ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Դեռ հազիւ ամիս մը առաջ, Մ.Ա.Կ.-ի ընդհանուր ժողովի 72-րդ նստաշրջանին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփ՝ հանդիպում մը ունենալով Էրտողանի հետ, յայտնած էր թէ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները սերտ կը մնային, իսկ Անգարա բանալի դաշնակից մըն էր:
Ըստ սովորութեան, անգամ մը եւս Սպիտակ Տան վարձակալը սխալած էր։ Այն ինչ որ ծայր առաւ Կիրակի, Հոկտեմբեր 8-էն սկսեալ եւ դուռ բացաւ թուրք – ամերիկեան լուրջ տագնապին, պարզ ու մեկին կը ցոլացնէ քանի մը ամիս առաջ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ մասնագիտացած թուրք պատմաբան Սօնէր Չաղափթայի վերջերս լոյս ընծայած՝ «Նոր Սուլթանը. Էրտողանն ու ժամանակակից Թուրքիոյ տագնապը» («The New Sultan: Erdogan and the Crisis of Modern Turkey») գիրքին մէջ ներկայացուած գաղափարները, կարծիքները եւ թեր ու դէմ արտայայտութիւնները:
Պատահած եւ դեռ ալ պատահելիք տագնապներէն մէկը ստեղծուեցաւ նորելուկ սուլթանի «կաթիլ մը մեղր»եան արարքով՝ Պոլսոյ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսարանը ծառայող տեղացի պաշտօնեայի մը ձերբակալութիւնն ու հարցաքննութիւնը:
Պատրուակը այն էր, թէ խնդրոյ առարկայ պաշտօնեան կը գործէր ի նպաստ Էրտողանի երբեմնի մտերիմ գործակից եւ այժմ ոխերիմ թշնամի Ֆէթիհ Կիւլէնի, որ տարիներէ ի վեր Փենսիլվանիա բնակութիւն հաստատած է եւ Անգարայի կողմէ կը նկատուի 2016-ի ամրան կատարուած յեղաշրջման փորձին թիւ մէկ մեղսակիցը:
Ամերիկեան հիւպատոսարանը գործող տեղացիներու ձերբակալութիւններու շարքը շարունակուեցաւ, եւ նոյնիսկ ընտանեկան անմիջական պարագաներ կալանքի տակ առնուեցան: Բնականաբար, այս դէպքերու լոյսին տակ, Ուաշինկթըն դիմեց կտրուկ միջոցառումներու, Թուրքիոյ քաղաքացիներուն մուտքի արտօնագիր չտրամադրելով, բացառութեամբ արտագաղթի գործընթացին: Նոյնքան արագ եղաւ Անգարայի պատասխանը, որ իր կարգին որոշեց Միացեալ Նահանգներէն Թուրքիա ժամանող այցելուներուն մուտքի արտօնագիր չշնորհել:
Միթէ անցեալ Մայիսին Թուրքիոյ տագնապներէն մէկն ալ չպատահեցա՞ւ Ուաշինկթընի մէջ, երբ նոր սուլթանին թիկնապահները, իրենց շահագործած եւ օգտագործած սուլթանութենէն մղոններ հեռո՜ւ, բոլորովին տարբեր միջավայրի մէջ, իրենց կողքին ունենալով տեղւոյն թրքական հիւպատոսարանի կարգ մը պաշտօնեաները, ամենայն յանդգնութեամբ յարձակեցան խաղաղ ցուցարարներուն վրայ, ոտնակոխ ընելով քաղաքացիի խաղաղ հաւաքի իրաւունքն ու խօսքի ազատութիւնը:
Արդեօք այսպէ՞ս կարելի է նկարագրել Թուրքիոյ՝ 21-րդ դարաշրջանի առաջին մահմետական ուժին վերելքը («The New Sultan: Erdogan and the Crisis of Modern Turkey».- 2014-ին հրատարակուած Սօնէր Չաղափթայի այլ գործերէն մէկը)::
Ուժ մը…կառոյց մը, որուն ծննդոցէն իսկ Միացեալ Նահանգները իր անմիջական ներդրումը ունեցած էին, կարծելով թէ պիտի կարենայ ամենայն հմտութեամբ եւ հանգստութեամբ ստանձնել ղեկավարութիւնը, որուն տէրն ու տիրականն է ժամանակակից Թուրքիոյ տագնապներու ստեղծման ետին կագնող Սուլթան Էրտողանը: