Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Բանաստեղծին, Որ Փառաւորեց Հայ Գրականութիւնը Եւ Աստուած Փառաւորուեցաւ Իրմով

$
0
0

 

Սիրելի, շա՜տ սիրելի Ժաք Յակոբեան,

Ձեր անցած գրեթէ հարիւր տարիներու ընթացքին դուք հարիւր անգամ ապրեցաք տարուան չորս եղանակները. հետեւաբար կը հաւատանք, եթէ ըսէք մեզի, թէ տարին միայն չորս եղանակ չունի, այլ` քառասուն, եւ այդ քառասունին երեսունինն հայո՛ւն համար կը ստեղծուի:

«Հայ» բառին երեք տառերը սուրբ երրորդութեան նման փոխանցեցիք մեր ազգին, եւ ձեր 36.200 օրերուն իւրաքանչիւրը ապրեցաք իբրեւ հայ ուխտաւոր եւ աստուածատուր առաքեալ:

Չեմ կրնար չմտածել, որ Դանիէլ Վարուժան նահատակուեցաւ 1915-ի Օգոստոսին, եւ դուք ծնաք ճիշդ երկու տարի ետք` 1917-ի Օգոստոսին: Այն օրէն, որ Նիկոլ Աղբալեան լուսազօծեց ձեր տաղանդը, դուք ութսուն տարի առանց դադարի Աստուծոյ ձեզի շնորհած մէկ տաղանդը վերածեցիք հարի՛ւրի:

Ձեր նորահարսին հետ երգեցիք մեղրալուսինը: Քերթողութեան գաղտնի ճամբայէն անցնելով` վառեցիք ճրագները մեր նախնիներուն, նահատակներուն, տօներուն եւ աւանդութիւններուն` ձեր սերունդին եւ յաջորդող սերունդներուն համար:  Մեր տուներուն հարազատ բոյրը եղան ձեր ժաքափունջերը: Հայաբոյր մարգարտաշարներ են, ինչ որ քերթողած էք ձեր մօր ու հօր եւ ձեր հինգ զաւակներուն մասին: Իբրեւ սփիւռքի բանաստեղծ` ներբողեցիք հայկական կազմակերպութիւնները եւ մանաւանդ հայ վարժարանը: Ու հակառակ ձեր դեղագործի վկայականին, երբ որ հարկ էր, մտաք հայկուկներու դասարաններէն ներս եւ անոնց հոգիին հաւատք ու մտքին լոյս ջամբեցիք ինչպիսի՜ գուրգուրանքով ու հմտութեամբ: Ձեր հազարաւոր աշակերտներէն ոմանք կը վկայեն, թէ ինչպէ՛ս սիրցուցիք հայոց լեզուն, հայութեան հայրենիքը, հայկականութեան գիտակցութիւնը:

Իբրեւ բանաստեղծ` առաջին օրէն ունեցաք ինքնուրոյն ոճ մը` կուռ եւ առոյգ, պատկերներու խտութեամբ ու յուզականութեամբ, բառերու շքերթով, որ յաղթանակող բանակի մը քալուածքին կշռոյթը կը յուշէ: Երբեմն շեփորահար, երբեմն սրնգահար, սպարապետ ու քուրմ, արդարադատ ու սրտազեղ, միշտ հայոց հին ու նոր պատմութեամբ թաթաւուն:

Ինչ որ կատարեցիք, լաւագո՛յնը ըրիք: Լաւագոյն կողակից ու հայր, որդի եւ բարեկամ, քարոզիչ ու դաստիարակ, աստուածապաշտ ու մարդկայնասէր, բանաստեղծ եւ տեսիլքի ռահվիրայ:

Աւա՜ղ, դո՛ւք, որ երկնեցիք Մասիսածին-ը, դուք որ Արարատը բարձրացուցիք սփիւռքի բոլոր անկիւններուն, ուր հազարաւոր ընթերցողներ ունէիք, դո՛ւք, որ սփիւռքի եւ Հայաստանի հաւատքի երգիչն էք, երբեք չհրաւիրուեցաք հայրենի հողին վրայ ոտք դնելու, ֆիզիքապէ՛ս հաղորդուելու: «Հիմա արդէն ուշ է», ըսիք քանի մը տարի առաջ անհուն բարիութեամբ ու մղկտացող սիրտով, «Ես հոգեկան աչքերով ամէ՛ն օր կը տեսնեմ զայն»: Ափսո՜ս, հազա՛ր ափսոս:

Սակայն դուք միշտ երիտասարդ մնացիք: Ո՞ր ութսունինը տարեկան ալեւորը կը հրատարակէ իր վաթսունհինգ տարուան կողակից Լիլուշին ձօնուած հատոր մը. կը յիշեմ` ի՜նչ խանդաղատանքով կարդացիք զանոնք Նիւ Ճըրզիի սրահի մը մէջ` զարմացնելով սէրը տարիքի հետ շփոթող ունկնդիրները: Շատեր չեն գիտեր, որ զուարթ էք բնաւորութեամբ եւ բացառիկ հիւմըրի տէր: Ամէն հեռաձայնելուս` նոր հատոր մը կա՛մ հրատարակուած է, կա՛մ մամուլի տակ է: «Այլեւս ո՞վ պիտի կարդայ» կ՛ըսէք եւ… անդադրում կը գրէք: Նման չէք այլ գրողներու, դուք ունիք ո՛չ թէ հարց ու հարցումներ, այլ` պատասխաններ:

Հարիւր տարին անբաւարար է այսքան նուաճում կատարելու. բայց Աստուծոյ օրհնութիւնը ձեր մտքին իմաստութիւն եւ գրիչին քաջութիւն տուաւ: Ձեր մեծագոյն սէրը մնաց Յիսուս Քրիստոս: Սուրբգրային վերլուծումներու եւ բանաստեղծութեան ջահակիրն էք հոգեւոր թերթերու մէջ: Սիրուած քերթողը` մեր բեմերուն ու մամուլին:

Աստուածաշունչով արբշիռ` ստեղծեցիք  բազմաթիւ կարկաչուն վտակներ ու գեղահունչ յաւիտենականութիւն: Քարոզեցիք, մխիթարեցիք` անմխիթարները, անկարները,  անտեսուածները, յուսահատները, միայնակները, կարեկից եղաք ու շալկեցիք անոնց վիշտը: Խաղաղ կեանքէ զրկուած մարդոց Աստուծոյ դեղագիրը տուիք: Գառնուկի նման քալեցիք Յիսուսի հետ, բայց առիւծի՛ պէս պաշտպանեցիք Քրիստոսը մամուլով, բեմերէն, բանիւ եւ գործով,  անոնց դէմ, որոնք կը թերագնահատէին կամ կ՛արհամարհէին խաչեալ Փրկիչը: Ձեր փոյթը իսկ չէ, թէ ձեզ «ռուհճի» կ՛անուանեն. ընդհակառակը, կ՛ուրախանաք, որ հոգեւոր կը նկատուիք: Մինչեւ հիմա կը զարմանամ,  թէ ինչո՞ւ Գրիգոր Նարեկացին «ռուհճի» չի կոչուիր:

Դո՛ւք, որ մի՛շտ խուսափեցաք փառք ու պատիւէ, պնդելով թէ միայն Աստուա՛ծ արժանի է անոր, այս երեկոյ ընդունեցէ՜ք այս սկիհը` սիրոյ ու յարգանքի, որովհետեւ դուք հոգեհա՛յրն էք Հաւատքի եւ Հաւատարմութեան: Այս սկիհին մէջ միախառնուած են հայ ժողովուրդէն բխած` սիրոյ մարգարիտ, կարօտի ձայն եւ խաղաղութեան օրօր:

Եւ օր մը, երբ Հայր Աստուած որոշէ բարձրացնել ձեզ այս աշխարհէն, պիտի ըսէ. «Եկո՛ւր, որդեա՛կ, դո՛ւն, որ հաւատքը պահեցիր, բարի գործերը կատարեցիր, մտի՛ր քու Տիրոջդ արքայութեան մէջ»:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles