Image may be NSFW.
Clik here to view.
ԹԵՀՐԱՆ.- Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան Իրանի նախագահի հրաւէրով Հոկտեմբեր 9-ին երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ:
Վարչապետը հանդիպումներ ունեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի, նախագահի առաջին տեղակալ Էսհաք Ճահանկիրիի եւ խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանիի հետ:
Իրանի նախագահի նստավայրին մէջ, տեղի ունեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ հանդիպումը:Image may be NSFW.
Clik here to view.
Կարապետեան շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալութեան համար եւ փոխանցեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ողջոյններն ու բարեմաղթանքները: «Հայաստանը շատ կարեւոր կը նկատէ դրացի Իրանի հետ ունեցած ջերմ եւ բարեկամական յարաբերութիւնները, որոնք ունին դարաւոր պատմական լուրջ հիմքեր եւ հիմնուած են փոխադարձ շահերու վրայ: Կրնամ ուրախութեամբ նշել, որ այդ յարաբերութիւնները կը գտնուին բարձր մակարդակի վրայ, եւ երկկողմանի համագործակցութիւնը կը շարունակէ զարգանալ փոխըմբռնումի մթնոլորտի մէջ», յայտնեց Հայաստանի վարչապետը:
Զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին շարք մը մարզերու մէջ, մասնաւորապէս, ուժանիւթի բնագաւառին, գիւղատնտեսութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութեան, զբօսաշրջութեան, «Սիւնիք» եւ «Արաս» ազատ տնտեսական գօտիներու համագործակցութեան խորացումն ու ընդլայնումը, երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներու աճը:
Կարապետեան ընդգծեց հայ-իրանական քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակը: Կողմերը անդրադարձան Արցախի տագնապի խաղաղ լուծման եւ շրջանային խնդիրներուն առնչուող հարցերու: Վարչապետ Կարէն Կարապետեան նշեց, որ Հայաստանը բարձր կը գնահատէ Իրանի հաւասարակշռուած վերաբերմունքը Արցախի տագնապին գծով, որ շրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապահովման կարեւոր երաշխիքներէն է:
Նշենք նաեւ, որ Իրան կատարած պաշտօնական այցելութեան աւարտին` Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեան այցելեց Թեհրանի Սուրբ Սարգիս առաջնորդանիստ եկեղեցին: Վարչապետը հանդիպում ունեցած է Թեհրանի թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանին եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
↧
Հ.Հ. Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Այցելեց Իրան
↧