ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Օգոստոս 5-ին, Նիւ Եորքի մէջ, «Համազգային»ի Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Շրջանային Վարչութիւնը կատարեց լիագումար նիստ մը, որուն կարեւորագոյն օրակարգը, վերամուտի եւ յառաջիկայ տարեշրջանի վերաբերեալ պատրաստութիւններն էին:
Ներկայ էին Շրջանային Վարչութեան անդամներ՝ Արեւիկ Գաբրիէլեան (Նիւ Եորք – ատենապետ), Անի Աղաճանեան (Ֆիլատելֆիա – ատենադպիր), Քարի Ղազարեան (Ֆիլատելֆիա – գանձապահ), Յասմիկ Աբրահամեան (Նիւ Ճըրզի – Փոխ-Ատենապետ), Թալին Մավլեան (Նիւ Ճըրզի – խորհրդական), եւ Հելենա Պարտաքճեան (Տիթրոյթ – խորհրդական): Նանօր Պարսումեան (Պոսթըն – Խորհրդական) մասնակցեցաւ սքայփ-ով: Ներկայ էր նաեւ «Համազգային»ի Կեդրոնական Վարչութեան շրջանի ներկայացուցիչ՝ Հրայր Պարոնեանը, որ գնահատեց վարչութեան բեղուն գործունէութիւնը:
Կարճ ժամանակաշրջանի մը համար, նաեւ իր մասնակցութիւնը բերաւ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Յովսէփ Աւագեանը:
Իր կարգին, շնորհակալութեան խօսք ուղեց ատենապետ Արեւիկ Գաբրիէլեանը, որ շեշտեց թէ յառաջիկայ տարին ոչ թէ միայն Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հարիւրամեակն է, այլ նաեւ «Համազգային»ի 90-ամեակը, այս առթիւ, մանրամասնօրէն քննարկուեցան կազմակերպելու համար ձեռնարկներու շարք մը:
2018-ի Հիւսիսային Ամերիկայի երիտասարդներուն համար կազմակերպուած Artlinks չորրորդ հաւաքը, տեղի պիտի ունենայ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանէն ներս: Նաեւ, շրջանէն երիտասարդներ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն համախմբումին, որ կը կատարուի տարեկան դրութեամբ, Հայաստանի մէջ:
Ժողովը քաջալերեց որ շրջանէն ներս գործող զանազան գաղթօճախներու պարախումբերը հաւաք-զրոյցներ կազմակերպեն: Նշենք, թէ Օգոստոսին նմանօրինակ հաւաք մը մեծ յաջողութեամբ պսակուած էր:
Հուսկ, ժողովը նաեւ անդրարձաւ շրջանէն ներս քանի մը տարիէ ի վեր կատարուող զարգացման մրցումին (Hamazkayin Armenian Knowledge Bowle), որ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած է, յատկապէս երիտասարդներու մօտ:
↧
«Համազգային»ի Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Շրջանային Վարչութեան Վերամուտի Պատրաստութիւնները
↧