Բացման խօսքով հանդէս եկած է Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի երդման համար Ազգային ժողովի դահլիճ բերուած էր Արցախի Սահմանադրութիւնը եւ 17-րդ դարու Աւետարան:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը ստանձնելու համար, երդման իր խօսքին մէջ, Բակօ Սահակեան յայտնեց.- «Ստանձնելով Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը` կ՛երդնում անվերապահօրէն կատարել Սահմանադրութեան պահանջները, յարգել մարդու եւ քաղաքացիի իրաւունքներն ու ազատութիւնները, ապահովել հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը, անկախութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ անվտանգութիւնը` ի փառս Արցախի Հանրապետութեան եւ ի բարօրութիւն Արցախի ժողովուրդին»:
Երդմնակալութեան արարողութեան օրհնութեան կարգ կատարեց Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, այնուհետեւ` շնորհաւորանքի խօսք յղած Բակօ Սահակեանին:
Երդման հանդիսաւոր խօսքէն ետք, Սահակեան խորհրդարանին մէջ հանդէս եկաւ ելոյթով, որուն ընթացքին մասնաւորապէս ըսաւ, որ Ազգային ժողովին կողմէ հրաւիրուած յատուկ նիստին ժամանակ ինք ելոյթ ունեցած է` իբրեւ նախագահի թեկնածու, ուր ներկայացուցած է իր եւ իր թեկնածութիւնը պաշտպանած քաղաքական ուժերուն տեսակէտները, մօտեցումները` Արցախի անվտանգութեան ապահովման, քաղաքացիներու բարեկեցութեան աստիճանի բարձրացման առնչութեամբ:
«Այդ ելոյթին մէջ մանրամասն անդրադարձած եմ բանակաշինութեան, մեր զինուած ուժերու մարտական ոգիի եւ պատրաստուածութեան հետեւողական բարձրացման, զինուորներու հասարակական խնդիրներու լուծման: Յատուկ ուշադրութեան արժանացուցած եմ ժողովրդավարական հոլովոյթներու եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղուած մեր կողմէ ապագային իրականացուելիք աշխատանքները: Մատնանշած եմ այն աշխատանքները, որոնք մենք ձեզի հետ միասին պէտք է իրականացնենք տնտեսութեան տարբեր ճիւղերուն` ուժանիւթի, հանքարդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան, քաղաքաշինութեան մարզերուն մէջ: Ներկայացուցած եմ, թէ ապագային ինչպիսի՛ն պիտի ըլլայ պետութեան քաղաքականութիւնը: Նշած եմ մեր երկրին համար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող կրթական համակարգի, մշակութային ոլորտի, զբօսաշրջութեան, մարմնակրթութեան, ժամանակակից արհեստագիտութիւններու զարգացման եւ հասարակական կեանքի ձեւաւորման ուղղուած քայլերը: Այսօր ձեր ներկայութեամբ ես կ՛ուզեմ համոզում յայտնել, որ մենք ձեզի հետ միասին ունակ ենք գիտակցուած, հետեւողական աշխատանքներ իրականացնելու` նշուած ծրագիրները եւ առաջադրանքները կեանքի կոչելու ուղղութեամբ», ըսաւ Բակօ Սահակեան: