Յ. Պալեան
Խօսուած Գրողներու Միութեան Համագումարին,
Հոկտեմբեր 2017
Ծաղկաձոր, Հայաստան
Միշտ պէտք է կրկնել. ազգային գրականութեան անցագիրը ազգային լեզուն է:
Փողոցի լեզուով գրականութիւնը գրականութիւն չէ, ինչ ալ ըլլան արդարացումները: Մօտաւոր հայերէնով եւ աղճատ լեզուով գրականութիւն չի ստեղծուիր: Անգլիացի կամ ֆրանսացի գրողը, որքան ալ իրապաշտ ուզէ ըլլալ, լեզուն չի զոհեր: Մեծ կատակերգակ Մոլիէրի լեզուն հարազատ կերպով անխարդախ է: Իսկ Շէքսփիրի գրականութիւնը անգլերէնի ուսուցման բնորդ է:
Գրական քննադատութիւնը նախ լեզուի բծախնդրութիւն պիտի ունենայ:
Գրականութիւն ընելու փորձը, երբ կը բացակայի խորքը, կը դառնայ ճառ, կապկում, նմանակում: Լեզուագարութիւն՝ գրական շնորհի բացակայութեան, բառակոյտ, բառերը չարչարելու, անոնցմով չարչարուելու տեսակ մը զուարճութիւն:
Գրականութիւն ընելու ցանկութիւնը բաւարար չէ, անհրաժեշտ են խորք եւ տաղանդ: Քննադատը խոշորացոյցով պիտի դիտէ այս նախապայմանները:
Յուշագրութիւն, մեզ եւ սրահ յուզող, ծափ սպասող հայրենասիրական զեղում, կամ վասն ինքնատպութեան եւ նորարութեան՝ պոռթկում-պոռչտուք, հայհոյութիւն, կոպտութիւն՝ տարբեր ըլալու եւ ուշադրութիւն գրաւելու մարմաջ, արժէք չեն ստեղծեր: Համամարդկայինի եւ գեղեցիկի նուաճման տիրական գիծը պիտի փորձէ գտնել քննադատը: Մեր ապրած կացութիւնները յաճախ արգելք են համամարդկայինի եւ ազնիւի մակարդակ բարձրանալու: Միշտ կան բացառութիւններ:
Հայ գրողը երբ հանդիպի ֆրանսացի, արաբ, հնդիկ, ամերիկացի, ճաբոնցի կամ չինացի ընթերցողին, ինչպէ՞ս կրնայ դիմաւորուիլ: Այս հարցումը պէտք է ուղղենք, երբ կը փորձենք արժեւորել մեր գրականութիւնը: Իրապաշտութեամբ ընդունելով հանդերձ մեր ինքնուրոյն կացութիւնը, ցաւ եւ երազ, պէտք է նկատի առնել, թէ անոնք կը հասնի՞ն մարդոց, ուր ալ բնակին, ըլլան մեզի նման թէ մեզմէ տարբեր: Մասնակիէն անդին մարդկայինի նուաճում կ’ըլլա՞յ: Ինքնագոհութիւն պատճառող երկը պիտի ըլլա՞յ մնայուն արժէք, դար մը ետք պիտի կարդացուի՞ որպէս գեղարուեստական երկ:
Ապսպրուած, ընկեր-բարեկամի, կամ մեր դասական կողմնապաշտական գրախօսական շատախօսութիւնները գրական եւ արուեստի արժէքի գնահատում չեն: Քաջալերական կամ հաճոյախօսական գնահատումները բաժակաճառ են:
Մեր յուշագրական գրականութիւնը, այնքան առատ, կրցա՞ւ հասնիլ նոպելեան դափնեկիր պելոռուս Սվետլանա Ալեքսիեւիչի մակարդակին:
Գրականութիւնը կեանք է, մտերմութեան հրաւէր՝ գրողի միտքին, ապրումներուն եւ տեսիլքին հետ, ոչ թէ հաղորդակցութիւն, այլ՝ հաղորդութիւն (ոչ communication, այլ communion): Գրական երկը տպուած թուղթ չէ: Տպուած թուղթի դիզուած ծաւալը գրականութիւն չէ անպայման: Միսաք Մեծարենցի տետրականման էջերը ծաւալ չեն, բայց ազնիւ գրականութիւն են: Տաղասացութիւն չեն:
Ընթերցողը ինքզինք երբ կը դիտէ եւ կը տեսնէ երկին մէջ, ստեղծուած կ’ըլլայ գրականութիւնը: Երբ Աբրահամ Ալիքեանի «Բարեյուսոյ Հրուանդան»ը կը կարդաք, կը գտնէք ժողովուրդի մը հարազատօրէն ժառանգուած լեզուի բառագանձը, որ տեսիլքի ժառանգութիւն կը բերէ, կը միախառնուի ապրումներու եւ կը ստեղծէ ինքնատիպ համանուագ մը, մասնակից կ’ըլլաք բանաստեղծի խաղին: Եւ այդ խաղն է ազգի իրաւ գրականութիւնը, առաջին ալիքին հետ կը հարթուոծ աւազի վրայ շինուած ամրոց չէ:
Գրական ճապկումներու անձնատուր յուշագրութիւնը, կարգախօսներու շարանը, տեղացիական պատումը, եսակեդրոն ըլլալէ չհեռացող էջերը, մանաւանդ երբ նորերը կը մերուին շրջապատին, սեփականի աստիճանական բացակայութիւնը փոխառութիւններով, զորս ոմանք հարստացում կը համարեն, կամ անտեղեակ ընթերցողը զանոնք կը համարէ ինքնատպութիւն, գրականութիւն չեն:
Կապկումը ստեղծագործութիւն չէ: Երբ հրամցուած էջը, բանգիտական փոխադրումով կը նմանի այլ տեղ մտածուածի եւ գրուածի, նոյնիսկ երբ անմիջապէս կը տպաւորէ, վաւերականութիւն չ’ունենար: Անտաղանդ հետեւորդներ ալ կ’ունենան, փոխհիացումով փայլելու ցանկութեամբ:
Հայրենակցական-հայրենասիրական, կողմնապաշտ եւ շահակցական վերաբերումը կը խոչնդոտէ եւ անկարելի կը դարձնէ գրական քննադատութիւնը, որուն ազատ եւ անկախ բեմեր պէտք են: Քննադատողներն ալ իրենք իրենց կը պարտադրեն ինքնագրաքննութիւն: Եւ, գրականութեան հորիզոնը կը մնայ գորշութեան վիճակի մէջ, կը ծանծաղի գրախօսականով: Գրական-ստեղծագործական մթնոլորտ չի ստեղծուիր եւ հրապարակը չի պայծառանար, անխարդախ, հակահաճոյախօսական քննադատութիւն երբ չկայ:
Իրաւ քննադատութիւնը վիրաւորանք կամ ստորագնահատում չէ:
Պարզ է: Անկախ եւ արհեստավարժ հրատարակչութիւն չունինք, տպարաններ ունինք, լրատուամիջոցները հակակշռուած են եւ կողմնակալ, պատասխանատուները կողմնապաշտ են, հակառակ երբեմն երեւցող լայնամտութիւններու:
Հայաստան գրական քննադատութիւնը աւելի բաց բեմ ունի: Սփիւռքներու գրականութեան արժեւորումը հոն պիտի կատարուի, սպասելով որ սփիւռքները ազատագրուին կողմնապաշտական վարժութիւն գնահատումներէ, որոնք կը խոչընդոտեն ազգի ժառանգութիւն կերտելու ատակ գրականութեան զարգացումը:
Գրողին կողմնորոշումը եւ հաւատարմութիւնը դատումի լծակ պէտք չէ ըլլան երկի արժեւորման: Այս չի նշանակեր, որ գրողը յանձնառու կամ կողմնորոշուած պէտք չէ ըլլայ, բայց յանձնառութիւն, կողմնորոշում եւ այլ կապեր գրական երկի արժեւորման ազդակ եւ չափանիշ պէտք չէ ըլլան:
Ինչպէ՞ս կը գործեն զարգացած երկիրներու հրատարակչատուները: Անոնք ունին պատրաստուած, բանիմաց, արհեստավարժ եւ վճարուող «ընթերցողներ», որոնք կ’որոշեն գիրքը տպել: Համաձայնագիր կը կնքուի, հեղինակի իրաւունք կը ճշդուի եւ վճարում կ’ըլլայ: Այսինքն՝ զտում տեղի կ’ունենայ: Ապա միայն գիրքը միջազգային հանրութեան կը ներկայացուի, թարգմանութիւններով եւ ծանօթացումներով:
Այս թղթածրարը պէտք է բանալ անհաճոյ ըլլալու դերը ընդունելով, որպէսզի գրական հրապարակը պայծառանայ եւ արժէքներու երեւման ու անսեթեւեթ գնահատման առջեւ ճամբան հարթուի:
Շահախնդրութիւններով, ոչ անպայման նիւթական, «կուրու»ներ ստեղծելու, անոնց շուքին անկարեւոր կարեւորութիւն ձեռք բերելու հիւանդութիւնը հակաստեղծագործական է: Իրաւ կամ կեղծ ինքնատպութիւններու անտաղանդ պալատականները արժէք չեն ստեղծեր:
Իրաւ գրականութիւն ունենալու, եւ միջազգային հրապարակ գալու ցանկութիւնը իրականացնելու համար, մասնակի չափանիշները հարկ է գերանցել արուեստի ըմբռնումով յագեցած արժեւորումով եւ քննադատութեամբ:
Ինչո՞ւ այս առաջադրանքով հրապարակ պիտի չգայ Գրողներու Միութիւնը, կոչ ընելով համահայկական հիմնադրամի մը ստեղծան, բաձրաձայնելով Յակոբ Օշականի պայծառ իմաստութիւնը, որ «մագաղաթը աւելի կ’ապրի քան մարմարը»: