Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Կռփամարտի կամ ընբշամարտի մրցումները կը մղուին ռաունտ-երով։ Հակառակորդները կը փորձեն իւրաքանչիւր ռաունտի կէտեր շահիլ կամ, անակնկալ հարուածով մը, հակառակորդը դիտապաստ զգետնել։
Նախագահ Թրամփի ընտրութենէն ասդին, Հիւսիսային Քորէայի հետ Միացեալ Նահանգներու մենամարտը նորանոր ռաունտեր կը բոլորէ, իբրեւ ուղղակի շարունակութիւն նախկին նախագահներու օրով արձանագրուած ահեղ կամ մեղմ ռաունտերուն։ Վերջին քանի մը շաբաթներու զարգացումներուն հետեւողը կ’ունենայ այն զգացումը (եւ զանգուածային մամուլը քիչ դեր չի խաղար նման զգացումներու հրահրման մէջ), թէ ո՛ւր որ է, Ասիոյ ծայրամասին կամ Միացեալ Նահանգներու այս կամ այն շրջանին վերեւ սնկաձեւ ամպ մը պիտի բարձրանայ, աշխարհը պիտի իյնայ Գ. Աշխարհամարտի ոլորապտոյտին մէջ, կորիզային հրթիռներով մահ ու աւեր պիտի սփռուի ամէն տեղ (ու ոչ ոք կրնայ գոհունակութիւն արձանագրել, որ նման պատերազմ կրնայ տեւել միայն քանի մը ժամ կամ քանի մը օր, եւ ոչ թէ նախընթաց աշխարհամարտերուն պէս՝ բազմաթիւ տարիներ…)։
Բնականաբար Փիոնկ Եանկ եւ Ուաշինկթըն մրցումի մէջ են նաեւ քարոզչական գետնի վրայ, մէկը միւսը կþամբաստանէ լարուած վիճակը ծանրացնելու մեղքով. Մ.Ա.Կ.-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը քանի մը օր առաջԱպահովութեան Խորհուրդի նիստին յայտարարեց, որ Հիւսիսային Քորէա «պատերազմ կը մուրայ», ըսել կ’ուզէր՝ կ’աղաչէ որ պատերազմ ծագի։
Ամբաստանութիւնները կարելի է ամփոփել քանի մը նախադասութիւններու մէջ. Ուաշինկթըն կ’ըսէ, որ Հիւսիսային Քորէա կորիզային զէնքեր կը փորձարկէ, կը փորձարկէ նաեւ միջին եւ հեռու հասողութեամբ հրթիռներ, որոնք կրնան կորիզային գլուխներ հասցնել ամերիկեան ցամաքամաս. հետեւաբար, կը պահանջէ փորձերուն դադրեցումն ու ապազինում։ Փիոնկ Եանկ Ուաշինկթընը կը մեղադրէ, թէ Հարաւային Քորէայի հետ ռազմափորձերով ու Ճափոնի հետ ռազմատենչ մարտավարութիւն հետապնդելով՝ կը կրէ լարուածութեան ամբողջ պատասխանատուութիւնը, հետեւաբար, կը պահանջէ ռազմատենչ ընթացքին դադրեցումը։
Ստեղծուած կացութեան մէջ, ու մանաւանդ հիւսիս-քորէական հրթիռներու մինչեւ Կուամի մօտերը թռիչքը ապացոյց բերելով, Ուաշինկթըն յաջողեցաւ Սէուլն ու Թոքիոն բերել իր յայտարարին վրայ։ Ճափոն, որ Բ. Աշխարհամարտէն ի վեր զինուորական կաշկանդումներու ենթակայ էր երկար ատեն եւ բացարձակապէս դէմ էր կորիզային եւ նման մահասփիւռ զէնքերու գործածութեան, ահաւասիկ քանի մը տարիէ ի վեր ճակատաբաց կը քալէ դէպի սպառազինում տանող մայրուղիին վրայ։ Հարաւային Քորէա նոյնքան նախանձախնդիր է սպառազինուելու. այս քայլերը կ’արդարացուին իբրեւ… «ինքնապաշտպանութեան արդար իրաւունք»։
Կը թուի, թէ Ճափոնի եւ Քորէաներուն մէջ մարդիկ կը տառապին յիշողութեան կորուստէ։ Սա նոյն Ճափոնն է, որ վերջերս «տօնեց» Հիրոշիմայի եւ Նակազաքիի վրայ (ամերիկեան) կորիզային ռումբերուն տարեդարձը։ Նոյն Քորէաներն են, որոնք յետ-աշխարհամարտեան ամէնէն արիւնալի պատերազմերէն մէկը մղեցին, «շնորհիւ» արտաքին ազդեցութիւններու. անունները կրնան փոխուիլ, բայց խաղին օրէնքը կը մնայ անփոփոխ… (իսկ խաղը լարողները վստահաբար կþափսոսան, որ Վիեթնամը վերամիացած է եւ գրեթէ անկարելի է անոր հիւսիսին ու հարաւին միջեւ նոր պատերազմ մը հրահրելը. քորէացիք աւելի՛ տրամադիր կը թուին ըլլալ իրենք զիրենք ջարդելու ուրիշներու հաշւոյն)։
Ռուսիա, Չինաստան եւ Եւրոպա կանգնած են ճատրակի տախտակին այս կամ այն տարածքին եւ կը փորձեն անդառնալի անկում մը կանխարգիլել։
Այս ընդհանուր պատկերը դիտող եւ ինքզինք յիշողութենէ չզրկող մարդը կը մտածէ, որ աշխարհ յայտնապէս դատապարտուած է քանի մը տասնամեակը անգամ մը խաղալիք դառնալու խելագար ու մանկամիտ «հերոսներու» ձեռքին։ Ժամանակին կային «հերոս» Հիթլէրն ու Մոսոլինին եւ անոնց դաշնակիցներէն՝ Հիրօ Հիթոն, որոնց դէմ ելան «իմաստուն» ուժերը եւ ամէնէն «իմաստունը»՝ Թրուման, Ճափոնին ցոյց տուաւ, թէ կրակի հետ խաղցողին ի՛նչ ճակատագիր կը սպասէ։ Հիմա, հերթը Թրամփինն է՝ կը մտածուի, եւ նման «սխրագործութեան» մը կրկնութիւնը ի յառաջագունէ արդարացի կը սեպուի արդէն։ (Բեմագրութիւնը այս անգամ այնպէս մը սարքուած է, որ չի նմանիր Սատտամ Հիւսէյնի Իրաքին վրայ յարձակումին արդարացման։ Կրտսեր Պուշն ու իր խմբակն ալ ատենին սնկաձեւ ամպի սպառնալիքը իբրեւ խաղաքարտ գործածեցին, ու երբ սուտը բացայայտուեցաւ, արդէ ուշ էր ու Իրաք -յետոյ նաեւ ուրիշներ- անդառնալիօրէն քանդուած էին…)
Անշուշտ բանիմաց մարդիկ կ’անդրադառնան, որ կորիզային պատերազմ մը խաղալիք չէ, որքան ալ մանկական խաղի վերագրուի երգիծանկարիչներու կողմէ…։ Ամէն բանէ առաջ, նման պատերազմ պատճառ պիտի ըլլայ, որ աշխարհի այս կամ այն գօտիին մէջ հրահրուող պատերազմները… վերջ գտնեն, հետեւաբար նաեւ զէնքի շահաբեր շուկաները փակուին։
Եթէ այս նկատողութիւնը կարելի էր դասել ենթադրութիւններու սիւնակին տակ, Երեքշաբթի, 5 Սեպտեմբերին, աշխարհը ստացաւ լուսաւորող փաստ մը. յայտարարուեցաւ, որ նախագահ Թրամփ համամիտ է որ Ճափոն եւ Հարաւային Քորէա արդիական (այսինքն շատ սուղ) զէնքեր գնեն. իսկ ծախողը պիտի չըլլան Սոմալին, Վենեզուելլան կամ Էսթոնիան։
Իրաքը, Լիպիան եւ այլ երկիրներ ռազմադաշտի վերածուեցան եւ Միջին Արեւելքն ու աշխարհի այլ շրջանները զէնքի հակայական շուկայի վերածուեցան. հիմա կարգը եկած է, ուրեմն, հարուստ Ճափոնին եւ Հարաւային Քորէային։ Չէ՞ որ անոնց տնտեսական աճն ու արդի արհեստագիտութեան ճամբով մեծ եկամուտները նիւթական լայն միջոցներ ապահոված են անոնց (անկախ այն իրականութենէն, որ Ճափոնի ու Հարաւային Քորէայի ապահոված շահերուն բաժնեկից են աշխարհատարած ընկերութիւններ, ինչպէս որ է պարագան, օրինակի համար, քարիւղով հարուստ երկիրներուն…)։
Ահա թէ ինչպէ՛ս կարելի է լուծել «Գ. Աշխարհամարտ»ի նախատեսութիւններու հանելուկը, գոնէ անոր մէկ բաժինը, որովհետեւ հաելուկը ունի այլ անյայտներ ալ, մաս մը՝ Մոսկուայի, ուրիշ մաս մը՝ Պէյճինկի ձեռքին։ Այդ հանելուկները լուծելու համար, պայման չէ որ «շերշէ լա ֆամ» (փնտռել կինը) ըսենք կամ բախտագուշակի մը ապակեայ գունդին մէջ նայինք…