Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Աթէնքի Մէջ Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Եւ Միջին Արեւելքի Մարմիններու Ռայոնական Ժողով

$
0
0

 

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի հրաւէրով,  30 Սեպտեմբեր եւ 1 Հոկտեմբեր 2017ին, Աթէնքի մէջ կայացաւ եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի տարածաշրջաններու Հ.Յ.Դ. Մարմիններու Ռայոնական Ժողովը, որուն կը մասնակցէին երկու տասնեակ երկիրներէ ներկայացուցիչներ: Ժողովին ներկայ էր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչը, Բիւրոյի անդամներ եւ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչը: Երկու օր տեւող քննարկումներու ընթացքին, առաջին հերթին Հ.Յ.Դ. Բիւրոն ներկայացուց նախորդ Մարմիններու խորհրդաժողովէն մինչեւ օրս երկարող իր գործունէութեան միամեայ գործունէութեան տեղեկագիրը,

որու լոյսին տակ կատարուեցաւ համապարփակքննարկում:

Ապա ժողովը հանգամանօրէն զբաղուեցաւ շրջաններու կազմակերպական, քաղաքական եւ յարաբերական օրակարգերով:

Ժողովը անդրադարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակի առիթով կազմակերպուելիք ձեռնարկներուն եւնախաձեռնութիւններուն ու այս իմաստով նաեւ ներկայացուց առաջարկներ:

Ռայոնական Ժողովը իրազեկ դարձաւ Հայաստանի ներքաղաքական կեանքի վերջին զարգացումներուն եւ այս ծիրէն ներս գնահատեցկոալիցիոն կառավարութեան մասնակցութիւնը եւ ցարդ ձեռքբերուած արդիւնքը,

իսկ յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձան Արցախեան հարցի վերջին զարգացումները:

Կարեւորուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի բանակներու հզօրացման անհրաժեշտութիւնը, շեշտը դնելով բանակի հանդէպ ցուցաբերուելիք համաժողովրդային նեցուկի ու զօրակցութեան ամրապնդման վրայ: Նաեւ կարեւորեց Հայաստանի տնտեսական հզօրացումի եւ ընկերային կենսամակարդակի բարձրացման անհրաժեշտութիւնը:

Ռայոնական ժողովը կենսական նկատեց Հայաստան–Սփիւռք նոր որակ ու հնչեղութիւն տալու առաջադրանքը եւ այս ծիրէն ներս՝Հայաստանի ու Արցախի դիմագրաւած խնդիրներն ու մարտահրաւէրները համահայկական մնայուն ուշադրութեան կեդրոնարժանացնելու հանգամանքը:

Ժողովը անդրադարձաւ նաեւ նոր ծրագիրներու եւ վերջին շրջանին ստեղծուած աշխատանքային նոր գործադաշտերուն:Կազմակերպական յաւելեալ հզօրացման ուղղութեամբ, ժողովը ներկայացուց նոր առաջարկներ:

Հ.Յ.Դ. ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles