Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Արցախ.- «Թիւֆէնքեան» Հիմնարկը Բնակարան Մը Եւս Տրամադրեց

$
0
0


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Օգոստոս 11-ին, Արցախի պաշտպանութեան համար ծառայած զինուոր՝ Գագիկ Պետրոսեան, ստացաւ բնակարան մը, վերանորոգուած եւ տրամադրուած, «Թիւֆէնքեան» հիմնարկին կողմէ, որ 2016-էն ի վեր գաղափարը յղացած է «Վիրաւոր զինուորներու բնակարանային ապահովում» ծրագիրը գործադրելու:
38 տարեկան Պետրոսեան վիրաւորուած էր 2016-ի աշնան: Անոր կողակիցը՝ Նունէն, նոյնպէս կը ծառայէ Արցախի պաշտպանութան բանակի շարքերուն մէջ: Պետրոսեանները բախտաւորուած են երկու դուստրով:
Ստեփանակերտի մէջ գտնուող Պետրոսեանի բնակարանի բանալին յանձնեց «Թիւֆէնքեան» հիմնարկի տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեանը, որ խօսք առնելով ըսաւ.- «Այս զինուորներն թողել են ամէն ինչ մեր երկրին ծառայելու եւ մեր սահմանները պաշտպանելու համար: Նրանց ընտանիքների համար արժանապատիւ բնակարանային պայմանների ապահովումը նուազագոյնն է, որ կարող ենք անել այս զինուորների համար», շեշտելով թէ այս աշխատանքը բարոյական պարտք մըն է:
Վերանորոգուած բնակարանի յանձման արարողութեան ներկայ էին նաեւ «Թիւֆէնքեան» հիմնարկի խորհուրդի անդամ՝ Անդրանիկ Գասպարեան, իտալահայ գրող Անթոնիա Արսլան, խումբ մը սփիւռքահայեր եւ տեղւոյն լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները:
Անդրանիկ Գասպարեան« իր կարգին, խօսք առնելով տեղեկացուց, թէ «Թիւֆէնքեան» հիմնարկի հիմնական աշխատանքները կը կատարուին այնտեղ, ուր ազատագրուած բնակչութիւն կայ՝ բնակարաններու կառուցում, փոքր գործարարութեան հնարաւորութիւններու ստեղծում, սակայն Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք, «Վիրաւոր զինուորներու բնակարանային ապահովում» նոր ծրագիրը գործադրուեցաւ եւ այսպէս վիրաւոր զինուորներու տրամադրուեցան բնակարաններ:
Արդէն իսկ այլ վիրաւոր զինուորներու տրամադրուած են բնակարաններ, երեքը՝ Մարտակերտի, երկուքը՝ Հատրութի, մէկական՝ Ասկերանի եւ Մարտունիի շրջաններուն մէջ:
«Թիւֆէնքեան» հիմնարկի Արցախի գրասենեակի տնօրէն Էտիկ Գրիգորեան յայտնեց, որ Պետրոսեանի բնակարանի շինարարական աշխատանքները սկսած էին Յուլիս 9-ին: Նոր ուսումնական տարեշրջանի սեմին, գրենական պիտոյքներ նուիրած են ընտանիքի երեխաներուն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles