Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Մ.Ա.Կ.-ի Ապիոնէն Նախագահ Սարգսեան Վերջնագիր Յղեց Անգարային

$
0
0

ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Սեպտեմբեր 19-ին Հ.Հ. Նախագահ Սերժ Սարգսեան Մ.Ա.Կ.-ի կեդրոնատեղիին մէջ մասնակցեցաւ Մ.Ա.Կ.-ի Ընդհանուր ժողովի 72-րդ նստաշրջանին եւ արտասանեց Հայաստանի պաշտօնական խօսքը, որուն մէջ յատկապէս անդրադարձաւ Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն եւյայտնեց թէ.- «Մենք Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը երբեք նախապայման չենք դարձրել Հայաստանի եւ Թուրքիայի երկկողմ յարաբերութիւնները կանոնակարգելու համար: Աւելի՛ն, հէնց Հայաստանի նախաձեռնած գործընթացի շնորհիւ 2009 թուականի հոկտեմբերին կնքուեցին Ցիւրիխեան արձանագրութիւնները:…Այդ փաստաթղթերն առ այսօր չեն վաւերացուել եւ հանգրուանել են պաշտօնական Անգարայի մութ գզրոցներում: Թուրքիայի կառավարութիւնը անհեթեթ նախապայմաններ է առաջ քաշում դրանք վաւերացնելու համար, որոնք բնաւ չեն բխում արձանագրութիւնների տառից եւ ոգուց: Այդ ամէնի հանդէպ հայ ժողովրդի յստակ վերաբերմունքը ես արտայայտեցի երեք տարի առաջ` այս բարձր ամպիոնից:
«Այժմ եկել է լրացուցիչ պարզաբանում տալու ժամանակը: Թուրքիայի ղեկավարութիւնը սխալւում է, եթէ մտածում է, որ ինքը կարող է առյաւէտ պատանդ վերցնել այդ փաստաթղթերը եւ վաւերացնել միայն իրեն յարմար առիթով: Արձանագրութիւնները բանակցուել են ներկայիս պայմաններում` առկայ խնդիրներին լուծում գտնելու համար:
«Դրանց կենսագործման ուղղութեամբ շարունակաբար որեւէ դրական տեղաշարժի բացակայութեան պայմաններում Հայաստանը այդ երկու արձանագրութիւնները յայտարարելու է առ ոչինչ: Մենք 2018 թուականի գարուն ենք մտնելու առանց այդ, ինչպէս, ցաւօք սրտի, փորձը ցոյց տուեց, սին արձանագրութիւնների:
«Հայաստանը, այնուամենայնիւ, շարունակում է համոզուած լինել, որ իւրաքանչիւր երկու հարեւան պետութիւններ պարտաւոր են հիմնել եւ վայելել կանոնաւոր յարաբերութիւններ` իրենց միջեւ հնարաւոր բոլոր տարաձայնութիւնները քննարկելու եւ դրանց լուծումները գտնելու նպատակով», դիտել տուաւ հանրապետութեան նախագահը:
Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն` ան շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց այն բոլոր երկիրներուն, որոնք ճանչցած են աւելի քան դար մը առաջ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը:
Սարգսեան իր խօսքին մէջ նաեւ անդրադարձաւ Արցախեան տագնապին մասին, ընդգծելով երկու նախապայման` Արցախի ժողովուրդի ազատ կամքի արտայայտութեան իրաւունքը եւ ապահովութեան երաշխաւորումը: “Մնացեալ հարցերը ածանցեալ են եւ կը լուծուին խնդրի կարգաւորման զուգահեռ”, եզրակացուց ան:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles