «ՀԱՒԱՏԱՄՔ Ի ՄԻ Ա~Ծ Ի ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԵՌԵԼՈՑ ԵՒ Ի ԿԵԱՆՍ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆՍ» գրուած է, ինչպէս նաեւ կառուցման թուականը՝ 1933:
Գերեզմանատան մէջ կը գտնուի Խաչ յուշարձան մը, որուն բացումն ու Օրհնութիւնը եղած է 19 Օգոստոս 1996-ին, Ձեռամբ՝ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի, արդեամբ՝ Արհի. Տ. Գրիգոր Արք. Այվազեանին:
Միւս կողմէ գերեզմանատան շրջափակէն ներս կանգնած է հսկայ յուշակոթող մը նուիրուած Ապրիլեան նահատակաց, 13 Ապրիլ 1998 թուականին, նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 83-ամեակին առիթով: Բացումը կատարուած է Ձեռամբ՝ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի: Յուշակոթողը իրագործումն է Մկրտիչեան եղբայրներու: Նուիրատուութեամբ՝ տէր եւ տիկին Կարապետ Վարվառեանի:
Յուշակոթողը բարձրացած է խաչաձեւ դէպի երկինք, զարդարուած ցորենի հատիկներով, որոնք կը ծլին ու կեանք կու տան: Յուշակոթողի երեսը քանդակուած է «24 Ապրիլ 1915 պատիւ նահատակ ազգի վերածնեալ ժողովուրդի շինեցաւ յուշարձանս ի հայրապետութեան Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի, արդեամբ՝ տէր եւ տիկին Կարապետ Վարվառեանի, Հալէպ, 1997»: Իսկ յուշակոթողի կրնակը քանդակուած է «Փառք հրաշափառ Յարութեան Քրիստոսի»:
Հալէպի մէջ տիրող պատերազմի պատճառով գերեզմանատան շատ մը գերեզմաններն ու դամբարանները հրթիռակոծումներու թիրախ դարձան եւ աւերուեցան: Բախումնային սահման ըլլալուն պատճառով հաւատացեալներ տարիներ չկրցան իրենց ննջեցեալներուն այցելել: Սակայն, երկուշաբթի, 17 Ապրիլ 2017-ին, ի յիշատակ մեռելոցի, գերեզմանատան Ս. Յարութիւն մատրան մէջ, պատերազմի պատճառով վեց տարիներու ընդմիջումէն ետք, Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդ Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան Սուրբ եւ Անմահ պատարագ մատուցեց՝ հոծ բազմութեան ներկայութեան:

Հայ Աւետարանական Համայնք
Հալէպի Հայ Աւետարանական եկեղեցին, սկսած է գործել 1924 թուականին, բազմաճիւղ եկեղեցիներով եւ դպրոցներով: Հայ աւետարանականները Հալէպի մէջ ունին համայնքապետութիւն:
Սուրիոյ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ Համայնքապետի նստավայրը Հալէպ է: Այժմ կը գտնուի Բեթել եկեղեցւոյ կառոյցէն ներս:
Հայ Աւետարանականները ունին Բեթէլ, Էմմանուէլ, Նահատակաց եւ Քրիստոսի եկեղեցիները:
Հայ Աւետարանական Բեթէլ Եկեղեցին հիմնադրուած է 1922 թուականին:
Մեծ եղեռնի օրերուն եւ յատկապէս Կիլիկիոյ վերջնական պարպումէն ետք, տարագիր Հայ բազմութիւններ երբ հաւաքուած են Հալէպի ճապրիէի, Համիտիէի եւ Սուլէյմանիէի շրջանները, այստեղ, ծայրահեղ թշուարութեամբ ապրող հայերը անմիջապէս լծուած են երդիգ մը ունենալու աշխատանքին եւ անոր առընթեր լծուած են աղօթարան եւ դպրոց ունենալու ազգապահ գործին:
Այս գաղթօճախին մէջ Աւետարանական պաշտամունքներ սկսած են կատարուիլ 1922 թուականին: Նոյն օրերուն, Համիտիէի հիւղաւանին մէջ, կրօնական ու կրթական նպաստներու համար տախտակաշէն սրահ մը կը կառուցուի Ամերիկեան Պորտ միսիոնարութեան նախաձեռնութեամբ: Բեթէլ Վարժարանին դասարանները իրարմէ բաժնուած են վարագոյրներով: Տախտակաշէն նոյն սրահը յետագային ունեցած է աւելի մեծ ծաւալ երբ անոր կողքին ստեղծուած է յարակից փոքր սրահ մը՝ յատկացուելու թէ՝ մանկապարտէզի փոքրիկներուն, թէ՝ կիրակնօրեայ դպրոցներու աշակերտութեան, միաժամանակ Ջանից ընկերակցութեան անդամներու հանդիպումներուն:
Այդ օրերուն, Բեթէլ եկեղեցիի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը բաղկացած էր Մարաշի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներուն պատկանող վերապրող տարագիրներէ, որոնք առ հասարակ բանուորներ էին, ծերունիներ, այրիներ, որբեր, եւ պատանիներ:
Այս իսկ պատճառով Բեթէլը գաղթականութեան առաջին օրերուն Քէմբի Բեթէլ եկեղեցի կոչուած է:
Արդարեւ, 1922-ին, Բեթէլ եկեղեցիի հովուական պաշտօնի կոչուած է Վեր. Կարապետ Քէթէնճեանը: Բեթէլ Եկեղեցիի Հիւղաւանային շրջանը կ’ընդգրկէ 1923-1932 տարիները, որոնց ընթացքին առաջին հովիւներուն պարտականութիւնը կ’ըլլայ հաւաքել հայ խլեակները եւ օգնել անոնց նիւթապէս, կարելի միջոցներով: Այս նուիրումի գործը կը տեւէ մինչեւ 1932, երբ եկեղեցի յաճախողներու թիւը կը հասնի 1600 հոգիի: 1932-1934 տարիներուն Հայ Աւետ. Բեթէլ Եկեղեցիի հովիւ կը նշանակուի Վեր. Ներսէս Սարեանը: Վերապատուելին կը նուիրուի եկեղեցաշինութեան գործի ծրագիրը իրագործելու աշխատանքին եւ ահա կարելի կ’ըլլայ գնել Բեթէլ եկեղեցիի այժմու հողը Հալէպի Ճապրիէ թաղամասի բարձրունքին: 1934-ին, տօնական մթնոլորտի մը մէջ կը կատարուի հիմնարկէքը Բեթէլ եկեղեցիի, որ յար եւ նման է Մարաշի Հայ Աւետարանական առաջին եկեղեցիին:
Կառուցուող եկեղեցին կ’ունենայ քսան մեթր երկայնք ու տասն եւ հինգ մեթր լայնք: Այս աշխատանքներէն ետք, միայն Վեր. Եղիա Քասունիի օրերուն է, որ Բեթէլ եկեղեցիի կառուցումի գործը կը հասնի իր լրումին եւ 1935-1937 Հայ Աւետ. Բեթէլ Եկեղեցիի հովիւը կ’ըլլայ Վեր. Եղիան: Վերապատուելիին ջանքերով կը կանգնի նաեւ Բեթէլ եկեղեցիին երիցատունը: Այս եկեղեցւոյ բեմը կարճ շրջան մը կը ստանձնէ Վեր. Սիսակ Մանուկեանը: Ապա՝ Վեր. Ահարոն Շիրաճեանը, որ Հալէպի հայ համայնքին առաջին 15 տարիներու ընթացքին ցոյց կու տայ ձեռներէցութեան ցայտուն օրինակ մը եւ իր անհատնում ուժերը կը նուիրէ ժողովուրդին: Վեր. Ահարոն Շիրաճեանի դերը մեծ եղած է Բեթէլ եկեղեցիի հողի գնման աշխատանքներուն:
Երկրորդ Համաշխարհայինի ընթացքին, ժողովուրդը աւելի ջերմօրէն կը փարի եկեղեցիին եւ կ’օժանդակէ անոր այնքան մը, որ եկեղեցին նիւթապէս կը դառնայ ինքնաբաւ: Հետագային խիստ նուազած է Բեթէլ եկեղեցիին անդամներուն թիւը, պատերազմի շրջանին դարձեալ կը բարձրանայ հազարի: 1945-1946 տարիները բացառիկ շրջան մը եղած են եկեղեցիին համար: Բեթէլ եկեղեցիին պաշտամունքներու առաջնորդութիւնը 1947-1949 տարիներուն ստանձնած է Վեր. Ներսէս Խաչատուրեանը, որ միաժամանակ վարիչ տնօրէնն էր «Քրիստոսի եկեղեցիին» ու կը կազմակերպէ կիրակնօրեայ հանդիպումներ հայ պատանիներու համար: Վեր. Խաչատուրեան Հալէպի հայ Աւետարանականներու համայնքապետի պաշտօնը ստանձնած է:
Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ 1949-1956 տարիներու հովուական պաշտօնը վարած է Վեր. Տիգրան Անդրէասեանը: 1956-1957 տարիներուն եկեղեցական գործունէութիւններն ու բեմը ստանձնած են Պատուելիներ՝ Յովհաննէս Գարճեան եւ Լութֆի Հայտօսթեանը: Բեթէլ եկեղեցւոյ բեմին վրայ 1957-1963 կը տեսնենք Վեր. Վահան Պետիկեան: Վեր. Եսայի Սարմազեանին հովուական գործունէութիւնը կը սկսի Բեթէլ եկեղեցիէն 1963-ին: 1947-1963 թուականի հովիւներու փոխանցման շրջաններուն, եղած են ամիսներ երբ եկեղեցիին բեմը մնացած է թափուր: Ահա այդ միջոցներուն բեմին ծառայած է Տիար Սարգիս Մալաքեան: 1969-ին Բեթէլ Եկեղեցիի եկեղեցական պատասխանատուութիւնը յօժարակամ ընդունած են Վեր. Պարգեւ Աբարդեան ու Տիար Պետրոս Քէլլիկեանը: Այդ տեւած է մինչեւ 1972:
1973-1975 թուականներուն, Վեր. Մանասէ Շնորհօքեան կը ստանձնէ եկեղեցիին հովուական պաշտօնը: 1975-1978 Վեր. Յովհաննէս Սարմազեան, Վեր. Արտաշէս Գերպապեան, Վեր. Զարիֆեան եւ Տիար Իսահակ Սարաֆեան կարճ շրջաններով ծառայած են եկեղեցւոյ բեմին: 1978-1981 տասնամեակին այս եկեղեցիին ծառայած է Վեր. Պարգեւ Օրջանեանը: 1982-1988 Բեթէլ եկեղեցիի հովուական ծառայութեան կը հրաւիրուի Վեր. Հաննա Սարմազեան: 1990-1992 թուականներուն եկեղեցիին բեմը կը ստանձնէ Տիար Մելքոն Մելքոնեան: Իսկ 1992-էն եկեղեցւոյ հովիւն է Վեր. Յարութիւն Սելիմեանը, որ կը դառնայ եկեղեցւոյ 19-րդ հովիւնը, միեւնոյն ժամանակ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ:
Բեթէլ եկեղեցւոյ շրջափակը 1995 թուականին զետեղուած է Ապրիլեան նահատակաց նուիրուած յուշակոթող, նախագիծ եւ իրագործում՝ Նորայր Քարկայեանի:
Տեղին է նշել, որ Բեթէլ եկեղեցւոյ եւ վարժարանին ներքնայարկը կան մէկական սրահ՝ «Վեր. Ահարոն Շիրաճեան» եւ «Փոլատեան» անունով:
Հայ Աւետ. Բեթէլ Եկեղեցին այսօր կը շարունակէ իր առաքելութիւնները իր կիրակնօրեայ, շաբաթամիջի պաշտամունքները եւ հանդիպումները հետեւեալ մարզերուն մէջ:
Կիրակնօրեայ դպրոց, Պատանի-ասպետներ, Ք. Ջ. երիտասարդաց, Տիկնանց Միութիւն, Երիտասարդ զոյգեր, «Երախտիք» երգչախումբ, «Արմիս» երաժշտանոց, Ամառնային Ս. Գրոց Վարժարան եւ Աստուածաշունչի սերտողութեան խմբակ:
Եկեղեցին կը ծրագրէ՝ աւետարանչական պաշտամունքներ, ընտանեկան համագումարներ, միօրեայ եւ կիսօրեայ պտոյտներ, ընտանեկան քերմէսներ, երաժշտական ձեռնարկներ, դասախօսութիւններ, սեմինարներ եկեղեցիի իւրաքանչիւր մարմիններուն համար: Իւրաքանչիւր ամսուան վերջին Կիրակին կը մատակարարուի հաղորդութիւն: Եկեղեցին նաեւ կը հրատարակէ շաբաթաթերթ «Տեղեկատու» եւ ամսաթերթ «Հասկաքաղ»: Վերջին շրջանին տեղի ունեցած են զանազան դասընթացներ՝ անգլերէն եւ հայերէն լեզուներու եւ համակարգիչի:
Եկեղեցւոյ հովանիին տակ կը գործեն ստորեւ ներկայացուած խմբաւորումները.-

Պատանի-Ասպետներու Խմբակ
Եկեղեցւոյ պատանի-ասպետներու խմբակը 2002 տարեշրջանէն սկսեալ Ք.Ջ. վարչութեան ծրագիրով կ’ունենան շարք մը պաշտամունքներ եւ գործունէութիւններ: Անոնք կը հաւաքուին ամէն կիրակի առաւօտեան, ունենալու հոգեւոր պաշտամունք եւ որմէ ետք ընկերային պահ Եկեղեցիին շրջափակէն ներս:

«Երախտիք» Մանկապատանեկան Երգչախումբ
«Երախտիք» մանկապատանեկան երգչախումբի գոյութիւնը եկեղեցւոյ հովանաւորութեամբ իրագործուած է: Փոքրիկներ մեծ խանդավառութեամբ կը պատրաստեն ելոյթներ տօնական առիթներով: Ք.Ջ. վարչութիւնը տարբեր ձեւերով կը փորձէ օգտակար ըլլալ երգչախումբին` հսկողութեամբ, ներկայ գտնուելով փորձերուն եւ ելոյթներու կազմակերպչական գործերը հետապնդելով:

«Բեթէլ» Բուժ Կեդրոն
Հալէպի դիմագրաւած տագնապալից օրերուն, Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցին ծառայութեան օղակը ընդարձակելու համար հիմնեց Բուժ կեդրոն մը, ուրտեղ առիթ կ’ընծայուի հիւանդներու այցելութեան ու անոնց բուժման միջոցառումներ հայթայթելու:

Տիկնանց
Հայ Աւետ. Բեթէլ Եկեղեցիի Տիկնանց Վարչութիւնը ամէն չորեքշաբթի առաւօտեան կ’ունենան պաշտամունք: Ինչպէս նաեւ կը ներկայացուին բժշկական, ազգային, ընկերային եւ զանազան նիւթեր: Կը ծրագրուին հաւաքոյթներ, պտոյտներ, ձեռնարկներ՝ ցուցահանդէսներ, պազար եւ այլն:

«Արմիս» Երաժշտանոց
Հայ Աւետարանական «Արմիս» երաժշտանոցը կը գործէ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս: «Արմիս» երաժշտանոց կը յաճախեն թիւով քանի մը տասնեակ փոքրիկներ, որոնք Հայ Աւետ. Բեթէլ եկեղեցիի զաւակներ եւ Բեթէլ վարժարանի աշակերտներ են: Դպրոցէն ներս կը դասաւանդուին սոլֆէժ, դաշնամուր, ջութակ, կիթառ եւ սրինգ: «Արմիս» երաժշտանոցին պատակն է աշակերտութեան ջամբել երաժշտական գիտութիւն, որպէսզի անհատը ազնուանայ եւ երաժշտական խմորումը շինուի եւ զարգանայ անոր մէջ:

Սուրբ Գրոց Վարժարան
2002 տարեշրջանէն սկսեալ Հայ Աւետ. Բեթէլ Եկեղեցիի հովանաւորութեամբ տեղի կ’ունենայ Ամառնային Սուրբ Գրոց Վարժարան: Փոքրիկներ (5-12) տարեկան, ամէն երկուշաբթի եւ ուրբաթ առաւօտներուն կը հաւաքուին դպրոց՝ ունենալու առօրեայ յայտագիր, որ կ’ընդգրկէ փառաբանութեան պաշտամունք, անգլերէն, արաբերէն, ֆրասներէն եւ հայերէն լեզուի դասեր, Հայոց պատմութիւն, Ս. գրային պատմութիւն, ազգային եւ հոգեւոր երգեր, ընդհանուր զարգացում, խաղեր եւ ձեռային աշխատանք: Վարժարանի պատասխանատուութիւնը յանձն առած են ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ:

Կիրակնօրեայ Դպրոց
Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցի փոքրիկները ամէն կիրակի առաւօտեան «Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Կեդրոն»-ին մէջ կ’ունենան պաշտամունք: Փոքրիկներ կը լսեն Աստուծոյ եւ Անոր գործերուն մասին, կը սորվին սաղմոսներ, երգեր եւ կը դաստիարակուին Քրիստոնէական եւ Հայեցի շունչով: Նաեւ տեղի կ’ունենայ ձեռային աշխատանքի եւ կրօնաբարոյական դաստիարակչական շարժապատկերներու ցուցադրութիւն:

Ք.Ջ. Երիտասարդաց
Ք. Ջ. առաջնորդները կը շարունակեն իրենց ծառայութիւնը Ընդհանուր առաջնորդն է՝ Վեր. Յարութիւն Սելիմեանը:
Հայ Աւետ. Բեթէլ Եկեղեցիի Ք.Ջ. երիտասարդական խումբը կը բաղկանայ երկու խումբերէ՝ Ք.Ջ. Ա. խումբ եւ Ք.Ջ. Բ. խումբ (չափահասներ): Հոգեւոր նիւթերու կողքին կը ներկայացուին զանազան նիւթեր, ինչպէս՝ բժշկական, գիտական, հոգեբանական, ազգային եւ ընկերային: Տեղի կ’ունենայ ընդհանուր զարգացման պահեր:
Ինչպէս նաեւ տեղի կ’ունենան կիսօրեայ պտոյտներ, հաւաքոյթներ, աւետում եւ ընկերային պահեր՝ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս:

Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Կեդրոն
Բեթէլ եկեղեցւոյ մէջ գոյութիւն ունի «Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Կեդրոն»: Սոյն ձեռնարկին համար կառուցուած է իւրայատուկ շէնք եւ կեդրոնը կահաւորուած նպատակայարմար գոյքերով: Կեդրոնը կը բաղկանայ սրահէ եւ երեք դասարաններէ:
«Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Կեդրոն»-ին պաշտօնական բացումն ու նուիրումը տեղի ունեցած է ուրբաթ 26 Ապրիլ, 2002 թուականին, հովանաւորութեամբ՝ Միութեան Նախագահ՝ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի:
Կեդրոնին մէջ տեղի կ’ունենան կիրակնօրեայ դպրոցի պաշտամունքներ, Ք.Ջ. երիտասարդաց պաշտամունքներ, Աստուածաշունչի սերտողութիւններ, կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցիչներ պատրաստելու դասընթացքներ, առաջնորդ պատրաստելու դասընթացք, աստուածաշունչի դասընթացքներ, ինչպէս նաեւ երիտասարդ զոյգերու դասախօսութիւններ, որոնք կը պատրաստեն մարդը՝ անոր հոգեմտաւոր մշակութեան օժանդակելով:

Երիտասարդ Զոյգեր
Եկեղեցւոյ գործօն մարմիններէն մէկն է նաեւ Երիտասարդ զոյգերը: Հայ Աւետ. Բեթէլ Եկեղեցին ունի քանի մը տասնեակ երիտասարդ զոյգեր, որոնք կ’ունենան պաշտամունքներ, հաւաքներ, պտոյտներ, դասախօսութիւններ եւ սեմինարներ տարբեր առիթներով: Երիտասարդ զոյգերը ունին յանձնախումբ մը:

– Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական Վարժարան
Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ կրթական ու մշակութային կեդրոնը եղած է նոյնանուն (Բեթէլ) վարժարանը, որ հիմնուած է 1923 թուականին եւ այդ օրերուն ունեցած՝ 200 երկսեռ աշակերտ:
1923-ին, այսօրուան Համիտիէ եւ Ճապրիէ թաղամասերուն միջեւ տարածուող ու Ռամ կոչուած հիւղաւանին (քէմփ) մէջ ծնունդ առած է Բեթէլը, որու հիմնադիրը եղած է տիար Յովհաննէս Հայտօսթեան, որ պաշտօնավարած է մինչեւ 1941: Քառանկիւն փայտաշէն սրահ մը, որ կը ծառայէր թէ՛ իբրեւ եկեղեցի եւ թէ իբրեւ դպրոց: Իր կտաւէ հաստ վարագոյրներով անջատուած «դասարան»ներուն մէջ ոտաբոպիկ հայ որբ աշակերտները կը նստէին հողածածկ գետինը փռուած խսիրներու վրայ՝ գրել-կարդալ սորվելու մարմաջով տարուած:
Տասներկու տարիներ շարունակ, մինչեւ 1935, դպրոցը կը գոյատեւէ հայկական այդ հիւղաւանին մէջ, 250-350 երկսեռ աշակերտներով:
1944-1955 տարիները բոլորելէ ետք, կ’ունենայ ինը դասարաններ, տարի մըն ալ 10-րդ դասարան մը:
1955-էն ետք դպրոցը վերածուած է նախակրթարանի:
Վարժարանը կազմակերպած է լսարաններ, ներկայացուցած է Հայ նշանաւոր գրագէտներու կեանքերն ու գործերը, հիմնուած է թատրոն, հրատարակուած է պատի թերթ «Ծաղկեփունջ» անունով եւ ունեցած «Խաչբուռ» պարբերաթերթը: Հիմնուած են նաեւ ֆութպոլի եւ վոլեպոլի խումբեր եւ դաշտահանդէսներ:
2004-2005 ուսումնական տարեշրջանին վարժարանը կ’օժտուի միջնակարգ դասարաններով:
2006-2007 ուսումնական տարեշրջանին միջնակարգը իր առաջին հունձքը կու տայ, ապա Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Կրթական Խորհուրդի ատենապետ՝ Վեր. Յարութիւն Սելիմեանի ջանքերով, Բեթէլ Վարժարանի շէնքին վրայ կը կառուցուի երկրորդ յարկաբաժին մը, որու պաշտօնական բացումը տեղի կ’ունենայ 11 հոկտեմբեր, 2009 թուականին: Այնուհետեւ, 2009-2010 ուսումնական տարեշրջանը կու տայ իր Երկրորդականի անդրանիկ հունձքը:
Վարժարանը ընդմիշտ կը վայելէ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ՝ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի անմիջական հետեւողականութիւնը:
Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական Վարժարանը իր պատմութեան ընթացքին ունեցած է 17 տնօրէններ, 1989 թուականէն մինչեւ օրս:
2011 տարեշրջանի սկիզբը, վարժարանին աշակերտութեան թիւը կը հաշուէր շուրջ 330 հոգի: Սակայն վերջին շրջանին Սուրիոյ մէջ տիրող անապահովութեան ու տնտեսական ճգնաժամի ծանր պայմանները պատճառ կը հանդիսանան աշակերտութեան թիւի նուազումին:
2015-ին Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական Վարժարանի աշակերտութեան թիւը կը հասնի 250-ի:
Վարժարանը ձեռնամուխ եղած է հրատարակչական գործերու, ինչպէս տարեգիրքերու, պարբերաթերթերու եւ այլ աշակերտական հրատարակութիւններու: Ինչպէս՝ «Տարեգրութիւն Հայ Աւետ. Բեթէլ վարժարանի»:
Միւս կողմէ, երեքշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2017-ին բացումը կատարուած է «Բեթէլ մանկամսուր»ին: Այսպիսով Բեթէլ կրթական հաստատութիւնը օժտուած է գեղեցիկ եւ գունագեղ մանկամսուրով մը, ուստի սոյն ծրագիրը կը ձգտի դէպի կրթական ամբողջական տեսիլքի կատարելագործման:

– Էմմանուէլ եկեղեցին հիմնուած է 1852 -ին, յունիսի երկրորդ կիրակին, Տաուտիէի շրջանը Մուղարպէլիէ թաղամասին մէջ: Ապա 1923 թուականին տեղափոխուած է Մունշիէ:
28 յունիս 1923 թուականին եկեղեցւոյ շէնքին հիմնադրութեան պաշտամունքը կը կատարուի: Հալէպի Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցին արժանացած է կոչուելու Հայ Աւետարանական Միութեան Մայր եկեղեցի:
1855 թուականին Եկեղեցին կը վերակազմուի: Պաշտամունքները կը կատարուին Մուղարպէլիէ թաղը՝ վարձու տան մը մէջ: Եկեղեցիին կից կը գործէ փոքրիկ դպրոց մը՝ իբրեւ մանչերու վարժարան (նախակրթարան), մէկ ուսուցիչով: Այս պայմաններուն մէջ, Եկեղեցին իր փոքրաթիւ՝ 50-ի մօտ անդամներով կայուն վիճակ մը կը ստանայ:
Եկեղեցին կը ղեկավարուի Հայ Աւետ. Էմմանուէլ եկեղեցիի Միացեալ Ժողովի կողմէ:
Յետագային Հալէպի Սուգ էլ-Նահհասին (Ղազանճի պազար) թաղին մէջ գտնուող «Պէյթ Մախլութա» կոչուող շէնքը նորոգուելով, աղօթատեղիի կը վերածուի, այնուհետեւ դրաձի շէնքերու գնումուվ մասամբ նաեւ կ’ընդարձակուի: Եկեղեցաշէնքը մինչեւ 1890ական թուականներ կը գործէ կանոնաւոր ընթացքով, անոր հետ զուգահեռ նաեւ նախակրթարանի երեք դասարաններէ բաղկացած դպրոցը:
1920-ական թուականներու սկիզբը Էմմանուէլ եկեղեցիին կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկը կը մնայ նոր շէնքի շինութեան հարցը: Գասթէլ Ճուրա թաղին մէջ գործող հին եկեղեցին, այլեւս անկարող էր օրէ օր ստուարացող աւետարանական ժողովուրդին հոգեւոր կարիքները բաւարարելու: Նոր եւ յարմարաւէտ շէնքի մը կարիքը վաղուց արդէն անհրաժեշտութիւն դարձած էր:
Վերջապէս, 28 Յունիս 1923-ին յատուկ պաշտամունքով մը հանդիսաւորապէս կը դրուի Ազիզիէի թաղամասին մէջ գտնուող շէնքին հիմնաքարը: Երկյարկանի այս կառոյցը, արեւելեան եւ հարաւային կողմերով կը յարի քաղաքին գլխաւոր պողոտաներուն: Ան իր դիրքով եւ մեծութեամբ եզակի շինութիւն մըն է Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետ. եկեղեցիներուն մէջ:
1925-ը Հայ Աւետ. Էմմանուէլ եկեղեցին կը դիմաւորէ Ազիզիէի նորակառոյց շէնքին մէջ:
Հայ Աւետ. Էմմանուէլ Եկեղեցին այսօր կը շարունակէ իր առաքելութիւնները իր կիրակնօրեայ, շաբաթամիջի պաշտամունքները եւ հանդիպումները հետեւեալ մարզերուն մէջ.- Կիրակնօրեայ դպրոց, Պատանեաց, Ք. Ջ. երիտասարդաց, Տիկնանց Միութիւն, Երիտասարդ զոյգեր, Ամառնային Ս. Գրոց Վարժարան եւ Աստուածաշունչի սերտողութեան խմբակ: 1964 թուականէն ի վեր շաբաթական հերթականութեամբ լոյս կը տեսնէ «Լրատու»ն, ինչպէս նաեւ «Շող» պարբերականը:
Եկեղեցւոյ ներքնայարկը կը գտնուի սրահ մը, ուր հոն կը կատարուին զանազան ձեռնարկներ:
Սուրիոյ պատերազմի օրերուն, Հալէպի ամէնէն անապահով վիճակին մէջ հանդիսանալով եկեղեցին յաճախ հրթիռարձակումի թիրախ դարձաւ:
17 Յունուար 2016-ին, Էմմանուէլ եկեղեցւոյ տանիքը թիրախ կը դառնայ հռթիռի մը, որուն պայթումին պատճառով տանիքը փուլ կու գայ եւ մեծ վնասներ կ’արձանագրուին, սակայն յետագային եկեղեցւոյ ժողովուրդը կը շարունակէ պաշտամունքները եւ այլ գործունէութիւնները կատարել եկեղեցւոյ ներքնասրահը:
Հայ Աւետ. Էմմանուէլ եկեղեցւոյ բեմին մինչեւ 2017 ծառայած են 18 հովիւներ եւ քարոզիչներ, ինչպէս նաեւ այցելու հովիւներ եւ քարոզիչներ:

– Հայ Աւետ. Էմմանուէլ Վարժարան (այժմ փակուած)

Հալէպի Հայ Աւետ. Եկեղեցիի կազմաւորման ժամանակներէն՝ 1855-էն ի վեր կը գործէր դպրոցը, սակայն Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն փակ մնացած է: 1921-ի աշնան, վերստին իր դռները կը բանայ Հայ Աւետ. վարժարանը՝ Գասթէլ Ճուրա թաղի եկեղեցիին պատկանող շէնքին մէջ: Այնուհետեւ, որոշում կ’առնուի մանկապարտէզի բաժինը եւ նախակրթարանի չորս կարգերը փոխադրել Մուպալլաթ թաղի վարձու շէնքը, իսկ Ե. Եւ Ը. Կարգերու 80-85 երկսեռ աշակերտները կը տեղաւորուին Սուգ ալ-Նահհասին (Ղազանճի պազար) թաղի եկեղեցիին մէջ: 1925-1926 ուսումնական տարեշրջանին դպրոցը ունեցած է 400 երկսեռ աշակերտ: 1927-1928 ուսումնական տարեշրջանին դպրոցը կը գործէ երեք տարբեր շէնքերու մէջ: Քանի մը տարի ետք անյարմարութեան պատճառով շէնքը կը վաճառուի ու կը գնուի Friends of Armenia միսիոնարական կազմակերպութեան Աչազուրկներու Վարժարանը, Քուէյք գետի ձախ ափին: 1931-էն սկսեալ Էմմանուէլ վարժարանը կը գործէ այդ շէնքին մէջ, աւելի ուշ կը տեղաւորուի Ալէփփօ Գոլէճի շէնքերէն մէկուն մէջ: Տարիներու ընթացքին վարժարանը բաւական լուրջ դժուարութիւններու կը հանդիպի, ինչպէս շէնքի, աշակերտութեան թիւը նուազումի եւ այլն: Մինչեւ, որ վարժարանը կը փակուի:

– Հայ Աւետարանական Նահատակաց Եկեղեցի
Հալէպի մէջ Նահատակաց եկեղեցին հիմնուած է 1931-ին: Սակայն Եկեղեցւոյ ծնունդը պէտք է յամարել 1865 թուականը, Այնթապ: Այդ օրերուն Հայ Աւետ. եկեղեցւոյ անդամները ծանօթ էին իբրեւ «Քայաճիքի եկեղեցի»: Եկեղեցիի անդամներուն թիւի յաւելումով, հոգեւոր հովիւներ եւ եկեղեցւոյ ժողովը կ’որոշեն համայնքը երկու խումբի բաժնել:
Խումբէն մէկը մօտակայ Հայիք շրջանը հաստատուելով կը հիմնէ անջատ եկեղեցի մը: Զանազան հոգեւոր հովիւներ եկեղեցին ղեկավարած են մինչեւ 1921, երբ բոլոր հայերը բռնագաղթուեցան Այնթապէն:
Հայերը երբ կը հաստատուին Հալէպ, Հայիք եկեղեցւոյ հաւատացեալները կը սկսին ներկայ գտնուիլ Հայ Աւետ. Նորակառոյց Էմմանուէլ եկեղեցւոյ պաշտամունքներուն: Անոնք մօտ ատենէն հայրենիք վերադառնալու յոյսով, չեն միանար տեղւոյն Հայ Աւետ. Էմմանուէլ եկեղեցիին եւ կը շարունակեն իրենց ուրոյն հոգեւոր կեանքը: Այսպէս հարցերը կ’ընթանան մինչեւ 1930: Ի վերջոյ, Այնթապի Հայիք թաղի Բ. Եկեղեցիի առաջնորդներուն մէկ մասը կը միանայ Հայ Աւետ. Էմմանուէլ եկեղեցիին, իսկ միւս մասը՝ 33 ընտանիքներ կառչած մնալով առանձին եկեղեցի կազմելու գաղափարին կ’անջատուին:
Արդարեւ, 1931-ին կը հաստատուի «Նահատակաց» եկեղեցին եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետ. Միութիւնը պաշտօնապէս կը ճանչնայ զայն:
«Նահատակաց» անունը կը կոչուի ի յիշատակ Մեծ եղեռնի զոհերուն, որոնք 1914-1918 թուականներուն երիտթուրքերուն կազմակերպած դժոխային սպանդի զոհեր դարձան:
Այնուհետեւ, Հալէպի Հայ Աւետ. Նահատակաց եկեղեցւոյ առաջին հովիւը կ’ըլլայ պատուելի Յակոբ Չաքմաքճեանը:
31 Մայիս 1932-ի ժողովի որոշումով կը կազմուի Հայ Աւետ. Նահատակաց Ժողովական Եկեղեցին, հանդիսադիրներէն են՝ Վերապատուելիներ Կարապետ Յարութիւնեան, Ահարոն Շիրաճեան, Կարապետ Քէթէնճեան, Սիսակ Մանուկեան, Սիրական Աղպապեան եւ ուրիշներ:
Կը կազմուին եկեղեցիին հոգաբարձու եւ խնամակալ ժողովները, ինչպէս նաեւ զանազան մարմինները՝ Աւետարանչական, Կրօնական դաստիարակութեան, Կիրակնօրեայ Դպրոցի, Ք. Ջ. Ընկերակցութիւններու, Մշակութային Յանձնախումբի, Տիկնանց եւ այլ օժանդակ յանձնախումբերու, որոնք աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալեն եկեղեցիի շրջանակէն ներս:
Սկզբնական շրջանին պաշտամունքները կը կատարուին Սալիպէ քրիստոնէական թաղամասի մը մէջ գտնուող հին բակի մը մէջ: Ապա, 1936 թուականին եկեղեցին կը տեղափոխուի Սուլէյմանիէ շրջանը գտնուող վարձու շէնք մը, որ կը ճանչցուէր իբրեւ «Հայ կարմիր խաչի շէնք»:
1960 թուականին եկեղեցիի Խորհուրդը կը գնէ նոր հողաշերտ մը Սուլէյմանիէի մէջ եւ հարկաւոր գումարները ապահովելով կը կառուցէ սեփական եկեղեցաշէնք մը, որուն հիմնադրութեան պաշտամունքը կը կատարուի 14 Մարտ 1965 թուականին:
Նահատակաց եկեղեցին կը գտնուի Սուլէյմանիէ փողոցի «Հաժ Հապիպ» ճանչցուած թաղամասին մէջ, ունի երիցատուն մը, «Լեւոնեան» սրահ եւ կիրակնօրեայ դպրոց՝ յատուկ դասարաններով:
Հայ Աւետ. Նահատակաց եկեղեցւոյ բեմին մինչեւ 2017 ծառայած են 20 հովիւներ եւ քարոզիչներ, ինչպէս նաեւ այցելու հովիւներ եւ քարոզիչներ:
Հալէպի մէջ տեղի ունեցած հրթիռարձակումներուն պատճառով, Նահատակաց Եկեղեցւոյ շէնքի թաղամասը եւս ստացաւ իր բաժինը: Հետեւաբար, եկեղեցին թիրախ դարձաւ թաղը ինկած հրթիռներու յաճախակի բեկորներուն:

– Հայ Աւետարանական Քրիստոսի Եկեղեցի
Հայ Աւետ. Քրիստոսի եկեղեցին հիմնուած է 1924 թուականին: Կը գտնուի Սիւլէյմանիէի «Վեր. Ահարոն Շիրաճեան» թաղամասը, շրջափակի մը մէջ: Նախկին Միս Պիւլի Դարմանատան շէնքը: Եկեղեցւոյ մէջ ընդհանրապէս կը կատարուի Աւետարանի սերտողութիւն: Կիրակի օրերը կը կատարուի արաբերէն պաշտամունք: Իսկ Կիրակնօրեայ դպրոցը՝ հայերէն: Ունի երիցատուն մը: Եկեղեցւոյ հովանիին տակ կը գտնուի «Բեթ Հեզդա» դարմանատունը:
Հալէպի մարտերու ընթացքին՝ հրթիռարձակումներուն պատճառով, Քրիստոսի Եկեղեցւոյ շէնքը նաեւ հրթիռներու թիրախ դարձաւ, յատկապէս Երիցատունը:
Ինչպէս հայկական միւս գերեզմանտունները Հայ Աւետ. գերեզմանատունն ալ կը գտնուի Շէյխ Մաքսուտ շրջանին մէջ: Առ այդ, Հայ Աւետ. գերեզմանատունն ալ Հալէպի հրթիռակոծումներէն վերոնշեալ գերեզմանատուներուն նման իր բաժինը ստացած է:
Հայ Աւետարանական համայնքը մաս կը կազմէ այն հաստատութիւններուն, որոնք կը հովանաւորուին հայ երեք յարանուանութիւններուն կողմէ: Ինչպէս Հայ Ծերանոց, Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ, Հաուըրտ Գարակէօզեան Հիմնարկ եւ մտքով թերաճ հայ մանուկներու «Արեւիկ» կեդրոնը:
Արդարեւ, Հալէպի հայ երեք յարանուանութիւններուն մէջ կայ սերտ համագործակցութիւն, հիմնուած փոխադարձ յարգանքի ու հասկացողութեան վրայ:
Առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական եկեղեցիներու համատեղ ջանքերով կը կազմակերպուին շարք մը համահայկական ձեռնարկներ, օրինակ՝ Միութեան աղօթքը, Ապրիլի 24-ը եւ Վարդանանց Տօնը: Վերոնշեալ ձեռնարկները ժողովուրդի կողմէ բնականաբար բարձր կը գնահատուին:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles