Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԱԶԳԻ, ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ, ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔ(ՆԵՐ)Ի  ՄՇՈՒՇՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

$
0
0

 

Յ. Պալեան

Ձմեռնամուտ է: Համակարգիչի շտեմարանին  մէջ պահուած արխիւս կը քրքրէի:

Հոկտեմբերը անցած է արդէն: Կարգ մը վայրերու մէջ մշակոյթի եւ Մեսրոպ Մաշտոցի մասին խօսեցան: Ինչպէս ամէն տարի, սովորութեամբ:

Համակարգիչի պատուհանին վրայ բացուեցաւ էջ մը:

Այժմ դադրած Փարիզի ԿԱՄՔ օրաթերթին մէջ գրած խմբագրականս, 13-14 Հոկտեմբեր 1990ին, խորագրած էի ՄՇԱԿՈՅԹ: Պարզ եւ խտացեալ: Էջին սկիզբը մէջբերած էի Բենիամին Թաշեանի խօսքը:

Ան կ’ըսէր. «Մինչեւ Ե դարու սկիզբը, մինչեւ հայ այբուբենի գիւտը, մինչեւ Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութիւնը, մենք ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ էինք, Մեսրոպեան այբուբենը մեզ դարձուց ԱԶԳ»:

Ոչ քաղաքական ճառ, ոչ տեսաբանութիւններու մէկտեղում: Հրաւէր տեսնելու մեր անցեալը, մեր անցած ուղին եւ մեր ներկան:

Հայկական հին սփիւռքի քաղաք մը առաջնորդած են քայլերս, որուն վրայ կը գումարուին Հայաստանէն եւ այլ սփիւռքներէ եկած հայեր, ծնունդ տալով նորատեսակ սփիւռքի մը: Ֆրէզնոն բացառութիւն չէ:

Բայց հին կամ նոր, սփիւռքները ժողովո՞ւրդ են, ա՞զգ են, կա՞յ այլ սահմանում, բնորոշում: Սփիւռք(ներ)ը ի՞նչ բանի շարունակութիւն է, կամ կրնայ ըլլալ, ի՞նչ բանի սկիզբ:

Բենիամին Թաշեանի պարզ սահմանումի լոյսին տակ ի՞նչ կրնանք ըսել հայկական բազմագոյն սփիւռքներու մասին, որոնց հոլովոյթը մէկ հասարակ յայտարար ունի. Մեսրոպի հրաշքէն աստիճանական հեռացումը եւ հրաժարումը: Երեւոյթ՝ որ համատարած է, զոր կը դիմաւորենք անզօրութեան զգացումով, ճառերով եւ խրախճանքներով կը վարագուրենք իրարականութիւնները:

Մտածենք Բենիամին Թաշեանի հետ: Մենք՝ շարքային ժողովուրդ, մտաւորականններ, ղեկավարաներ:

Ի՞նչ էինք Մեսրոպէն առաջ, ի՞նչ պիտի ըլլան հայկական համարուած հաւաքականութիւնները երբ Մեսրոպ այլեւս բացակայ ըլլայ:

Հայոց արքան Վռամշապուհ, կրօնապետը Սահակ Պարթեւ եւ ազգային իրաւութեան խորք ունեցող Մեսրոպ հասկցան, պատմութեան հանգուցային պահուն, որ պարսկերէն, ասորերէն կամ յունարէն  Մուրացածոյ բարբառներով այսօրուան հոլովուած ըմբռնումով ՄԷԿ ազգ կարելի չէ ստեղծել եւ պահել: Գիր, գրականութիւն, պետական յարաբերութիւններ կը կատարուէին տարբեր լեզուներով: Նոր ընդունուած քրիստոնէութիւնը ասորերէն կամ յունարէն կը բարբառէր:

Դեռ աւելի առաջ, Հայաստանի արքունիքին մէջ թատերական ներկայացումները կը կատարուէին յունարէնով, իսկ մեր Արտաւազդ արքան եղած է նաեւ յունագիր թատերագիր: Ի՞նչ մնացած է որպէս ժառանգութիւն:

Հայաստան կոչուած աշխարհին մէջ կ’ապրէր ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ մը, տարբեր մտահորիզոններով եւ տարբեր հաւատարմութիւններով, տարբեր լեզուներով ստացուած մշակոյթը մէկութիւն չէր կրնար ստեղծել: Հոս է որ իր լրիւ իմաստը կը գտնէ Բենիամին Թաշեանի ազգային-քաղաքական պարզ եւ խորիմաստ խօսքը:

Երբեմն ընթերցողներ կ’անհանգստանան ամէն անգամ որ կը գործածեմ ճապկում բառը: Բայց չե՞նք տեսներ, որ մեր նահանջները երբ կը տնտեսենք, հը հնարենք բացատրութիւններ, որոնք ոչինչ կը նշանակեն, երբ կը խօսինք հռչակաւոր ծագումով հայերու մասին, կամ զգացումով հայերու, կամ ընտանեկան անցեալը յաճախ օտարաբարբառ յուշագրութեամբ սնապարծութեան պատուանդան կը դարձնենք, հայ մշակոյթէն քաղուած պատառիկներ որպէս հետաքրքրական-հետաքրքրաշարժ ծանօթութիւններ կը լսենք այլազան լեզուներով, բացի հայերէնէ: Եթէ գրերու գիւտէն առաջ ժողովուրդ էինք, երբ այդ գիրերը եւ անով գրուած-խօսուած լեզուն կորսուի, ինչպէ՞ս ազգ պիտի մնանք:

Բենիամին Թաշեան պատմական երեւոյթի մը գնահատումը կ’ընէ, եւ այդ դիւրաւ կ’ընդունինք որպէս իմաստութիւն, գեղեցիկ խօսք: Իսկ եթէ պատմութիւնը ղեկավարման եւ քաղաքական իմաստութեան դպրոց է, ինչպէ՞ս Բենիամին Թաշեանի լուսաւոր միտքը պիտի փոխադրենք մեր ներկային մէջ:

Ի՞նչ կը պատահի այսօր:

Մեսրոպեան հրաշք այբուբենը եւ անով մշակուած բազմադարեան լեզուն եւ գիր-գրականութիւնը կը խորթանան, հաշտուած ենք այդ իրականութեան հետ,  ի՞նչ նկարագիր պիտի ունենան հայկական ծագումով բնորոշուող հաւաքականութիւնները: Երբ եկեղեցիներէն աստիճանաբար կամ բոլորովին կը կորսուին հայերէն այբուբենը եւ հայերէնը, ժողովուրդը ազգ չ’ըլլար, այլ կը դառնայ կրօնական համայնք, ժամանակ մըն ալ տուրք տալով յիշողութեան-յիշատակներու կը կերպարանափոխուի եւ կ’ըլլայ հայասէր, կամ զբօսաշրջիկ, այդ ալ դեռ ժամանակ մըն ալ պիտի համարէ հայրենասիրութիւն:

Ուրեմն, մեր հաւաքականութիւնները պիտի ընդգրկուին, եթէ արդէն չեն ընդգրկուած, Բենիամին Թաշեանի դիպուկ բնորոշման հակառակ հոլովոյթին մէջ (ընկերաբանութեան մէջ բացատրուած évolutionը կ’ըլլայ involution: Այսինքն ԱԶԳի վիճակէն կը վերադառնանք ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ վիճակին: Երբեմն ալ՝ ԱՄԲՈԽի :

Այս մասին չի խօսուիր ԺՈՂՈՎՈՒՐԴին, այլազան շահախնդրութիւններով եւ մարդորսական իմաստակութիւններով (սոփեստութեամբ, sophismes): Ճկոյթի ետին թաքնուելով ԱԶԳ կը ղեկավարուի՞: Ան կը դառնայ համայնք, կը նուաղի ՄԷԿՈՒԹԻՒՆ ըլլալու էական գիտակցութիւնը:

Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), ոչ թէ համայնք եւ ժողովուրդ պահելու խնդիր ունինք, այլ՝ ԱԶԳ:

Ինչպէ՞ս:

Ինչո՞ւ չլսել Բենիամին Թաշեանը եւ իր խօսքը չհասցնել իւրաքանչիւրին իր յարկին տակ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles