Տասը օրէ ի վեր Արմենակ Հայաստան է, տասը անգամ տասը գեղարուեստական եւ գրական հանդիպումներու ներկայ եղած է: Թերթի եւ հեռատեսիլի կարիք չունինք: Կարեւոր, անկարեւոր, անկարեւոր կարեւոր լուրերը ինք կը բերէ:
Մակարուհին սուրճը սպասարկեց խոհանոցի սեղանին շուրջ: Տրտնջաց:
– Առաջ Արարատը կը տեսնէինք պատուհանէն: Շէնք բարձրացուցին եւ հիմա ալ չենք տեսներ: Զրկուեցանք նոյնիսկ գերի Արարատը տեսնելու մխիթարութենէ:
Կարծէք Արմենակ ազդանշանի կը սպասէր:
– Դեռ ինչե՜ր պիտի չտեսնես, չլսես եւ մանաւանդ՝ լսես:
– Նորէն ի՞նչ գտեր ես ըսելիք,- քրթմնջաց Էլպիս:
– Մակա՛ր, կիրակի օր տարեց գեղանկարիչի մը յոբելեանին ներկայ եղայ: Այն սերունդէն, որուն նկարներուն մէջ ջերմութիւն կար, հողի եւ երկինքի, բան մը կը հասկնայիր: Ըստ սովորութեան, խօսողները իրարու յաջորդեցին: Սովետի, հայրենական պատերազմի, անկախութեան, երկրաշարժի, եւ յոբելեարի ժամանակակիցներուն մասին պատմեցին: Անգիր սորվածի պէս: Հիմա կրնամ նկարիչին կենսագրականը գրել ֆէյսպուքի վրայ եւ անունս ալ տակը դնել, գրոց-բրոցի պէս: Խօսեցաւ սփիւռքահայ մըն ալ, ան ալ պատմեց, բայց ոչինչ ըսաւ յոբելեարին եւ անոր արուեստին մասին, այլ խօսեցաւ ինք իր մասին, թէ ինչպէս հանդիպեր են. «Ես զինք տեսայ, ես զինք հրաւիրեցի, ես սիրեցի իր գործը, ես իր ըսածներէն ճանչցայ Հայաստանը, ես իրեն կը հանդիպէի ամէն անգամ որ Հայաստան կու գայի…. ես, ես, ես…»: Կարծէք իր յոբելեանին համար հաւաքուած էին մարդիկ:
– Արմենա՛կ, եթէ մարդը նկարչութենէ չէր հասկնար, եթէ բաժակաճառ ըսելու վարժութիւն չունէր, բան մը պիտի ըսէր, քանի որ իր ձեռքը խօսափող տուած էին: Բոլոր դուրսէն եկողներուն պէս հոս կարեւորութեան շապիկ կը հագնի եւ կը հագցնեն:
– Մակա՛ր, երբ դուրս կու գայինք սրահէն, յոբելեարին սերնդակից կին մը, քովէն քալողին կ’ըսէր. «Ինչի՞ համար այդ անգրագէտ սփիւռքահային խօսք տուեցին»: Ուրախացայ, որ դեռ ողջմիտներ կային:
Արմենակ պինդ լաւատես մըն է:
– Մակա՛ր, թերթին մէջ գրէ այս մասին, ըսէ՛ որ մարդիկ իրենք իրենց խնայեն «անգրագէտ սփիւռքահայ» կոչուելու արհամարհանքը եւ մերժեն իրենց քիթին տակ դրուած խօսափողը:
Մակար, սեպտեմբեր 2017, Երեւան