Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻՆ ԿՐԿԻՆ ԿՌՈՒԻ ԵԼԵՐ Է…

$
0
0

Մակար ի Գաղիա, Դեկտեմբեր 2017

Արմենակ, շաբաթ օր, հակառակ ցուրտին եւ սպառնացող ձիւնի ալիքին, այցելութեան եկաւ: Անպայման իր հայու եսը վիրաւորուած ըլլալու էր:
Կեդրոնականցին իր հայու պարտքին եւ պարտականութեան գիտակից է: Կ’անհանգստանայ, կ’անհանգտացնէ: Մենք գոհ ենք: Հայկական աշխարհներու մասին թերթերուն չըսածը եւ չգրածը իրմէ կը լսենք:
Էլպիս Արմենակին գիրկը խոշոր թափըրուէր մը դրած էր: Թափանցիկ ամանին մէջ եղածը գուշակեցի. Նոր Տարիէն առաջ Էլպիսի հռչակաւոր անուշապուրն էր:
Մակարուհին նորոյթ չինական կանաչ թէյ պատրաստեց: Բոլորուեցանք: Կիները քանի մը խօսք ըսին շուկայի գիներու մասին: Երբ լոլիկի, տանձի, խնձորի, սմբուկի եւ դդումի գիներուն ծանօթացանք, օգտուելով լռութեան պահէն, Արմենակ պատմեց:
Երէկ, հայաշատ արուարձանի քեզի ծանօթ եկեղեցին գացի, հակառակ Էլպիսի ընդդիմութեան: Թաղում կար: Հայ երգի եւ եկեղեցիի սպասարկու մը մեռած էր: Պէտք էր որ յարգէի: Գոհ մնացի, քանի որ սգաւորներ խուռներամ եկած էին:
Կը տեսնես, ըսի, մեր ժողովուրդը այդքան ալ ապերախտ չէ:
Ճիշդ ես: Բանկալին մօտ կանգնած կը լսէի շարականները եւ աւետարանի խօսքերը, զորս ես ալ լսելով անգիր սորված եմ, այնքան ծանօթ, ընկեր բարեկամ մեռան: Ուշադրութիւնս գրաւեց յայտարարութիւն մը. Եկեղեցիի օրացոյցը կը վաճառուէր: Եթէ հայերու հրատարակած օրացոյցներու թուղթերը հաւաքենք, անոնցմով Հայաստանի բոլոր դպրոցներուն դասագիրքերը կը տպելնք: Թթուեցայ. բանկալին մէջ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցիի օրացոյցի վաճառքի ծանուցումը գրուած էր միայն ֆրանսերէն: Եկեղեցին՝ որուն կաթողիկոսը եւ վարդապետը հայերէն այբուբեն տուին մեզի, որ հայերէն գրենք եւ խօսինք, որպէսզի հայ մնանք, եկեղեցին՝ ուր գրուեցան մեր մատեանները, որոնցմէ քսան հազար փրկուածները կ’երթանք կը դիտենք եւ կը նկարենք Երեւանի Մատենադարանին մէջ: Բայց երէկ, հայ եկեղեցիի բանկալին մէջ վաճառուող եկեղեցիի օրացոյցը չէր ծախուեր հայերէնով:
Արմենակ, մեր սերունդը վերջացաւ, հիմա մարդիկ գործնական են, ո՞վ հայերէն պիտի կարդայ եւ կարդալով գնում ընէ:
Երբ դրան առջեւ տրտնջացի, ջոջութեան թեկնածու մը ըսաւ, որ իրենք խելք բաժնողի պէտք չունէին: Իսկ ես չէի ուզեր խելք բաժնել, այլ կ’ողբայի հայերէնի եւ անոր տան՝ եկեղեցիին համար:
Սիրելիս, մեր եկեղեցին եւ մենք պիտի ըլլանք բազմալեզու: Բազմալեզու ազգի զաւակները վաղ թէ ուշ պիտի դառնան ծագումով հայեր: Անոնց թիւը արդէն կ’աճի:
Երանի քեզի, Մակա՛ր, որ պուտտայի պէս կը դիտես եւ կը լսես: Դուն սրտի տագնապ պիտի չունենաս, եզրակացուց Կեդրոնականցին:
Էլպիս եւ Մակարուհի ընկոյզով, չիր ու չամիչով զարդարուած անուշապուրը բերին:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles