Երեւանի վերընտրուած քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի համար դիւրին չեղաւ գործադրել իր փափաքածը: Արդարեւ, ան որոշած էր յանկարծակի եւ հսկայական յաւելում մը առաջադրել ու պարտադրել, այս անգամ փոխադրամիջոցներու եւ յատկապէս հանրակառքերու բնագաւառէն ներս:
Հարիւր դրամի փոխարէն, ան որոշած էր յիսուն առ հարիւր յաւելում մը, այսինքն հարիւրյիսուն դրամ: Այս շտապ որոշումով, Երեւանի քաղաքապետը ինկած էր, իր իսկ փորած խրամին մէջ, առիթ ընծայելով որ դժգոհ տեղացիներ համախմբուին եւ շարունակ հաւաքներ կազմակերպեն:
Ժամանակի ընտևանին ալ հարց էր: Առանց որեւէ հանրային քննարկում կատարելու, այս սակի յաւելման լուրը տարածուած էր, գործադրման օրէն երկու օր առաջ:…Եւ աւելին ու հիմնական հարցը` քաղաքապետութիւնն ու քաղաքապետը. կը հակասէին իրենց իսկ թափանցիկ գործելաձեւին, որն էր հանրային մասնակցութեան եւ բնակիչներուն որոշումներու կայացման մասնակից դարձնելու սկզբունքը:
Եւ բնականաբար, այս միակողմանի որոշումը անընդունելի կը նկատուէր, նկատի ունենալով որ կայացած էր առանց շահագրգիռ կողմերու, այսինքն վառորդներու, ուղեւորներու, ղեկավարութեան եւ հանրութեան իրական եւ իրաւական մասնակցութեան:
Այսպէս ընբոստ խուռներամը, այդ յաւելում կրած “դրամ“ին դէմ դրօշ պարզած էր, նոյնիսկ հիմնաւորելով թէ նմանօրինակ որոշում կը խախտէ Հ.Հ. սահմանադրութեան տարրական սկզբունքներէն մէկը եւ կը նպաստէ ընկերային անարդարութեան խորացման:
Ընդդէմ այս յաւելման, ցուցարարները իրենց կարգին յստակացում կը պահանջէին, այս բնագաւառէն ներս գործող ընկերութիւններուն եւ անոնց փորձառութեան մասին, սկսելով փոխադրակառքերու մակարդակէն մինչեւ շարժավարներու եւ անձմակազմի աշխատանքի պայմաններն ու իրավիճակը:
Շատ աւելի առաջնահերթ հարց է համապատասխան վերահսկողական մարմիններու ստեղծումն ու անոնց հետեւողական աշխատանքը, ձեռք ձգելու համար բարձր մակարդակ եւ որակ, նաեւ սպասարկող ու ընդունակ անձնակազմ:
Դեռ աւելի զգայուն եւ փափուկ հարց է, հաշիւ պահանջել վերջին տարիներու կատարուած ծախսերէն, եկամուտներէն, հարկերէն, եւայլն:
Կեանքը կը շարունակուի Երեւանի մէջ …եւ նորածինն ու երիտասարդը, պապն ու ալեհերը մուտք կը գործեն փոխադրակառքերէն ներս, սակն է անփոփոխ` հարիւր դրամ: