Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Մոլտովայի Նախագահը Յարգանքի Տուրք Մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին

$
0
0

ԵՐԵՒԱՆ.- Պաշտօնական այցով Նոյեմբեր 9- ին Հայաստան ժամանած Մոլտովայի նախագահ Իկոր Տոտոն, այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:

Մոլտովայի նախագահին եւ առաջին տիկնոջը կ՛ուղեկցէր Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը:

Մոլտովայի նախագահը, ծաղկեպսակ դնելով յուշահամալիրին, ապա ծաղիկներ խոնարհելով անմար կրակին մօտ, յարգեց 20-րդ դարասկիզբի մեծագոյն ոճիրի` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը:

Այնուհետեւ ան այցելեց Հայոց ցեղաասպանութեան թանգարան, ծանօթացաւ ցուցանմուշներուն, իսկ թանգարանի յուշամատեանին մէջ մասնաւորապէս, գրեց. – «Խոր տպաւորութիւն եւ հոգիիս մէջ անջնջելի հետք ձգեցին պատմական փաստաթուղթերը, լուսանկարները եւ ողբերգական դէպքերու ականատեսներու վկայութիւնները, որոնք աւելի քան 100 տարի առաջ բաժին հասան հայ ժողովուրդին: Անոնք կը պահուին թանգարանին, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր հայու սրտին մէջ: Սրտանց եւ անկեղծօրէն հայ ազգին կը մաղթեմ խաղաղութիւն, բարութիւն, համերաշխութիւն եւ բարկեցութիւն»:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles