ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
Հակառակ յոռետեսներուն, հարցումը ինքզինք կը պարտադրէ։ Յառաջիկայ շաբաթ՝ 18էն 20 Սեպտեմբերին կայանալիք Հայաստան-Սփիւռք վեցերորդ համահայկական համաժողովը պիտի կարենա՞յ դրական ոստումներ կատարել դէպի վաւերական ազգային միաւորում եւ իրապաշտօրէն միատեղ աշխատանքի համադրում՝ ի խնդիր հայրենիքի վերելքին եւ սփիւռքի կազմակերպական ամրապնդման։
Մեկնելով նախորդող հինգ համաժողովներու փորձառութենէն, թերեւս հասկնալի եւ դիւրին է յոռետեսական թէ ցինիկական տրամաբանութեամբ ի յառաջագունէ վճռել, թէ գալիք համահայկական հանդիպումը պիտի ըլլայ քարոզչական ու ինքնացուցադրման ազգային աւելորդ մարզանք մը, որ որեւէ որակական յառաջընթաց կամ օգտաշատ քայլ պիտի չկարենայ տրամադրել հայրենիք –սփիւռք յարաբերութիւններու հետեւանքային ակնկալութիւններուն։
Դժբախտաբար, հայրենի իշխանութեան կողմէ ցարդ ներկայացուած բացատրութիւնները եւ կատարուած պաշտօնական յայտարարութիւնները չեն սատարեր ակնկալութիւններու բարձրացման եւ հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններու վերաւորակաւորման յոյսերու զարգացման։ Թերեւս այս մտահոգութիւնները իսկապէս անտեղի են։ Ի վերջոյ հայրենի իշխանութիւնները եւ սփիւռքի ղեկավար շրջանակներու ներկայացուցիչները այս հարցերու քննարկման եւ ճիշդ լուծումներու որոնման երկար ճամբայ կտրած են։ Ուստի, հաւանաբար ժամանակը հասած է, որ մեր բոլորին համար կարելի եւ ընդունելի լուծումներու բանալին գտած ենք։
Լաւատեսութիւնը կրնայ նոյնքան բարեբեր հետեւանքներ ունենալ, որքան յոռետեսութեան ժխտական տրամադրութիւններու բացասական վերաբերմունքները։ Այս հակադիր բեւեռներու միջեւ կը տարուբերի հայ մարդը՝ հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ՝ ի տես յառաջիկայ շաբթուան համահայկական համաժողովի աշխատանքներուն։
Ուստի, մեզի կը մնայ առարկայականօրէն մօտենալու Հայաստան-Սփիւռք վեցերորդ համահայկական համաժողովի իրագործելիք առաջադրութիւններուն։
Նախ պէտք է հաստատել, որ այս համաժողովները ցարդ եղած են աւելի ձեւական, ծիսական, եւ բաղձանքային։ Ինչպէս առածը կ՚ըսէ, «թող օտարը մեզ գործի վրայ տեսնէ», հոգ չէ թէ գործը պարզապէս ծիսակատարութիւն է։ Յառաջիկայ համաժողովը կը խոստանայ ըլլալ տարբեր, այսինքն՝ ծիսակատարութենէ անդին՝ գործնական եւ աշխատանքային։
Այպէս, ի տարբերութիւն նախորդող հինգ համաժողովներէն, այս հանդիումը պիտի քննէ, գործնականացնէ ու հաստատէ Հայաստան-Սփիւռք փոխադարձ վստահութեան, միասնականութեան եւ պատասխանատուութեան սկզբունքները։ Երկրորդ, այս համաժողովին պիտի ներկայացուի համահայկական խորհուրդի մը կազմութեան առաջարկը՝ առ ի վաւերացում։
Հակառակ իրենց լոզունգային բնոյթին եւ էութեան, պէտք է քննել Հայաստան-Սփիւռք փոխադարձ վստահութեան, միասնականութեան եւ պատասխանատուութեան սկզբունքները։ Ասոնք իսկապէս առանցքը կը կազմեն հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ արդիւնաւէտ գործակցութեան։
Սկսինք շատ պարզ թուող փոխադարձ վստահութեան առաջարկով։ Հայրենիքը եւ սփիւռքը չեն կրնար փոխադարձ վստահութիւն չունենալ։ Հայրենիքը կը վստահի եւ կ՚ապաւինի սփիւռքին։ Փոխադարձաբար, սփիւռքը կը վստահի եւ կը գոյատեւէ հայրենիքով։ Սակայն, այս տեսակի փոխադարձ վստահութիւն պարզապէս զգացական բնագաւառով կը սահմանափակուի։ Զգացականէն անդէն գոյութիւն ունին քաղաքականի եւ ղեկավարումի բնագաւառները։
Աւելի քան ինը տասնամեակներ, սփիւռքը ինքզինք ղեկավարած է եւ ըստ այնմ ճշդած է իր քաղաքական առաջնահերթութիւնները։ Դժբախտաբար, սովետական շրջանի հայրենի կառավարութիւնը տեւաբար փորձած է տասնամեակներ շարունակ խանգարել քաղաքականացած ու կազմակերպուած սփիւռքի ինքնաղեկավարման գործընթացը։ Թերեւս ճիշդ չէ կրկին անգամ հին վէրքեր բանալ, բայց յանուն մեր ազգային պատմութեան, կարելի չէ չմատնանշել այն անվստահութեան մթնոլորտը, որ հայրենի խորհրդային իշխանութիւնները փորձեցին տարածել մեր գաղթօճախներու երկայնքին ու լայնքին։ Այս անվստահութեան վերաբերմունքը շարունակուեցաւ մինչեւ Հայաստանի Կոմկուսի առաջին Քարտուղար Կարէն Դեմիրճեանի օրերը, որ տակաւին 1972ի հայ կոմկուսի գերագոյն նիստին անհաշտ պատերազմ կը յայտարարէր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ անոր կողմէ կազմակերպ սփիւռքի գաղութներուն դէմ։
Նաեւ չմոռնանք անկախ Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի անհաշտ կռիւը Դաշնակցութեան եւ անոր կազմակերպ սփիւռքին դէմ, ուր ըստ առաջին նախագահին կը գործէին «նարինջ ուտող» սփիւռքահայերը, որոնց ոչ մէկ կերպով թոյլ պիտի տրուի, որպէսզի «կառավարեն» Հայաստանը։ Եւ Տէր Պետրոսեանական ՀՀՇականները գործի լծուած էին ոգի ի բերան պառակտելու Սփիւռքը, որպէսզի Դաշնակցութեան առաջնորդութեամբ սփիւռքահայերը «չզաւթեն» հայրենի իշխանութեան ղեկը։
Բարեբախտաբար, այսօր մեր ետին ձգած ենք սփիւռքը պառակտելու եւ պառակտուած գաղթօճախներուն տիրելու պոլշեւիկեան օրերը եւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանական սփիւռքն ու Դաշնակցութիւնը արհամարհելու ժամանակահատուածը։
Այսուհանդերձ, փոխադարձ վստահութեան առաջարկը կը մնայ ի զօրու՝ աւելի քան երբեք։ Հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ փոխադարձ վստահութեան հարցը ներքին հայրենական թէ ներքին սփիւռքեան խնդիրներու առնչութեամբ տարբեր, տարակարծիք կամ ուղղակի հակադրուող կեցուածներով պէտք չէ սահմանել եւ պէտք չէ սահմանուիլ։ Փոխադարձ վստահութիւնը, այս մակարդակի վրայ, կը վերաբերի քաղաքական, ղեկավարման, վարչատնօրինման եւ առաջնահերթութիւններու։
Հայրենիքը եւ սփիւռքը ունին իրենց սեփական քաղաքական ու վաչական ղեկավարման դրութիւնները եւ ներքին սեփական առաջնահերթութիւնները։ Սփիւռքը պէտք է ընդունի հայրենիքի սեփական մօտեցումները եւ, փոխադարձաբար, հայրենիքը պէտք է ընդունի սփիւռքի սեփական մօտեցումները։
Ուղիղ տարի մը առաջ, առանցին յօդուածով մը կը մատնանշէի թէ Սփիւռքը Հայաստան չէ։ Նոյն իմաստով, Հայաստանը սփիւռք չէ։
Փոխադարձ վստահութիւնը հիմնուած պէտք է ըլլայ այս սկզբունքային հասկացողութեան, ըմբռնողութեան եւ մօտեցումին վրայ։ Այլապէս, փոխադարձ վստահութիւնը պիտի վերածուի անստուգելի վարուելակերպի, իսկ միակ տուժողը պիտի ըլլան այն ազգային ու քաղաքական օրակարգերը, որոնք հիմքը կը կազմեն մեր ազգային առաքելութեան ու հաւաքական ճակատագրին։
Հայրենի իշխանութիւնները պէտք է ըմբռնեն եւ ընդունին սփիւռքի սեփական ղեկավարման նախապայմանները եւ օրակարգային առաջնահերթութիւնները։