Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Արցախի Ազատագրուած Հակ Գիւղի վերակառուցուած Դպրոցի ԲացումԱրցախի Ազատագրուած Հակ Գիւղի վերակառուցուած Դպրոցի Բացում

$
0
0

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը  ՛՛Թիւֆէնքեան՝՝ հիմնադրամը կը տեղեկացնէ թէ Հոկտեմբերի 17-ին, Քաշաթաղի շրջանի ամենահիւսիսային գիւղէրէն՝ Հակի մէջ կատարուած է տեղւոյն դպրոցին բացումը, վերակառուցման աշխատանքներու աւարտէն ետք: Դպրոցը վերակառուցուած է ՛՛Թիւֆէնքեան՛՛ հիմնադրամի եւ ՛՛Հայրենասէր՛՛ կազմակերպութեան նիւթական օժանդակութեամբ: Բացման արարողութեան ներկայ էին ՝՝Թիւֆէնքեան՝՝ հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեանը եւ այլ աշխատակիցներ, ՝՝Հայրենասէր՜՜ կազմակերպութեան հիմնադիր Ստեփան Սարգսեանը, Քաշաթաղ շրջանի վարչակազմի ղեկավարի տեղակալ Արտուշ Մխիթարեանը եւ այլ հիւրեր:

Մինչեւ վերակառուցումը, դպրոցը կը գտնուէր խիստ անբարեկարգ եւ երեխաներու համար վտանգաւոր վիճակի մէջ, իսկ շինութեան մէկ մեծ մասը բոլորովին փլատակ էր: Մօտ չորս ամիս տեւած աշխատանքներու արդիւնք, դպրոցը հիմնովին վերանորոգուած է: Կառուցուած է նոր տանիք, նորոգուած է յատակը, տեղադրուած են նոր պատուհաններ եւ դռներ, ինչպէս նաեւ կատարուած են ընդհանուր վերանորոգման աշխատանքներ: 

Հարուստ հայկական ժառանգութիւն ունեցող Հակ գիւղը, որ քսաներորդ դարու սկիզբէն իսկ հալածանքի ենթարկուած է Ատրպէյճանական զինուած ուժերու կողմէ, ազատագրուած է 1990-ական թուականներու սկիզբները: Սակայն, պատերազմէն ետք, ինչպէս Քաշաթաղի շրջանի շատ մը այլ գիւղեր, Հակը գտնուած էր վերաբնակեցման, վերակառուցման եւ զարգացման լուրջ անհրաժեշտութեան առջեւ:

Այսօր Հակը Արցախի ամենէն աւելի արագ զարգացող եւ երիտասարդ գիւղերէն մէկն է: Աւելի քան 110 անձեր կ՛ապրին, որոնց յիսունը` երեխաներ: Դպրոցի անբարեկարգութեան պատճառով գիւղի երեխաներու մէկ մասը ստիպուած էր յաճախել հարեւան գիւղերէն մէկուն դպրոցը: Հաշուի առնելով այստեղ ապրող երեխաներու աճող թիւը` տեղի դպրոցի վերակառուցումն ու բարեկարգումը դարձած էր համայնքի գլխաւոր առաջնահերթութիւնը:

Կատարուած վերակառուցման եւ վերանորոգման աշխատանքներու շնորհիւ Հակի դպրոցը աւերակներէն դուրս եկած է եւ վերածուած բարեկարգ, ապահով եւ լուսաւոր կրթօճախի: Ներկայիս դպրոց կը յաճախեն 15 երեխայ, սակայն վերակառուցումէն ետք, ան կարող է մինչեւ 50 աշակերտ ընդունիլ:

Շնորհաւորելով Հակի բնակիչներուն, ՛՛Թիւֆէնքեան՝՝ հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեանը յայտնեց, թէ «շուտով դպրոցը պիտի ունենայ յիսուն աշակերտ, եւ այս երեխաներն են, որոնք կեանք պիտի տան կրթօճախին, նաեւ ողջ գիւղին:՛՛Այս երեխաները շունչ պիտի հաղորդեն դպրոցի պատերուն եւ պիտի լեցնեն դասարանները, իրենց ժպիտով, ծիծաղով, աշխուժութեամբ, ուրախ աղմուկով… եւ այս երեխաներն են, որոնք հասակ առնելով այս պատմական գիւղին մէջ, կեանք պիտի տան  մեր ազատագրուած հողերուն ու պիտի դարձնեն մեր հայրենիքի անբաժանելի մասը՛՛, ըսաւ Տուտագլեան:Բացի գիւղի միակ կրթօճախ ըլլալուն, դպրոցը նաեւ կարեւոր համայնքային կեդրոն է, ուր բազմազան հանրային, մշակութային, մանկապատանեկան եւ մարզական միջոցառումներ կարելի է կազմակերպել: Այս դպրոցը նաեւ մեծ կարեւորութիւն ունի որպէս աշխատատեղի: Այժմ կ՛աշխատին 9 մշտական ուսուցիչներ եւ 5 վարչական գործերով զբաղուող  աշխատակիցներ:

՛՛Հայրենասէր՜՜ կազմակերպութեան հիմնադիր Ստեփան Սարգսեան իր ուղերձին մէջ յայտնեց.- ՛՛ Շատ ուրախ ենք, որ այս դպրոցն իրականութիւն դարձաւ, եւ որ կարողացանք Թիւֆէնքեան հիմնադրամի հետ միասին շատ արագ, սեղմ ժամկէտներում այս ծրագիրն իրականութիւն դարձնել: Անհամբեր սպասում ենք այն օրին, երբ դպրոցն այնքան աշակերտներ ունենայ, որ այս դասասենեակներն արդէն չհերիքեն նրանց, եւ մենք ստիպուած լինենք գալ եւ ուրախութեամբ ընդարձակել դպրոցը՛՛:Քաշաթաղի վարչակազմի ղեկավարի տեղակալ Արտուշ Մխիթարեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՛՛Թիւֆէնքեան՝՝ հիմնադրամին եւ ՛՛Հայրենասէր՜՜ կազմակերպութեան, տեղեկացնելով.- ՛՛Մենք մեզ աւելի ուժեղ ենք զգում, երբ տեսնում ենք Սփիւռքի հայութեան եւ բոլոր հայերի աջակցութիւնը այս երկիրը վերակառուցելուն ուղղուած մեր ջանքերին՜՜:

Հակի դպրոցի վերակառուցումը ՞՞ԹԻւֆէնքեան՞՞ հիմնադրամի կողմէ իրականացուող` Արցախի սահմանամերձ տարածքներու վերաբնակեցման եւ զարգացման ծրագրի մէկ մասն է: ՛՛Թիւֆէնքեան՛՛ հիմանդրամը ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Քաշաթաղի շրջանին մէջ իրականացուած են աւելի քան քառասուն աշխատանքներ` կառուցելով կամ վերանորոգելով դպրոցներ, հիւանդանոցներ եւ այլն:Ազատագրուած տարածքներէն ներս գործող կրթօճախներու բարեկարգումը ՛՛Թիւֆէնքեան՝՝ հիմնադրամի առաջնահերթութիւններէն մէկն է:

Հակի դպրոցի վերանորոգման աշխատանքներու կողքին, հիմնադրամը կառուցած եւ ապա ընդարձակած է Առաջամուղ գիւղի դպրոցը, վերանորոգած է Հոչանց գիւղի դպրոցը, հիմնել Գետափ գիւղի տարրական դպրոցը եւ վերանորոգած Աղաւնատուն գիւղի դպրոցը: Նաեւ, հիմնադրամը երաժշտական գործիքներ տրամադրած է Բերձորի երաժշտական դպրոցին եւ դպրոցական գրադարաններ կառուցած եւ բարեկարգած է Քաշաթաղի գրեթէ բոլոր գիւղերէն ներս:

Այս աշխատանքների իրականացման համար հիմնադրամը աջակցութիւն ստացած է շարք մը անձերու եւ կազմակերպութիւններու կողմէ, որոնց կարգին` Հայկական կրթական հիմնարկութիւնը (Առաջամուղի դպրոց), Վըրճինիա Տէյվիսը (Հոչանցի դպրոց), Մեծն Բրիտանիոյ հայկական համայնքային խորհուրդը (Գետափի դպրոց), OneArmenia կազմակերպութիւնը եւ Մեծն Բրիտանիոյ հայկական կեդրոնը (Աղաւնատան դպրոց):


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles