Image may be NSFW.
Clik here to view.
Արա Սանճեան
Թագմանեց՝ Յարութիւն Մըսրլեան
Ստորեւ թարգմանաբար լոյս կ՛ընծայենք Փրոֆ. Արա Սանճեանի այս երկարաշունչ յօդուածը՝ «Centennial Minus One » խորագրով, որ հրատարակուած է EVN Report -ի Մայիս 28, 2017-ի համարին մէջ:
Մօտաւորապէս տարիէ մը, երկրագունտին չորս կողմը տարածուած շատ մը հայեր պիտի տօնեն 100-ամեակը Հայաստանի անկախ Հանրապետութեան հռչակման տարեդարձը որը պատահեցաւ Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի վերջին ամիսներուն: Կախում ունի թէ որ մէկ դարուն մէջ կը տեղադրենք հայկական միջնադարեան վերջին թագաւորութեան անկումը, բայց հայերուն մեծամասնութիւնը պիտի ըսէ որ Մայիս 28, 1918-ի հռչակագիրը նշանագրեց հայութեան էութեան վերադարձը աշխահի քաղաքական քարտէսին վրայ, վեցէն ինը դարի մը բացուածքէ մը յետոյ: Անոնք պիտի աւելցնեն նաեւ, որ այս հռչակագիրը խորհրդանշանն է հայ ժողովուրդի վերածնունդին, Օսմանեան Կայսրութեան մէջ իր ունեցած ցեղասպանութենէն միայն երեք տարի յետոյ:
2015-ին, Հայաստանի Կառավարութիւնը յաջողեցաւ մէկտեղել Սփիւռքի ազդեցիկ բոլոր կազմակերպութիւնները, համաշխարհային առումով եւ տպաւորիչ կերպով նշելու ցեղասպանութեան հարիւրամեակը, արդի հայոց պատմութեան ամենէն խաւար էջերէն մէկը: Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը նշելու աշխատանքը սկսած էր չորս տարի առաջ: Հայաստանի նախագահը Ապրիլ 23, 2011-ին նշանակեց պետական յանձնաժողով մը, համադրելու համար ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած բոլոր աշխատանքներն ու տօնակատարութիւնները:
Իբր հակապատկեր, կարելի է նշել այն իրողութիւնը, որ նոյն ա՛յս նախագահը, կազմեց ուրիշ յանձնաժողով մը Ապրիլ 21, 2017-ին, գալ տարի, 2018-ի Մայիսի վերջաւորութեան տօնակատարելու Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը 2018-ի Մայիսի վերջաւորութեան: Պետական այս յանձնաժողովը պիտի կազմակերպէ ձեռնարկներ նուիրուած Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան եւ 1918-ի ճակատամարտերուն, որոնց պիտի նախագահէ երկրին վարչապետը: Ներկայիս՝ այս յանձնաժողովին մէջ ներառուած է Սփիւռքէն ո՛չ մէկ ներկայացուցիչ, բացի Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Բ.Ը.Մ.) Հայաստանի ներկայացուցիչէն: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (Հ.Յ.Դ.) Սփիւռքի կառոյցներն ալ անուղղակի կերպով պիտի մասնակցին, քանի որ կուսակցութեան Հայաստանեան կառոյցը մաս կը կազմէ երկրին Օրէնսդիր Մարմնին (Ազգային Ժողով), եւ ըլլալով այդպիսին, պիտի ունեանայ Յանձնաժողովին մաս կազմող անդամ մը: Նախագահական հռչակագիրը սակայն կը նախատեսէ յաւելեալ անդամներ հրաւիրել Սփիւռքէն: Համահայկական բնոյթ ունեցող կազմակերպութիւններ՝ ինչպիսին են Համահայկական Դրամագլուխը (Armenia Fund), եւ շուտով գոյանալիք վեցերորդ Հայաստան-Սփիւռք Համագումարը: Եւ վերջապէս՝ Սփիւռքի Նախարարութեան յանձնուած է համադրելու Սփիւռքի զանազան համայնքներուն մէջ նման տօնակատարութիւններ կազմելու եւ անոնց օգնելու պարտականութիւնը:[1]
Յայտնի չէ, թէ Հայաստանի Կառավարութիւնը, վարագոյրի ետեւէն տեսակցութիւններ ունեցա՞ծ է Սփիւռքի զանազան խմբաւորումներուն հետ, պետական հռչակագիրը յայտարարելէ առաջ: Հետաքրքրական պիտի ըլլայ նաեւ վերջնական տպաւորութիւնը վերոյիշեալ խմբաւորումներուն, այս պահէն սկսեալ մինչեւ 2018-ի Մայիս ամիսը: Ընդունուած համաձայնութիւն մը կայ Սփիւռքահայերուն մէջ, որ Սարտարապատի, Պաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերը առանցքային դեր խաղացած են շիջումէ փրկելու նախքին Ռուսական Կայսրութեան մէջ ապրող Արեւելահայ Հայաստանի Հայութիւնը: Այնպիսի շիջում՝ որուն նմանը տեղի ունեցած էր Օսմանեան Կայսրութեան մէջ ապրող Արեւմտահայաստանի հայ ժողովուրդին ցեղասպանութեամբ: Բայց վերոյիշեալ ճակատամարտերէն քանի մը օր յետոյ յայտարարուած Մայիս 28, 1918-ի անկախութեան հռչակագիրը մինչեւ այս օր իսկ Սփիւռքահայութիւնը բաժնուած կը պահէ…:
Հայաստանի անկախ պետութեան հռչակումը կատարուած է 1918-ի Մայիսին, ամենէն աննպաստ պայմաններու մէջ: 1918-ի սկիզբը, հարաւային Կովկասի տարածքը, որը այն ատեն Ռուսիոյ մաս կը կազմէր, Օսմանեան Կայսրութեան յարձակման ենթարկուած էր: Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի դաշնակցային հանրապետութիւն մը կազմելու փորձը կարճ ժամանակէ մը յետոյ փլած էր: Վրաստանը Մայիս 26-ին, եւ Ատրպէյճանը Մայիս 28-ին իրենց անկախութիւնը հռչակած էին: Իսկ Մայիս 30-ին՝ հայկական ղեկավարութիւնը անդրկովկասի մէջ հրատարակեց յատարարութիւն մը որը համազօր է Հայկական Անկախութեան Հռչակման: Տասնեակ մը տարիներ հայերը մաքառած էին իրենց համար բարելաւուած եւ ինքնավար պայմաններ ստեղծելու Օսմանեան Կայսրութեան մէջ: Եւ երբեմն՝ նոյնիսկ վերջնականապէս անջատուիլ Օսմանեան Կայսրութենէն: Ընդհանրացած տեսակէտ մը դարձած էր, թէ անդրկովկասի մէջ ապրող հայերուն կենցաղն ու պայմանները ա՛լ աւելի լաւ էին քան Օսմանեան Կայսրութեան մէջ ապրող հայերուն: Հետեւաբար, հեգնական կը թուէր , 1918-ի Մայիսին, երբ հայութեան մեծամասնութիւնը սպաննուած կամ վտարուած էր Օսմանեան կայսրութեան մէջ գտնուող իր պապենական հողերէն, մինչ անդին, հայկական փոքրիկ պետականութիւն մը կը հիմնուէր Ռուսական իշխանութեան տակ գտնուող հողամասի մը վրայ: Առեղծուածային էր նաեւ այն իրողութիւնը, որ Օսմանեան Կայսրութիւնը առաջին երկիրն էր որ Հայաստանի նորակազմ պետութեան հետ միջազգային դաշնագիր կը ստորագրէր:
Անջատուած ըլլալով Մեծ Պատերազմի դաշնակիցներէն (Ռուսիա, Անգլիա եւ Ֆրանսա), որոնց վրայ դրած էր իր յոյսերը, հայ ղեկավարութիւնը զգուշութեամբ կը շարժէր Օսմանեան Կայսրութեան եւ անոր դաշնակից Գերմանիոյ, Աւստրիա-Հունգարիոյ երկիրներուն հանդէպ:
1918-ի Յուլիսին Եռագոյն դրօշակը ուրուագծուեցաւ հորիզոնական կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն երիզներով, եւ ընդունուեցաւ իբր խորհրդանիշ նորաստեղծ պետութեան: [2[ Եւ Օգոստոս 1-ին, երկրին Օրէնսդիր Մարմնի բացման արարողութեան ընթացքին, առաջին անգամ ըլլալով Եռագոյնը ծածանեցաւ Երեւանի մէջ:[3]
Նորաստեղծ պետութեան հեռանկարը զգալիօրէն փոխուեցաւ 1918-ի Հոկտեմբերին, երբ Օսմանեան Կայսրութիւնը Մեծ Պատերազմի իր պարտութիւնը ընդունելով, ստիպուած՝ իր զօրքերը ետ քաշեց մինչեւ նախապատերազմեան միջազգային սահմանները: Ասիկա նոր առիթ մը ստեղծեց Հայաստանի Հանրապետութեան համար ընդարձակուելու, եւ՝ լայնատարած լաւատեսութիւն մը ստեղծուեցաւ հայերուն մէջ, մեծագոյն Հայաստան մը հիմնելու (պարփակելով նախկին Ռուսական եւ Օսմանեան կայսրութիւններուն մէջ գտնուող հայաբնակ հողամասերը) որը յառաջիկայ Միջազգային Խաղաղութեան Վեհաժողովին կողմէ հաստատուելու կարելիութիւնը կրնար ստեղծել: Քաղաքական էութիւն ունեցող այս իրավիճակը, շատերուն համար կը ներկայանար իբր նախաքայլ մը լայնածաւալ եւ անկախ պետութիւն մը հիմնելու համար: Անկախ պետութիւն՝ որուն մասին հայ ժողովուրդը երազած էր դարեր շարունակ:
Հետաքրքրական է նկատել, որ այսպիսի նպաստաւոր պայմաններու մէջ, Հանրապետութեան Օրէնսդիր Մարմինը, Յունուար 17, 1919-ին, երկրին Անկախութեան Օրը իր Պաշտօնական Տօնական Օրերու ցանկին մէջ չէ՛ անցուցած: Քուէարկուած միակ աշխարհիկ տօները եղած են նախկին Ռուսական Կայսրութեան Փետրուարեան Յեղափոխութեան Օրը (Փետրուար 27) եւ միջազգային Բանուորական Օրը (Մայիս 1) [4]: Թէեւ , չորս ամիս յետոյ, Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման առաջին տարեդարձին Օրը, Մայիս 28, 1919-ին, յատուկ հրովարտակով մը, Մայիս 28ը իբր Անկախութեան Օր հռչակուեցաւ: Կառավարութիւնը, այսպէսով, Հանրապետութեան Անկախութեան Օրը, Հայ Ազգային Խորհուրդին տարի մը առաջ տուած որոշումը գործադրելու համար, պատուիրակութիւն մը ղրկեց Պաթումի, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայ ժողվուրդին անունով [5] Օսմանեան Կայսրութեան հետ Խաղաղութեան Համաձայնագիրը վերջնականացնելու համար: Կառավարութիւնը, նոյն այս անկախութեան տարեդարձին օրը, յայտարարեց «Միացեալ Հայաստան»ի հռչակումը [6] : Մայիս 28-ը մեծ շուքով տօնուեցաւ 1920-ին [7]: Շատ հաւանական է, որ այս տարեդարձին օրը տարեկան հանրային տօն մը դառնար եթէ Հայաստանի Ազգային Խորհրդարանը (ներկայիս՝ Հայաստանի Ազգային Ժողովը – ՅՄ) առիթն ունենար բարեփոխելու Հանրապետութեան Տօնական Օրերու ցանկը:
Նորակազմ երկրին խորհրդանշաններէն մէկն ալ՝ «Մեր Հայրենիք» երգն էր, որը 1919-ին ընդունուեցաւ իբր երկրին օրհներգը: Երկար ժամանակ այս երգը կաղապարուած էր իբր քայլերգ Օսմանեան Կայսրութեան կեղեքումներու դէմ պայքարող զանազան հայ խումբերու կողմէ: Եւ վերջապիս՝ 1920-ի Յուլիսին, Հայաստանի Կառավարութիւնը վաւերացուց երկրին նոր զինանշանը: [8]
Այս նոր խորհրդանշանները, մասնաւորաբար Եռագոյն դրօշն ու զինանշանը, առժամեայ նկատուած էին, միչեւ որ նախկին Օսմանեան եւ Ռուսական տարածքներուն մէջ եղող հայկական հողամասերուն նախատեսուած միացումը Հայաստանին, եւ՝ Ընտրողական Ժողովին կողմէ Միացեալ այս պետութեան հիմնական կանոններուն ստեղծումը:[9] Իրապէս, զանազան առաջարկներ եղան եւ հրատարակուեցան հայկական մամուլին մէջ ազգային միացեալ Հայաստանի ապագայի դրօշակին մասին [10]: Բայց կարճատեւ անկախ հանրապետութեան որդեգրած այս ենթադրեալ առժամեայ խորհրդանշանները, մասնաւորաբար Եռագոյն դրօշը, շուտով տարածուեցան Սփիւռքի զանազան գաղութներուն մէջ: [11]
Բայց այս խորհրդանշաններուն վիճակը ենթարկուեցաւ հիմնական փոփոխութիւններու Թուրք Ազգայնականներուն Հայաստանի վրայ յարձակումով, Միացեալ Հայաստան մը ունենալու երազին փլուզումով եւ Հայաստանին Խորհրդայնացումով, 1920-ի վերջաւորութեան:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, (ճանչցուած նաեւ իբր Դաշնակ Կուսակցութիւն), որը 1918 – 1920 թուականներուն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական գլխաւոր ուժը դարձած էր, կը ստիպուէր աքսորի ճամբան բռնելու: Յաջորդող եօթը տասնամեակներուն, Դաշնակցութիւնը պայքարեցաւ զինք փոխարինող Երեւանի Համայնավար ղեկավարութեան դէմ: Այս յարատեւ հակառակութիւնը , 70 տարի շարունակ, լուրջ ազդեցութիւն ունեցաւ 1918 – 1920-ի հանրապետութեան ունեցած խորհրդանշաններուն վրայ:
Համայնավարները, թէ՛ Մոսկուայի, եւ թէ՛ Երեւանի մէջ , Դաշնակցութիւնը ներկայացուցին իբր իրենց քաղաքական եւ գաղափարական գլխաւոր հակառակորդը հայ կեանքին մէջ: Հետեւաբար, ամեն ճիգ թափեցին, որ Դաշնակցութեան դերը արդի մեր պատմութեան մէջ, միշտ բացասական կերպով ներկայացուի: Համայնավարներուն այս հակա-դաշնակցական քարոզչութիւնը այնքան խորացաւ որ «անկախութիւն» կամ «հանրապետութիւն» բառերուն գործածութիւնն իսկ արգիլուած էր երբ կը խօսուէր 1918 – 1920 շրջանին մասին: Խորհրդային շրջանի պատմաբանները գրեցին , որ այդ 30 ամիսները պարզապէս Դաշնակցութեան տիրապետած շրջանն էր, երբ այդ կուսակցութիւնը պահպանելով շահերը յետադիմական եւ քաղքենի հայերուն՝ հարստահարման ենթարկեց այն հայ բանուորներն ու գիւղացիները որոնք կը փափաքէին տեսնել խորհրդային կարգերու հաստատումը երկրին մէջ, քանի որ, ըստ խորհրդային շրջանի այս մեկնաբանութեան, 1918 – 1920 թուականներուն գոյութիւն ունեցող Հայաստանը յարմար հանրապետութիւն մը չէ՛ր: Արտօնուած չէր յիշել անոր խորհրդանշանները (Եռագոյն դրօշը, զինանշանը եւ «Մեր Հայրենիք»ը – Յ.Մ.): Արտօնուած չէ՛ր նաեւ անկախութեան գաղափարը կապել Մայիս 28-ին հետ:
Դաշնակցութիւնն ալ իր կարքին, շարունակաբար հարցական դարձուց խորհրդային իշխանութեան օրինականութիւնը Արեւելեան Հայաստանի մէջ, եւ կառչած մնաց իր «Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան»ի քաղաքական նպատակակէտին վրայ, որը բանաձեւուած էր 1919-ին: Այս նպատակը Դաշնակցութիւնը թշնամի դարձուց թէ՛ Թուրքիոյ Հանրապետութեան եւ թէ՛ Խորհրդային Միութեան: Համաշխարհային Առաջին Պատերազմէն առաջ, Դաշնակցութիւնը ճանչցուած էր իբր գործունեայ կազմակերպութիւն թէ արեւելահայ եւ թէ արեւմտահայ մեր ժողովուրդին մէջ: Կուսակցութեան արեւմտահայ ղեկավարութեան շատ մը անդամները զոհ դարձած էին ցեղասպանութեան: Իսկ անոր արեւելահայ ղեկավարութեան մեծամասնութիւնը, որը Հանրապետութեան կարճատեւ անկախութեան շրջանին, կառավարութեան գլխաւոր պաշտօնները գրաւած էր, Հայաստանի խորհրդայնացումէն յետոյ ստիպուած եղաւ ապաստան գտնել արտերկրին մէջ:
Այս ղեկավարութիւնը մեր նոր ստեղծուած եւ անկազմակերպ Սփիւռքին մէջ (որուն մեծամասնութիւնը ցեղասպանութենէն ազատած մեր ժողովուրդն էր) ղեկավարութեան պակասը անմիջապէս լրացուց: Երեսուն ամիսներու վրայ տարածուող Հայաստանի անկախութեան պատմութիւնը գաղափարականացնելով՝ արեւելահայ այս ղեկավարութիւնը իր աքսորեալ դիրքերէն համայնավարութեան դէմ գաղափարական պատերազմ մը սկսաւ մղել, ապահովելով աջակցութիւնը արեւմտահայ այս մասսաներուն, պայքարը շարունակելու համար: Անկախութեան կարճատեւ այդ շրջանի պատմութիւնը փառաւորող յուշագրութիւններ լոյս տեսան նախկին վաչապետ Ալեքսանտր Խատիսեանի եւ Սիմոն Վրացեանի, նախկին պաշտպանութեան նախարար Ռուբէն Տէր Մինասեանի եւ ուրիշներուն: Անոնք որոնք ընդունեցին, եւ կամ՝ մեծցան այս պատմագրութեան ազդեցութեան տակ, 1918-1920-ի հանրապետութեան խորհրդանշանները մնացին իբր յիշեցման աղբիւր յուսալից անցեալի մը , որը համայնավարները բրտօրէն խլած եւ փոխարինած էին մեր ներկայի պակասաւոր կացութեամբ: Նաեւ՝ այդ խորհրդանշանները սրափող կոչ մը դարձան շարունակական եւ համապարփակ պայքար մը մղելու Երեւանի համայնավար համակարգին դէմ , վերադարձնելու եւ վերակենդանացնելու շորթուած մեր անցեալը:
Սակայն ցեղասպանութենէն յետոյ կազմաւորուած Սփիւռքի բոլոր խմբաւորումները չ՚իւրացուցին Դաշնակցութեան ներկայացուցած քաղաքական ծրագիրն ու 1918 -1920-ի մասին տրուած պատմական մանրամասնութիւնները: Սփիւռքի մէջ Դաշնակցութեան կը հակառակէր թոյլ՝ բայց անկաշկանդ համախոհ խմբակցութիւն (coalition) մը Սփիւռքի զանազան կազմակերպութիւններու անդամներէ բաղկացած, ինչպիսին են Հնչակեան եւ Ռամկավար կուսակցութիւնները, յայտնապէս ոչ-կուսակցական Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ) եւ տեղական բնոյթ ունեցող փոքր այլ կազմակերպութիւններ: Բոլոր այս հատուածներն ու անոնց անդամները ընդունեցին Արեւելեան Հայաստանի մէջ հաստատուած վարչակարգն ու իրականութիւնը: Համայնավարական գաղափարախօսութեան եւ նպատակներուն հանդէպ անոնք թէեւ բոլորովին տարբեր ըմբռնումներ ունէին, բայց անոնցմէ ո՛չ մէկը առարկեց օրինաւորութիւնը վարչակարգին եւ բոլորն ալ պատրաստ էին գործակցելու Խորհրդային Իշխանութեան հետ, Արեւելեան Հայաստանի մէջ ապրող մեր ժողովուրդին կեանքը բարելաւելու համար, պայմանաւ որ ատոնք ընդունելի ըլլային Քրեմլինի ղեկավարութեան:
Սփիռքի այս «համախոհական» խմբակցութիւնը Խորհրդային Հայաստանը կը դիտէր լաւատես ակնոցով, եւ պատրաստ էր տօնելու Երեւանի համայնավար իշխանութեան կողմէ հրապարակուած բոլոր ընկերային եւ մշակութային յաջողութիւնները: Հետեւաբար, այսպիսի մօտեցումով, Հայաստանի համայնավար վարչակարգը կը փորձէր նուազեցնել Դաշնակցութեան ղեկավարութեան կողմէ ժողովուրդին մէջ տարածած 1918 – 1920-ի հանրապետութեան ազգային եւ գաղափարական նուաճումները: Այս խմբակցութիւնը անընդունելի կը գտնէր երբ Դաշնակցութիւնը իր գաղափարախօսութիւնը կը կապէր 1918 – 1920-ի հանրապետութեան խորհրդանշաններուն հետ: Նաեւ՝ ան ոչ մէկ պատճառ ունէր դրժելու Խորհրդային Հայաստանի նոր խորհրդանշանները, թէեւ, ընդհանրապէս, զգոյշ էր որ հրապարակային ցուցադրրութիւններ չըլլան, որ այս խմբակցութիւնը չմեղադրուի իբր համայնավարներու համակիր խմբաւորում: Այսպէսով, անոնք 1918-1920-ի հանրապետութեան խորհրդանշանները (Եռագոյն դրօշը, զինանշանը եւ «Մեր Հայրենիք» օրհներգը – ՅՄ) կը նկատէին իբր պատմական արժէքաւոր մասունքներ, բայց չէին ախորժեր երբ Դաշնակցութիւնը զանոնք կը ցուցադրէր հանրային հանդիսութիւններու ընթացքին:
Համախոհական այս խմբակին պատկանող գործունեայ անդամներէն մէկը, առանձնաբար ինձ կը յայտնէր 1980-ական թուականներուն, երբ ես դեռ պատանի էի, թէ այդ բոլորը կը ներկայացնէին «խորհրդապատկեր մը որ կը մերժէր Հայաստանի ներկայ իրականութիւնը»: Այս պատճառով, այդ խմբակին համար, հանրային հանդիսութիւններու ընթացքին 1918-1920-ի Հանրապետութեան խորհրդանշանները մի՛շտ անտեսուած եւ դուրս ձգուած էին, եւ Մայիս 28-ի պատմական տարեդարձը յիշող ո՛չ մէկ տօնակատարութիւն տեղի չէր ունեցած:
Այս ձեւով, Մայիս 28-ի տարեկան տօնակատարութիւնները Սփիւռքի զանազան համայնքներուն մէջ, միայն Դաշնակցութեան եւ անոր համակիր հատուածին կողմէ նշուած են: Իսկ Հանրապետութեան խորհրդանշաններուն ցուցադրութիւնը հանրային եւ ազգային միջոցառումներու ընթացքին պատճառ դարձաւ վիճաբանութիւններու, հակաճառութիւններու եւ նոյն իսկ կռիւներու: Ծայրայեղ մէկ պարագային, երբ Ղեւոնդ Արք. Դուրեան Յուլիս 1, 1931-ին Շիքակոյի մէջ, Հայկական Օրուան նուիրուած տօնակատարութեան առթիւ, իր աղօթքը չսկսած, ան խնդրած էր որ , նախ՝ բեմին վրայ զետեղուած Եռագոյն դրօշը վերցուի բեմէն: Արարք մը՝ որը նոյն տարուան Սեպտեմբեր 1-ին փութացուց վերջնական պառակտումը Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Ամերիկայի Առաջնորդութեան Դաշնակցութեան թեր ու դէմ եղող անդամներուն միջեւ, եւ հաւանաբար, պատճառ դարձաւ Արք. Դուրեանի սպանութեան, Դեկ. 24, 1933-ին: Հակամարտական վերաբերմունքները աւելի սուր վիճակ մը ստացան, մասնաւորաբար երբ Հայաստանի մէջ Խորհրդային Իշխանութեան օրինականութեան հարցը կ՚արծարծուէր: Հարց մը՝ որ Սփիւռքի մէջ քաղաքական բաժանում ստեղծեց, որը շարունակուեցաւ մինչեւ 1960-ական թուականներու սկիզբը:
Որմէ յետոյ, մինչ ցեղասպանութեան 50-ամեակը կը մօտենար, համաշխարհային Պաղ Պատերազմը արդէն դանդաղօրէն կը մօտենար dռtente-ին, հաւանաբար 1962-ի Գուպայի վտանգաւոր հռթիրային ճգնաժամին պատճառով:
Պաղ Պատերազմի ընկերվարութեան եւ Ամերիկայացման հակամարտական գաղափարախօսութիւնները սկսած էին համաշխարհային նոր կրօնական եւ ցեղապաշտական հիմեր ունեցող ընդդիմութեան մը :[12] Եւ այսպիսի պայմաններուն մէջ հայկական Սփիւռքը ականատես դարձաւ իր երեք կուսակցութիւններուն՝ Հ.Յ. Դաշնակցութեան, Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան յառաջացուցած «Վերնախաւի Համաձայնութիւն» ը (elite settlement) [13] : Կարճ ժամանակի մը մէջ, այս երեք կուսակցութիւնները որոշեցին տասնամեակներ երկարող իրենց միջեւ եղած բուռն հակառակութիւնները դադրեցնել, եւ անոր փոխարէն իրենց կենսուժը ուղել յատկապէս Թուրքիոյ վրայ, ցեղասպանութեան ճանաչում եւ անոր հատուցումը պահանջելով:
Կ՚ենթադրուի թէ սերնդափոխութիւն մը տեղի ունեցաւ 1918-1920-ի Հանրապետութեան Դաշնակցական ղեկավար սերունդին եւ ցեղասպանութենէն փրկուած Միջին Արեւելքի զանազան համայնքներուն մէջ հաստատուած եւ Դաշնակցութեան գաղափարականութեամբ սնած արեւմտահայ նոր սերունդին միջեւ: Այս սերնդափոխութիւնը թերեւս մեծ դեր ունեցաւ Դաշնակցութեան առաջնահերթութիւններուն որոշման գործին մէջ: 1965-ին, Պէյրութի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յիսնամեակին առիթով հայ քաղաքական ուժերուն միացեալ յիշատակութեան ձեռնարկ մը կազմակեպելը յստակ մատնանշում մըն է Սփիւռքի քաղաքական մարզին մէջ տեղի ունեցած կոթողական փոփոխութեան: Հնչակեան եւ Ռամկավար կուսակցութիւններուն մասնակցութիւնը ապահովելու համար, 50-ամեակի միացեալ յիշատակութիւններու արարողութիւններու ընթացքին, Դաշնակցութիւնը նոյնիսկ ընդունեց վերոյիշեալ երկու կուսակցութիւններուն դրած Եռագոյնը չպարզելու պայմանը:
Քանի մը տարի առաջ, դաշնակցական ղեկավար մը, անձնական եւ մտերմիկ խօսակցութեան մը ընթացքին, յիշեց հեգնական դէպք մը ջերմեռանդ եւ երկարամեայ դաշնակցականի մը մասին, որը տակնուվրայ դարձած էր իր ղեկավարութեան տուած այս որոշման եւ ըրած զիջումին պատճառով: Ան, արհամարհելով իր ղեկավարութեան որոշումը, ի՛ր Եռագոյնը պարզելով ներկայ կը գտնուի ցեղասպանութեան յիսնամեակի յուշատօնին: Դաշնակցութեան ղեկավարութիւնը վտարեց այդ ընկերը իր շարքերէն, տրուած հրահանգին չ՚ենթարկուելուն համար: «Ամենէն առտարոց որոշում մըն էր մեր տալիքը…» եզրակացուց իմ տրամախօս խօսակիցը, «բայց, կուսակցութեան կարգապահութիւնը պէտք է որ յարգուէր…»
Այսուհանդերձ, անհամաձայնութիւնները շարունակուեցան-, թէեւ աւելի նուազ կծուութեամբ, Սփիւռքի քաղաքական հատուածներուն միջեւ, նոյնիսկ այդ «վերնախաւի համաձայնութենէն» յետոյ, թէ ինչպէս պէտք է վարուիլ Խորհրդային Վարչակարգին հետ: Այս շրջանին Դաշնակցութեան դէմ եղող Սովետական պաշտօնական հռետորութինը թէեւ նուազած էր, բայց չէ՛ր փոխուած: Եւ այս բարեփոխութիւնը քաջալերեց որ համեմատաբար աւելի հանդարտ միջավայր մը ստեղծուի Սփիւռքի մէջ:
Այսուհանդերձ, Արեւելեան Հայաստանի մէջ Խորհրդային Վարչակարգի գոյութեան օրինաւորութեան հարցը մեծագոյն արգելք մը կը հանդիսանար Սփիւռքի աւանդական կուսակցութիւններուն քաղաքական ընդհանուր կեցուածք մը որդեգրելու համար: Քաղաքական կեցուածք մը՝ որը պիտի բնորոշէր, թէ ինչ պիտի ըլլայ Արեւմտահայաստանի միջազգային օրինական եւ վաւերական վիճակը Թուրքիայէն ազատագրուելու պարագային: Հետեւաբար, երկու մրցակից կողմերու մտաւորականութիւնը, թէեւ նուազ դառնութեամբ, շարունակեց իրենց «միւս պատերազմ»ը՝ 1918-1920-ի Հանրապետութեան պատմագրութեան մասին:
1960-ական թուականներու «վերնախաւի համաձայնութիւնը» վճռականապէս դատապարտեց քաղաքական այն բռնութիւնը որ վերջին շրջաններուն տիրած էր Սփիւռքի մէջ: Ան վերահաստատեց նաեւ, որ քաղաքական կուսակցութիւններուն ազգային միասնական ոգիով գործակցիլը գործելակերպի իտէալ ձեւն է: Այսուհանդերձ, ան չկրցաւ հայ ժողվուրդի արդի եւ նոր պատմութեան ըմբռնումին եւ հասկացողութեան մասին ընդհանուր եւ ընդունելի եզրակացութեան մը յանգիլ: Յաւելեալ վիճաբանութիւններէ խուսափելու համար, երբ «վերնախաւի համաձայնութիւնը» դեռ թարմ էր եւ անստոյգ, երկու կողմերն ալ արգիլեցին անցեալի ներ-կուսակցական մրցակցութեան մասին հանրային որեւէ մէկ քննութիւն կատարելը, եւ զգուշացուցին իրենց համակիրները որ նման վիճաբանութիւններ կրնան հին վէրքերը վերստին բանալ եւ վերյիշեցնել անցեալի լարուածութիւնները:
Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը երբ դեռ համալսարանի ուսանող էր ,1960-ական թուականներուն սկսաւ 1917-1920- ի շրջանին նուիրուած հինգ հատորներէ բաղկացած կոթողական իր ուսումնասիրութեան, երբ այս «վերնախաւի համաձայնութիւնը» սկսած էր մարմնաւորուիլ Սփիւռքի տարածքին: Ուսումնասիրութեան հինգերորդ հատորը, որը յայտնապէս պիտի դառնար իր գլուխ գործոցը, լոյս տեսաւ երեք տասնամեակ յետոյ, 1996-ին: Սակայն հանրային դասախօսութեան մը ընթացքին Մասաչուսէց նահանգի Պելմոնթ քաղաքին մէջ, Դեկտեմբեր 3, 2015-ին Յովհաննէսեանը յայտարարեց որ իր երկարամեայ ակադեմական կեանքին ընթացքին, միայն քանի մը անգամ հրաւիրուած է հանրութեան առջեւ 1918-1920-ի Հանրապետութեան մասին խօսելու: Բաղդատաբար, նոյն այդ շրջանին, ան հարիւրաւոր հրաւէրներ ստացած է խօսելու Հայոց Ցեղասպանութեան բազմակողմանի երեւոյթներ ունեցող նիւթին շուրջ: Այս տարբերութեան բացատրութիւնը դիւրացնելու համար կ՚արժէ հետեւիլ մեր այս յօդուածին մէջ առաջարկուած օրինակին, որը հետեւեալն է: 1960-ական թուականներու «վերնախաւի համաձայնութեան» յաջորդող շրջանին, Հայոց Ցեղասպանութեան թեման Սփիւռքի բոլոր հայութիւնը միացնող նիւթ մը դարձած է: Պէտք է քաջալերել որ նման ցանկալի միութեան մը գաղափարը աւելի խորանայ Սփիւռքահայութեան մէջ: Բայց համաձայնութիւն մը դեռ չէ գոյացած նոյն այս Սփիւքին մէջ, թէ ինչպէս պէտք է դիտել եւ գնահատել 1918-1920-ի Հանրապետութիւնը: Հետեւաբար, նախընտրելի է խուսափիլ այս ու նման հակադարձ հարցեր հանրային քննութեան ենթարկելէ, հաւանական որդնալից սափոր մը չբանալու համար:
«Վերնախաւի համաձայնութեան» համար գժտութեան հարց կը դառնար նաեւ Սփիւռքեան պատմագրութեան հերոսներու եւ դէպքերու «անձնականացման» (privatization) հարցը: Օրինակի համար, Քրիստափոր Միքայէլեան, Պանք Օթօմանի գրաւումը, Խանասորի Արշաւանքը եւ Նիկոլ Աղբալեանը հիմա կ՚արծարծուին հրապարակային ձեռնարկներու մէջ միմիայն Դաշնակցականներու կողմէ: Իսկ Աւետիս Նազարպէկը, Փարամազը եւ Քում Քափուի եւ Պապ Էլ Ալիի ցոյցերը՝ Հնչակեաններուն կողմէ: Կարտինալ Աղաճանեանը՝ հայ Կաթոլիկներու կողմէ, եւ այլն…:
Սփիւռքի մրցակից հատուածները դադրեցան մէկը միւսին հրապարակաւ առարկելէ՝ «միւս կողմ»ին հերոսներուն կամ պատմական դրուագներուն մասին գրուած կամ ըսուածներուն մասին, երբ նոյնիսկ իրենք կասկածով կը մօտենային այդ ըսուածներուն: Պատմական վերլուծումը տօնակատարութիւնը եւ խորհրդանշումը Մայիս 28-ին դարձաւ այսպիսի «անձնականացուած» (privatized) նիւթերէն մէկը Սփիւռքի դաշնակցականամիտ շրջանակներուն մէջ: Այս դասին պատկանող, ուրիշ նիւթերու կողքին, Մայիս 28-ը իրականապէս դարձաւ «արգիլուած տարածք» մը բոլորին՝ բացի իր «տիրոջմէն»: Այսինքն՝ Դաշնակցութենէն եւ անոր համակիրներէն:
Հակառակ բոլոր թափուած ճիգերուն, հանրային կեանքին մէջ հարցեր կային որոնց մասին կարելի չէր եղած համաձայնութիւն մը յառաջացնել: Այս «չլուծուած» հարցերը որոնք անխուսափելիօրէն մէջտեղ կու գային, մրցակից կողմերը լուծում մը գտնելէ աւելի կը ջանային զսպել զանոնք: Քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն անմիջական ազդեցութեան տակ չեղող հայկական կազմակերպութիւններն ու հաստատութիւնները, այսինքն՝ անոնք որոնք մեծ ճիգերով կը փորձէին քաղաքական չէզոք դիրք մը որդեգրել, շարունա՛կ, եւ զգուշութեամբ պէտք էր փորձէին այս կամ այն մրցակցող հատուածին չհակառակելու համար: Պէյրութի Հայկազեան Գոլէճը (համալսարանը՝ 1996-էն սկսեալ) ուր ես կը պաշտօնավարէի 1995-էն սկսեալ մինչեւ 2005 թուականը, այսպիսի տեղերէն մէկն էր:
1970-ի կիսամեայէն սկսեալ Գոլէճը լուծում մը գտաւ վիճելի խնդրի մը մասին: Խնդիրը սա՛ էր: Մայիս 28-ը պէտք է տօնակատարուի իբր հանրային տօն Սփիւռքի զանազան շրջաններուն մէջ: Ասիկա Դաշնակցականներուն կողմէ դրուած պահանջ մըն էր որուն բուռն կերպով կը հակառակէին անոնց Հնչակեան ու Ռամկավար մրցակիցները: Գոլէճին յաջորդական տեղեկատուական գրքոյկները 1970-ական թուականներու կէսէն սկսեալ, շեշտեցին որ Գոլէճը փակ պիտի մնայ Մայիս 28-ի օրը, որովհետեւ ատիկա հաստատութեան «Դաշտագնացութեան Օր (Հայկական Անկախութեան Օր) է» {Field Trip Day (Armenian Independence Day)}: Քաղաքական վերարձագանգ չստեղծելու համար, այդ օրը քաղաքական տօնակատարութեան օր մը դարձնելու փոխարէն հանգիստ գործունէութեան օրի մը վերածուեցաւ: Այսուհանդերձ, նոյնիսկ այս հանճարեղ զիջումէն յետոյ, վերստին խնդիրներ ծագեցան որոշ տարեդարձերու ընթացքին:
Ժիրայր Պիւճէքեանը, Հայկազեան Գոլէճի այդ շրջանի դաշնակցական ուսանող մը, նկարագրած է նման երկու պատահարներ որոնց ինք անձնապէս մասնակցած է այլ դաշնակցական եւ հնչակեան դասընկերներու հետ 1980-1981 տարեշրջանի ընթացքին: Առաջին՝ դաշնակցական ուսանողները կ՚ընդդիմանան հնչակեան ուսանողներու այն նախաձեռնութեան որը կ՚առաջարկէր առկախել Գոլէճի դասընթացքները Հայաստանի Խորհրդայնացման տարեդարձին օրը (Նոյեմբեր 29): Քանի մը ամիս յետոյ, հնչակեանները կ՚առարկեն իրաւունքը դաշնակցական ուսանողներուն Մայիս 28- ի առիթով երդիքներուն վրայ Եռագոյն դրօշը բարձրացնելէ ու ճաշի ատեն Մայիս 28-ի տարեդարձը յատուկ յայտագրով մը նշելէ: [14]
1988-ի Փետրուարին Խորհրդային Հայաստանի մէջ հոծ բազմութեամբ կատարուած ցոյցը չսպառնաց Սփիւռքի մէջ հաստատուած «վերնախաւի համաձայնութեան»: Այդ շրջանին Դաշնակցութիւնը բուռն կերպով չէր մշտեր որ Արեւելեան Հայաստանը անմիջապէս անջատուի Խորհրդային Միութենէն: Հետեւաբար, ան հակառակ չէր «վերնախաւի համաձայնութեան» որդեգրած ոգիին, որ միացեալ պահանջ մը ներկայացուի Լեռնային Ղարաբաղը Խորհրդային Հայաստանին միացնելու եւ Ատրպէյճանին Սումկայթի մէջ կատարած ջարդերը ուժգնօրէն դատապարտելու համար:
Քրեմլինի անհաշտութիւնը դիմագրաւելով, Ղարաբաղի Շարժումը Երեւանի մէջ աստիճանաբար աւելի անկախ դարձաւ եւ այս աստիճանական փոփոխութիւնը խոր հետաքրքրութիւն ստեղծեց, քաղաքականացուց Հայաստանի բնակչութիւնը եւ խոր հետաքրքրութիւն ստեղծեց 1918-1920-ի Հանրապետութեան պատմութեան եւ անոր խորհրդանշաններուն նկատմամբ: Այս հետաքրքրութիւնը կը համաձայնէր Սովետ ղեկավար Միքայէլ Կորպաչովի այն կոչին որով ան կը մղէր որ մարդիկ ուսումնասիրեն իրենց պատմութեան «սեւ էջերը», նիւթեր՝ որոնք նախապէս, Սովետական շրջանի պատմաբանները ստիպուած էին հերքելու:
Մայիս 28-ի տարեդաձը առաջին անգամ նշուած է Երեւանի մէջ 1988-ին Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կցումը պահանջող համախմբումներու ատեն: 1918-1920-ի Հանրապետութեան Եռագոյն դրօշը Երեւանի Թատրոնի Հրապարակին (հիմա՝ գրադարան) վրայ բարձրացնողը Մովսէս Կորկիսեանն եղած է: Ան անդամ եղած է Ղարաբաղի Շարժման ճիւղերէն մէկ խմբակցութեան եւ Ղարաբաղ Կոմիտէին:
Սակայն երբ յստակ դարձաւ որ Քրեմլինի ղեկավարութիւնը յամառօրէն կ՚ընդդիմանար ներքին սահմանային փոփոխութիւն կատարել Խորհրդային Միութեան մէջ, Հայաստանի անկախութեան պահանջն ու հանրային հաւաքներու ընթացքին Եռագոյն դրօշը բարձրացնելը սովորական երեւոյթներ դարձան 1988-ի ամրան եւ աշնան:
Անկէ ետք, Երեւանի Համայնավար Կուսակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէն 1989-ի Մայիսին, իր կեցուածքը մեղմացնելով, դիմեց Մարքսիզմ – Լենինիզմ Ինստիտուտի Կուսակցութեան Պատմութեան Հայկական Բաժնին, Խորհրդային Հայաստանի Գիտութեան Ակադեմիային եւ Երեւանի Պետական Համալսարանին որ միասնաբար, 26 Մայիս 1989-ին, գիտաժողով մը կազմակերպեն, նուիրուած 1918-1920-ի Առաջին Հանրապետութեան: Հապճէպ կերպով կազմակերպուած այս հաւաքոյթը պաշտօնապէս առաջարկեց Սովետական Գերագոյն Սովետի Հանրապետական Նախագահութեան, որ Մայիս 28-ը հռչակէ Հայկական Պետականութեան Վերականգման Օր եւ Եռագոյն Դրօշը նշանակէ իբր Հայկական Ազգային Խորհրդանշան: Այս յանձնարարութիւնները անմիջապէս վաւերացուեցան [15] եւ Համայնավար Կուսակցութեան թերթերը՝ Խորհրդային Հայաստանը, Երեկոյեան Երեւանը, Աւանկարտը եւ ուրիշներ, երկարաշունչ յօդուածներ հրատարակեցին 1918-1920-ի Հանրապետութեան պատմութեան նուիրուած, իրենց Մայիս 26-էն Մայիս 28, 1989 երկարող թիւերուն մէջ: Նոնիսկ Մոսկուայի Փրաւտա թերթը իր Մայիս 29-ի թիւին մէջ լրատուական կարճ յօդուած մը ունէր Երեւանի մէջ նախկին օրուան կատարուած հանդիսատօներուն մասին:
Այսպէսով, մէկ տարիէ աւելի, Խորհրդային Հայաստանը ունեցաւ պաշտօնական պետական դրօշակ մը եւ Եռագոյն դրօշակը իբր անջատ ազգային խորհրդանշան: Տարի մը յետոյ, վերջ տրուեցաւ այս երկուութեան երբ Համայնավար Կուսակցութիւնը փոքրամասնութիւն դարձաւ Հայաստանի Օրէնսդիր Մարմնին մէջ, Օգոստոս 1990-ին: Գերագոյն Սովետի բարեկարգիչ նոր մեծամասնութիւնը ջնջեց Սովետական շրջանի դրօշը եւ վերահաստատեց Եռագոյնը իբր պետական դրօշ, Օգոստոս 24, 1990-ին, եօթը տասնամեակ երկարող խրամատէ մը յետոյ:
Հանրապետութեան միւս խորհրդանշաններուն վերընտրութեան գործընթացը քանի մը տարի եւս շարունակուեցաւ, մինչ Հայաստանը կը հետապնդէր գերիշխանութիւնը, քաղաքական անկախութիւնը եւ ի վերջոյ Միջազգային ճանաչումը: «Մեր Հայրենիք»ը վերահաստատուեցաւ իբր ազգային օրհներգ 1 Յուլիս 1991-ին: Իսկ հին զինանշանը վերակենդանացուեցաւ Սեպտեմեր 21, 1991-ի հանրաքուէն անմիջապէս յետոյ:
Այսօր, Հայաստանի Հանրապետութեան տօնական օրերու ցանկը կը պարունակէ երկուքն ալ՝ Մայիս 28-ը (նշելու 1918-ի անկախութիւնը) եւ Սեպտեմբեր 21-ը (տօնելու 1991-ի անկախութեան հանրաքուէարկութիւնը): Եռագոյն դրօշը, «Մեր Հայրենիք» ը եւ վերահաստատուած զինանշանը ջերմօրէն եւ ջախջախիչ կերպով ընդունուեցան երկրի բնակչութեան մեծամասնութեան, եթէ ոչ բոլորին կողմէ: Քիչեր միայն, ինչպիսին են հատնող Համայնավար Կուսակցութեան տարէց անդամները, որոնք կը շարունակեն բարձրացնել խորհրդանշաշանները Խորհրդային Հայաստանին:
Կացութիւնը քիչ մը տարբեր է Սփիւռքի մէջ եւ ասոր պատճառով էր որ հարց մը դրուեցաւ այս յօդուածին սկիզբը: Հարց մը որ կը վերաբերի 100-ամեակին առիթով գրուած նախագահական հռովարտակին: Հռովարտակ մը՝ որ կ՚արծարծէ յաջորդ տարուան ընթացքին, Մայիս 28-ին նուիրուած ու ծրագրուած տօնակատարութիւններուն մանրամասնութիւնները: Հմայիչ եւ հետաքրքրական հարց կը դառնայ թէ այս հռովարտակը ինչպիսի պատասխան մը պիտի ստանայ Սփիւռքէն: 1989-ին, Խորհրդային Հայաստանի վարչակարգին հեռացումը երկրէն, եւ Մայիս 28-ի տարեդարձն ու խորհրդանշաններուն վերահաստատումը երկրին մէջ ջատագովութիւն մըն էր Սփիւռքին մէջ գործող Դաշնակցութեան, որը 70 տարի շարունակ պայքարած էր նոյն այդ արդիւնքները իրականացած տեսնելու համար: Ասիկա փաստ մըն էր, որ այդքան տարի, իրենք շիտակ էին…Այսօր, անոնք հպարտ են որ յետ-Սովետական եւ ներկայի անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը շարունակէ պատուէլ Մայիս 28, 1918-ի անկախութեան յայտարարութիւնը եւ կը պահէ մասնաւորաբար ա՛յս դրօշակը, ա՛յս օրհներգը եւ ա՛յս զինանշանը:
Սակայն հակա-դաշնակցական «համախոհներու» խումբին համար ասիկա կուլ տալիք բաւական կծու պատառ մըն էր: Ամիսներ տեւեց մինչեւ որ անոնց ղեկավարութիւնը ընտելացաւ ստեղծուած նոր իրականութեան հետ, որ անկէ յետոյ կարենայ բացատրել իր հետեւորդներուն , թէ Խորհրդային Հայաստանի այս անակնկալ հետաքրքրութիւնը 1918-1920-ի Հանրապետութեան խորհրդանշաններուն հանդէպ պարտութիւն մը չէր 70 տարուայ մղած իրենց գաղափարական պայքարին եւ Հայաստանը պիտի չգրաւուէր իրենց մրցակից Հ. Յ. Դաշնակցութեան կողմէ: Աւելին՝ իրենք տակաւին սիրալիր կերպով պիտի ընդունուէին 1918-1920-ի Հանրապետութեան պետական վերակենդանացուած խորհրդանշանները ունեցող Հայաստանի մէջ:
Այսօր, Մեծագոյն Տիթրոյթի շրջանին մէջ, ուր ես կը բնակիմ 2006-էն ի վեր, Հայկական Եռագոյն դրօշը կը ծածանի Միացեալ Նահանգներու դրօշի կողքին, Հ.Բ.Ը.Մ.- ի Ալէքս եւ Մէրի Մանուկեան դպրոցին առջեւ: Նոյնն է պարագան Ալէքս Մանուկեանին հիմնած նշանաւոր եւ յաջող ՄԱՍԳՕ ընկերութեան կեդրոնատեղիին առջեւ: Ընկերութիւն մը որը ներկայիս կը ղեկավարուի Ա. Մանուկեանի զաւկին Րիչարտին կողմէ: Նման իրավիճակի մը ականատես ըլլալը աներեւակայելի պիտի թուէր 1989-էն առաջ: Սփիւռքի ամբողջ տարածքին, Սովետական շրջանի հակա-դաշնակցական «համախոհ» կազմակերպութիւններուն անդամները, հիմա, երբ «Մեր Հայրենիք»ը կ՚երգուի կամ կը նուագուի իբր ազգային օրհներգ, բոլորն ալ յարգանքով ոտքի կ՚ելլեն: Հազուագիւտ է, բայց ոչ անսովոր, տեսնել Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանը կախուած իրենց կարգ մը սրահներուն պատերէն: «Համախոհ» կազմակերպութիւններու անդամները կ՚արդարացնեն Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդանշաններուն հանդէպ իրենց բռնած նախկին դրժական կեցուածքը ըսելով՝ հայրենիքի սէրը պայմանաւորուած չէ մասնաւոր խորհրդանշաններով: Անոնք կը սիրեն եւ կը քաջալերեն հայկական պետութիւնը, անկախ անոր ունեցած դրօշակէն, օրհներգէն եւ զինանշանէն: Բացառելով դաշնակցական խմբակցութիւնը, , այսպիսի մտածելակերպ ունեցող հայ խմբաւորումներէ ընդդիմութիւն պէտք չէ ակնկալել, մասնաւորաբար երբ Հայաստանի մէջ ենթադրական կացութիւն մը կը ստեղծուի եւ սահմանադրական մեքենականութեան գործի դրուիլը անհրաժեշտութիւն դառնայ:
Հոգ չէ թէ ինչպիսի արդարացում կը ներկայացուի Սփիւռքի հակառակորդ հատուածներուն կողմէ, պէտք է ընդունիլ, որ կացութիւնը կլոր եւ լրիւ շրջան մը լրացուցած է, մասնաւորաբար երբ կը խօսինք Եռագոյն դրօշին, «Մեր Հայրենիք»ին եւ զինանշանին մասին: Հիմա, այս բոլորն ալ յարգուած խորհրդանշաններ դարձած են, որոնք բաժնելու փոխարէն կը միացնեն Սփիւռքը: Եւ ամեն տարի, Ապրիլ 24-ի ձեռնարկներուն, Եռագոյնին առատութիւնը կը նշմարուի ամեն կողմ եւ քաղաքական տարբեր համոզում ունեցող հայեր միասի՜ն կը քալեն:
Բայց դժբախտաբար, Մայիս 28-ի տարեդարձի տօնակատարութիւնը մնացած է իբր խոչընդոտ ներկայի համաձայնութեան մէջ: Հայկազեան Համալսարանի 2007-2009-ի տեղեկագրական գրքոյկին մէջ «Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութիւնը» -ին մասին բացատրութիւն մը աւելցուած է: Եւ՝ Մայիս 28-ը նաեւ իբր «Դաշտագնացութեան Օր» անուանումը (Field Trip Day) ջնջուած է 2012-2014-ի գրքոյկէն: Կ՚ենթադրենք որ համալսարանին բարձրաստիճան խնամակալութիւնը այս փոփոխութիւնները կատարեց վստահ ըլլալով որ Լիբանանի հայ համայնքին հակա-դաշնակցական հատուածը այլեւս պիտի չմեղադրէ զիրենք իբր միակողմանի խնամակալութիւն: Դժուար պիտի ըլլայ նակքին հակա-դաշնակցական «համախոհական» խմբակի անդամներուն համար ջնջել «Մայիս 28-ը – Անկախութեան Օր» տօնը համալսարանի մը ակադեմական օրացոյցէն, եւ կամ որեւէ ուրիշ ցանկէ, հիմա որ Մայիս 28-ը ճանչցուած է իբր Պաշտօնական Տօնական Օր նոյն ինքն Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ, եւ մեկնաբանութեան հարց չի կրնար ըլլալ թէ «Այդ խորհրդանշանը կը մերժէ Հայաստանի ներկայ իրականութիւնը»:
Բայց ինչո՞ւ «համախոհութեան» անդամները չեն միանար ներկայ Հայաստանի կառավարութեան տարեկան Մայիս 28-ի տօնակատարութիւններուն, կազմակերպելով իրե՛նց ձեռնարկները, եւ կամ՝ մասնակցիլ Դաշնակցութեան տասնամեակներէ ի վեր զանազան գաղութներու մէջ կազմակերպած Մայիս 28-ի տօնակատարութիւններուն: Երբ կը գրեմ այս տողերը Պէյրութի մէջ, Դաշնակցութեան մամուլն ու լրատուական միջոցառումները կը հաղորդեն որ Դաշնակցութեան համակիր մարզական կազմակերպութիւնը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը իր տարեկան աւանդական քայլարշաւն ու հանդիսատօնը պիտի ունենայ, Մայիս 28-ին, Լիբանանի մէջ: Մինչ կուսակցութիւնը, տարբեր հանդիսութիւն մը պիտի ունենայ , քաղաքական մէկ կամ երկու բանախօսներով, երգի եւ երաժշտութեան ծրագիրներով:
Հնչակեան եւ Ռամկավար կուսակցութիւններու թերթերը ընդհանրապէս լուռ կը մնան գալիք տարեդարձի մասին, եւ հաւանական է , որ այս տարի եւս արհամարհեն անկախութեան տարեդարձի օրը: Նոյն ատեն կարելի է հարց տալ, թէ ինչու Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը կը վարանի նախաձեռնարկ ըլլալէ եւ միւս կուսակցութիւններն ալ հրաւիրելէ միասնաբար կազմակերպելու միացեալ ձեռնարկ մը, այնպէս ինչպէս որ տասնամեակներէ ի վեր կ՚ընեն Ապրիլ 24-ի առիթով:
Այս յօդուածը աւելի պիտի չ՚երկարեմ յաւելեալ անձնական մտածումներ աւելցնելով, թէ ինչո՞ւ Մայիս 28-ի մասին այլազան մօտեցումներ, այսօրուան Սփիւռքին մէջ, տասնամեակներէ ի վեր կրացած դարձած են: Կը նախընտրեմ նախ տեսնել կառավարութեան վերջին նախաձեռնութիւնը ինչպիսի հակազդեցութիւն պիտի ունենայ յաջորդ քանի մը ամիսներու ընթացքին, որմէ յետոյ հաւանական է որ վերադառնամ այս նիւթին:
Անցեալ տարի, Մայիս 29-ին, Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը Լիբանանի մէջ յիշատակեց «Հայաստանի Անկախութեան Հիմնադիրները» անունով ձեռնարկ մը, Պուրճ Համուտի Հայկական Ազգային Գերեզմանատան մէջ: Յիշատակուած քաղաքական բոլոր անունները Հ. Յ. Դ.-ին պատկանող անձնաւորութիւններ էին: Բացառուած էին անունները քաղաքական միւս կուսակցութիւններուն պատկանող անձնաւորութիւններուն որոնք նոյնպէս գործունեայ եղած են Արեւելեան Հայաստանի 1918-1920-ի շրջանին, եւ յետոյ մահացած եւ թաղուած Լիբանանի մէջ: Կը կարծեմ ասիկա շատ լաւ առիթ մըն էր Մայիս 28-ը դուրս հանելու իրեն տրուած այն «անձնական» կաղապարէն որը մատնանշուած է այս յօդուածին մէջ: Իսկ եթէ ա՛յդ էր ձեռնարկը կազմակերպողներուն նպատակը , աւա՜ղ, պատեհութիւն մը բաղցուցինք:
Թէեւ Հայաստանի Հանրապետոթեան ներկայ կառավարութիւնը որուն օրինականութիւնը առարկուած է երկրին մէջ ապրող շատ մը քաղաքացիներուն կողմէ, բայց ան կը վայելէ ընդունելութիւնը Սփիւռքի աւանդական շատ մը կազմակերպութիւններուն: Արդեօք կառավարութիւնը պիտի կարենա՞յ յաւելեալ քայլ մը առնել եւ ձիւնահալ մը սկսիլ, այնպէս ինչպէս որ բացատրուած է այս յօդուածին մէջ: Դժուար պիտի ըլլայ ասիկա, եւ վստահաբար հնարողական ճիգի մը կարիքն ունի յաջողելու համար: Բայց եթէ կրցաւ ընել ատիկա, երեւելի կատարում մը իրականացուցած կ՚ըլլայ, անկախ անկէ՝ թէ մարդիկ ինչ կը խորհին ներկայ կառավարութեան քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական իրագործումներուն մասին:
————————————————- ———————————————–
[1] For the full text of the presidential decree, see http://www.irtek.am/views/act.aspx?aid=89467 (last accessed: 27 May 2017).
[2] Simon Vratsian, Hayastani Hanrapetutiwn (Paris, 1928), pp. 160-161.
[3] Richard G. Hovannisian, The Republic of Armenia, Volume I: The First Year, 1918-1919 (Berkeley, Los Angeles and London: University of California Press, 1971), p. 43.
[4] A. Virabyan, Hayastani hanrapetutyan parlamenti nisteri ardzanagrutyunnere 1918-1920tt. (Yerevan: National Archives of Armenia, 2010), pp. 160-161.
[5] Hovannisian, Republic, I, p. 33.
[6] Ibid., pp. 459-461.
[7] Ibid., III (1996), pp. 255-258.
[8] Vratsian, Hayastani, p. 393.
[9] Ibid., pp. 160-161 and 393.
[10] For an overview, see the three-part study by A[rtashes] Ter-Khachaturian, ‘Hay droshi arajarkner (1918-1919 tuakannerun)’, Azdak, 30 June-2 July 1992.
[11] For examples of the use of the tricolor flag among Armenians in Constantinople in 1919 and 1921, see Lerna Ekmekջioğlu, Recovering Armenia: The Limits of Belonging to Post-Genocide Turkey (Stanford, California: Stanford University Press, 2016), pp. 20-21 and 45-46.
[12] Odd Arne Westad, The Global Cold War: Third World Interventions and the Making of Our Times (Cambridge University Press, 2005), p. 400.
[13] For the concept of “elite settlement,” see Michael G. Burton and John Higley, “Elite Settlements,” American Sociological Review, Vol. 52, No. 3 (Jun., 1987), pp. 295-307; Michael Burton, Richard Gunther, and John Higley, “Introduction: Elite Transformations and Democratic Regimes”, in John Higley and Richard Gunther (eds.), Elites and Democratic Consolidation in Latin America and Southern Europe (Cambridge, New York and Melbourne: Cambridge University Press, 1991), pp. 1-37..
[14] Jirayr Beugekian, ‘Noyember 29en Mayis 28’, in H.H.D. Zawarian Usanoghakan Miutiwn, Mek Dar` Bruntskov Pahanjatirutiwn… (2004), pp. 116-118.
[15] Lendrush Khurshudyan, ‘1918 tvakani mayisi 28-e` haykakan petakanutyan verakangnman or’ & Armenpress, ‘Gitakan nstashrjan Erevanum’, Khorhrdayin Hayastan, 28 May 1989