Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

«Համազգային»ի Ուսանողական Համախմբում 2017

$
0
0

«Համազգային»ի Ուսանողական Համախմբումը տեղի ունեցաւ Յուլիս 8-էն 21: Աշխարհի տաս երկիրներէ համախմբուած 34 ուսանողներ մասնակցեցան այս հաւաքին:
Առաջին օրը, բացման հանդիպման ընթացքին, խօսք առին Համազգայինի Հայաստանի գրասենեակի տնօրէն Նարէ Միքայէլեան, Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ ֆորումի դաստիարակչական աշխատանքներու պատասխանատու Վիգէն Թիւֆէնքճեան եւ ընդհանուր պատասխանատու Արա Բարսեղեան: Ցուցադրուեցաւ «Համազգային»ի մասին տեսերիզ մը, որուն ընդմէջէն մասնակիցները ծանօթացան «Համազգային»ի առաքելութեան եւ գործունէութեան տարբեր երեսներուն: Ապա մասնակիցները ծանօթացան իրարու:
Ճաշէն ետք, մասնակցողները այցելեցին տեսարժան վայրեր: Երեկոյեան մինչեւ ուշ ժամեր Ֆլորանս ճաշարանին մէջ քէֆով ու պարով աւարտեցաւ առաջին օրը:
«Համազգային»ի Ուսանողական Համախմբումի երկրորդ օրը երկար պտոյտներ նախատեսուած էին, եւ օրը ընթացաւ ըստ ծրագրի։
Բանակողները ուղղուեցան դէպի Սաղմոսավանք, ուր Դաւիթ Քերթմէնջեան խօսեցաւ Հայկական Ճարտարապետութեան մասին, օգտաշատ բացատրութիւններ տալով մասնակիցներուն։ Ապա խումբը ուղղուեցաւ Տառերու պուրակ, ուր այբուբենի այդ գեղեցիկ շտեմարանին մէջ իւրաքանչիւրը գտաւ իր անուան սհզբնատառը եւ նկարուեցաւ անոր կողքին, իսկ խմբակը միասնաբար նկարուեցաւ «Հ» տառին քով, որ կը խորհրդանշէ «Համազգային»ը, որուն շուքին տակ հաւաքուած էին բոլորը։
Ապա ժամ մը ետք մասնակցողները հասան քառագագաթ Արագած լեռը։ Հոն ճաշեցին, ապա մագլցեցան լերան դիմացի բլուրը, ուր Քարէ լիճին գոյութիւնը իր հիասքանչ տեսարանով հմայեց բոլորը։ Ապա կատարուեցաւ այցելութիւն՝ Ամբերդ:
Հաւաքի երրորդ օրը խումբը այցելեց Ջիվանիի աշուղական դպրոց, ուր Թովմաս Պօղոսեանի գլխաւորութեամբ կարելի եղաւ ունկնդրել ազգային նուագարաններու մասին բացատրութիւններ եւ ծանօթացան հայ գուսաններուն եւ աշուղներուն կեանքին ու գործունէութեան։ Ապա Սայեաթ Նովա աշուղական համոյթին փունջ մը աշուղական եւ ազգային ու հայրենասիրական երգերէն ոգեշնչուած, ուսանողները աշխուժօրէն մասնակցեցան երգերուն։
Կատարուեցաւ այցելութիւն՝ Չարենցի Կամար, ուր ընբոշխնուեցաւր հիասքանչ Սիսն ու Մասիսը: Մասնակցողները միասնաբար երգեցին Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» երգը։
Գեղարդի վանական համալիր այցելելու ընթացքին միասնաբար երգուեցաւ Տէր Ողորմեան եւ Կիլիկիա երգերը, խորհրդաւոր ու ոգեպարար պահեր պարգեւելով մասնակիցներուն։
Ընթրիքը տեղի ունեցաւ պանդոկին մէջ, ապա Վիգէն Թիւֆէնքճեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ հետաքրքրական զրոյց մը «Ո՞վ է հայը» թեմայով։ Մասնակիցները ունեցան կարծիքներու փախանակում եւ փորձեցին եզրակացնել, թէ ո՛վ է հայը։
Հաւաքի չորրորդ օրը սկսաւ Հայաստանի Պատմութեան թանգարան այցով։ Ապա խումբը մեկնեցաւ դէպի Էջմիածին եւ այցելեց Մայր տաճարն ու կողքի թանգարանը։
«Հայ Միասնութեան Խաչ» բարեգործական-մշակութային հասարակական կազմակերպութեան մօտ կայացաւ կէսօրուան ճաշը, որմէ ետք մասնակցողները ծանօթացան կաւագործութեան արուեստին, եւ իւրաքանչիւրը առիթը ունեցաւ կաւով ձեռային աշխատանք մը պատրաստելու։ Յատկանշական էր տաղանդներու յայտնաբերումը զանազան նուագարաններով նուագելու մէջ։

Երեւան վերադարձի ճամբուն վրայ, խումբը այցելեց Ս. Գայեանէ եկեղեցին եւ կողքի գերեզմանատունը, ուր թաղուած են Րաֆֆիի Խենթը՝ Սամսոն Տէր Պօղոսեան եւ երգչուհի Լուսինէ Զաքարեանը։
Հինգերորդ օրը սկսաւ Սեւանավանք եւ Սեւանայ լիճի պաղ ջուրերը այցելութեամբ։ Հազարամեայ վանքին ծանօթանալէ ետք, նաւով պտոյտ մը կատարուեցաւ Սեւանի մէջ:
Ապա խումբը ուղղուեցաւ դէպի Դիլիջան, եւ Քարահունջ:
Յաջորդ կանգառը Հաղարծին վանքի համալիրն էր:
Երեւան վերադարձին կատարուեցաւ այցելութիւն՝ Birthright Armenia կազմակերպութեան կեդրոնը, որուն տնօրէն Սեւան Գապաքեանէն բացատրութիւններ ստացան այս կազմակերպութեան գործունէութեան մասին։
Վեցերորդ օրը յատկացուած էր կրթական հաստատութիւններ այցելութեան։ Երեւանի պետական համալսարանը մեր առաջին կանգառը հանդիսացաւ։ 1919-ին հիմնուած հինաւուրց համալսարանը երիտասարդ ոգիով գրաւեց մասնակիցներու ուշադրութիւնը։ Համալսարանի տնօրէն փրոֆ․ Արամ Սիմոնեան մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ համալսարանի պատմականի, ներկայի, ուսման զանազան կարելիութիւններու եւ ուսանողութեան մասին։ Այսօր համալսարանը ունի քսան հազար ուսանող։ Համալսարանը ունի նաեւ զանազան երկիրներու հետ ուսանողութեան փոխանակման ծրագիրներ, որոնց մասին լայն բացատրութիւններ տուաւ ան։ Ապա Սիմոնեան անդրադարձաւ Ե.Պ.Հ.-ի եւ Համազգայինի համատեղ կազմակերպութեամբ նախաձեռնութիւններուն։
Երկրորդ կանգառը Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանն էր։ Մասնակիցները դարձեալ հակիրճ բացատրութիւններ ստացան համալսարանի պատմութեան եւ կարելիութեանց մասին։ Ուսանողները ճաշեցին համալսարանին մէջ։

Պանդոկ վերադառնալէ եւ քիչ մը հանգստանալէ ետք, խումբը ուղղուեցաւ դէպի Թումօ արհեստագիտական կեդրոն եւ հիացմունքով ականատես եղաւ Թումոյի մէջ ծայր առած արդիական աշխատանքին։ Այնտեղ արտասահմանէն Հայաստան հաստատուած Թումոյի աշխատակիցներ իրենց կենդանի օրինակով եւ անցած ճանապարհով բացատրութիւններ տուին Թումոյի ճամբով Հայաստանի մէջ արհեստագիտական մարզէն ներս ներդրումներ կատարելու կապակցութեամբ։
Ընթրիքէն ետք, կատարուեցաւ զրոյց՝ գաղութներու ներկայացումով: Իւրաքանչիւր երկրի հայկական գաղութը ներկայացուեցաւ այդ երկրին մասնակիցներուն կողմէ։
Եօթերորդ օրը Կոմիտասեան երաժշտութեամբ սկսաւ: Այցելութիւն՝ Կոմիտաս վարդապետի թանգարան եւ ծանօթացում անոր կեանքին ու գործունէութեան։ Կատարուեցաւ այցելութիւն՝ նոյն պարտէզին մէջ գտնուող մեծերու պանթէոնը եւ մեր յարգանքի տուրքը մատուցուեցաւ՝ Վահան Տէրեանի, Սօս Սարգիսեանի, Պարոյր Սեւակի, Սիլվա Կապուտիկեանի եւ ուրիշներու։
Ապա մասնակիցները ուղղուեցան Ծաղկաձոր, Տիրամօր մանուկներու ճամբարը, ուր մանուկները դիմաւորեցին աղով ու հացով եւ բարի գալուստ պոռալով։
Ութերորդ օրը յատկացուած էր արուեստի:
Կատարուեցաւ դասախօութիւն մը Դոկտ. Սաթենիկ Չուքասզեանի կողմէ, ապա շրջապտոյտ՝ Մատենադարանի առաջին յարկը:
Իններորդ օրը սկսաւ Սարդարապատ այցելութեամբ։ Խումբը յաղթական ոգիով Սարդարապատի երգը երգելով յառաջացաւ դէպի թանգարան, ուր բացատրութիւններ ստացանք առաջնորդի կողմէ Սարդարապատի հերոսական մարտերուն, անոր հերոսներուն եւ յատկապէս Արամ Մանուկեանի մասին։
Ուսանողական հաւաքի տասերորդ օրը, մասնակցողները այցելեցին Օշական՝ Մեսրոպ Մաշտոցի դամբարանը եւ Աշտարակի Կարմրաւոր եկեղեցին։ Առաջին հերթին, կատարուեցաւ հայոց գիրերու գիւտին մասին դասախօսութիւն՝ տեղւոյն Արման Սարկաւագի կողմէ։ Ապա յարգանքի տուրքը մատուցուեցաւ Մեսրոպ Մաշտոցին, այցելելով անոր գերեզմանը:
Կատարուեցաւ այցելութիւն Աշտարակի Կարմրաւոր եկեղեցին, որուն բակին մէջ կը գտնուի Գէորգ Էմինի գերեզմանը։
Երեկոյեան մասնակիցները ներկայ գտնուեցանք Երեւանի օփերայի մէջ երգի ու պարի պետական համոյթի գեղեցիկ ելոյթին։
Հաւաքի 11-րդ օրը բանակողները այցելեցին Եռաբլուր եւ տեսանք շիրիմները այն հերոսներուն, որոնք Արցախեան պատերազմին իրենց կեանքը զոհելով եւ նուիրաբերելով պաշտպանեցին հողերը։
Ապա կատարուեցաւ Ծիծեռնակաբերդ այցելութիւն եւ յարգանքի տուրքը մատուցուեցաւ եղեռնեան անմահ զոհերու յիշատակին։
Պպատուիրակութիւն մը այցելեց պաշտպանութեան նախարարութիւն, ուր հանդիպում ունեցաւ փոխ նախարար Արտակ Դաւթեանին հետ եւ մտերմիկ զրոյցի ընթացքին լուսաբանութիւններ ստացանք ներկայ կացութեան մասին։
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի շէնքին մէջ Կիրօ Մանոյեան դասախօսեց «Հայ Դատը այսօր» թեմայով դասախօսութիւնը։
Երեկոյեան ժամերուն տեղի ունեցաւ զարգացման մրցում՝ բաժնուած ՎԵՑխումբերու։ Մասնակիցները սուր մրցակցութեամբ շատ լաւ պատասխանեցին հարցումներուն։
Այսպիսով Երեւանեան բաժինը իր աւարտին հասաւ։
Հաւաքի 12-րդ օրուան առաւօտուն մասնակիցները, վաղ առաւօտեան ճամբայ ելանք դէպի Արցախ։
Առաջին կանգառը Խոր Վիրապն էր, երկրորդը՝ Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարանը, ուր մասնակիցները արտասանեցին Սեւակի բանաստեղծութիւնները եւ միասնաբար երգեցին «Սարդարապատ» երգը։
Ապա մասնակցողները ուղղուեցան Նորավանք եւ երեկոյեան հասան Արցախի սահման: Յաջորդ օրը կատարուեցաւ այցելութիւն Արցախի Ազգային Ժողով: Ելոյթ ունեցաւ խորհրդարանի փոխ նախագահ Պալայեան, մանրամասն զեկուցում տուաւ Արցախի իրավիճակին մասին եւ պատասխանեց ուսանողներուն հարցումներուն։
Ապա կատարուեցաւ այցելութիւն Ստեփանակերտի Ձորի զօրամաս, ուր հրամանատարը բացատրութիւններ տուաւ զօրամասի տարբեր բաժանումներու եւ զինուորներու մասին։
Ապա կատարուեցաւ այցելութիւն երկու թանգարաններ՝ զոհուած ազատամարտիկներու եւ անյայտ կորած զինուորներու։ Ճաշելէ ետք, բանակողները ուղղուեցան դէպի Գանձասար, առիւծի լեռ, որ կը գտնուի Վանք գիւղին մէջ։ Երեկոյեան ժամերուն, կատարուեցաւ Նիկոլ Դումանի տուն թանգարան այցելութիւն:
Հաւաքի 14-րդ եւ վերջին օրը ծայր առաւ Արցախէն ու իր աւարտին հասաւ Երեւանի մէջ։ Առաւօտեան կանուխ ժամերուն, կատարուեցաւ այցելութիւն՝ Մամիկ-Պապիկի մօտ, ապա ուղղուեցան Շուշիի Ղազանչեցւոց եկեղեցին, որմէ ետք հրաժեշտ տուին Արցախին։
Տաթեւ հասնելով բանակողները մեծ հետաքրքրութեամբ վայելեցին ճոպանուղին եւ հասան Տաթեւի վանք։ Տաթեւի պարտէզներուն մէջ ճաշելէ ետք, ներկաները մեկնեցան Երեւան, եւ իր աւարտին հասաւ այս հաւաքը։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles