Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԱՆՇՐՋԱՆՑԵԼԻ ԱՆԿԵՂԾ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ. ԲՆԱԿԵՑՈՒՄ-ՎԵՐԱԲՆԱԿԵՑՈՒՄ-ՀԱՅՐԵՆԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆ

$
0
0

 

Յ. Պալեան 

Անկարեւոր հարցեր չկան:

Բայց կան անշրջանցելի հրամայականներ:

Տարեդարձներ, ճանաչումներ, հանդէսներ, շրջպտոյտներ, ողիմպիականներ եւ բանակումներ կ’ողողեն հայկական լրատուամիջոցները: Կը զարմանամ, որ նոյն հերթականութեամբ եւ նոյն ծաւալներով չի խօսուիր ազգի ներկայի եւ գալիքի մղձաւանջային էական խնդիրներու մասին: Յիշուածները ըստ էութեան արհամարհելի չեն, վնասակար չեն: Անոնց առթած հոգեբարոյական թմրութիւնը մեզ կը հեռացնէ հիմնախդիրներէ:

Ազգին համար գոյութենական էականն է Հայաստան(ներ)ի բնակեցումը, վերաբնակեցումը եւ նոյն հունով ազգի համրանքին համար փրկարար հայրենադարձութիւնը: Հայրենիքը տեսութիւն չէ, զգացում չէ, տիրոջ պէտք ունի:

Այս խնդիրները շաբաթավերջի կամ արձակուրդի ցուցադրական շպարով եւ աղմուկով չեն լուծուիր: Անոնցմէ առաջ եւ վերջ հարց կու տա՞նք, հաշիւ կու տա՞նք, թէ քանի՞ հայու ընտրած-չընտրած աքսորը վերջ գտած է:

Երբ կը դադրինք սփիւռք(ներ) աքսոր համարելէ, լուծարքը սկսած կ’ըլլայ:

Հարց կու տա՞նք, թէ հայրենի պետութիւնը (իշխանութիւնները) եւ համայնքացող սփիւռք(ներ)ի ղեկավարութիւնները ի՞նչ կը բանին, ոչ միայն բանիւ, այլ գործով, Հայաստանի, որ նաեւ Արցախ է, բնակեցման, վերաբնակեցման հարցով, ներառնելով հայրենադարձութիւնը: Այս հարցերը առարկայականութեամբ, թիւ-թուանշանով կը ներկայանան եւ կը դատուին:

Միշտ ի մտի պէտք է ունենալ, որ  Հայաստանը միայն Երեւան չէ, երբ կը վարենք բնակեցման, վերաբնակեցման եւ հայրենադարձութեան ազգային քաղաքականութիւն: Զբօսաշրջիկի աչքերը կրնան բաւարարուիլ միաքաղաք երկրով, բայց հայրենիք չեն տեսներ:

Երեւանէն դուրս բոլոր շրջանները կը նմանին աղքատ ազգականի, իրենց ենթակառոյցներով, հաղորդակցական միջոցներով եւ կեանքի որակով: Ներառեալ  Արցախը: Վերաբնակեցումը ի շարս այլ բարեկարգումներու, սերտօրէն կ’առնչուի բոլոր մարզերու զարգացումով, որպէսզի մարդիկ դադրին Երեւան խուժելէ: Ի հարկէ անտրամաբանական կրնայ թուիլ խօսիլ եւ բաղդատուիլ ուրիշ երկիրներու: Բայց բաղդատութիւնները կը նպաստեն մտածումները հունաւորելու: Պելճիքան միայն Պրիւքսէլ չէ, Զուիցերիան միայն Պեռն կամ Լոզան չէ: Նպատակ պէտք է ըլլայ ընել այնպէս, որ մարդիկ նոյն ձեւով կարենան ապրիլ Գիւմրի, Վանաձոր, Գորիս, Ղափան, այլուր, որպէսզի այդ քաղաքները զարգանան, մարդիկ ուզեն հոն բնակիլ եւ աշխատիլ:

Երրորդ աշխարհի յատուկ քաղքենիական սովորութիւն եւ կենցաղ է մայրաքաղաքի մէջ բնակիլ: Սադայէլի այս շրջանակէն կարելի է դուրս գալ կամքով, ծրագրումով, ներդրումով:

Օրինակ մը: Անցեալին Վանաձորի մէջ եղած են առողջարաններ եւ այսօր չկան: Իրողութիւն է, որ ամենուրեք կեանքի միջինը կ’աւելնայ, եւ յառաջացեալ տարիքաւորներու թիւը պիտի աճի եւ անհրաժեշտ պիտի ըլլայ նախատեսել անոնց բժշկական խնամքը եւ հանգիստը: Բժշկութեան յատուկ մասնագիտութիւն է «ծերաբանութիւնը», gérontologie: Ինչո՞ւ հոն, Վանաձորի բարձունքներուն, չկառուցել առողջարաններ, ծերութեան յատուկ մանագիտական բժշկական համալսարանի ճիւղ հաստատելով հոն: Նման որակաւոր կեդրոն մը  կրնայ նաեւ խնամքի համար արտասահմանէն անձեր ընունիլ, երկրին ապահովելով աշխատանք եւ եկամուտ: Գիւմրին անցեալին ունեցած է գուլպայի, ներքնազգեստի եւ կօշիկի արտադրութիւն: Ինչո՞ւ չվերսկսիլ այդ արտադրութիւնները եւ վայրագ կերպով ներածել, մենաշնորհներով կամ ոչ: Կրկնենք. առաջքը կ’առնուի դէպի Երեւան խուժումին:

Զբօսաշրջութիւնը փոխանակ կեդրոնացնելու Երեւան, կարելի չէ՞, օրինակ, Սիսիան, Աշտարակ, Լոռի, Գորիս, կառուցել յարմարաւէտ հիւրանոցներ, լողաւազաններով, մարզանքի սրահներով, ստեղծելով շրջակայքին մէջ տեսարժան վայրերու շրջագայութեան պայմաններ: Միաժամանակ մշակել բնակարանային ծրագիր անոնց համար որոնք կ’ուզեն Հայաստանի մէջ հանգստանալու բնակարան ունենալ Երեւանէն դուրս:

Այս կարգի հարցերու լուծման համար անպայման պէտք չէ սպասել արտաքին օժանդակութիւն: Հայաստանի մէջ կան բաւարար թիւով դրամատէրեր եւ գործատէրեր, որոնք օգտակար նախաձեռնութիւններ կրնան ունենալ, փոխանակ անձնատուր ըլլալու քաղքենիական եսասիրական ճոխութեան: Պէտք չէ ստիպել, որ ժամանակակից իրատես մտաւորական մը կրկնէ Նիկոլ Աղբալեանի խօսքը. որ կ’ըսէր, թէ գաղափարը դրամ չունի, դրամն ալ գաղափար չունի:

Նման նախաձեռնութիւններ առաջքը կ’առնեն աղէտ-արտագաղթին, հնարաւորութիւններ կը ստեղծեն հայրենադարձութեան:

Երկար կարելի է խօսիլ բնակեցում-վերաբնակեցում-հայրենադարձութիւն հրամայականին մասին, նկատի ունենալով անհատները եւ ազգային լինելութեան խնդիրները, քաջ գիտնալով, որ հայոց եւ Հայաստաններու ապագան եւ ապահովութիւնը գրուած են բնակուած իւրաքանչիւր թիզ հողի վրայ:

Պետութեան եւ բազմազան կուսակցութիւններու, կազմակերպութիւններու, միութիւններու գնահատումը պէտք է ընել բնակեցման եւ վերաբնակեցման իրենց բերած շօշափելի եւ թիւերով ներկայացող հաշուեկշիռով: Այն ատեն միայն իմաստաւորուած կ’ըլլան փառասիրութիւնները, շռնդալից խորհրդաժողովները, շքանշանները:

Բնակեցում-վերաբնակեցում-հայրենադարձութիւն ազգային էական քաղաքականութիւն է հայրենիքի պաշտպանութեան եւ մեր համրանքի փրկութեամբ հզօրանալով տեւելու համար:

Ինչո՞ւ այս էական, հետապնդուող եւ ներդրումներու օրակարգ չէ Հայաստան եւ սփիւռք(ներ): Ինչո՞ւ հայ հանրային կարծիքը ղեկավարութենէն ա՛յս չի պահանջեր եւ իր վստահութիւնը ըստ այնմ չի պայմանաւորեր:

Ինչո՞ւ հայ հարազատ մտաւորականութիւնը, ընթացիկ փառասիրութիւններէն անդին, այս թէժ խնդիրը հրապարակի վրայ չի պահեր, ստեղծագործութեան նիւթ չի դարձներ: Այս պարագային՝ նաեւ օտար լեզուներով:

Այս բնակեցման, վերանակեցման եւ հայրենադարձութեան խնդիրը տեսաբանական եւ իմաստասիրական վերլուծումներու կարիք չունի, ան վերապրումի խնդիր է, որուն հանդէպ պէտք է ունենալ հակասոփեստ, հակաեսապաշտ, հականիւթապաշտ գաղափարական եւ ապագայակերտ ազգաշէն կեցուածք, հրաժարելով տօնական օրերու փող-թմբուկի ճառերէ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles