Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԷ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԵՒ ՔԱՂԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒՆ ՔԱՌԱՄԵԱՅ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ

$
0
0


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովը, որ տեղի ունեցաւ Դեկտեմբեր 5-էն 8, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Անթիլիասի (Լիբանան) վեհարանին մէջ, քննեց Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու քառամեայ գործունէութեան տեղեկագիրնեհո:
Կրօնական ժողովին տեղեկագիրին մէջ մեծ տեղ գրաւած էին Դպրեվանքին աշխատանքները, որոնք առնչուած էին առաւելաբար Դպրեվանքը ժողովուրդին տանելու ու զայն հարազատօրէն ներկայացնելու ճիգին։ Անդրադարձ կատարուեցաւ եկեղեցին ժողովուրդին տանող այլ ծիրերուն, ինչպէս՝ Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին՝ իր դասախօսական-լսարանային ձեռնարկներով, սեմինարներով, լսարաններով, ուխտերթերով եւ այլ աշխատանքներով, եւ Կիրակնօրեայ վարժարաններուն բաժանմունքին ու Կրօնական ու Դաստիարակչական հրատարակութիւններու բաժանմունքին։
Տեղեկագիրը մանրամասն անդրադարձաւ երիտասարդական բաժանմունքին, եկեղեցւոյ շուրջ հաւաքուած ուսանողութեան՝ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան եւ Հայ Համալսարանականներու համախմբումին։ Տեղեկագիրը տեղեկացուց, որ այս բաժանմունքներու նախկին եւ ներկայ անդամներ ներկայիս կը գտնուին միջեկեղեցական ու միջկրօնական պաշտօններու վրայ:
Տեղեկագիրը խօսեցաւ նաեւ Քահանայից պատրաստութեան բաժանմունքին, քրիստոնէական առաքելական հոգեւոր շարժումներու հետ գործակցութեան, Նուիրապետական Աթոռներու հետ յարաբերութիւններուն, միջեկեղեցական ու միջկրօնական շարժումներու մէջ հայ եկեղեցւոյ մասնակցութեան, Եպիսկոպոսական ժողովին, Ցեղասպանութեան նահատակներուն սրբադասումին, Սրբալոյս միւռոնին օրհնութեան, միաբանութեան, «Շնորհալի» երգչախումբին աշխատանքներուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանին մասին:
Ազգային ընդհանուր ժողովին Քաղաքական ժողովը ներկայացուց իր քառամեայ տեղեկագիրը։ Այս տեղեկագիրը նշեց, որ Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախորդ Ազգային ընդհանուր ժողովին պատգամած Սփիւռքի վերակազմաւորման հրամայականը ձեւ ու մարմին սկսած է ստանալ։ Այս իմաստով, Նորին Սրբութիւնը իր գահակալութեան քսանամեակին առիթով կատարած է հովուապետական այցելութիւններ, որոնք Կաթողիկոսարան-թեմ գործակցութեան կարեւոր տարածքներէն մէկը հանդիսացած են։ Տեղեկագիրը խօսեցաւ նաեւ Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեանս համատեղ ձեռնարկներուն եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն-Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Կաթողիկոսութիւն-Արցախի Հանրապետութիւն յարաբերութեան մասին։ Այս վերջինին ծիրին մէջ կ՚իյնայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ձեռնարկած «Նոր Կիլիկիա» գիւղի շինութիւնը։
Առ այդ, տեղեկագիրը ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բացած Սիսի պատմական Աթոռին վերադարձի դատը, որուն մասին մանրամասն քննարկում պիտի ըլլայ Ժողովին յատուկ նիստով մը։
Տեղեկագիրին մէջ մեծ գրաւած էր մշակութային ու կրթական հարթակներուն վրայ ձեռնարկուած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ ընկերային ծառայութեան աշխատանքներ։
Խօսելով շինարարական աշխատաքներուն մասին, տեղեկագիրը լայն անդրադարձ կատարեց Սուրիոյ Հայ գաղութին վերականգման աշխատանքներուն։ Այս առնչութեամբ յատուկ նիստով ելոյթ ունեցաւ Բերիոյ թեմի Առաջնորդ Գերշ. Շահան Արք. Սարգիսեան, որ առաջին հերթին ներակայացուց Սուրիոյ հայութեան իրավիճակը, ինչպէս նաեւ իրավիճակին հոլովոյթը եւ Սուրիոյ հայութեան վերականգման ծրագիրները։ Սրբազանը յայտնեց, որ վերականգման եւ վերաշինութեան աշխատանքները տեղի կ՚ունենան ըստ առաջնահերթութիւններու եւ առաւելաբար փոքր եւ միջին պիզնեսներու բարելաւման, որպէսզի սուրիահայ ընտանիքները կարենան ինքնաբաւ գոյատեւել Սուրիոյ մէջ։ Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ շնորհիւ շտապ օգնութիւններուն, նիւթական օժանդակութիւններուն եւ բարոյական աջակցութիւններուն, Սուրիահայութիւնը անտէր չէ զգացած՝ հակառակ դժուարին պայմաններուն։ Ան նշեց, որ Նորին Սրբութեան Սուրիա տուած այցելութիւնները, ինչպէս նաեւ Կաթողիկոսութեան յարկին տակ ծրագրուած վերականգնումի ծրագիրները, Սուրիոյ ժողովուրդի զաւակներուն յոյս եւ կորով տուած են գոյատեւելու։
Իւրաքանչիւր նիստին աւարտին տեղի ունեցաւ հարցադրումներ եւ քննարկումներ, որոնք առաւելաբար կեդրոնացան Դպրեվանեցիներուն բարձր ուսման պատրաստութեան մէջ անոնց մասնագիտացման, ժողովուրդը եկեղեցւոյ մօտ բերելու կողքին հոն պահելու աշխատանքներուն, Կաթողիկոսարանիս ընկերային ցանցերուն վրայ մշտական ու ազդու ներկայութիւն ըլլալուն, Սուրիայէն դուրս գաղթական վիճակ պարզած Սուրիոյ հայութեան իրավիճակին եւ եկեղեցւոյ դիմագրաւած նոր մարտահրաւէրներուն , ինչպէս սեռային փոքրամասնութիւններուն գծով։
Ազգային ընդհանուր ժողովը իր Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներուն տեղեկագիրներուն ներկայացումէն եւ քննարկումէն ետք, նիստերը տրամադրեց զեկոյցներու միջոցով քննելու եւ քննարկելու ընդհանրապէս հայկական սփիւռքեան իրականութիւնը եւ յատկապէս կաթողիկոսութիւնը յուզող հարցերը: Այս ծիրին մէջ, Ժողովը կարեւոր տեղ տուած էր քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ հայեցի դաստիարակութեան։
«Քրիստոնէական դաստիարակութիւն» թեմայով նիստին զեկոյցներ ունեցան Լիբանանի թեմէն Լիբանանի թեմէն Ժանին Դանիէլեան, Թեհրանի թեմէն Բարշ. Անի Քրիսթի սարկաւագուհի Մանուէլեան եւ Բերիոյ թեմէն Արժ. Տ. Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան:
Ժանին Դանիէլեան Լիբանանի թեմի քրիստոնէական դաստիարակութեան պատկերն ու մարտահրաւէրները ներկայացուց չորս մակարդակներու վրայ՝ կիրակնօրեայ վարժարաններու, ամենօրեայ վարժարաններու կրօնի դասապահերու, երիտասարդական միութիւններու եւ Սուրբ Գիրքի սերտողութեան հաւաքներու։ Տիկին Դանիէլեան հիմնականօրէն ընդգծեց կիրակնօրեայ վարժարաններու եւ ամենօրեայ վարժարաններու ուսուցիչներու քրիստոնէական դաստիարակութեան արդի մանկավարժական պատրաստութենէ զուրկ ըլլալու հարցը։ Ապա Բերիոյ թեմէն Արժ. Տ. Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան խօսեցաւ 21-րդ դարու ընտանիքներուն փոխուած արժէքներուն ու առաջնահերթութիւններուն մասին, որոնց հետեւանքով քրիստոնէական դաստիարակութիւնը ջամբելը նախկին ձեւերու օգտագործումով կը մնայ ապարդիւն: Արժանապատիւ քահանան նկատել տուաւ, որ քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութիւնները մէկ ամբողջութիւն են եւ հայկական իրականութեան բոլոր հաստատութիւններն ու միութիւնները դերակատարութիւն ունին այս առնչութեամբ: Յետոյ, Բարշ. Անի Քրիսթի Մանուէլեան Ժողովին ներկայացուց Թեհրանի պատկերը: Ան յայտնեց, որ ծնողը քրիստոնէական դաստիարակութեան առաջին դաստիարակն է, ուրեմն այդ մեկնակէտով աշխատիլը կրնայ քրիստոնէական ամբողջական կրթութեան հասցնել անձը: Ան եւս շեշտեց դպրոցներուն քրիստոնէական դաստիարակութեան մատուցման ձեւին վերանորոգման ու արդիականացման կարեւորութեան ու նշեց Կաթողիկոսարանէն իրենց ակնկալութիւնները։
Հայեցի դաստիարակութեան նիւթով զեկուցեց Քանատայի թեմէն Մհեր Գարագաշեան, Կիպրոսի թեմէն Վարդան Թաշճեան, Ատրպատականի թեմէն Անահիտ Յակոբեան եւ Քուէյթի թեմէն Ճորճ Արապաթլեան։
Գարագաշեան իր ելոյթին մէջ ներկայացուց հայեցի դաստիարակութիւնը սփիւռքի հայկական դիմագիծի պահպանման գերխնդիրներուն ու անոր կրթական ոլորտի մարտահրաւէրներուն դիմաց։ Ան սփիւռքի զանազան գաղութներու վարժարաններուն, հայ աշակերտութեան թիւին եւ հայկական վարժարան յաճախող աշակերտութեան թիւին պատկերը տուաւ ու համեմատութիւններ ըրաւ։ Թաշճեան Ժողովին տրամադրութեան տակ դրաւ Կիպրոսի հայկական գաղութի ներկայ իրավիճակը, ուր կան խառն ամուսնութիւններ, հայերէնի նահանջ, օտարամոլութիւններ։ Յակոբեան, խօսելով հայեցի դաստիարակութեան մասին, շեշտեց երեք առանցքներ վրայ՝ ընտանիք, դպրոց, համայնք, ու յայտնեց, որ դպրոցի ոլորտին մէջ կ՚իյնայ եկեղեցին, որ հայոց պատմութեան մէջ միշտ ալ ունեցած է կրթական հաստատութիւն մը ըլլալու հրամայականը։ Վերջապէս, Արապաթլեան նշեց, որ Քուէյթի դրոյթը առիթ կու տայ հայ գաղութին մնալու հայկական շրջանակին մէջ, սակայն հոն ալ գոյութիւն ունին մարտահրաւէրներ, ինչպէս՝ կրթական մարզի վերանորոգումը, ուսուցիչներու արդար գնահատանքը։
Այս նիստերու աւարտին, Արամ Ա. Վեհափառը տուաւ իր նշումները եւ Ժողովը կատարեց քննարկումներ։ Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ Մարդկային իրաւանց հռչակագիրը հիմնուած է Քրիսոտնէական արժէքներու հիման վրայ, հետեւաբար անկարելի է անջատել քրիստոնէական դաստիարակութիւնը կրթական ոլորտներէն, աւելցնելով, թէ եթէ նախորդ տարիներուն քրիստոնէական դաստիարակութիւնը հիմնուած էր տեղեկութեան փոխանցման վրայ, ներկայիս այդ հիմնուած է հոգիի կրթութեան վրայ։ Վեհափառ Հայրապետը ապա բարձր գնահատեց Կաթողիկոսարանիս թեմերուն տարած աշխատանքը կրթական մարզին մէջ ու ընդգծեց վարժարաններու կրթական ծրագիրներու վերանորոգման, հայեցի դաստիարակութիւնը գործելադաշտ տանելու եւ «cyber space»-ի» (համացանցի տարածքի) մէջ մնալու եւ գործելու կարեւորութիւնը։
Նկատի ունենալով, որ վերանորոգումը կ՚իրականանայ միայն երիտասարդ ոգիով օժտուած մարդուժով, Ազգային ընդհանուր ժողովը առանձին նիստ տրամադրած էր երիտասարդներուն՝ լսելու անոնց մտահոգութիւնները, եկեղեցիէն ակնկալութիւնները, մարտահրաւէրներն ու առաջարկները։
Այս նիստին հանդէս եկան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդական բաժանմունքի հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Նշան Վրդ. Լախոյեան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն՝ Անի Նաճարեան, Նոր Ջուղայէն՝ Արիս Դաւթեան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմէն՝ Թամար Քանարեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմէն՝ Գառնի Արմէնեան։
Հոգշ. Տ. Նշան վրդ. Լախոյեան նշեց Երիտասարդական բաժանմունքին նպատակը, առաքելութիւնը եւ տեսիլքը ու հակիրճ կերպով ներկայացուց բաժանմունքին քառամեայ գործունէութիւնը։ Հայր սուրբը նշեց, որ Երիտասարդական բաժանմունքը հարթակ հանդիսացած է Կաթողիկոսարանիս թեմերու երիտասարդներուն լսելու ու ծանօթանալու սփիւռքի տարբեր գաղութներուն եւ առիթ տուած է ըստ այնմ ծրագիրներ մշակել։ Հայր սուրբը յայտնեց, որ միջթեմական համագումարները ընթացք տուած են սփիւռքեան մակարդակի երիտասարդական ցանցի ստեղծման:
Անի Նաճարեան, նշեց, որ Ապու Տապի, Տուպայ եւ Հիւսիսային Էմիրութիւններ եւ Քաթար շրջանները ընդգրկող թեմը պետական ու քաղաքական պայմաններու տակ կը մնայ սահմանափակ գործելադաշտով։ Խօսելով մարտահրաւէրներուն մասին, Նաճարեան ընդգծեց, որ ղեկավարութիւնները չեն վստահիր երիտասարդ մարդուժին, իսկ մատը վերքին դնելով յայտնեց, որ ընդհանրապէս հայ երիտասարդութեան համար կը բացակային օրինակելի ու տիպար ղեկավարներ ու իտէալներ։
Սպահանի թեմէն Արիս Դաւթեան ներկայացուց իրանահայ երիտասարդութեան իրավիճակը, որ իւրայատուկ է միւս գաղութներէն իր աշխուժ մասնացութեամբ։ Նկատի ունենալով Իրանի պայամանները, Իրանի հայ երիտասարդները կը համախմբուին համայնքի հասարակական կեանքին, ազգային-հոգեւոր ձեռնարկներուն եւ կառոյցներուն շուրջ, սակայն կը մնան երկրին ընկերատնտեսական ու քաղաքական վիճակներուն ազդեցութեան տակ։
Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի պատկերը փոխանցեց Թամար Քանարեան, որ խօսեցաւ երիտասարդութիւն-ղեկավար մարմին յարաբերութեան մասին։ Դարուս արհեստագիտական արագընթաց փոփոխութիւններուն մէջ յաճախ կը մերժուին նորարարութիւնները, յայտնեց ան, ինչ որ կը հեռացնէ երիտասարդը եկեղեցիէն, երբ վերջինս կը տեսնէ, թէ ընելիք չունի։ Մարդուժ պատրաստելու գծով, Քանարեան եւս կարեւորեց երեց սերունդին վստահութիւն տալը երիտասարդութեան:
Իսկ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմէն Գառնի Արմէնեան իր փորձառութիւնը պատմելով մատնանշեց այն գործունէութիւնները, որոնք նպաստած են երիտասարդութիւնը եկեղեցւոյ մօտ պահելու: Ան ըսաւ, որ եկեղեցին ու ղեկավարութիւնը պէտք է երթայ, ուր որ երիտասարդութիւնը արդէն կը գտնուի, թէ՛ ֆիզիքապէս, թէ՛ մտապէս:
Արամ Ա. Վեհափառ խօսքը ուղղելով Ազգային ընդհանուր ժողովին նշեց, որ երիտասարդութեան մտահոգութիւններն ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները առաջնահերթութիւն են եկեղեցւոյ առաքելութեան մէջ, արդ, մերժելի է երիտասարդութիւնը լուսանցքի մէջ պահելու տրամադրութիւնները։
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը աննախադէպ եւ անկիւնադարձային քայլ մը առնելով, Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձի գծով դատ բացած էր։ Երկու տարուան հետեւողական եւ տքնաջան աշխատանքներէ ետք, դատը ներկայիս քաղաքական արգելքներու դիմաց կը գտնուի։ Այս առնչութեամբ, Ազգային Ընդհանուր Ժողովը յատուկ նիստով մը ժողովականներուն տրամադրութեան տակ դրաւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ձեռնարկած հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման աշխատանքները, որոնց շարքին Սիսի Կաթողիկոսարանի դատին մանրամասնութիւնները։
Զեկոյցներ ներկայացուցին Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, տիկին Սեդա Խտըշեան եւ Քանատայէն տեսերիզով միացաւ դատի գլխաւոր փաստաբան՝ փրոֆ. Փայամ Ախաւան։
Տիկին Խտըշեան նշեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի գծով իրականացած Կաթողիկոսութեան ձեռնարկները ունեցած են տեղական, քաղաքական ու միջազգային արձագանգ՝ մանաւանդ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանաչումէն հատուցում տանող աշխատանքները, որուն գագաթնակէտը կը հանդիսանայ Սիսի դատը։ Ասոր կողքին տեղի ունեցան շրջանային համագումարներ, Պիքֆայայի յուշահամալիրի շինութիւն, Անթիլիասի Մայրավանքի յուշամատուռի վերանորոգութիւն, Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու յիշատակին նուիրուած «Արամ Պէզիկեան» թանգարանի բացում եւ այլ ձեռնարկներ, յայտնեց Խտըշեան։
Ապա, հանդէս եկաւ Դոկտ. Պայրագտարեան։ Ան նշեց, թէ Սիսի Կաթողիկոսարանի դատական հայցի զոյգ թղթածրարները՝ օրինական թէ պատմական տուեալեաներով, կը փաստարկեն, որ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը օրինական իրաւատէրն է Սիսի Կաթողիկոսարանին։ Ան շարունակեց, որ դատը հետապնդող օրինական յանձնախումբին հիմնական նպատակն էր դատը փոխադրել Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց դատարան, սակայն այդ մէկը իրագործելու համար պէտք էր նախ թրքական սահմանակադրական դատարանէն անցնիլ։ Դոկտ. Պայրագտարեան մանրամասնութեամբ խօսեցաւ դատի հանգրուաններուն մասին եւ ընդգծեց, որ ներկայիս օրինական յանձնախումբը Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ քննարկած է մէկէ աւելի ուղիներ, որոնց մասին պիտի յայտարարուի մօտ ապագային։
Զեկուցումներէն ետք, տեսերիզի ճամբով ելոյթ ունեցաւ փրոֆ. Փայամ։ Ան համապարփակ բացատրութիւն տուաւ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք Թուրքիոյ պետութեան վարած քաղաքականութեան մասին, որ կը զրկէր փոքրամասնութիւնները իրենց իրաւունքներէն եւ օրէնքներ կը մշակէր խլելու համար անոնց գոյքերը։ Ան նաեւ խօսեցաւ փրոֆ. Թանէր Աքչամի աշխատութիւններուն շնորհիւ երեւան ելած նոր փաստաթուղթերուն մասին։ Ան նշեց, որ Կաթողիկոսարանիս պատրաստած թղթածրարը ամբողջական է, եւ քաղաքական ճնշումներ պիտի չկարենան կասեցնել դատին հետապնդումը մինչեւ իրաւունքին վերադարձը։
Աւարտին, Արամ Ա. Կաթողիկոսը եզրափակեց նիստը հաստատելով, որ այս դատին աշխատանքները իր կեանքին ու աշխատաքին մէջ կարեւոր տեղ գրաւած են։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ այս դատը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բոլոր տարագրեալ Կաթողիկոսներուն ոգիով թրծուած է, որովհետեւ անոնք բոլորը կը հաւատային այս դատին։ Վեհափառ Հայրապետը նշեց, որ մեր պահանջատիրական ոգին կը ժառանգենք անոցնմէ։ Այս դատը ո՛չ միայն Կաթողիկոսարանին, այլ հայ ժողովուրդին ու հայրենիքին դատն է, նշեց Հայրապետը՝ ընդգծելով, որ դատին պահանջքը հատուցում չէ, ինչպէս որ զրպարտած են շատեր, այլ հողային պահանջք. «մենք հող կը պահանջենք», շեշտեց Արամ Ա.։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles