Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՔԱԼԻՖՈՐՆԻԱԿԱՆ ՔՍԱՆՄԷԿ ՕՐԵՐ՝ ԱՌԱՆՑ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿԻ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ.- ՔԱՐԷՆ ԵԲԲԷ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆԻ ԱՌԻԹՈՎ ԵՒ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

$
0
0

Յ. Պալեան

Մեր կեանքի բնական զարտուղութիւններուն տուրք տալով, Լոս Անճելըս գացի, ոչ որպէս զբօսաշրջիկ: Պիտի նշուէր Հալէպի մէջ հիմնուած, գործած եւ հակառակ անպատեհութիւններու դեռ գործող ազգային Քարէն Եբբէ Ճեմարանի հիմնադրութեան եօթանասունամեակը:
Քարէն Եբբէ Ճեմարանի շրջանաւարտները Ընկերակցութիւն հիմնած են Հրեշտակներու քաղաքին մէջ եւ օգնած են քաղաքացիական պատերազմի աւերներու ենթակայ իրենց վարժարանին: Երախտագիտութեան եւ սիրոյ տուրք: Հայու ճակատագրի ստեղծած առհաւական վարժութիւնը: Չմոռնալով իւրայինները, խուսափելով յանձնառութիւն պահանջող հարցերու պատախան փնտռելէ:
Դիմաւորելու եկած էին ճեմարան գտնուած օրերէս ծանօթ, իր ստացած ժառանգութեան, գիր-գրականութեան հաւատարիմ Գէորգ Պետիկեանը եւ յաջորդած սերունդէն Գէորգ Գորթոշեանը:
29 հոկտեմբերին նշուեցաւ յոբելեանը վարժարանին, որմէ քաղցր յիշատակներ պահած են սաները: Երախտագիտական զգացումներ: Խօսեցան առաջնորդ սրբազանը, ճեմարանականներ, որոնց շարքին ես, որ հրաւիրուած էի այդ առիթով: Իրանահայերու սրահը լեցուն էր երիտասարդ եւ նուազ երիտասարդ ճեմարանականներով: Յուզիչ պահ: Հազարաւոր մղոններ հեռուն գտնուող վարժարանի յիշատակը, ոգին, պայծառ դէմքերը, յուշի քաղցրութիւններ էին:
Ծանօթ անուններ, սիրելի դէմքեր, իրարու յաջորդած սերունդի տղաք եւ աղջիկներ, որոնցմէ շատեր արդէն մեծ մայրիկ կամ մեծ հայրիկ են: Կը դիմադրեմ փորձութեան մէկ առ մէկ թուելու անուններ, երէցներու եւ կրտսերներու, նոյնքան հարազատ: Ինչպէս արդէն Հայաստան վերադարձածները: Հանդիսութենէն շաբաթ մը ետք ճաշկերոյթ-պարանացիկ երեկոյ: Երբ կը դիտէի վաղեմի ընկերներս, շատ երիտասարդ ուսուցիչի առաջին տարիներու աշակերտներս, որոնք արդէն հասուն այրեր եւ կիներ են, յաջորդ սերունդի ճեմարանականները, մտածումներս կը սաւառնէին այլ հորիզոններու վրայ:
Կը մտաբերէի պայծառ դէմքերը հիմնադիրներու, որոնք հայրենահանուած եւ գաղթական դարձած սերունդի յետնորդները ուզած էին պահել հայ մշակոյթի եւ ազգային գիտակցութեան աւազանին մէջ, որպէսզի չհեռանան հարազատութենէ, եւ երբ հնչէ վերադարձի հայրենատիրութեան եւ լրացման կոչը, ազգը ամբողջանայ, քանի որ հայրենիքը կ’ապրի ներկաներով, տէրերով:
Հիմնադիրները… Զարեհ եպիսկոպոս, ապագայ լուսաւոր դէմքով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը, Հրաչ Փափազեան լռակեաց եւ արտակարգ ազգային-քաղաքական ղեկավարը, եւ ուրիշներ, չէին մտածած գիտուններ, ճարտարագէտներ, տնտեսագէտներ պատրաստելու մասին, որպէսզի ծառայեն այս կամ այն երկրին, այլ ուզած էին ազգային որակ տալ գաղութներուն, որպէսզի ինքնութիւն պահուի, սփիւռք-տխրութիւնը չըլլայ վերջնական աւեր-հանգրուան:
Չէին երեւակայած որ այդ վարժարանի սաները պիտի ըլլային յաւերժի ճամբորդներ, աշխարհի տարբեր երկիրներու աճման եւ զարգացման ծառայելու կոչուած աշխատաւորներ: Ազգ պահելու նպատակը տարտղնումը չէր կրնար ըլլալ, այլ համատեղումը, միացումը, պատմութիւնը վերստին դնելու համար իր հունին մէջ: Այս հայօրէն պատրաստուած սերունդը, պատմութեան պարտադրած հակասութիւններուն բերումով, կեանք սկսած է եւ կը շարունակէ, պապերու եւ հայրերու հող-հայրենիքէն հեռու, ուր կրնար եւ կրնայ շարունակուիլ ազգը:
Հանդիսութիւն: Երգ: Պար: Խանդավառութիւն: Պատմութեան մէջ բացուած փոքրիկ լուսամուտ, յիշեցնելու համար մեր այլութիւնը աշխարհներու մէջ: Այլութիւն՝ որ կը վերածուի մնայունի: Ինչո՞ւ հաւատք ստացած սերունդները պիտի չհետեւին այդ հաւատքի ուղիին, որ չըլլայ սոսկ խօսք, երգ, ու պար, յուշ-յիշատակ, այլ հարազատութեան անսեթեւեթ նուաճում, որ իւրաքանչիւր անհատը կը լրացնէ իր պատմութեամբ, մշակոյթով եւ հայրենիքով: Միշտ պէտք է գիտակցիլ, ինչպէս այնքան յայտնատեսական դիպուկ տարազումով, ըսած է հայրենի բարձրաճակատ միտքով, ներշնչող մատենադարանի մուկ, Վիգէն Խեչումեան. «Օտարի դրանը քեզ կը կոչեն հիւր, որպէսզի չասեն ծառայ»… Երբեք չեմ յոգնիր այս ազգային խորիմաստ միտքը կրկնելէ, որ հիմնադիրներու ներիմացական ներշնչումը եղած ըլլալու էր:
Լոս Անճելըսի ճոխութեան մէջ, կը տեւեն ճեմարանականները բոլոր ճեմարաններու: Կեանքի հեւքին մէջ, ուր կը տիրեն սրբազան քահանայապետին բնորոշած «դրամի միջազգային կայսերապաշտութիւնը» եւ սպառողական ընկերութեան խօլ վազքը, ինչպէ՞ս պիտի տեւեն, ո՞ւր հասնելու համար: Ոչ միայն ճեմարականները:
Կը դիտէի, կը լսէի, կը տարուէի իմ միտքերովս: Թերեւս անիրատես եւ զարտուղի: Պիտի տրուի՞ այս սերունդներուն պատմութիւնը իր հունին մէջ տեսնելու աստեղային պահը ապրելու հնարաւորութիւնը, վերադառնալու այդ հունը:
Այրիանոցի տխուր շրջափակին մէջ, սենեակ-դասարանով մը սկսած Ճեմարանը եղաւ ազգաշէն ճառագայթող բարիք: Ինչպէ՞ս ճեմարանականները այդ բարիքը պիտի վերածեն հայրենատիրական արարման:
Ոմանք կը սիրեն ըսել՝ մարտահրաւէր:
Յոբելեան՝ ուր անունները վաւերագրային ժապաւէնի սկիզբի շարանի պէս են. Երան եւ Հրայր, Սոնա եւ Շաքէ, Հեղինէ եւ Կարօ, Անահիտ եւ Ատուր, Սեդա, Գէորգներ, Քերոբ եւ Կարպիս… Եօթը տասնամեակներու շարան:
Պէտք է հաւատալ հրաշքին, որ այս դէմքերը օր մը, երջնական կայքի համար, կ’իջեւանին Արարատին նայող դաշտին մէջ, Զանգեզուր, Սիւնեաց սարեր եւ ազատագրուած Արցախ հայաշխարհ:
Իրականութիւնները միշտ նախ երազ եղած են…
Գէորգ Պետիկեանի թղթակցութիւնը կարդացի թերթին մէջ:

ՔԱԼԻՖՈՐՆԻԱՆ ԿԸ ԹՈՒԻ ԸԼԼԱԼ «ՀԱՅԱՇԽԱՐՀ»

Ամերիկան սպառողական քաղաքակրթութեան բաց բեմն է Քալիֆոռնիան: Հսկայ վաճառատուներ, ուր կարելի է օր անցնել: Զարմանք. գնողներ եւ վաճառողներ հայերէն կը բարբառին, ինչպէս Երեւանի նորաբոյս վաճառատուներուն մէջ: Նոր գաղթականութիւն, որ հայրենահանման հետեւանք չէ, այլ արդարացումներով հայրենալքում:
Բայց նաեւ հայկական վարժարաններ, մեր հին եւ նոր «տարբերութիւններ»ու քարտէսին վրայ: Ինչե՜ր կ’ըսուին: Պետական դպրոցներ՝ հայածնունդ մեծաթիւ աշկերտներով, ուր կը տրուին նաեւ հայերէն դասեր: Փակուող վարժարաններ, ինչպէս խցուող թոքեր: Մոնթէպելլոյի եկեղեցիի կից սրահին մէջ, Ազգային Առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող վարժարաններու սպասարկուներու վաստակի գնահատման երեկոյ կազմակերպուած էր, Խնամակալ մարմնի նախաձեռնութեամբ: Լենա Գորթոշեան մէկ առ մէկ բեմ հրաւիրեց հայ դպրոցի քանի մը տասնեակ վաստակաշատ ծառաները, որոնք յուշանուէրներ ստացան Սրբազանէն եւ ատենապետուհիէն: Անթերի կազմակերպութիւն մը: Զօրավիգ կանգնելու համար փութացած էին շուրջ հինգ հարիւր հոգի: Խանդավառութիւն կար սրահին մէջ, ծանօթներ կային: Հակառակ տոլարի կեանքին պարտադրած սովորութիւններուն, հայ մարդիկ հասկցած էին, որ տոկալու եւ տեւելու համար անփոխարինելի էին հայ դպրոցը եւ հայ ուսուցիչը:
Երբ ծառայութեան տարիներու գումարը կը յայտարարուէր, կը խորհէի, որ հակառակ սփիւռքի պարտադրած մաշումներուն, դեռ ազգապահպան հայեր կային պատնէշի վրայ, որոնք կը հսկէին հայու համրանքին եւ որակին վրայ, սպասելով վերադարձի հրաշք պահը:
Երախտագիտութեան ազնիւ եւ ազնուացնող արտայայտութեան մը մասնակցած ըլլալու գոհունակութիւնը հետս պիտի տանէի:
Յետոյ իմացայ, որ բոլոր դպրոցները հոն չէին, հայկական հին սովորութեամբ, որ մեզ կը խմբէ տարբեր զանգատուներու շուրջ, մեր կոտորակուելու չհինցող ախտը:
Նոյնքան հոգեկան գոհունակութեան պահ ապրեցայ ներկայ ըլլալով Լարք երաժշտական ընկերակցութեան ճաշկերոյթին, Ճանըթըն Քլապի տպաւորիչ սրահներուն մէջ, որ կազմակերպուած էր ԼԱՐՔի նախաձեռնութիւններուն նպաստելու համար: Նահանգային խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեանի ճիգերով, Լարք երաժշտանոցի բարգաւաճման համար ապահովուած էր կէս միլիոն տոլարի յատկացում մը, ընդարձակելու համար ԼԱՐՔի գործունէութեան դաշտը, պիտի ստեղծուի թանգարան, որուն հարստութիւններու շարքին կան կարեւոր գեղանկարներ, հին դրամներ, գիրքեր: Լարք ընկերակցութիւնը աւելի քան քառորդ դարու բեղմնաւոր անցեալ ունի համայնքի կեանքին մէջ: Արդէն հաստատած է հայագիտական դասընթացք, ուր Վաչէ Պարսումեանի հրաւէրով խօսեցայ Լեւոն Շանթի թատերական արուեստի մասին:
Լարքը բազմաբնոյթ արուեստներու եւ մշակոյթի կեդրոն է: Անոր կարեւորութեան անդրադարձած են զօրավիգ կանգնող մշակութասէր հայեր եւ մեկենասներ: Հայ մարդը ոչ միայն նիւթական աջակցութիւն կը բերէ Լարքին, այլ անվարան անոր կը նուիրէ արուեստի մեծ գործեր: Տեսայ, որ տաք հոգիով ծանօթ ազգային մը Այվազովսկիի գեղանկար նուիրած էր: Լարք իր երթը կը շարունակէ թափով, հայկական ոգեկան հարստութիւն ջամբելով յարաճուն համայնքին, որպէսզի ինքնութեան հարազատութիւն պահուի, միշտ սպասելով վերադարձի կանչը:
Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւնը կազմակերպեց գրական երեկոյ մը, Փասատենայի Հայ Կեդրոնին մէջ, ուր խօսեցայ Ինքնութեան, լեզուի եւ գրականութեան առնչութիւններու մասին, միաժամանակ անդրադառնալով համահայկական խորհրդաժողովի ընթացքին արծարծուած հայապահպանման եւ նոյն օրերուն գումարուած Գրողներու Միութեան Համագումարին: Ոչ ոքի համար գաղտնիք է, որ մեր ժողովուրդը, ամենուրեք, կը խորթանայ հայ գիրին եւ գրականութեան, երեւոյթին տեսանելի վկաները հայ գիրքերու տպաքանակն ու սպառումն են, զուգահեռ ընթացող օտարագրութիւնը: Սարդարապատ գրախանութին մէջ ներկայացուեցաւ Հայաստանի Գրողներու Միութեան կողմէ հրատարակուած վէպս, որուն մասին իր «ընթերցում»ը ներկայացուց գրականութեամբ շնչող Սեդա Գրիգորեան:
Փաստենայի Հայ Օգնութեան Միութեան անդամուհիներու հանդիպում մը կայացաւ, որուն ընթացքին խօսեցանք հայերէնի, հայեցի կրթութեան եւ հայ դպրոցի մասին: Եկած էին ընդհանրապէս երէցներ, բացակայ էին անոնց դուստրերը, հարսերը, որոնցմով պիտի շարունակուի հայերէնը եւ եւ հայեցի կրթութիւնը: Զրոյցի ընթացքին ըսին նաեւ, որ շատեր իրենց զաւակները չեն կրնար հայկական վարժարան ղրկել, տնտեսական պատճառներով: Ինչո՞ւ չենք առաջնորդուիր այն գիտակցութեամբ, որ հայածնունդ մանուկին իրաւունքն է հայ դպրոց յաճախել, համայնքին պարտաւորութիւնն է յարգել այդ իրաւունքը: Հայ դպրոցը եւ անոր պատասխանատուները պարտք պէտք է համարեն հասնիլ իւրաքանչիւրին, ոչ միայն ունեւորին, ընտրանիին: Ազգային ղեկավարութիւնը պէտք է իրականացնէ, հայ մանուկին իրաւունքը, այդ իր պարտականութիւնը համարելով, որպէսզի ազգի ներքին միութեան շաղախը ըլլայ ամուր:
Քալիֆոռնիան ունի հայ մշակոյթի տարածման կարեւոր բեմեր կան համալսարաններու մէջ, Ֆրէզնօ եւ Լոս Անճելըս, օրինակելի կեդրոններ, որոնցմէ կ’օգտուին հայեր եւ ոչ հայեր:
Կլէնտէյլի մէջ կայ հսկայ շէնք մը, որուն կտուրին կը կարդացուի՝ US ARMENIA, ուր կը գտնուի հայկական հեռատեսիլի կայանը: Ընդունուեցայ եւ զրոյց ունեցանք համայն հայութիւնը յուզող արտագաղթ-հայրենալքման, հայրենադարձութեան եւ ինքնութեան մասին:
Նոյն շէնքին մէջ, Արմէն Սարգսեանի շուրջ խմբուած են հայերէնի ներկայով եւ ապագայով տագնապող մտաւորականներ: Հայերէնի մէչ ներխուժած օտար բառերու աղէտին դէմ պայքարելու համար պատրաստուած եւ հրատարակուած է բառարան մը: Մեծապէս գնահատելի նախաձեռնութիւն մը, որուն տարածման պէտք է յուսալ որ կը նպաստեն դպրոցները, լրատուամիջոցները եւ ղեկավարութիւնը, որպէսզի հայերէնը պահը իր ինքնութիւնը եւ անով պահուի մեր ինքնութիւնը:
Բայց ինչ որ ցաւով հաստատեցի, այն է, որ Երեւանէն ետք հայկական ամենամեծ քաղաքի հայերու մտահորիզոնէն բացակայ է հայրենադարութեան ազգային-հեռանակարային տեսիլքը, երազը, կարծէք Քալիֆռռնիան հայրենահանուածներու, անոն ժառանգներու, հայրենիք լքածներու վերջին կայանն է: Անկէ անդի՞ն, հարց պիտի տար Խրիմեան Հայրիկ, եթէ ողջ ըլլար, եւ Պապիկ պիտի ըսէր Թոռնիկին, որ հողը պէտք է կեանքի եւ մահուան օրը, եւ եզրակացնէր ըսելով՝ որ անհող չմնաս…
Եթէ Քալիֆոռնիա, Քամչաթքա, Շանկհայ եւ այլուր, բաւարար կամք ունենայինք վերադառնալու մեր մեծերու դպրոցը, մեր եւ հայոց վաղը այսօրուընէ լաւ կ’ըլլար, ոչ թէ անդիմագիծ գաղթականի կամ աշխարհաքաղաքացիի, ինքնութիւն կը պահէինք եւ անկէ բխած յանձնառութեամբ կը շարունակէինք մեր երթը: Միշտ մտածելով, որ վաղը միշտ ուշ է:

ՎԵՐԱԴԱՐՁ ՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ՀԱՅԱՇԽԱՐՀԻ ՄԻՒՍ ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐԸ

Բեմերը եւ ամեակները նաեւ պէտք է արձագանգեն այդ սպառնական ՈՒՇին…
Ինչո՞ւ չի ծաւալիր այդ «ուշ»ի յանգումին մղձաւանջային գիտակցութիւնը: Մինչեւ ե՞րբ, ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ պիտի ըլլան հայաշխարհներ, երբ գիտենք որ անոնք շարունակութիւն պիտի չըլլան:
Եթէ իր կացութեան հետ հաշտուած հայը հասկնար, որ սփիւռքը յաւերժական չէ, հայոց նորագոյն ժամանակներու մեծագոյն յեղափոխութիւնը կը կատարուէր, կը կատարէինք…
Կը սպասուի նոր Մովսէս մը, որ սփիւռքեան հոգե-իմացական անապատէն իր ժողովուրդը տանի հայուն Աւետեաց Երկիրը, վերջ տալով գաղթականի դէպի այլասերում ընթացող տխրութեան:
Այդ յեղափոխութիւնը պէտք է ապրուի իւրաքանչիւրի հոգիին մէջ, յարկին տակ: Այդ կ’ըլլայ ազգային վերականգնումի յանդգնութեան քայլը:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles