Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Կիթառահար Թաթուլ Հաճեան՝ Բաժակակիր

$
0
0


ՓՐԱԿԱ.- Նոյեմբեր 2-3-ին Չէխիոյ մայրաքաղաքին մէջ, տեղի ունեցաւ Եւրոպական 13-րդ «Քրիսթալ Սթար» միջազգային երաժշտական, պարի եւ թատերական փառատօնը։ Թաթուլ Հաճեանը (Կիթառ) ներկայացուց Հայաստանը, գեղարուեստական ղեկավար ունենալով Արմանտօ Ղուկասեանը։ Թաթուլը վարպետօրէն նուագեց իտալացի երաժիշտ Տոմենիքօ Սքարլաթիի մէկ Սոնաթան եւ Վիչէնթէ Ասենչոյի «Լա Ֆրիսա»ն։
Եւրոպայի զանազան երկիրներէ իրենց մասնակցութիւնը բերին թիւով 37 կատարողներ։
Հայաստանը ներկայացնող Թաթուլ Հաճեանը, գրաւեց առաջին դիրքը, շնորհիւ իր բարձրատաղանդ եւ հմուտ բեմական կատարողական արուեստին։ Թաթուլը ծնած է Լիբանան եւ 10 տարեկան հասակին ծնողներուն հետ հաստատուած է Հայաստան։
Հաճեան, երաժշտական նախակրթութիւնը ստացած է Երեւանի «Չայքովսքի»ի անուան պետական երաժշտական եւ տարրական տասնամեայ ուսումնարանին մէջ, ապա ընդունուած է Երեւանի Կոմիտասի անուան Պետական երաժշտանոցը եւ քառամեայ բարձրակարգ ուսումը աւարտած՝ գերազանց արդիւնքով։
Ան, 16 տարեկանէն սկսած է դասաւանդել Երեւանի երաժշտական վարժարաններէն ներս, նաեւ մասնակցած է շարք մը միջազգային փառատօններու՝ Հայաստանի Թիֆլիսի, Պուլկարիոյ, եւ Փրակայի մէջ։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles