Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Մասնակցութիւն Ընկերվար Միջազգայնականի Խորհուրդի Եւ Կիներու Կազմակերպութեան Ժողովներուն

$
0
0

Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդի ժողովը տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 24-25-ին, Սպանիոյ Պարսելոնա քաղաքին մէջ` հիւրընկալութեամբ Սպանիոյ Ընկերվարական կուսակցութեան:
Ժողովին ներկայ էին Ընկերվար միջազգայնականի անդամ կուսակցութիւններու պատուիրակութիւններ եւ հրաւիրեալներ, որոնք կը ներկայացնէին աշխարհի տարբեր ցամաքամասերը:
Ժողովականները քննարկեցին երեք գլխաւոր նիւթեր. Ձախի հետ կերտել ապագան` ժողովրդավարութիւն, հաւասարութիւն եւ համերաշխութիւն. Բազմաթիւ տագնապներով աշխարհի մը մէջ` աշխատանք կայունութեան եւ խաղաղութեան համար. Մարդասիրական տագնապներուն` մարդկային պատասխաններու ջատագով:
Ժողովին մասնակցեցաւ նաեւ Հ.Յ.Դ. պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Ընկերվար միջազգայնականին մէջ Հ.Յ.Դ.-ի ներկայացուցիչ Մարիօ Նալպանտեանի: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ընկերվար միջազգայնականի Կիներու կազմակերպութեան մէջ Հ.Յ.Դ.-ի ներկայացուցիչ Վերա Եագուպեան, ինչպէս նաեւ` Նուպար Վարդանեան (Հոլանտայէն) եւ Տաթեւ Սուլեան (Պարսելոնայէն):
Ժողովի բացումին խօսք առին Ընկերվար Միջազգայնականի ընդհանուր քարտուղար Լուիս Այալա, Քաթալոնիոյ Ընկերվարական կուսակցութեան ղեկավար Միկել Իսեթա եւ Ընկերվար միջազգայնականի նախագահ ՃորՃ Փափանտրէու:
Խորհուրդի նիստին նախորդող օրերուն տեղի ունեցած էր Ընկերվար միջազգայնականի նախագահութեան նիստը, որուն մասնակցած էր Մ. Նալպանտեան` իբրեւ կազմակերպութեան փոխնախագահներէն մէկը:

Նալպանտեան ժողովի ընթացքին խօսք առնելով անդրադարձաւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան համաձայնագիրին` զայն որակելով պատմական քայլ, ինչպէս նաեւ` վերահաստատեց արցախեան հիմնահարցին արդարացիութիւնը եւ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքին ամրապնդումը:
Ընկերվար միջազգայնականի Խորհուրդը որդեգրեց շարք մը բանաձեւեր, որոնց շարքին` քիւրտ ժողովուրդին մասին բանաձեւ մը, ուր անդրադարձ կը կատարուի Իրանի, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ քիւրտերու հարցերուն եւ կոչ կ՛ուղղուի Թուրքիոյ իշխանութիւններուն` վերականգնելու քիւրտ ներկայացուցիչներու հետ երկխօսութիւնը` քրտական հարցին խաղաղ լուծում գտնելու համար: Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղուի նաեւ ազատ արձակելու քաղաքական բանտարկեալներն ու ձերբակալուած լրագրողները: Բանաձեւը նաեւ կը վերականգնէ կազմակերպութեան աշխատանքային խումբը քրտական հարցին մասին:
Իսկ Նոյեմբեր 21-22-ին, Վերա Եագուպեան մասնակցեցաւ Կիներու Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդի ժողովին, ուր քննարկուեցաւ «Ժողովրդավարութիւնը տագնապի մէջ` ամբոխավարութեան աճ` կիներու իրաւունքները ո՞ւր կը տեղաւորուին» նիւթը:
Եագուպեան ժողովին ներկայացուց Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ ընտանեկան բռնութեան կանխարգիլման մասին օրէնքի նախագիծին հիմնաւորումները եւ քննարկումները: «Նման նախագիծի մը ընդունումը կարելիութիւններ պիտի ստեղծէ պաշտպանելու կիներու իրաւունքները եւ կանխարգիլելու բռնութիւնը կնոջ եւ երեխային նկատմամբ: Հայ կիները ունին կարողականութիւնը երկրի ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական կեանքին մէջ իրենց ներդրումը բերելու, սակայն անոնց կը պակսին առիթները: Կիներու իրաւունքներու յարգումը ընկերութեան մը մէջ հիմը կը հանդիսանայ ժողովրդավարական սկզբունքներու հաստատման», յայտնեց Եագուպեան:
Ժողովներու ընթացքին Հ.Յ.Դ. պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ բազմաթիւ այլ պատուիրակութիւններու հետ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles