Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՉՍՊԻԱՑԱԾ ՎԷՐՔԵՐ, ՉՉՈՐՑԱԾ ԱՐՑՈՒՆՔՆԵՐ

$
0
0

 

lisbon 5 l  ԱՅԲ

(Երիտասարդի մը խոհերը)

Մեզմէ ո՞վ մանկութեան շրջանին, ուրախ ու զուարթ, ազատ ու անհոգ տարիներուն, խաղացած ատեն չէ ցաւած, ծառ մագլցած ատեն, հեծանիւ քշած ատեն, մանկութիւնը վայելած ատեն վէրքեր չէ ստացած…

Ո՞վ հօրը կամ մօրը գիրկը չէ վազած այդ փոքրիկ վէրքին ցաւէն լալով ու տնքալով, եւ որո՞ւ մայրը համբոյրով մը չէ բուժած այդ վէրքը, չէ տարած այդ ցաւը, չէ չորցուցած այդ արցունքը…

Երիտասարդութեան շրջանին ո՞վ չէ սիրած, սիրահարած, ո՞վ չէ զգացած սէր մը կորսնցնելու ցաւը, նեղութիւնը, ջղայնութիւնը, ո՞վ չի գիտեր ծնողքին հանդէպ սէր զգալը, ընկերոջ մը անուշ ժպիտին պատճառած ուրախութիւնը, ո՞վ չէ տեսած կեանքի գեղեցկութիւնը…

Եւ մէկ կոճակ… Մէկ կոճակ, մէկ պայթում… ու կ’ոչնչանայ ամէն բան` հայր, մայր, ընկեր ու սիրահար, զանոնք կը զրկենք մեր գոյութենէն ու կը զրկուինք կեանքի պատճառած բոլոր զգացումներէն…

Մէկ կոճակ… մէկ կոճակ, մէկ պայթում… ու այդ վէրքը փոքրիկ, ցաւող, լացնող… այդ վէրքը կը տարածուի մազի ծայրէն մինչեւ մատներուն ծայրը, մարմինի ներսէն դուրս, բոլոր բաժինները, այդ պզտիկ վէրքը մեզ լացուցած է, բայց ո՞վ կրնայ երեւակայել տարողութիւնը այդ ցաւին… երբ մօր համբոյրը չկարենայ բուժել վէրքը, սպիացնել զայն, երբ համբոյրով մը մայրը չկարենայ չորցնել արցունքը…

Ի՞նչ գերմարդկային ուժ, ի՞նչ գերմարդկային կամք, հզօրութիւն պէտք է, որ անձ մը ինքնիր ձեռքով սեղմէ այդ կոճակը, զգայ այդ ցաւը եւ ցանէ արցունքներ իր մօր, հօր, ընկերներուն, սիրածին երեսներուն վրայ ու սրտերուն մէջ…

Ի՞նչ է այդ սէրը, որ կը գերադասէ հօր, մօր սէրը, սիրահարութիւնը, կեանքին ինքնին…

Այդ սէրը Արայի, Սիմոնի, Սեդրակի, Սագոյի եւ Վաչէի ապրած սէրն էր ազգին հանդէպ, Դատին հանդէպ: Այդ սէրն էր, որ մղեց այս հինգ գերմարդիկը ոչնչացնելու ամէն բան, զրկելու ուրիշները իրենձմէ` յանուն մէկ բանի, մէկ սրբութեան, մէկ հզօրութեան… ՅԱՆՈՒՆ ԱԶԳԻ…

Սեղմեցին կոճակը ու տարածեցին վէրքերը իրենց մարմիններուն վրայ եւ մեր սրտերուն մէջ. վէրքեր, որոնք չսպիացան: Իրենք չհասան լալու, չհասան արցունք թափելու, իսկ մենք… մեր արցունքները չչորցան, չեն չորնար…

Ու տակաւին կ’երդնունք, կ’երդնունք Արային անբիծ պատիւով, կ’երդնունք Սեդրակին անբիծ պատիւով, կ’երդնունք Սագոյին անբիծ պատիւով, կ’երդնունք Վաչէին անբիծ պատիւով, կ’երդնունք ընդարձակել պայքարը… Պայքարը, որուն նուիրուեցան մեր հինգ գերմարդիկը, Լիզպոնի մեր հինգ հսկաները…

Մեր հինգ հսկաները, որոնք ռոստոմեան բռունցքով շալկեցին չսխալող մեր դաշոյնը եւ թշնամին հարուածեցին դաւիթեան հուժկու բազուկներով…

Զոհողութիւն, նահատակութիւն… չեն արդարացներ անոնց կատարածը, պէտք եղած գեղեցկութիւնը չեն տար անոնց ապրած կեանքին, ոչ ալ` անոնց առաքինի մահ-ւան, եւ մանաւանդ չեն կրնար ներկայացնել չսպիացած վէրքերն ու չչորցած արցունքները…

Քրիստափոր, Ռոստոմ, Զաւարեան հարթեցին ճամբան դէպի Խանասոր, Պանք Օթոման, Եըլտըզ, Սարդարապատ, իսկ Արա, Սիմոն, Սարգիս, Սեդրակ եւ Վաչէ հարթեցին ճամբան դէպի ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստան. այդ ճամբան կ’անցնի Լիզպոնէն, այդ ճամբան լեցուն է ցաւով, լեցուն է դիակներով, զոհաբերութեամբ, լեցուն է արեամբ, նահատակութեամբ ու սրբութեամբ… բայց նաեւ ու մանաւանդ` չսպիացած վէրքերով ու չչորցած արցունքներով…

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles