Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՀԱՅԵՐԷՆ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ, ԹԻՒ 1

$
0
0

Հեղինակ՝ Լեռնա Գարագիւթիւք
Խորագիր՝ Երթաս Բարով
Բանաստեղծութիւն
Տպագրութիւն՝ Մաթ տպարան
Իսթանպուլ
2017
Էջ՝ 126

ՀԱՅԵՐԷՆ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Առաջադրութիւններ

Ա. Հայերէն Մատենաշարը կը հետապնդէ Հայերէն պլօկի (https://hayerenblog.wordpress.com) վրայ հրապարակուած գրութիւններուն առանձին հատորով տպագիր հրատարակութիւնը, նկատի ունենալով, որ հոն լոյսին եկած գրութիւնները ոչ արտատպում են, ոչ ալ՝ արտատպելի, առանց պլօկի վարչութեան հաւանութեան։

Բ. Հայերէն Մատենաշարը գրութիւններուն ելեկտրոնային հասանելիութիւնը տպագիր շօշափելիութեան տանող կամուրջ մը կը հանդիսանայ եւ զուգահեռաբար ունենալու է նաեւ իր ելեկտրոնային տարբերակը պլօկին իսկ վրայ։

Գ. Հայերէն պլօկի գրութիւնները նկատառելի մասամբ մը արդիւնք են հեղինակ-վարչութիւն անմիջական գործակցութեան։ Պլօկը փոխանակման գործարան ու դաշտավայր մըն է, որուն շնորհիւ Հայերէն Մատենաշարը ահա գոյութեան կոչուեցաւ։

Դ. Գրութեանց՝ պլօկէն մատենաշար փոխանցումը ինքնին մարտահրաւէր մըն է, ելեկտրոնայինի որոշ իմաս­տով մը «գնայուն», սրբագրելի ու ջնջելի նկարագրէն դէպի տպագիր, վերջնական ու «մնայուն» նկարագիր անցումն ու հանգրուանումը։ Փոխանցումի այս ընթացքն ալ իր կարգին աշխատելավայր ու զտումի գործընթաց մըն է։

Ե. Հայերէնին, անոր շարք մը բարբառներուն, բառ ու բանին, տեղական գունաւորումներով արտայայտութիւններուն հանդէպ մասնաւոր ուշադրութեան արդիւնք են պլօկն ալ, մատենաշարն ալ, որոնց աշխատակիցներուն համացանցային հաղորդակցութիւնը հարստացուցիչ է։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles