Խմբագրական
Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեանի Պարսկաստան այցելութիւնը նորընտիր նախագահ Հասան Ռուհանիի երդման պաշտօնական արարողութեան առթիւ, պատճառ դարձաւ որ կատարուին աւելի խոր քննարկումներ եւ խօսակցութիւններ երկու երկիրները յուզող հարցերու առնչութեամբ:
Երկուստեք միայն ուժանիւթի, ելեկտրականութեան, կազի, փոխադրութեան եւ հաղորդակցութեան կամ երկու երկիրներու տարածքներով Պարսից ծոցը Սեւ ծովուն հետ կապող միջազգային փոխադրական եւ տարանցիկ ուղիներու օգտագործման կարեւորութեան մարզերը կամ երկու երկիրներուն միջեւ ելքի եւ մուտքի արտօնագիրներու չեղեալ յայտարարուիլը չքննուեցան, այլ նաեւ արծարծուեցաւ շրջանը յուզող Արցախի հիմնահարցը, յակտապէս կարեւորելով Արցախեան տագնապի բանակցային հոլովոյթը:
Ռուհանի ընդգծեց, որ Արցախեան հիմնահարցին լուծումը կրնայ ընթանալ միայն քաղաքական ճամբով, շեշտելով թէ առաջնահերթութիւն է շրջանի խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը: Իրանի նորընտիր ղեկավարին խօսքերը կ՛ամբողջացնէին նախապէս արտայայտած Սերժ Սարգսեանի խօսքերը, թէ Հայաստանի դիրքորոշումն է տագնապը բանակցութիւններու միջոցով, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի շրջագիծին մէջ խաղաղ միջոցներով լուծել: Շատ աւելի մանրամասնութեամբ եւ մօտէն ուսումնասիրելով, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պահրամ Քասեմին, Սարգսեան – Ռուհանի տեսակցութեան յաջորդ օրն իսկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին զեկուցեց, թէ Իրան Արցախեան տագնապի գծով, երկու կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ` դիմելու երկխօսութեան ու բանակցութիւններու:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտեց թէ Կովկասեան բարձրավանդակի հարաւային շրջանին մէջ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը կրնան ազդեցութիւն ունենալ աւելի լայն տարածաշրջանի վրայ, յոյս յայտնելով որ, երկու երկիրներն ալ, թէ՛ Հայաստան եւ թէ՛ Ատրպէյճան այս գծով կրնան ամէն գնով օժանդակել ի նպաստ շրջանէն ներս կայունութեան եւ անվտանգութեան հաստատման:
Այս իրադարձութիւններու լոյսին տակ, չուշացաւ Ստեփանակերտի յայտարարութիւնը որ բնականաբար մեծ գոհունակութեամբ կը հաստատէր թէ Թեհրան լաւապէս կը հասկնայ թէ տարածաշրջանէն ներս զինադադարի խախտումն ու պատերազմը կրնայ ահաւոր կացութիւն մը ստեղծել, մանաւանդ որ Պարսկաստան անմիջական սահամանակից է թէ՛ Հայաստանին, թէ՛ Արցախին, եւ թէ՛ Ատրպէյճանին:
Արցախի նախագահի մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Պապայեան յստակօրէն մեկնաբանեց թէ, Իրան հրաշալի ձեւով կը հասկնայ, որ շրջանին մէջ լայնածաւալ պատերազմը զինք, կամայ թէ ակամայ, պիտի դարձնէ տագնապի մասնակից եւ հետեւաբար այդ պատճառով Թեհրան մշտապէս հանդէս եկած է տագնապի խաղաղ լուծման օգտին, միշտ ալ բացառելով պատերազմը եւ ուժի կիրարկումը:
Միւս կողմէն, Պաքուի կողմէն ոչ մէկ յիշատակելի յայտարարութիւն: Ռուհանիի երդման պաշտօնական արարողութեան ալ բացակայ էին ղեկավար Ալիեւ եւ իր արբանեակ անձնաւորութիւնները, իսկ Արցախեան տարածաշրջանէն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները ապատեղեկութիւն տարածած էին, թէ հայկական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակած են Գարալար գիւղի ուղղութեամբ, որուն պատճառով իբր թէ վիրաւորած են 13-ամեայ երեխայ մը: