Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Հ.Յ.Դ. Ամերիկեան Ցամաքամասի Եւ Աւստրալիոյ Մարմիններու Ռայոնական Ժողով

$
0
0

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի հրաւէրով, 11-12 Նոյեմբերին, Պուէնոս Այրէսի մէջ տեղի ունեցաւ Ամերիկեան ցամաքամասի և Աւստրալիոյ Հ.Յ.Դ. մարմիններու Ռայոնական ժողովը, որուն մասնակցեցան եօթ երկիրներէ ներկայացուցիչներ:

Ժողովին ներկայ էր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչը, Բիւրոյի անդամներ եւ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագույն մարմինի ներկայացուցիչը:

Երկու օր տեւած քննարկումներուն ընթացքին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոն ներկայացուց իր գործունէութեան վերջին մէկ տարուայ տեղեկագիրը, որուն լոյսին տակ կատարուեցաւ համապարփակ քննարկում:

Ռայոնական ժողովը իրազեկ դարձաւ Հայաստանի ներքաղաքական կեանքի վերջին զարգացումներուն, կոալիցիոն կառավարութեան մէջ մեր մասնակցութեան արդիւնքներուն: Ժողովը քննարկեց Հայաստանի ընկերային արդարութեան ամրակայման, տնտեսական և անվտանգութեան մարզերէն ներս բարեփոխման նախաձեռնութիւններուն, եւ հարցումներու ու արժեւորումներու ընդմէջէն տուաւ գնահատականներ: Յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձան Արցախեան հարցի կարգաւորման վերջին զարգացումները եւ Հ.Յ.Դ. կատարելիք աշխատանքները այդ ծիրէն ներս:

Կարեւոր նկատուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի բանակներու հզօրացման անհրաժեշտութիւնը` շեշտը դնելով բանակին հանդէպ ցուցաբերուելիք համաժողովրդային նեցուկին ու զօրակցութեան ամրապնդման վրայ: Նաեւ կարեւոր նկատուեցաւ Հայաստանի տնտեսական հզօրացումի եւ ընկերային կենսամակարդակի բարձրացման անհրաժեշտութիւնը իբրեւ հայրենի ժողովուրդի հայրենիքին մէջ բարգաւաճելու նախադրեալ:

Ապա ժողովը հանգամանօրէն զբաղեցաւ շրջաններու կազմակերպական, քաղաքական եւ յարաբերական օրակարգերով:

Ժողովը անդրադարձաւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու առկայ վիճակին, անոր բարելաւման անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի գաղութներու կայուն զարգացման և նորահաս սերունդներու պատրաստութեան գործին:

Ժողովը նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով կազմակերպուելիք ձեռնարկներուն եւ նախաձեռնութիւններուն ու այս իմաստով նաեւ ներկայացուց առաջարկներ:

Կազմակերպական յաւելեալ հզօրացման ուղղութեամբ ժողովը ներկայացուց նոր առաջարկներ եւ միասնական դիրքորոշումներ որդեգրեց շարք մը օրախնդիր հարցերու վերաբերեալ:

Հ.Յ.Դ. ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ

12 նոյեմբեր 2017, Պուէնոս Այրէս


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles