Հեղինակութիւնը առանց վարկի կարելի չէ, ոչ ալ վարկը առանց հեռաւորութեան:Զօրավար Շարլ տը Կոլ, «Սուրին շեղբը» գիրքին մէջ:
Մեր պատմութեան ներկայ հանգրուանը կը յատկանշուի ոչ շատ հեռաւոր անցեալի պառակտումներու յաղթահարումով, նորերը չեն գիտեր անգամ անցեալի այդ սուր պառակտումները: Թէեւ Հայաստան եւ Սփիւռք(ներ) մէկ ազգ ըլլալու գիտակցուած եւ գործնական ծրագրումներով չեն միացած, դեռ չենք յաջողած ծնունդ տալ անվիճելի հեղինակութեամբ եւ արժէքներու վրայ հիմնուած եւ միութեան կնիքով ղեկավարումի: Անմիջական ճշդում մը. տարակարծիք ըլլալ չի նշանակեր պառակտուած ըլլալ:Այլ կարծիք ունենալ դրական է մինչեւ այն ատեն, որ կը ձգտինք յաւելեալ պարտականութեան իրականացման եւ ոչ յաւելեալ շահի եւ իրաւունքի ձեռքբերման: Երբ չենք առաջնորդուիր երկխօսութեամբ ընդունելու, որ միւսը եւ միւսները կրնան իրաւունք ունենալ, կը ծնի ամուլ եւ ամլացնող շատախօսութիւն, կը խորհինք, որ մէզմէ մէկը կամ միւսը, մէկ կամ միւս կողմը, ճշմարտութեան մենաշնորհը ունի: Նման մտածելաձեւ եւ անկէ բխած գործելաձեւ կ’առաջնորդեն լճացման: «Լճացում» բառը սովորական է, երբ ան կը բնորոշէ «միւս»ը կամ «միւսներ»ը: Չենք խօսիր «լճացման» իսկական պատճառներուն մասին, անոնք ըլլան ընկերային, տնտեսական, իմացական, արժէքներու, հեռանկարի եւ համակարգի մասին, որոնց աղբիւսին մէջ կը ծլին եւ կը բազմանան ի գին ամէն բանի յաջողութեան ձգտողները, այսինքն՝ արժէքներ եւ հեռանկար անտեսողները: Ասոնք, միջոցներու միջեւ խտրութիւն չդնելով, կը հասնին իրենց շահախնդրական եւ փառասիրական նպատակին, ի հարկին ոտնակոխելով «միւսը» եւ «միւսները», ինչպէս այդ կ’ըլլայ, օրինակ, ընտանեպաշտութեան,- nepotisme,- պարագային, որ դիրքի չարաշահում է:Կրկին պէտք է լսել պարտուած Ֆրանսայի ազատարար զօրավար տը Կոլի կեանքի փորձառութենէն բխած իմաստուն դատումը, ըստ որուն, «հասնելու համար միայն կան անոնք, որ ի գին ամէն բանի կ’ուզեն տեղ հասնիլ»: Arriviste-ին մէջ խտացուած իմաստով բառ չգտայ, կ’ըսենք շահախնդիր, փառատենչիկ, խորամանկ, ճարպիկ: Կը հասնին ոչ միայն այս կարգի մարդիկ, այլ կը գտնեն իրենց շուրջ դարձողներ, «կարկանդակ»էն իրենց բաժինը ունենալու համար: Պառակտումներու անհետացման չէ հետեւած հայ ազգային գաղափարական-քաղաքական միտքին պայծառացումը: Համեմատաբար խաղաղ պայմաններու մէջ կը յայտնուին փառասէր եւ տժգոյն միջակութիւններ, «ի գին ամէն բանի տեղ հասնելու» մարմաջ ունեցողներ, որոնք ընկերութեան լճացման եւ փտախտին պատճառ կ’ըլլան: Այս՝ ոչ միայն մեր «փոքր ածու»ին մէջ: Գրականութիւնը կտակած է հզօր պատկերներ, որոնց կը հանդիպինք, օրինակ ֆրանսացի մեծ գրող Հոնորէ տը Պալզաքի «Մարդկային Կատակերգութիւն» շարքին մէջ, «Ռասթինեաք»ը միշտ կենդանի է, նաեւ հայկական ընկերութեան մէջ: Մեր այնքա՜ն ցաւոտ ներկայ հանգրուանին, երբ բնական պիտի ըլլար առաջնորդուիլ ազնուութեամբ, բարի կամքով, ժամանակի գիտութեան ընձեռած բարիքներով ամրանալով, մեր արմատներուն հաւատարմութեամբ շարունակութիւն ըլլալու յանձնառութեամբ, անյիշաչարութեամբ, ողջմտութեամբ, արժէքներու ներշնչումով, չենք յաջողիր ապագայատես ցանկալի միութիւն ստեղծել ազգի հիմնախնդիրներուն լուծման համար: Ներսը եւ դուրսը: Ինչպէ՞ս եւ ինչո՞վ բացատրել այս միացման դժուարութիւնը: Ինչպէ՞ս կը յաղթահարուի այդ դժուարութիւնը: Նախ պէտք է կամենալ այդ դժուարութիւնը յաղթահարել: Ապա, ազգային-քաղաքական իրաւ, ոչ ձեւական, ոչ ջոջական գիտակցութեամբ, փորձել «ի գին ամէն բանի տեղ հասնելու», եւ բոլոր միջոցները ընդունելի համարելով դիրք գրաւելու ախտին դէմ պէտք է ցցուիլ, որպէսզի իմաստութեամբ օգտագործուի ազգին կարողականութիւնը (potentiel), իմացական, գիտական եւ այլ ներուժը, նուաճելով անկլօ-սաքսոն ողջմտութիւնը:Ողջմտութիւն՝ որ ինքզինք բանաձեւած է ըսելով՝ «յարմար անձը յարմար դիրքի վրայ» (the right man in the right place), որպէսզի զանգուածը լսէ, հասկնայ առաջադրանքը, ընդունի «ղեկավարութեան» խօսքը, նոյնիսկ եթէ ան զինք պիտի անհանգստացնէ: Զանգուածները չեն լսեր, ուշ կամ կանուխ դիմակներ կը պատռեն, ճապկումներով եւ միջոցներու միջեւ խտրութիւն չդնելով, ուրիշները առարկայի վերածող, զիրենք ձիուն քամակը բարձրանալու ասպանդակ համարողները:Մեծ, բազմանդամ, հարուստ եւ հզօր ժողովուրդները կրնան դիմանալ ի գին ամէն բանի տեղ հասնելու ձգտողներու (arriviste) յարձակման, բայց բազմիցս հարուածուած, հայրենահանուած, օտարացածներու իր բանակով եւ օտարման ուղիներու վրայ թափառողներու տարտղնուածներով եւ տարտղուողներով, հայութիւնը չի դիմանար:Պարտականութեան գիտակից եւ ստրկացումը մերժող մտաւորականութեան կարիք կայ, ներսը եւ դուրսը, լուսաբանելու համար հանրային կարծիքը, զարգացնելու անոր ընդոծին ողջմտութիւնը, որպէսզի իր վստահութիւնը, որ ժողովրդավարական համակարգի մէջ կը խտանայ որպէս քուէ, համարէ քաջութեան զէնք եւ տայ յարմար անձին յարմար տեղին համար: Նոյն մտաւորականութիւնը տեւաբար հաշիւ պիտի պահանջէ, հաշուետուութիւն, որպէսզի զանգուածները գիտնան, թէ ի՞նչ խոստացուած էր, ի՞նչ կարելի է եւ եղած է, չ’ըլլար:Իրաւ մտաւորականութիւնը ղեկավարութեան խթանողն է, պէտք է ըլլայ, որպէսզի ղեկավարութիւնները մնան ազգային առաջադրանքներու ուղիղ գիծին վրայ, երբ ձախողին ըսէ, որ պէտք է մեկնին, իրենց լուսարձակները բանան ջոկելու համար կարողութիւնները եւ որակը, ի հարկին հնչեցնելով մեկնումի զանգը, երբ ամլութիւնը կը տեւէ յաւերժանալով: «Հեղինակութիւնը առանց վարկի կարելի չէ, ոչ ալ վարկը առանց հեռաւորութեան», կ’ըսէ Ֆրանսայի ազատարար մեծ առաջնորդը: Ան գիտէր հեռաւորութիւն պահել, անձին օրինակով առաքինութիւն դրսեւորել, եւ ձաղկել իր երկրին մէջ դրսեւորուող ախտաւոր երեւոյթները, ըսելով՝ «հասնելու համար միայն կան անոնք, որ ի գին ամէն բանի կ’ուզեն տեղ հասնիլ»: Եթէ միայն կարենայինք, ներսը եւ դուրսը զանոնք հեռացնել, «հասնելու համար միայն կան անոնք, որ ի գին ամէն բանի կ’ուզեն տեղ հասնել»ու arriviste-ները, որոնք զիրար կը կոխկրտեն, ներազգային իսկական միութեան դարպասը կը բացուէր: Դարպաս՝ որ փակ պիտի մնայ այնքան ատեն, որ ժողովուրդի ընդոծին ողջմտութիւնը եւ անկլօ-սաքսոն the right man in the right place-ի իմաստութիւնը չյաղթանակեն: Անկախ մտաւորականութեան կարիք կայ, այնպէս ինչպէս զայն սահմանած է Պերդրանտ Ռասըլ. «Եւ կը խորհիմ, որ իմաստասէրին պարտականութիւնն է ըլլալ կարելի չափով քիչ ձեւազեղծող հայելի մը»: Երեք օր առաջ բազմաթիւ թերթեր լայնօրէն անդրադարձան պատմական մեծ նշանակութիւն ունեցող Սեւրի դաշնագրին: Բայց եօթը կամ տասը միլիոն հայերէն միայն մէկ հոգի ուխտի երթալու պէս այցելած է այն անձի շիրիմին, որուն անունը խորհրդանիշն է այդ փաստաթուղթին: Երբ իրաւ մեծերը կը մոռցուին իրենց հինցած շիրմաքարերուն տակ, ինչպէ՞ս հեղինակութիւններ կրնան յայտնուիլ: Յիշեցում՝ որ ձեւազեղծող հայելի չէ, անաղմուկ խոշորացոյց հայելի է…
↧
ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔ(ՆԵՐ) ՉԵՆ ՊԱՌԱԿՏՈՒԱԾ, ԲԱՅՑ ՉԵՆ ԱԼ ՄԻԱՑԱԾ
↧