Image may be NSFW.
Clik here to view.
ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Շաբաթ, Սեպտեմբեր 23-ին, կարեւոր հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ՝ Եդուարդ Նալպանտեանի եւ Էլմար Մահմետիարով, ներկայութեամբ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա) եւ Էնտրու Շոֆըրի (Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքի:
Հանդիպումէն ետք համանախագահները հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ թէ.- «Խորհրդակցութիւններուն հիմնական նպատակը տագնապի գօտիին մէջ տիրող ներկայ իրավիճակը քննարկելն էր, բանակցային հոլովոյթի աշխուժացման ուղիներ գտնելը եւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ հանդիպում նախապատրաստելը: Կ՛ակնկալենք, որ այս հանդիպումը նպաստէ կողմերուն միջեւ վստահութեան աճին, եւ անոնք քաղաքական կամք դրսեւորեն՝ հարցի առանցքային հարցերու փոխզիջումային լուծումներ գտնելու համար: Նախարարները պատրաստակամութիւն յայտնեցին աշխատելու համանախագահներուն հետ՝ մօտիկ ապագային արդիւնաւէտ հանդիպում կազմակերպելու համար: Համանախագահները կը ծրագրեն Հոկտեմբերին այցելել շրջանը»:
Երկու նախարարներուն հանդիպման նախորդեցին ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի նախագահներուն հետ նախարարներու առանձին հանդիպումները: Նախարար Նալպանտեան հանդիպումին ընթացքին շնորհաւորեց Միացեալ Նահանգներու նոր համանախագահը՝ պաշտօնը ստանձնելուն առիթով, ընդգծելով համանախագահութեան կարեւոր առաքելութիւնը ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ հանգուցալուծման հասնելու իմաստով: Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուեցան Արցախեան տագնապը բացառապէս խաղաղ միջոցներով լուծելու տարբերակը յառաջ տանելու նպաստող պայմաններ ստեղծելու առնչութեամբ: