Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Փարիզի «Անաքօ» Տափանաւի Ապագան Վտանգուած

Image may be NSFW.
Clik here to view.

 

Image may be NSFW.
Clik here to view.
ՓԱՐԻԶ.- Սէնի ափին մօտ գտնուող բազմաթիւ «անշարժ» նաւերէն մէկն է «Անաքօ» տափանաւը, որ լոյսերու քաղաքի յատկապէս հայ գաղութին յաճախակի ժամադրավայրերէն մէկն է, յատկապէս մշակութային բնագաւառէն ներս: Յատուկ կոչ-հաղորդագրութեամբ մը, կը տեղեկացուի թէ, այս տափանաւը կը գտնուի հսկայ վտանգի դէմ յանդիման։ 2009-էն ի վեր, «Անաքօ» տափանաւը հիւրընկալած է հարիւրաւոր արուեստագէտներ եւ հազարաւոր այցելուներ, հիւրընկալելով համերգներ, երաժշտական յանպատրաստից ծրագիր/խրախճանքներ (jam), ցուցահանդէսներ եւ դասախօսութիւններ:
Վերջերս, Փարիզի քաղաքապետութիւնը որոշած էր վերատեսութեան ենթարկել շրջանի Վիլէթ աւազանի հաստատութիւնները, եւ դժբախտաբար, «Անաքօ» տափանաւուն ներկայացուցած թղթածրարը մերժուած է։
Վարչական կազմը, այս առթիւ լոյս ընծայած է ստորագրահաւաք մը, որուն մէջ կը տեղեկացնէ թէ.-
«Յուլիսի սկիզբը ստացանք նամակ մը, ուր մեզի կը մաղթէին «Բարի երթ Փարիզէն»։ 2018 Յունուարէն սկսեալ մեր տրամադրութեան տակ որեւէ տեղ չունենալով՝ մեր գործունէութիւնը դադրեցնելու պարտաւորութեան առջեւ կը գտնուինք։Image may be NSFW.
Clik here to view.
Image may be NSFW.
Clik here to view.

Փարիզի քաղաքապետարանի այս որոշումը կը նշանակէ վախճանը ընկերակցութեան մը, որու առաքելութիւնը եզակի է։
«Անաքօ»-ն՝ «համաշխարհային մշակոյթներու տափանաւը» անխոնջ աշխատանք տարած է անհետացման սպառնալիքի ենթակայ մշակոյթներու նուիրուած ծրագրեր կազմակերպելով եւ անոնց շուրջ հետաքրքրութիւն ստեղծելով։ Այսպէս, սկիզբէն ի վեր աւելի քան 75 երկիրներու մշակոյթներ ներկայացուած են այս տափանաւու ծրագրերով, ինչ որ առիթ ընծայած է այլուր դժուար գտանելի բազմամշակութային սքանչելի փոխանցումներու, երաժշտական եւ գեղարուեստական իւրայատուկ փորձառութիւններու։
«Անաքօ»տափանաւը նաեւ ստեղծագործութեան բացառիկ վայր մըն է։ Իր jam orientale-ները եւ jams bluegrass-ները (ամսական ձեռնարկներ) առիթներ հանդիսացան հանդիպումներու, յանկարծաբանութիւններու եւ երեւութապէս եզակի ստեղծագործութիւններու, jam-ը շատ ընդհանրացած ձեւ մը չըլլալով Ֆրանսայի մէջ։Image may be NSFW.
Clik here to view.

Եւ վերջապէս,«Անաքօ» տափանաւը այն վայրն է, ուր ֆրանսահայ համայնքը կրցաւ ի մի գալ, տարածել իր մշակոյթը եւ իր պատմութիւնը։
Այս ամբողջ աշխատանքը այսօր վտանգուած է։ Եւ այս կացութիւնը ա՛լ աւելի ափսոսալի է, եթէ նկատի ունենանք, որ Փարիզի քաղաքապետութիւնը «Անաքօ» տափանաւուն եւ այլ անկախ տափանաւերու փոխարէն՝ նախընտրած է այնպիսի կազմակերպութիւններու (ի շարս որոնց հանրախանութներու ցանցի հսկայի մը) թեկնածութիւնները, որոնք արդէն բազմաթիւ վայրերու տէր են Փարիզի մէջ։ Անոնց մշակութային եւ գեղարուեստական առաքելութիւնը (եթէ իսկապէս ունին) բացարձակապէս պայմանաւորուած չէ Վիլէթի աւազանին մէջ տեղ մը ձեռք ձգելու հրամայականով։
Հետեւաբար, Փարիզի քաղաքապետութենէն կը պահանջենք վերատեսութեան ենթարկել իր որոշումը։ Անհրաժեշտ է, որ «Անաքօ» տափանաւը կարենայ շարունակել փոխանցման եւ ստեղծագործման իր առաքելութիւնը, ի տես այն գործօն եւ յօժար հասարակութեան, զոր ստեղծեց 2009-էն ի վեր»։

«Անաքօ» տափանաւը փրկելու համար գործի լծուած են իրաւաբաններ եւ արդեն իսկ համացանցային ստորագրահաւաքի մը ազդանշանը տրուած է.-
https://www.change.org/p/mairie-de-paris-sauvons-la-p%C3%A9niche-anako


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles