Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Ա.Մ.Ն.-Ի ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ 27-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐԸ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒԵՑԱՆ ՄԵԾ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Ա.Մ.Նահանգներու Նաւասարդեան 27-րդ մարզախաղերը Յուլիսի առաջին շաբաթավերջին յիշատակելի օրեր պարգեւեցին Փրովիտէնսի «Իստ Կրինիչ» հայ սքուլի մարզադաշտերը համախմբուած շրջանի հայութեան, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական խանդավառութեան բարձր մթնոլորտի մէջ, երեք օր շարունակ հետեւեցաւ հետեւեալ հետաքրքրական խմբային խաղերուն, որոնք կ’ընդգրկէին ոտնագնդակ, կողովագնդակ, վոլիպոլ, լող, վազք եւ թենիս:
Սոյն մարզախաղերուն կը մասնակցէին 11 մասնաճիւղերէն աւելի քան 450 մարզիկ-մարզիկուհիներ, որոնք կու գային Ալպընիէն, Պոսթընէն, Մէրիմէք Վէլիէն, Շիքակոյէն, Նիւ Եորքէն, Նիւ Ճըրզիէն, Ֆիլատելֆիայէն, Ֆլորիտայէն, Ուաշինկթընէն, Փրովիտէնսէն, Տիթրոյթէն։ Մարզիկները իջեւանեցան Փրովիտէնսի «Պիլթմոր» պանդոկին մէջ եւ հիւրընկալուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Փրովիտէնսի մասնաճիւղին կողմէ, որ այս առթիւ ճիգ չէր խնայած մարզական եւ ընկերային լաւագոյն մթնոլորտը ստեղծելու:Image may be NSFW.
Clik here to view.
Image may be NSFW.
Clik here to view.

ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐ

Մարզախաղերը տեղի ունեցան Շաբաթ Յուլիս 1-էն մինչեւ Երեքշաբթի Յուլիս 4, ծիլ, փոքր, կրտսեր, երէց եւ վեթերան մարզիկ-մարզիկուհիներու դասակարգերով: Մարզիկներու, ծնողներու եւ բարեկամներու խանդավառութիւնը դժբախտաբար փոխուեցաւ տրտմութեան մթնոլորտի երբ Շաբաթ առաւօտ, առաջին կողովագնդակի խաղի սկիզբը, Նիւ Ճըրզիի տղոց կազմի մարզիչը, սիրուած ու յարգուած Մարք Ալաշայեան սրտի կաթուածով իր հոգին աւանդեց շաբաթավերջի առաջին խաղի ընթացքին, սուգի մատնելով Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ընտանիքը։ Խաղերը շարունակուեցան եղբ. Մարքի յիշատակին եւ իւրաքանչիւր մարզիկ իր թեւին վրայ կրած սեւ սուգի ժապաւէնը ապացոյց էր որ նորոգ հանգուցեալ եղբօր հայաշունչ հոգին կը մղէր բոլոր մարզիկները որ նորանոր յաղթանակներ փորձեն արձանագրել իրենց մասնաճիւղերուն համար, եւ անդրադառնան որ իրենց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի անդամակցութիւնը ինքնին ամենամեծ յաղթանակն է հայեցի ազգային դիմագիծի պահպանման ճիգերուն մէջ:Image may be NSFW.
Clik here to view.
Image may be NSFW.
Clik here to view.
Image may be NSFW.
Clik here to view.

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ- ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ

Կիրակի, Յուլիս 2-ի երեկոյեան, «Պիլթմոր» պանդոկի մէջ պարահանդէս տեղի ունեցաւ ու երգիչ Գէորգ Արթինեան եւ իր նուագախումբը երգերով ու պարերով խանդավառ մթնոլորտ ստեցծեց, մինչեւ ուշ գիշեր:
Երկուշաբթի, Յուլիս 3-ի երեկոյեան, Րոտ Այլընտ «Քընվէնշըն» Կեդրոնին շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յաղթանակի ճաշկերոյթ-պարահանդէսը հովանաւորութեամբ` Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու թեմի Բարեջան Առաջնորդ Բարձ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի ու ներկայութեամբ` բազմաթիւ հրաւիրեալներու եւ աւելի քան 780 հայորդիներու:
Օրուան յայտագրի պաշտօնական բաժինով, հանդիսավար քոյր Մենար Դարբինեան երեկոն բացաւ բարեգալուստ մաղթելով բոլոր ներկաներուն։
Ապա ան ներկայացուց օրուան պատուոյ հիւրերը` Բարձր. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան, Արժ. Տ. Գաբրիէլ Քհյ. Նազարեան` Հովիւ Փրովիտէնսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ, Պատուելի Յակոբ Մանճելիքեան, օրուան թագաւոր` Արամ Կարապետեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ` Ժանօ Աւետիսեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ` Հրաչ Մեսրոպեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ` Վահէ Թանաշեան, Հ.Օ.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ` Թալին Տաղլեան, Փրովիտէնսի մասնաճիւղի ատենապետուհի` Սիրան Գրիգորեան, կարգադիր Յանձնախումբի պատուոյ ատենապետ՝ Յակոբ Խաչատուրեան, կարգադիր Յանձնախումբի ատենապետ՝ Կարօ Թաշեան եւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Image may be NSFW.
Clik here to view.
Image may be NSFW.
Clik here to view.

Ան հրաւիրեց 27-րդ Նաւասարդեան Խաղերու կարգադիր յանձնախումբի ատենապետ՝ Կարօ Թաշեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Փրովիտէնսի մասնաճիւղին որ այս շաբաթավերջի աշխատանքներու պատասխանատուութիւնը վստահեցաւ նոր սերունդի անդամներուն, որոնք
իրենց ջանքերը չխնայեցին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի վայել կեցուածքով փաստեցին որ պիտի դառնան արժանի առաջնորդները։
Յաջորդ խօսք առնողը եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Մ. Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան ատենապետ` եղբ. Վահէ Թանաշեան , որ առաջին հերթին յայտնեց ցաւակցական խօսքը եղբ. Մարգ Ալաշայեանի մահուան տխուր առթիւ։ Ապա ան, յայտնեց իր խորին շնորհակալութիւնները Փրովիտէնսի մասնաճիւղին, այս տարուան մարզախաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ հիւրընկալ մարմնին, յիշեցնելով որ Նիւ Ճըրզիի մէջ Նոյեմբեր 4, 2017-ին մեծ շուքով պիտի տօնակատարուի Արեւելեան Մ. Նահանգներու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան հիմնադրութեան քառասնամեակը։ Սոյն տարիներու ընթացքին, շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի իրագործած յաջողութիւնները, անդամներու անսակարկ նուիրումին ու հայ ժողովուրդի աջակցութեան շնորհիւ, կը շարունակեն դաստիարակել հայ երիտասարդը որ ան իր ազգային դիմագիծը բնորոշելով տէր կանգնի մեր ազգային իրաւունքներուն։Image may be NSFW.
Clik here to view.
Image may be NSFW.
Clik here to view.
Image may be NSFW.
Clik here to view.

Իր խօսքէն ետք, Թանաշեան պատուեց Փրովիտէնսի գաղութին հանրածանօթ ազգային եւ Նաւասարդեան 27-րդ մարզախաղերու նախագահ պատուոյ թագաւոր՝ Արամ Կարապետեանը յատուկ յուշատախտակով, գնահատելով անոր ջանքերը հայկական ցեղասպանութեան ուսուցման մարզին մէջ, Րոտ Այլընտի բոլոր դպրոցներուն մէջ։
Հ.Յ.Դ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ` Ժանօ Աւետիսեան յայտնեց Կոմիտէի ցաւակցութիւնները Մարք Ալաշայեանի մահուան գոյժին տխուր առթիւ։ Իր խօսքով վեր առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 99 տարիներու տարած անխոնջ աշխատանքը, աւելցնելով որ հիմա Հայ Դատը անցած է ճանաչման փուլէն դէպի պահանջատիրութիւն եւ հատուցում, ու հայ երիտասարդը հետեւողական եւ աննահանջ ոգիով տէր պիտի կանգնի իր տուած երդումին «Յառա՜ջ անսասան, դէպի յաղթանակ»։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ` Հրաչ Մեսրոպեան իր պատգամով գնահատեց Շրջանային Վարչութեան եւ Փրովիտէնսի կազմակերպիչ յանձնախումբի տարած աշխատանքը յաջողութեամբ պսակելու 27-րդ Նաւասարդեան խաղերը: Ան նշեց թէ 2018-ի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադրութեան հարիւրամեակը ապացոյց է որ անցնող 100 տարիներու դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները, որոնք պիտի ներկայանան տարբեր չափանիշերով, դարձեալ պիտի դիմագրաւենք ու յաղթահարենք՝ ոգեւորուած մեր հիմնադիրներու սուրբ յիշատակով։ «Անուանական գոյութիւն չէ՛ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը, այլ կամաւոր նուիրում մեր համակիր ժողովուրդին, որ իր զաւակները վստահեցաւ մեր առաքելութեան եւ գաղափարախօսութեան, որպէսզի նոր սերունդը մեծնայ ազգային, բարոյական, ընտանեկան կարգապահ մթնոլորտի մէջ» շեշտեց ան։ Image may be NSFW.
Clik here to view.
Image may be NSFW.
Clik here to view.
Image may be NSFW.
Clik here to view.
Image may be NSFW.
Clik here to view.

Վերջին խօսք առնողը եղաւ Արեւելեան Մ. Նահանգներու Առաջնորդ` Բարձ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան որ իր խրախուսիչ պատգամով գովքը հիւսեց 99 տարեկան Հ.Մ.Ը.Մ.-ին, շեշտելով որ ան մօր մը պէս սիրելի՝եղաւ մեր դաստիարակը սնուցանելով մեզ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի գաղափարականով, ինքնութիւն տալով մեր սերունդին։ Սրբազան հայրը աւելցուց թէ պատկանելիութեան զգացումը, ինքնութեան կողքին, շատ կարեւոր է, քանի ատիկա կը պահանջէ զոհողութիւն, ծառայութիւն, անսակարկ նուիրում եւ դաստիարակելու պարտականութեան խոր զգացում, որպէսզի անտարբերութիւնը եւ անհոգութիւնը մեր շարքերէն ու տուներէն ներս չսպրդի ։ «Ճակատաբաց ապրինք, ուժ ամբարենք որպէս հաւաքականութիւն, կայտառ մնանք, որ հպարտօրէն ըսենք որ թշնամին պարտուեցաւ ու մենք յաղթական եղանք» աւելցուց Սրբազան Հայրը։
Յայտագրի պաշտօնական բաժինի աւարտին, ներկաները Մոնրէալէն ժամանած երգիչ՝ Էլի Պէրպէրեանի եւ իր նուագախումբի ու Պոսթընի Տի. Ճէյ. Րէմզի, ճոխ երգերով ու պարերով խանդավառ պահեր ստեղծեցին մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամեր, մանաւանդ երբ յեղափոխական երգերը թնդացուցին սրահը:

ՓԱԿՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
Երեքշաբթի, Յուլիս 4-ի առաւօտեան, Մաունթ Փլէզընթ Հայ Սքուլի մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցաւ 27-րդ Նաւասարդեան խաղերու փակման շքեղ հանդիսութիւնը, հովանաւորութեամբ` Արեւելեան Մ. Նահանգներու թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի, եւ ներկայութեամբ` Հ.Մ.Ը.Մ.ի բազմահարիւր համակիրներու: Իսկական վայելք մըն էր ականատես ըլլալ չորս հարիւրէ աւելի մարզիկներու, սկաուտներու, արենոյշներու, գայլիկներու եւ կակուղ թաթիկներու տողանցքին: Տողանքը կ’առաջնորդուէր Փրովիտէնսի սկաուտներու շեփորախումբի կողմէ:Image may be NSFW.
Clik here to view.

Փակման հանդիսութիւնը վարեցին Մարալ Խաչատուրեան եւ ՌաՖՖի Ռշտունի, որոնք քոյր Մենար Դարբինեանի հետ , փոխն ի փոխ, արտասանուած հայաշունչ խօսքերով կը ներկայացնէին հպարտ ու բարձրաճակատ կերպով տողանցող մեր ապագայ սերունդը: Սկաուտներու եւ մարզիկներու դաշտ մուտքէն ետք, Սրբազան Հայրը իր բացման աղօթքէն անմիջապէս ետք արտասանեց «Հոգւոց Հանգուցելոց» աղօթքը նորոգ հանգուցեալ եղբ. Մարք Ալաշայեանի յիշատակին։ Ապա երգուեցան ամերիկեան, հայկական եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայլերգները սկաուտներու կողմէ:
Քոյր Մարալ Խաչատուրեան տեղեկութիւններ կու տար իւրաքանչիւր մասնաճիւղի մասին, մինչ նոյն մասնաճիւղի անդամները հպարտօրէն կը տողանցէին պատուոյ հարթակին առջեւէն: Տողանցողներու խումբը կը ներկայացնէր Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի հաւաքական խումբը, որ պիտի մասնակցի Յուլիս 20-29, 2017-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք իններորդ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական մարզախաղերուն:
Ապա ան ներկայացուց օրուան պատուոյ հիւրերը:
Խօսք տրուեցաւ Փրովիտէնսի մասնաճիւղի ատենապետուհիին, որ շնորհակալութիւն յայտնեց մարզախաղերուն նպաստած բոլոր յանձնախումբերու անդամներուն, որոնց համագործակցութեամբ մարզական այս մեծ ձեռնարկը իրագործուեցաւ:
Ապա խօսք առաւ Վահէ Թանաշեան, որ յայտնեց շրջանային վարչութեան շնորհակալութիւնները մարզիկներուն ու պատասխանատուներուն, որոնք փայլուն նոր էջ մը արձանագրեցին այս շաբաթավերջին, իրենց Հ.Մ.Ը.Մ.-ականի վայել կեցուածքով: Ան շեշտեց որ սկաուտներն ու մարզիկները շարունակեն իրենց հպարտ երթը միշտ բարձր պահելով Հ.Մ.Ը.Մ.-ի անունը։Image may be NSFW.
Clik here to view.

Կարօ Թաշեան՝ Հ.Ե.Դ. Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ յայտնեց իր շնորհակալութիւնները բոլոր մասնակցող մասնաճիւղերու սկաուտներուն եւ մարզիկներուն , մաղթելով անոնց յաջողութիւն Հայաստանի մէջ կայանալիք համահայկական մարզախաղերուն։
Հ.Օ.Մ.-ի ներկայացուցիչ ընկ. Թալին Տաղլեան եւս փոխանցեց շնորհաւորական խօսքերը Փրովիտէնսի հիւրընկալ եւ միւս բոլոր մասնաճիւղերուն իրենց նուիրումին ու յարատեւ աշխատանքին համար։
Խօսք տրուեցաւ օրուան թագաւոր` Րոտ Այլընտ նահանգի նախկին ծերակուտական ու Փրովիտէնսի գաղութին հանրածանօթ ազգային Արամ Կարապետեանին, որ Րոտ Այլընտ նահանգի դպրոցներուն մէջ, հայկական ցեղասպանութեան ուսուցումի բանաձեւը անցնել տուաւ ու պաշտօնապէս օրէնք դարձուց մեր նահանգի կրթական նախարարութեան մէջ: Կարապետեան, որ միշտ նեցուկ կանգնած է հայ երիտասարդական բոլոր կազմակերպութիւններուն, իր շնորհաւորական ու քաջալերական խօսքերը ուղղեց բոլոր մարզիկներուն ու ներկաներուն, շեշտելով որ անոնք իրենց քաղաքներուն մէջ յարատեւութեամբ ու վճռակամութեամբ շարունակեն ցեղասպանութեան ճանաչման գործը։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Շրջանային Մարզական Յանձնախումբի անդամ՝ Յակոբ Սուլագեան յուզուած ու արտասուաթոր աչքերով արտայայտուեցաւ վաղամեռիկ Մարք Ալաշայեանի մասին, գնահատելով անոր տքնաջան երկարամեայ աշխատանքը , ներշնչելով մեր երիտասարդութիւնը շրջանային եւ համայն ազգային մակարդակի վրայ։ Image may be NSFW.
Clik here to view.
Image may be NSFW.
Clik here to view.

Համաձայն Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի շրջանային Վարչութեան որոշումին, յառաջիկայ հինգ մարզախաղերու երէց տղոց կողովագնդակի բաժակը պիտի յիշատակուի Մարք Ալաշայեանի անունով : Ապա տեղի ունեցաւ բաժակներու եւ մետալներու բաշխում։
Առաջին բաժակը՝ երէց տղոց կողովագնդակի Մարգ Ալաշայեանի բաժակը եւ մետալները շնորհուեցաւ Նիւ Եորքի մասնաճիւղին:
Ապա ընկ. Ժան Աւետիսեան, Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի կողմէ գնահատական խօսք ուղղեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պատասխանատուներուն որոնց ճիգը, ուժը, կորովն ու հետեւողականութիւնը անպայման արդիւնաբեր կը դառնայ ամենուրեք։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ եղբ . Հրաչ Մեսրոպեան յայտնեց իր ցաւակցութիւնները, ու շնորհաւորեց Փրովիտէնսի եւ միւս բոլոր մասնաճիւղերու պատասխանատուներն ու մարզիկները , որոնք Հ.Մ.Ը.Մ.-ի վայել կեցուածքով շաբաթավերջը յաջողութեամբ պսակեցին ։ Ան քաջալերեց որ նոր վճռականութեամբ դիմագրաւենք նոր մարտահրաւէրներ ու պատրաստ ըլլանք ջահը անցընելու յաջորդ սերունդին։ Եղբ. Հրաչի խօսքի աւարտին, ան յայտարարեց որ 27-րդ Նաւասարդեան խաղերու առաջին տեղը գրաւող ու բաժակը շահող Պոսթընի մասնաճիւղը սիրով պիտի փոխանցէ իր բաժակը Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղին, ի յիշատակ հանգուցեալ Մարք Ալաշայեանի ։Image may be NSFW.
Clik here to view.
Image may be NSFW.
Clik here to view.
Image may be NSFW.
Clik here to view.

Վերջին խօսք առնողը եղաւ Սրբազան Հայրը որ իր խրախուսիչ պատգամով օրուայ խանդավառութիւնը կը հասցնէր իր գագաթնակէտին: Ան իր դէմքը դարձնելով երիտասարդ մարզիկներուն դարձեալ յիշեցուց որ անոնք հայ ըլլալու պարտաւորութիւնը ունին քանի կը պատկանին հայ ժողովուրդին։
«Խոստացէ՛ք յանուն հայութեան եւ յանուն Հ.Մ.Ը.Մ.-ի որ յաջորդ սերունդը նոյն ճամբայէն պիտի քալէ», շեշտեց Սրբազան Հայրը։ Ան խօսքը ուղղելով Հայաստանի համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական խաղերու մասնակցող մարզիկներուն հետեւեալ խրախուսիչ պատգամը տուաւ ներշնչելով բոլորը.- «Պիտի երթաք Հայաստան, այն հողին վրայ որ մեր հայրերը իրենց քրտինքով շէնցուցին ու իրենց արիւնով պաշտպանեցին. ամէն վայր որ կը տեսնէք, պատմութիւնն ու անցեալը սորվեցէ՛ք, հայու եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի վայել կեցուացքով , նոյն հաւատքով, նուիրումով վերադարձէ՛ք ու ձեր գաղութներուն մէջ վառ պահեցէ՛ք նոյն ոգին, խտացնելով ձեր շարքերը ու քալելով դէպի յառա~ջ, դուք նահատակ ցեղի անմահներ»։ Image may be NSFW.
Clik here to view.
Image may be NSFW.
Clik here to view.

Սրբազան Հօր աղօթքէն ետք մարզիկները, սկաուտներն ու համակիրները բաժնուեցան վերանորոգուած՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Բարձրացի՛ր, Բարձրացո՛ւր» նշանաբանով, մաղթելով որ գալ տարի մեծ շուքով եւ նոյն աշխուժութեամբ մասնակցիլ Նաւասարդեան 28-րդ Մարզախաղերուն Ուաշինկթընի մէջ եւ տօնակատարելու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադրութեան հարիւրամեակը, շարունակելով իր վսեմ առաքելութիւնը ու նուաճելով նորանոր յաջողութիւններ ի նպաստ հայ ազգի յաւերժացման ։

Մ. Բուչիկեան – Նալպանտեան


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles