Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Երբ Ամուսինները «Կ’օգնեն» Իրենց Կիներուն

$
0
0

 

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵՍՆ

Մանկութեան տարիներուս մեր մայրերը «տանտիկիններ» էին, որ լռելեայն կը նշանակէր կիներ, որոնք կը զբաղին միայն տնային գործերով:

Տունէն դուրս գործի գացող իգականները հազուադէպ էին այդ տարիներուն: Տանտիկիններու պարտականութիւնն էր` ճաշ պատրաստել, տունը կարգի դնել, քիչ մը ձեռագործ, գաւաթ մը սուրճի շուրջ դրացիներով հաւաքուիլ, երբեմն զիրար բամբասել, եւ այդպէս, օրերնին կ’անցընէին մինչեւ զաւակներուն դպրոցէն արձակուիլը, իսկ երեկոյեան, երբ ամուսինները գործէն տուն վերադառնային, ընթրիքը պատրաստ պէտք էր ըլլար, եւ բոլորը միասին կը նստէին ընթրիքի:

Այր մարդիկը կ’աշխատէին երկար ժամեր: Ներկայ օրերու նման շաբաթը 40 ժամ աշխատողները հազուադէպ էին: Կը յիշեմ` հայրս գործէն  տուն կը վերադառնար երեկոյեան ժամը 8։00-էն ետք:

Օրն ի բուն աշխատող ամուսին մը, բնականաբար, իր կողակիցին տան գործերուն օգնելու մասին նոյնիսկ չէր մտածեր, ոչ ալ կիները կ’ակնկալէին նման օգնութիւն մը:

Կիրակի օրերը, խորովածի պատրաստութեամբ, հայ այրերուն իրենց կիներուն «օգնելու» սովորութիւնը տակաւին կը շարունակուի, երբ խմիչքի ընկերակցութեամբ միսը խորոված ժամանակ «կը համտեսեն» եւ սեղան կը նստին կշտացած:

Իգականներու աշխատանքի երթալու սովորութիւնը, աւելի ճիշդ` կարիքը, սկսած է մուտք գործել հաւանաբար 60-ականներու վերջաւորութեան: Մինչեւ այդ տարիները` գործի գացող իգականները հազուադէպ էին: Անոնք ընդհանրապէս հայկական վարժարաններու մէջ դասաւանդող ուսուցչուհիներ էին, իսկ քանի մը հատը` վարպետ դերձակուհիներ, որոնք մեծահարուստ կիներու հագուստներ կարելով` կ’ապահովէին որոշ գումար մը, իսկ աւելի ուշ, երկրորդական վարժարան աւարտած երիտասարդուհիներ սկսան աշխատիլ դրամատուներու կամ ապահովագրական ընկերութիւններու մէջ` որպէս քարտուղարուհիներ: Գրամեքենայ գործածել գիտցողները հազուադէպ էին, եւ այդ օրերուն փնտռուած «մասնագիտութիւն» մըն էր այդ մէկը:

Դարը փոխուած է: Այսօր «տանտիկիններու» գրեթէ չենք հանդիպիր: Այր ու կին` երկուքն ալ տունէն դուրս գործի են ամբողջ օրը: Կիները, գործէն վերադարձին, անմիջապէս կ’անցնին ճաշի պատրաստութեան, իսկ ամուսինները, մանաւանդ հայ ամուսինները տան մէջ ընելիք շատ չունին: Միջինարեւելեան մտայնութեամբ, այդ բոլորը կիներու պարտականութիւնն է (բացառութիւնները յարգելի են):

Ներկայիս «տանտիկին»-ը այն հազուադէպ իգականն է, որ վստահաբար նիւթապէս ապահով է, գործի չ’երթար եւ իր ժամանակին մեծ մասը կ’անցընէ մարզանքի կամ «զումպայի» կեդրոններու մէջ:

Ամերիկացի ամուսինները շատ աւելի «կնամեծար» են: Շատեր կ’օգնեն իրենց կիներուն` ճաշ եփելով կամ լուացքով ու արդուկով: Վա՜յ եկեր է այն ամուսնոյն, որ կը զլանայ օգնել իր կնոջ: Օտար կինը անմիջապէս կը զգուշացնէ իր ամուսինը:

– Երկուքս ալ կ’աշխատինք եւ յոգնած տուն կը վերադառնանք: Երկուքիս պարտականութիւնն է զբաղիլ տան գործերով:

* * *

Ընկերներով հաւաքուած էինք եւ երբ յաճախ խօսուած նիւթեր կ’արծարծէինք, մեր բարեկամներէն մէկը նիւթէն շեղելով` ըսաւ.

-Ձեր մէջ կա՞յ մէկը,որ կ’օգնէ կամ օգնած է իր կնոջ տան գործերուն: Անցեալները բացառաբար ես օգնեցի կնոջս, եւ անկարելի է, որ նկարագրեմ ըրած ձախաւերութիւնս:

Գործի բերումով կարեւոր ժամադրութիւն մը ունէի եւ պատշաճ էր, որ պաշտօնական հագուէի: Նկատեցի, որ արդուկիչէն բերած ճերմակ շապիկս դարձեալ արդուկուելու կարիքը ունէր:Կինս տունը չէր: Ստիպուած՝  պէտք էր, որ արդուկէի:Բան մը, որ նախապէս բնաւ չէի փորձած:

Տաք արդուկը քանի մը անգամ քսեցի շապիկիս վրայ եւ զարմացայ, որ այնքան ալ դժուար բան մը չէր շապիկ մը արդուկելը:

Յանկարծ նստասենեակէն հեռաձայնիս ձայնը լսեցի: Անմիջապէս վազեցի, որ պատասխանեմ: Չեմ գիտեր` որքա՛ն երկարեցաւ հեռաձայնային խօսակցութիւնս, երբ ներսի սենեակէն ծուխի հոտ մը հասաւ քթիս: Վազեցի ներս: Անզգալաբար տաք արդուկը ձգած էի շապիկիս վրայ,որ ամբողջութեամբ փճացած էր: Նեղուած էի, միեւնոյն ժամանակ ինքզինքս կը մխիթարէի: Կրնար շատ աւելի գէշ հետեւանքներ ունենալ:

Նիւթը նիւթ կը բերէ, եւ ուրիշ բարեկամ մը սկսաւ պատմել իր կնոջ  օգնել փորձելու տարբեր դրուագ մը:

– «Ճնշեփը (փրեսթօ) սուլելէն 5 վայրկեան վերջ մարէ՛ կրակը եւ ձգէ՛ որ հանգչի», ըսաւ կինս, ու աճապարանքով մեկնեցաւ տունէն` քանի մը գնումներ կատարելու եւ շուտով վերադառնալու խոստումով:

Հեռատեսիլէն հետաքրքրական յայտագիր մը կը դիտէի: Լսած էի կնոջս պատուէրը, սակայն նոյն վայրկեանին իսկ մոռցած էի:

Վայրկեանները իրարու յաջորդեցին: 5 վայրկեանը դարձած էր 15 կամ … 25 վայրկեան, ո՞վ գիտէ: Նոյնիսկ չէի լսած ճնշեփի սուլիչին ձայնը, երբ ներս մտաւ կինս ու աճապարեց խոհանոց:

«Աստուա՜ծ իմ, տակաւին չե՞ս մարած կրակը»:

Այդ օրուան եփած ճաշը ամբողջութեամբ գնաց աղբաման, իսկ ես անգամ մը եւս «օգնեցի» կնոջս` վազելով չինական ճաշարան մը եւ այդ օր հայկական ճաշը փոխարինուեցաւ չինականով:

Կծիկը քակուած էր: Մէկուն պատմած ժամանակ ուրիշ մը իրեն պատահած դէպք մը կը յիշէր եւ անհամբեր էր ընկերոջ «արկածախնդրութեան» աւարտին, որպէսզի ինքն ալ իր կարգին պատմէ իր ըրած «հերոսութեան» մասին:

Մէկը կը պատմէ աման լուալիք մեքենայի սխալ գործածութեան պատճառով խոհանոցը «լողաւազանի» մը վերածելը, ուրիշ մը իր կնկան «օգնած» է լուացուած լաթերը զետեղելով չորցնելիքի մէջ, սակայն աւելի ուշ, երբ կինը կը սկսի ծալել չորցած լաթերը, կը նշմարէ, որ իր ամենասիրած կարմիր հագուստը 6 կամ 7 տարեկան աղջնակի մը յարմար չափի վերածուած է:

«Բուրդէ հագուստ մը, չորցնելիքին մէջ ԲՆԱՒ չեն դներ: Այս մէկը գոնէ պէտք էր գիտնայիր», ազդարարած էր կինը:

Խօսելու կարգը իմս էր:

-Երեկոյ մը մեծ թիւով հիւրեր ունեցանք: Հիանալի ժամանակ անցուցինք: Ընդհանրապէս մէկ, կամ առաւելագոյնը երկու գաւաթէն աւելի ոգելից ըմպելի խմելու սովորութիւն չունիմ: Տրամադրութիւնները բարձր էին, եւ հիւրերէն մէկը զարմացաւ այդքան քիչ խմելուս:

«Մի՛ մտահոգուիր, խմէ՛, տանդ մէջ ես եւ ինքնաշարժ վարելու մտահոգութիւն չունիս: Երբ մեկնինք,  անմիջապէս մտի՛ր անկողին»:

«Երբ մեկնինք, անմիջապէս մտի՛ր անկողին»: Կարելի՞ բան է նման պարագայի մը օգտակար չհանդիսանալ կնոջս:

Որոշեցի աղտոտ ամաններն ու գաւաթները տանիլ խոհանոց, մինչ կինս կը պատրաստուէր լուալու:

Խմիչքին ազդեցութիւնը փոխանակ նուազելու, աւելցած էր: Ջիղերս թուլցած էին: Նետած քայլերս կարծես գետին չէին հասներ: Քանի մը պնակ տարի խոհանոց եւ անզգալաբար նետեցի կնոջս առջեւ: Որքան, որ կը յիշեմ, քանի մը հատը փշրուեցաւ:

«Յունական քլապի մէջ չենք եւ պէտք չունիս ամաններ կոտրելու» կատակեց կինս:

«Մտի՛ր անկողին, ինծի շատ աւելի օգտակար կ’ըլլաս …ՉՕԳՆԵԼՈՎ:

Երբ հայ ամուսինները կը փորձեն «օգնել» իրենց կիներուն, յաճախ հակառակ արդիւնք կրնայ տալ: Վկայ՝ վերը յիշուած դէպքերը:

To be or not to be. «Լինե՞լ, թէ՞ չլինել», Շէյքսփիրի «Համլեթ» թատերախաղի նշանաւոր խօսքը կարելի է փոխել եւ ըսել:

«Օգնե՞լ, թէ՞ չօգնել»:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles