Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՎԵՐԱՀՍԿՈՂՈՒԹԵԱՆ ԿԵՆՍԱԿԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

$
0
0

Կարօ Արմենեան

Ուաշինկթըն  

Սեպտեմբեր 20, 2017

Առանց մեկնաբանութեան, դիմատետրի գործընկերներուս ուշադրութեան կը յանձնեմ Աւետիս Բաբաջանեանի մտահոգիչ յօդուածը ռուսական զէնքի կարգավիճակը տնօրինելու կոչուած հայ-ռուսական համաձայնագրին մասին։ Յօդուածը լոյս տեսած է «Առաջին Լրատուական»ի կայքին վրայ։ Բաբաջանեան կ՚արծարծէ խիստ էական նշանակութիւն ունեցող խնդիրներ, որոնք նոր միայն կը դառնան հանրութեան սեփականութիւնը։ Անոնք անմիջականօրէն կապ ունին Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան հետ։ Համաձայնագրի բնագրին հասու չըլլալով ՝ առայժմ կը բաւարարուիմ յօդուածը արտատպելով եւ միաժամանակ շեշտելով, որ ազգը այսօր կը տառապի հաւաստի տեղեկութեան պակասէն։ Եթէ մեր երկրին անվտանգութեան հիմնախնդիրը ամբողջ ազգին խնդիրն է եւ եթէ ԱԶԳ-ԲԱՆԱԿ իմացութիւնը սին լոզունգ մը չէ, հանրութեան իրաւունքն է լիարժէք լուսաբանութիւն ստանալ կենսական նշանակութիւն ունեցող ազգային պաշտպանութեան այսպիսի հարցերու կապակցութեամբ։

Զէնքերու մատակարարման ընկերացող համաձայնագրերը գրեթէ միշտ կը պարունակեն որոշ պարտաւորութիւններ կապուած անոնց գործածութեան հետ։ Ընդհանրապէս անոնք կապ ունին նախայարձակ գործողութիւններու, ներքին դաշտի խռովութիւններու,  կենսոլորտային նախազգուշութիւններու, որակեալ մարդոյժի եւ նմանօրինակ այլ հարցերու հետ։ Անհեթեթութիւն է պատկերացնել, որ անոնք միջամտեն գնորդ երկրի ինքնապաշտպանական որոշումներուն։ Կ՚ենթադրեմ, թէ այս կէտը յստակացուած է համաձայնագրի բնագրին մէջ։ Եթէ չէ յստակացուած, Ազգային Ժողովը անպայման պէտք է պահանջէ անոր ԳՐԱՒՈՐ յաւելումը։ Ոչ մէկ պետութիւն բարոյական իրաւունքը ունի ինքնապաշտպանութեան իր ԱՆՕՏԱՐԵԼԻ իրաւունքը գրաւի տակ դնելու։ Այդ մէկը դուրս կ՚իյնայ գործադիր իշխանութեան առանձնաշնորհումներու (executive privilege) շրջագծէն, քանի որ ան ամբողջ ազգին անբռնաբարելի իրաւունքն է։ Եւ խորհրդարանն է երաշխաւորը այդ վերահսկողութեան։

Հետեւաբար խիստ մեծ նշանակութիւն ունի յիշեալ համաձայնագրին խորհրդարանական քննարկումն ու վերահսկողութիւնը։ Պէտք է ողջունել յօդուածագիր Բաբաջանեանը իր աչալրջութեան համար։ Կ՚ըսպասենք, որ այլ մասնագէտներ եւս խօսին հանրութեան բեմերէն եւ լուսաբանեն մեզ։ Եւ պէտք է խօսի, առաջին հերթին, Հ.Հ. Ազգային Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը։ Ասիկա նաեւ եզակի առիթ մըն է ցոյց տալու, որ սահմանադրական նոր համակարգը իր փոխադարձ հակակշիռներով (checks and balances) արդէն իր դերին մէջն է։

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles