
Թարգմանեց՝ Պետիկ
Սիրելի ուսուցիչս, եւ յարգելի ուսուցչուհիս,
Ձեզմէ, այս վերամուտին կը խնդրեմ, որ ուսուցանելու ձեր մարդկային կոչումին վրայ աւելցնէք նաեւ ուրիշ դերակատարութիւն մըն ալ, որ թէեւ նոր չէ, բայց եւ այնպէս շատ կարիքը ունինք՝ այս օրերուն:
Յայտնեմ, որ մենք այլեւս չենք ապրիր մեր տան մէջ: Հայրս ալ այլեւս իր գործատեղին չ’երթար: Այս օրերուն իր ունեցածը փոքր արկղ մըն է, դրուած փողոցի մայթին վրայ:
Ըսի՛, այլեւս մեր տան մէջ չենք, ուր իւրաքանչիւրս իր առանձնասենեակը ունէր, այլ՝ բոլորս միասին կ’ապրինք, մէկ սենեակի մէջ:
Այլեւս պտուղ չենք գներ, եւ ինձմէ մի պահանջէք իւրաքանչիւր նիւթի համար տետրակ, հաւատացէ՛ք, մեր տան մէջ սեղան նոյնիսկ չունինք, եւ սկսած ենք գրել եւ դաս սորվիլ գետնինը նստած: Ուստի, մի՛ բարկանաք, եթէ ձեռագիրս չհաւնիք:
Ես հոս ձեր մօտ չեմ եկած միայն սորվելու համար: Եկած եմ սրտիս մէջ ունենալու այն յոյսը, որ դո՛ւն, ո~վ ուսուցիչ, սրտիս կեանք եւ յոյս պարգեւես, որոնք արդէն իսկ մեռած են եւ կամ մեռնելու վրայ են:
Ինծի իմ սիրտս սիրով եւ յոյսով լեցնելէ առաջ, մի սորվեցներ թուաբանութիւն կամ քերականութիւն:
Յարգելի ուսուցչուհիս,
Այլեւս չեմ կրնար քեզ տեսնել գաւազանդ ձեռքիդ՝ պատրաստ զիս հարուածելու համար
Այլ կ’ուզեմ, որ սիրտդ բանաս, զիս գրկելու եւ կուծքիդ սեղմելու:
Դասի պահուն, ընկերներուս դիմաց իմ թոթովելուս կամ կնկմալուս համար, զիս մի՛ ծաղրեր:
Ես այն փոքրիկ տղան եմ, որ մահուընէ եւ փամփուշտէն կը վախնայ, եւ այլեւս ի վիճակի չէ յաւելեալ տանջանքներ կրելու:
Ինծի տան պարտականութիւն մի՛ տար, որովհետեւ ո՛չ մայրս եւ ո՛չ ալ հայրս ինծի պիտի կարենան օգնել: Անոնք կ’ողբան եղբօրս մահը, որ սպաննուեցաւ:
Ես ժամանակէն առաջ մեծցայ եւ այլեւս դասերուս օգտակար դառանալու համար ես կ’ամչնամ իրենցմէ օգնութիւն խնդրել, որովհետեւ կը տեսնեմ, որ անոնք վարդի նման արդէն իսկ թոռամած են:
Սիրելի Ուսուցիչս, Աստուած քեզի պահէ, զիս յուսախաբ մի ըներ, եւ ինծի համար եղիր յոյսի ժպիտը եւ ոչ թէ նոր հոգսի մը աղբիւրը: