
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 7-ին, Ներկայացուցիչներու Տունը վաւերացուց Արցախի Հանրապետութեան բնակիչները լարուած ականներէ պաշտպանելու նպատակով՝ «HALO TRUST» կազմակերպութեան, մօտաւորապէս 1.5 միլիոն տոլարի նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելու առաջարկը, որ մտայղացումն էր յատկացումներու յանձնախումբի յարգուած եւ ազդեցիկ անդամ Տէյվիտ Վալատաոյի (Քալիֆորնիա)։
«Արցախի պատերազմին ընթացքին տեղադրուած ականներուն իբրեւ հետեւանք, այդ տարածաշրջանը բնակող տղամարդիկ, կիներ եւ երեխաներ կը գտնուին վիրաւորուելու կամ կեանքը կորսնցնելու վտանգին տակ։ Լեռնային Ղարաբաղի ընտանիքները ականներու վտանգէն ազատելու կարեւորութիւնը անհերքելի՛ է», շեշտեց Վալատաօ, որուն առաջարկի վաւերացման նպաստեցին նաեւ քոնկրԷսականներ Էտ Ռոյս, Էտըմ Շիֆ, Ֆրենք Փալոն եւ Ճեքի Սփիր։
Տեղեկացնելով այս լուրը, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաստատէ, թէ այս առաջարկը մաս կը կազմէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան 2018ի արտաքին օժանդակութիւններու ծրարին։ Քոնկրէսական Վալատաօ շեշտեց, թէ Արցախը ականազերծելու համար սկսած իր արշաւը՝ 2020-ին իր աւարտին հասցնելու կարեւորութիւնը: 2006-էն ի վեր, հարիւր հազարաւոր պայթուցիկ սարքեր եւ ականներ ոչնչացուած են՝ բազմաթիւ կեանքեր փրկելով եւ նպաստելով տարածաշրջանի կայունութեան:
Ողջունելով այս քայլը՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեան կը յայտնէ, թէ վերջին չորս տարիներու ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով է, որ Ներկայացուցիչներու Տունը պաշտօնապէս նեցուկ կը կանգնի Արցախին օժանդակութիւն տրամադրելու ծրագիրի մը։ Այդ տարիներուն, Ծերակոյտը աւելի ջատագով եղած է Արցախին օգնելու ջանքերուն։