Շատ կը կարդանք եւ շատ կը լսենք Հայութեան դիմագծի մասին, հայութեան կենցաղի մասին: Կարծիքներ ու տեսակէտներ շատ են եւ բազմակողմանի,ամէն մէկը իր փլիսոփայութիւնն ու հայեցակէտը ունի։
Խօսողները շատ են, նաեւ գրողները, սակայն լուրջ մօտեցում չկայ: Նիւթ մը որ կը հետաքրքրէ բոլորին, սակայն բոլոր տուեալները, առաջարկները ցոյց կուտան ,որ բոլոր այդ մտքերը ընդունելի չեն եւ երբեմն վնաս կը հասցնեն։ Անոր փոխարէն պէտք է փնտռել բարի գործունէութիւն մը ,որ նպաստաւոր է մեզի համար։ Մենք պ¾տք չէ ձգտինք բոլոր այն կարգախօսներուն որ մեզ երեւակայական աշխարհի մէջ կը պահեն, այսինքն ապրիլ անիմաստ երեւակայական աշխարհի մէջ:
Մենք պէտք է ձգտինք նոր եւ բարի մարդասիրական սկզբունքներու, որոնք մարդկային են եւ որոնք կը հետաքրքրեն ողջ մարդկութիւնը։ Մենք պէտք է մեզ բարձր պահենք բոլոր անիմաստ կոչումներէ, եւ ունենանք մէկ եւ բարձր նպատակ, հայը հայ պահել, հայը մաքուր պահել։ Հայու նկարագիրը պէտք է, որ զերծ մնայ բիծերէ, ըլլայ մաքուր զուլալ ջուրի եւ հայելիի պէս, ըլլայ մարդկային եւ հոն նայողը իր անձը, իր ազգը կշռէ տիպար օրինակ բերելով:
Ի՞նչ ըսել է ես հայ եմ կը բաւէ, կամ հայերէն խօսելով կը բաւարարուիմ, սակայն իրենց արարքները տգեղ ու վատ են եւ հայուն պատիւ չի բերեր։ Պէտք է լուրջ ու անսխալ ըլլանք եւ այդ հարցի կարգաւորման համար կարիք ունինք գիտական մտքերու:
Օդի մէջ չխօսինք, այլ լուրջ միջոցներ որդեգրել պէտք է, լուրջ հետեւողականութիւն պէտք է, եւ գործ ու միայն գործ, խօսքը առանց գործի պարապ բան է: Կրնան խօսիլ այն մարդիք, որոնք գործունեայ են, ոչ անոնք որոնք միայն պարապ ցցմունքներ կը կատարեն, ժամանակ կը վատնեն եւ դիմացինին ժամավաճառ կ՛ընեն։ Այդպիսի մարդկանց կարիք չունինք, եւ նկատի ունեցէù, թէ անոնք որոնք շատ կը խօսին չեն գործեր կամ քիչ կը գործեն, ի հարկէ բացառութիւնÝերը յարգելի են։
Ընդհանñապէս մարդիկ հապճէպ առաջարկներ կ՛ընեն եւ արագ լուծումներ կու տան հայու դիÙագիծը մաքուր պահելու, կարծելով որ վերջնական է խնդրի լուծումը։ Եթէ լուրջ մօտենանք հարցին պիտի տեսնենք թէ խնդիրը աւելի բարդ է եւ կը կարօտի կեդրոնացած խոկումի եւ գործնական աշխատանքի …:
Ուստի կը պահանջուի բոլոր մտաւորականներէն, գրագէտներէն եւ քաղաքական գործիչներէն սատարել բոլոր այն գործունէութիւնները, որոնք կը նպաստեն հայութեան, հայապահպանման եւ հայ կենցաղը բարձրացնելու գործընթացին։ Կենցաղ պահելը եւ հայապահպանումը լոկ խօսքով չ՛ըլլար, այլ գործով, պայքարելով, սատարելով բոլոր ազգային գործáõնէութիւնները, որոնք կը նպաստեն, հայ պատկերը եւ հայ կենցաղը անարատ եւ մաքուր, անբիծ պահելու գործին։
Եւ երբ մենք կ՛ըսենք այստեղ մեր դպրոցներով, մեր ակումբներով, մեր ճառերով կրնանք մեր հայ կենցաղը պահել այդ ինքնախաբէութիւն է։ Ճիշտ է շատ կարեւոր են դպրոցը, եկեղեցին, ակումբները, միութիւնÝերը, սակայն անոնց հետ քայլ պահել պէտք է, չ՛ըսենք հայկական է ու անցնինք, մենք ոչ խօսքով այլ գործնական քայլերով պէտք է դէմ կանգնինք մեր օտարացման, հայ կենցաղը չ՛ընդունիր իր մէջ ունենալ խոտոր ու վնասակար տարրեր։ Մենք երբ հայ կ՛ըսենք պէտք է իրաւ հայ ըլլանք։ Հարցուցէ՛ք լեզուաբաններուն, հայագէտներուն, տեսէ՛ք քանիներ մաքուր հայերէն կը խօսին, կամ կը գրեն, կամ հայ բառեր կը գործածեն։ Նոյնիսկ կարելի է ըսել դաստի³րակներն ալ երբեմն օտար բառեր եւ օտար ասացուաÍքներ կը գործածեն , որոնք կը քաջալերէ որ նոր սերունդը իր հայութիւնն ու հայկականութիւնը կորսնցնէ։ Այո՛, պէտք է խիստ ըլլանք և աչալուրջ եւ պահենք մեր ինքնութիւնը իբր հայ և իբր ազգ։ Պէտք է հետեւինք եւ պահանջատէր դառնանք, ու թոյլ չտանք ափեղóփեղ արտաÛայտութիւնÝերու մեր մտաւորականները պէտք է արÃուն հրեշտակի պէս հսկեն որ չկորëáõինք։ Մենք հայ ենք »õ հայ պէտք է մնանք լեզուով գործով, նկարիգիրով »õ մաքուր հայ կենցաղով ։